ԹԵՒԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՊԱՀԵԼԸ, ՇԷՆԱՑՆԵԼՆ ՈՒ ՀԶՕՐԱՑՆԵԼԸ ՈՒՂՂԱԿԻ ԱՅՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆՆ Է, ՈՐ ՄԵԶԻ ԲԱԺԻՆ ԻՆԿԱԾ Է ՅԱՆՈՒՆ ՄԵՐ ԱՊԱԳԱՅ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒՆ»
Վերջին շրջանին Հայաստանեան իրականութիւնը բաւականին տժգոյն ու դժբախտ է, նկատի ունենալով իշխանութեան աթոռին համար կռիւի ելած կողմերուն յայտարարութիւններն ու խօսակցութիւնները: Բոլորը բոլորին կը վիրաւորեն, կը մեղադրեն, կը հայհոյեն, անէծքի աստիճան արտայայտութիւններ կ՚ունենան, բարոյականութեան սահմանները շատ շատոնց արդէն անցած են բոլորը: Վերջին պատերազմէն ետք, հակառակորդը արդէն իր գրաւած մեր հողերուն վրայ հսկայական աշխատանքներ կը տանի, մինչ մեր ղեկավարները զբաղուած են զիրար նուաստացնելով, զբաղուած են ատելութիւն եւ թշնամանք սերմանել մէկ բուռ մնացած մեր «Փոքր Ածու»ին մէջ:
Այս բոլորին մէջ սակայն, տակաւին կը տեսնուին ոմանք, որոնք կառուցողական, մեր երկրի ներկայով ու ապագայով մտահոգ, կը փորձեն իրենց կարելին ընել, որպէսզի հնարաւորինս շուտ այս իրավիճակը փոխուի, այս ատելութեան, թշնամանքի մթնոլորտը վերանայ եւ ազգովին լծուինք վերազարթօնքի ու վերականգնումի դժուար ու ծանր աշխատանքին, որ մեզմէ երկար տարիներ պիտի խլէ, եթէ անմիջապէս լծուինք այդ աշխատանքին, որովհետեւ վաղը կրնայ շա՜տ ուշ ըլլալ: Մէկն է այն քիչերէն նախկին անկուսակցական պատգամաւոր յարգարժան Թեւան Պօղոսեան, որուն ելոյթները, գրութիւններն ու հարցազրոյցները հեռու են մեր իրականութիւնը գորշացնող իրականութենէն: Առ այդ, պրն. Պօղոսեանի գրութիւններէն ու տուած հարցազրոյցներէն հատուածներ արեւմտահայերէնի վերածելով, կը յանձնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան:
*
- Ես երբեք որեւէ կուսակցութեան կուսակցական չեմ եղած։ 2012-ին «Ժառանգութիւն»ը նոր մօտեցում ցուցաբերած էր ու հրաւիրած էր իրենց ցուցակին միանալու նաեւ անկուսակցական վերլուծաբանները, լրագրողները, պլոկերները, այլ քաղաքական հասարակութեան հիմնարկներու ներկայացուցիչները։ Այդ է եղածը ու եղած եմ այդ խմբակցութեան անդամ 2012-2017 թուականներու միջեւ: Ինչպէս մինչ այդ, այդ ժամանակ ու ատկէ ետք նոյն անկուսակցականն եմ: Հիմա ալ զիս կարելի է կապել միայն ու միայն ՄԶՄԿ-ի (Մարդկային Զարգացման Միջազգային Կեդրոն, Երերւան) հետ։ Իսկ հասարակական հիմունքներով ուր որ հնարաւոր է՝ ներդրում կ՚ունենամ։
- Այս ընտրութիւնները ինծի համար քաղաքական մէկ նպատակով շատ կարեւոր են՝ գործողները դառնան ընդդիմութիւն ու իշխանութենէն զրկուին։ Յետոյ երկրորդ քայլը կու գայ։ Պարտաւոր ենք առաջինը ընել, որպէսզի երկրորդին, երրորդին հասնինք…
- Ես իմ բաժին մեղքս կ՚ընդունիմ, կ՚ըսեմ՝ մեղքերս, որոնք 2018-ին ինչ-որ բաներու նպաստած եմ` այլ հաւատքով։ Անցած ժամանակին ալ փորձած եմ խորհուրդներով, բարի քննադատութեամբ, յետոյ քննադատութեամբ ինչ-որ բան փոխել, բայց ապարդիւն։ Աստուած, ներէ՜ բոլոր մեղքերս, անոնք քիչ չեն, այո՛, մեղաւոր եմ: Ներողութիւն սխալներուս համար։
Աստուած, պահապան եղիր Հայաստանին մինչեւ յունիսի 20-ը:
- Մեղաւորութիւնը ես ուրիշին վրայ չեմ դներ, ես միշտ կը մտածեմ, թէ ես ի՛նչ կ՚ընեմ՝ որ ինչ պահանջեմ. կը մտածեմ, որ ես պէտք է վարքագիծս փոխեմ։ Եթէ ես գործողութիւններս հայկական շահը առաջ տանելու չեմ կարենար ուղղել՝ ատոր մեղաւորը ես եմ, ո՛չ թէ ուրիշները։ Երբ դուք կը հարցնէք՝ ինչո՞ւ այսպէս է, ես մէկ պաստասխան ունիմ.
