ՎԵՐՋԱԿԷՏԷՆ ԱՌԱՋ

Հասած ենք կէտի մը, ուր անդունդն է: Բաւական ժամանակէ ի վեր կը կենանք անդունդի ծայրին: Եւ չենք ջանար քայլ մը առաջ կամ ետ երթալ: Տխուր է մեր վիճակը: Երբեմն կ՚ըլլամ շնչահեղձ: Այնքան ծուլացանք, որ մոռցանք պայքարելու մասին: Այլեւս սորվեցանք ամէն բան պատրաստ գտնել մեր առջեւ։

Գրեթէ ամէն բանի հեռակառավարման վահանակը մեր ձեռքի տակն է: Կոճակ մը սխմելով կ՚ուզենք ստանալ ամէն բան. կոճակ մը կը սեղմենք, լուացքի մեքենան մեր փոխարէն կ՚ընէ մեր լուացքը: Ամսուան հոլովոյթին հագուստ մը երկրորդ անգամ չենք հագնիր, անգամ մը կը հագնինք ու կը նետենք կեղտոտ լուացքի մէջ: Միեւնոյնն է, մենք չենք լուար: Մեր փոխարէն այդ կ՚ընէ լուացքի մեքենան:

Ճաշէն վերջ ալ պնակները համապատասխան սարքը կը լուայ: Գետիններն ալ մարդամեքենայ փոշեկուլները կը սրբեն ու կը լուան: Հակառակ այս բոլորին, չենք կրնար մեր գործերը աւարտին հասցնել։ Կը շարունակենք շատ յոգնիլ: Կը ծուլանանք:

Խանութները լի են տեսակ-տեսակ ապրանքներով: Այժմ կրնաս տունը ոչինչ պատրաստել: Ճաշի մը, խմորեղէնի մը պատրաստումին պիտի վատնես քանի մը ժամ ու սպառես կէս ժամուան մէջ: Փոխարէնը կը գնես խանութէն ու կը վայելես: Հոգ չէ, թէեւ խանութինը շատ համով չէ: Կարեւորը չես վատներ քու եռանդի պաշարները: Այսպիսին ենք մենք այսօր:

Մարդ ամէն բան կը ստեղծէ, մարդու եռանդը խնայելու համար: Սակայն մարդը լաւագոյնս կը գիտակցի, թէ շարժիչը սարքին պահելու համար անհրաժեշտ է աշխատցնել, եթէ ձգես պիտի ժանգոտի: Նոյնն է մարդն ալ: Սակայն այսօր զօր ու գիշեր գիտութիւնը, մարդկութիւնը կ՚աշխատի. մարդը տկար դարձնելու, թուլացնելու, ծուլացնելու, ժանգոտ դարձնելու ուղղութեամբ: Թերեւս այս է պատճառը, որ ամէն բան կորսնցուց իր համն ու հոտը: Այլեւս ոչ մէկ բանէ կը ստանանք հաճոյք: Ամէն բան ունինք, սակայն կը շարունակենք մնալ իբրեւ դժգոհներ: Յիրաւի, պատճառը ամէն ինչ պատրաստի գտնելն է: Անհատները դադրած են ստեղծագործելէ, արարելէ: Վերջնարդիւնքի համար անոնք չեն տքնիր՝ կը գտնեն պատրաստի:

Գիտակցաբար աշակերտն ալ կը տկարեցնեն: Մենք մեր սերունդները, մեր պատանիները կը գլորենք դէպի անդունդ, կոչելով զայն օգնութիւն: Այսօր կը դաստիարակենք, կը կրթենք տգէտ, ծոյլ ու թոյլ սերունդներ: Աշակերտը այլեւս չի ջանար իր գնահատականը վաստակելու: Գիտէ, որ ուսուցիչը ի վերջոյ զինքը դրական պիտի գնահատէ: Ինչու աւելորդ յոգնիլ, դաս պարապիլ, եթէ կարելի է այդ ժամանակը անցընել համացանցի ընկերային հարթակներու մէջ բթանալով: Գնահատականը այլեւս կորսնցուցած է իր արժէքը. «Այսօր պատրաստ չեմ, կրնաք զիս բացասական գնահատել», անտարբերութեամբ, անհաղորդ դէմքով կ՚արտայայտուի 21-րդ դարու աշակերտը: «Ես չեմ ուզեր քեզ տկար գնահատել: Կ՚ուզեմ փոխարէնը հնարաւորութիւն տալ գնահատական շտկելու: Քեզ տասն վայրկեան կու տան պատրաստուելու համար: Ընթերցէ՛, բան մը սորվէ, որպէսզի պատասխանես», կը կարեկցի ուսուցիչը: Այդ տասն վայրկեանի հոլովոյթին աշակերտը անգամ մը գիրքը չի բանար, բերանը չի գոցեր, կը շարունակէ զրուցել իր դասընկերներուն հետ: Երբ կը հրաւիրես գրատախտակի մօտ. «Պատրաստ չեմ, երկու նշանակեցէք», քամահրանքով կ՚ըսէ ան: Իսկ աւելի վերէն արգիլած են քեզի՝ աշակերտին նուազագոյն գնահատական տալ:

Կ՚ըսեն՝ գնահատակը կարեւոր չէ: Իսկ ես կ՚ըսեմ՝ գնահատականը կու տանք մեր վաղուայ օրուան: Այդ աշակերտները վաղը մասնագէտ, զինուոր ու քաղաքացի պիտի դառնան: Իւրաքանչիւր բնագաւառէ ներս պիտի ձախողին: Անոնք ոչ թէ թոյլ սորվող աշակերտ են, այլ ծոյլ: Ծուլութեան վերջնարդիւնքին զանոնք հասցուց մայր դպրոցը:

Տխուր է:

Որքան կը շատնան կեանքի գոյները, այնքան մեր կեանքը կը մռայլի:

Այսպէս դէպի ո՞ւր...

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2023