ՀՐԱՇԱԳՈՐԾ ԱՒԵՏԱՐԱՆ

Երեւանի Մատենադարանի հաւաքածոն համալրուեցաւ եւս մէկ արժէքաւոր ձեռագրով։ 1471 թուականին Երուսաղէմի մէջ ընդօրինակուած «Հրաշափառ», «Հրաշագործ» անունով Աւետարանը այժմ հնարաւոր կ՚ըլլայ տեսնել Մատենադարանի մէջ։ Այս ձեռագիրը Մատենադարանին նուիրաբերեցին Հրայր եւ Հռիփսիմէ Տատայեան-Բարունակեանները, որոնք երկար տարիներէ ի վեր բնակութիւն հաստատած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս Աւետարանի ցուցադրութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը երէկ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց Մատենադարանէն ներս։ Հռիփսիմէ Տատայեան այս առթիւ ըսաւ. «Աւետարանը մեր ընտանիքին հասած է մեծմօրս՝   Եղսայի միջոցաւ, եւ ան 1918 թուականին գաղթած է Երեւան։ Իր գիւղի հարեւան գիւղին մէջ բնակող մէկը, որ առողջական խնդիրներ ունեցած է, Եղսան կանչելով անոր յանձնած է Աւետարանը ու ըսած է, որ ապաքինելէ վերջ ետ կը ստանայ։ Ան մեծմօրս վստահած է, քանի որ Եղսան եղած է իմաստուն, խելացի, հաւատացեալ եւ քաջ կին մը։ Այդ անձի մահէն յետոյ Աւետարանը մեր ընտանիքին հետ շրջած է զանազան երկիրներու մէջ։ Եղսայի մահէն յետոյ այդ մէկը փոխանցուած է հօրս, իր մահէն յետոյ՝ մօրս, այնուհետեւ ինծի եւ եղբօրս»։ Հռիփսիմէ Տատայեան աւելցուց, որ իրենք երկար մտածած են ձեռագրի ճակատագրին մասին ու որոշած են, որ ամենաճիշդն է այդ մէկը վերադարձնել Հայաստան, Երեւան՝ քանի որ Աւետարանը կը պատկանի հայ ժողովուրդին։ «Երբ մայրս ողջ էր, մեզ կը պարտադրէր երեք անգամ ձեռք լուալ գրքին դպչելէ առաջ եւ ըլլալ շատ զգոյշ։ Մեծմայրս ամէն շաբաթ մոմ կը վառէր, կ՚աղօթէր Սուրբ Գրքին մօտ։ Ան այդ մէկը կ՚ընկալէր՝ որպէս հրաշագործ ու կ՚աղօթէր Հայաստանի մէջ ապրող մեր բարեկամներու, ազգի, բանտարկեալներու, զինուորներու համար», աւելցուց Տատայեան։

Հաւաքոյթի ընթացքին արտայայտուեցաւ նաեւ Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան։ Այս վերջինը յայտնեց, որ Մատենադարանի ձեռագրերը ներկայիս 20 հազարէ աւելի են աշխարհասփիւռ հայ նուիրատուներու շնորհիւ։ «Մեզի համար կարեւոր է, որ մեզի կը նուիրեն ընտանիքէ ներս պահուած, սերունդէ սերունդ փոխանցուած գիրք մը, որ ոչ միայն ազգային արժէք է, այլեւ այդ ընտանիքի համար սրբազան մասունք, ինչ որ կը կրկնապատկէ նուիրատուութեան կարեւորութիւնը», ըսաւ ան։

Վահան Տէր-Ղեւոնդեան «Մատենադարան» յուշամետայլով պարգեւատրեց նուիրատուները։ 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 19, 2017