-Պարտուած իշխանութենէն ուրիշ բան պէտք չէ սպասել։
- Մարդ եթէ հասկցած է, թէ պէտք է թռչի, ապա հզօրներուն մօտ գիժ խաղալը գժութիւն է, ո՛չ թէ թռչելու տարբերակ: Հասկացա՞ծ էիր, որ պէտք էր թռչիլ, հրաժարական տայիր, կամ չմասնակցէիր 2018-ի դեկտեմբերի ընտրութիւններուն: Թերեւս կու գար ուրիշ մէկը, որ չթռչելու դեղատոմսեր կ՚ունենար:
Միւս հնարաւոր տարբերակը ազգովին չթռչիլն էր: Բայց ատոր համար ալ միասնականութիւն պէտք էր, միասնական մէկ բռունցք-ազգ էր պէտք, մէկ բան, ինչ բանի մասին հրապարակաւ ամէն օր զգուշացուած է: Մեր անվտանգութեան գրաւականը մեր միասնականութիւնն է, միայն ես քանի՞ անգամ ըսած եմ ասիկա: Ափսո՛ս:
- Անվտանգութիւն բառը մոտայիկ դարձած է, բայց ատոր իմաստը, ընկալումը, կենսագործումը պարզապէս չեն երեւիր։
Լաւ, ձեր նախընտրականը մէկ գաղափարով կտրեմ։ Էրտողան Շուշի պիտի երթայ։ Թէ ի՞նչ է այդ իրենց համար եւ անոնք ինչպէ՞ս կ՚օգտագործեն ատիկա, կարելի է ենթադրել: Իսկ մե՞նք ինչ կ՚ընենք:
Տէ, պատկերացուցէք, որ այդ նոյն օրը Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր նախագահները Ստեփանակերտ հրաւիրուէին։ 2019-ին Համահայկական խաղերու համար անգամ մը ըսած էի, նաեւ հիմա կ՚ըսեմ՝ այո՛, Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը, Ռոպէրթ Քոչարեանը, Սերժ Սարգսեանը եւ Արմէն Սարգսեանը այդ նոյն օրը Ստեփանակերտի մէջ ըլլան եւ իրենց խօսքը ըսեն աշխարհի հայութեան՝ միասնական ռիսք վերցնելու ու միասնական քաղաքական ազգ դառնալու մասին։
Տէ հա, դարձեալ կ՚ըսէք ռոմանթիք, բայց այդ անվտանգութիւն ըսուածը օդէն պիտի չնուիրուի մեզի։ Իսկ եթէ նպատակը ըլլայ, վստահ եմ, որ նաեւ իրականացման ճիշդ քայլերը կը գտնուին։
Անգործութիւնը երբեք անվտանգութիւն չ՚աւելցներ։
- Արմատներով ամուր կապուած ըլլալով Արցախին՝ ամբողջ կեանքիս ընթացքին գիտակցած եմ, որ հայուն հայրենիքը այսօրուան Հայաստանն է, որ երկու պետական միաւորներէ բաղկացած է։ Իրականին մէջ մեր պապերը հարիւր տարի այդ ընկալմամբ ապրած են։ Ճանչցուած թէ ոչ, բայց պահպանած են այն հողը, որ իրենց կեանք պարգեւած է։ Պապս՝ Թեւան Ջաւատեանը, Գիշիի մէջ ծնելով, ապրած ու արարած է Արցախի մէջ։ Իր վերջին պատգա՞մը. պէտք է հենց Գիշիի մէջ զինք յուղարկաւորեն՝ իր հօր ու մօր կողքին։ Ժամանակի հետ այդ պատգամին ընկալումները կը փոփոխուին։ Պապս կեանքին մեծ մասը աշխատած ու ապրած է Մարտակերտի, Ասկերանի շրջանին եւ Ստեփանակերտի մէջ։ Հիմա, տարին երկու անգամ, որոնք յատուկ օրեր են, ես ընտանիքով Գիշի կը մեկնիմ։ Պապս իր որոշմամբ ու պատգամով հիմք դրաւ ատոր, որպէսզի հայրենիքս ընկալեմ ո՛չ թէ այն քաղաքով, ուր կ՚ապրիմ, այլ՝ ամբողջ երկիրով, իմ արմատներով, այցելելով արմատներս կենսունակ պահած հողս ու այդպիսով ապահովելով արմատներուս կենդանի յիշատակը։
Հայրս՝ Ժիրայր Պօղոսեանը, այլ դաս տուած է. կեանքին անարդարութիւնները պայքարելով կը յաղթահարեն, իսկ երկիրը՝ կռուելով ու սեփական ուժերուն հանդէպ հաւատքը չկորսնցնելով կը պահեն։ Իր կեանքը ճիշդ այդպէս ալ կ՚ապրի. 1990-1999-ականներուն իր նպաստը բերաւ Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան եւ պետական կառավարման համակարգի կայացումին՝ փոխ-վարչապետ ու վարչապետ ըլլալով։ Դասը, որ ստացած եմ, պարզ է. մարդ իր կեանքը ի՛նք պէտք է կառուցէ։ Եւ ճիշդ իր դաստիարակութեան շնորհիւ է, որ նպատակ ունեցած եմ, երազանք ձեւակերպել, հաշուարկել ուժերս ու քայլել դէպի երազանքս կեանքի կոչելու։ Քայլել, չյոգնիլ, չյանձնուիլ...
Այո՛, ես գիտեմ երազել, այո՛, ես գիտեմ, որ պետութիւնը ամուր է, երբ միասնական ենք, ու ես կը հասկնամ, որ մեր հիմքը մեր ազգային արժէքներն են։ Արժէքներ, որոնք ստացած ու փոխանցած ենք։ Շարունակել տեսակդ. երեւի ասիկա ամենէն գլխաւոր առաքելութիւնն է, որ կեանքի ընթացքին պէտք է պատիւով կատարենք։
Մենք ո՞ւր ենք հիմա։ Ցաւօք, այնտեղ, ուր պարտուածները կ՚ըլլան։ Այն ինչ որ մեր հայրերն ու մայրերը փոխանցեցին մեզի, մենք այսօր չենք կրնար փոխանցել մեր դուստրերուն ու որդիներուն։ Մենք հիմա պէտք է կարենանք մեր հայեացքները ապագային ուղղել, բայց այդ ապագան պէտք է ներառէ այն ամէնը, ինչ մենք ստացած էինք՝ դաշտեր, ձորակներ, գետեր, անտառներ, որոնք մեր ապուպապերը պահած էին մեզի համար՝ երազելով, որ ուղղակի մենք պէտք է այդտեղ ապրինք ու մեր երկիրը կառուցենք։ Այդտեղ պէտք է ապրի մեր տեսակը, որ «հայ» կը կոչուի, իսկ այդտեղի սահմանները՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔ։
...Հասկանալի է, որ մեր ընկալումներուն մէջ առաջնահերթութիւններու փոփոխութեան կարիք կայ. կարիք կայ մեր վարքագիծերը փոխելու։ Ատոր հասնելու համար առաջին ու ամենէն կարեւոր գործօնը ազնուութիւնն է։ Ազնիւօրէն պէտք է գիտակցինք, որ մեր բացթողումներուն համար մենք պէտք է քրտնաջան աշխատելու պարտաւորութիւնը ստանձնենք ու պատրաստ ըլլանք բարեկեցութեան ժամանակակից ընկալումներէն հրաժարելու։ Բարեկեցութեան վերաիմաստաւորման կարիք ունինք։ Բարեկեցութիւնը միայն նիւթականի, յարմարաւէտութեան ու սպառման մասին չէ։ Բարեկեցութիւնը «հոգիի հանգստութիւնն» է, ինչպէս մենք կը սիրենք հոգեւորին ու մարմինին ներդաշնակութիւնը պատկերել։ Հոգիս չի կրնար հանգիստ ըլլալ, եթէ կողքինիս լաւութիւն չեմ ըրած, բոլորիս լաւութեան համար քար մը անգամ չեմ աւելցուցած մեր ընդհանուրի պատին վրայ։ Եթէ այս բաները չեմ ըրած, ուրեմն չեմ կրցած հայկական պետութիւնը հզօրացնել, առանց որուն հայկական ինքնութիւն չկայ՝ այն արժէքներու վրայ խարսխուած, որոնք մեր պապերէն ժառանգած ենք։
Հոգատարութիւնը եւ կողքի հայուն ցաւը կրելը պէտք է ապրելակերպ դառնայ, ո՛չ թէ շարունակէ կենաց մնալ։ Իսկ էթնիք ինքնութեան գիտակցման առկայ բացը պարտաւոր ենք ազգային պետականութեան ինքնութեամբ լեցնելու։
Կողքի հայուն մէջ տեսնենք լաւը, անոր համար բարին ցանկանք, ազգայինի շուրջ առողջ հաղորդակցութիւնը համայն աշխարհի հայկական քաղաքական ազգի միասնական նպատակը դարձնենք, իսկ Հայրենիքին վերականգնումը 1994 թուականի սահմաններուն մէջ՝ ազգային երազանք դարձնենք։ Գնահատենք կողքի հայը ո՛չ թէ լաւ ու վատ, այլ շատ ու քիչ դասակարգումով։ Հայկական ընտանիքի տիպարը փոխենք մեր պապենական մաղթանքին համահունչ՝ եօթ զաւակով սեղան նստիլը ո՛չ թէ հերոսութիւն դառնայ, այլ՝ կանոն։
Այս բոլորը հնարաւոր է։ Հնարաւոր է, եթէ մեր հաւատքի հիմքին մէջ ինկած ըլլայ ՍԷՐԸ, ո՛չ թէ խօսքով, այլ՝ իրական գործողութեամբ։ Այո՛, կը սիրենք մեր բալիկները, բայց երբ ժամանակը կու գայ, իրենց փոխարէն մենք որոշումներ կ՚ընդունինք, իսկ հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը անոնց ուսերուն կը ձգենք։ Կը սիրենք մեր բարեկամները, բայց կը մոռնանք անոնց հետ կիսուիլ մեր բոլոր ուրախութիւններով, կը մոռնանք, որ պէտք է անոնց գաղտնիքները պահել ու կը համարենք ալ, որ հարազատին վստահիլը անշնորհակալ գործ է։ Մեզի ձեռք մեկնողներուն ո՛չ թէ շնորհակալ կ՚ըլլանք, այլ՝ կ՚անհանգստանանք, որ պէտք է բան մը ընել ու այդ «պարտքէն» ազատիլ։ Երբ կը սխալինք, ներողութիւն խնդրելը ամօթալի կը համարենք։ Անձնական վիրաւորանք հասցնելն ալ հերոսութիւն կը սեպենք։ Այո՛, շատ բացեր ունինք, բայց փորձենք մենք մեզ վերագտնել։ Աշխարհը հայը ճանչցած է որպէս ստեղծագործ, աշխատասէր, բարի ու տաղանդաւոր։ Եթէ գիտենք աշխարհին որպէս այդպիսին ներկայանալ, ապա կրնանք նաեւ նոյնը ընել յանուն մենք մեզի ու մեր ազգային պետականութեան։ (…) Իսկ թշնամիին կրնանք յաղթել, երբ միասնական ըլլանք։ Միասնակա՛ն։ Միասնական մեր երազանքին, մեր նպատակներուն ու մեր ջանքերուն մէջ։
Մեր անվտանգութեան գրաւականը միայն մեր միասնական ուժին մէջ է։ Կը յաղթենք, եթէ կարենանք միասնական յաղթանակ կերտել։ Մեր Հայրենիքը յաւերժ կ՚ըլլայ՝ եթէ միասնական սիրով լեցուինք դէպի մեր պետականութիւնը եւ կիսենք այն ընկալումը, որ հայ ըլլալը, Հայաստան պահելը, շէնացնելն ու հզօրացնելը ուղղակի այն աստուածային առաքելութիւնն է, որ մեզի բաժին ինկած է յանուն մեր ապագայ սերունդներուն։
Եւ առնուազն տարուան այն երկու օրերը, երբ կը յիշենք պապիկիս հայրը՝ Պօղոսը, մայրը՝ Նանան, պապս՝ Թեւանը, տատս՝ Արուսեակը, կը շարունակուին եւս քանի մը դար, օրեր, երբ արդէն մէկ դարէ աւելի այս մարդիկը կը վերածնուին, իսկ յաջորդ տարիներուն այդ օրերուն կը վերածնուին ծնողներս եւ ես...
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024