ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ԿԱՐՕՏՆԱՆՔ ԱՆՑԵԱԼԸ

Երբեք խորհած է՞ք, թէ ինչո՛ւ կը կարօտնանք անցեալը, նոյնիսկ եթէ վատ է:

Անցեալի նկատմամբ կարօտի զգացումը համազօր է կարօտախտի (nostalgia)։ Երբեմն մենք, առանց որեւէ գործօնի, կը մատնուինք կարօտախտի զգացումին։ 

Կարօտի զգացումը ուղեղի պաշտպանութեան համակարգն է, որ նման է ռուսական ռուլեթի՝ հաւանական ընկճուածութեան կամ բոլոր տեսակի անհանգստութիւններուն դիմակայելու համար։ Թէեւ շաբթուան մը մէջ քանի մը անգամ կարօտ զգալը, ընդհանուր առմամբ, դրական ազդեցութիւն ունի, սակայն կան ուսումնասիրութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ անցեալը հերթականօրէն յիշելը կրնայ պատճառ դառնալ ընկճուածութեան եւ ապագայի նկատմամբ մտահոգութեան զգացումի։

Երբ կարօտախտի գիրկին իյնանք, անցեալը հաշուի կ՚առնենք՝ որպէս ամբողջութիւն։ Մենք ի մի կը բերենք տարատեսակ յիշողութիւններ՝ զատելով բացասականները եւ առանձնացնելով դրականները ձեւով մը կը ստեղծենք մեր սեփական անցեալը։ Գուցէ մենք շատ վատ յիշողութիւններ ունինք անցեալի մէջ, սակայն մեր ուղեղը կը փորձէ անտեսել զանոնք։ 

Մեզ կարօտի զգացողութեան մատնող ամենակարեւոր գործօնը մեր զգայարաններն են. յատկապէս հոտերը կամ երաժշտութիւնը կրնան կարօտախտ յառաջացնել։ Սա պայմանաւորուած է քիթի՝ յոյզերը կառավարող ուղեղի լիմպիք համակարգին ուղղակի կապուած ըլլալով։ Մարդ մը կրնայ զանազանել մօտաւորապէս տասն հազար տարբեր հոտ եւ իւրաքանչիւրը կրնայ տարբեր ձեւերով արձագանգ գտնել կամ արթնցնել տարբեր յիշողութիւններ։ 

Այն փաստը, որ անցեալի ու ներկայի «աճող հեռաւորութիւնը» կ՚ազդէ յետագայի վրայ, անխուսափելիօրէն կարօտ կը յառաջացնէ։ Այլ խօսքով՝ մանաւանդ 21-րդ դարուն կարօտախտի զբաղեցուցած տեղը՝ որպէս քաղաքական, ընկերային եւ հոգեբանական երեւոյթ, խորապէս կ՚ազդէ անցեալին առընչուելու գրեթէ բոլոր ձեւերուն վրայ։ 

Կարօտի յստակ եւ բացարձակ բացատրութիւն գոյութիւն չունի եւ կրնայ ներառել ինչպէս յառաջադէմ եւ նոյնիսկ իւթոփիք զգացումներ, այնպէս ալ յետադէմ եւ մելամաղձոտ վարքեր։ Թէեւ կարօտախտ բառի ծագման եւ զարգացման պատմութիւնը հիմնուած է շուէտացի բժշկական հետազօտող Եոհաննէս Հոֆէրի վերադարձ (նոթուս) եւ ցաւ (ալկիա) բառերէն բաղկացած՝ ռազմաճակատի զինուորներու ցաւը եւ տուն վերադառնալու իրենց փափաքը նկարագրող հիւանդութեան, սակայն ներկայիս բառը այս օգտագործման սահմաններէն դուրս եկած է։ Այնպէս որ, տեղի մը համար զգացուած կարօտը հետզհետէ եղած է երկրորդական։ Իսկ ներկայիս կարօտախտը ենթադրուած է անցեալի՝ մանաւանդ մանկութեան տարիներու նկատմամբ կարօտը։ Աւելին՝ բացի այս պարզ սահմանումէն, կարօտախտը կարելի է դասակարգել տարբեր ձեւերով՝ իր ստեղծած ազդեցութեան առումով։ 

Անցեալի եւ ներկայի համեմատութեան մէջ «աւելի վատ» արտայայտութեան իմաստը՝ որպէս գնահատման չափանիշ, այն է, որ քննադատական մօտեցումն ու ներկայի նկատմամբ դժգոհութիւնը յառաջ կու գայ անցեալի (ինքնա)քննադատական մեկնաբանութիւններէ՝ ո՛չ թէ «իտէալականացուած» անցեալը ներկային նախընտրելէ։ Այստեղ քննարկման առարկայ է ո՛չ թէ անցեալի բացասականութիւնները, տառապանքները անտեսելը, այլ՝ այսօրուայ նեղութիւններու եւ բացասականութիւններու պատճառով անցեալին տարբեր պատուհանէ մը նայիլը։ Կարօտը բացատրական դեր կ՚ունենայ տարբեր ժամանակներու մէջ անձերու՝ իրենց անցեալի եւ յարաբերութիւններու փոփոխութեան վերլուծութեան մէջ։ 

Կարօտախտը առաջնային կը համարէ անցեալի դրական կողմերը, բայց սա չի նշանակեր, որ կարօտը տեսակ մը «կեղծ գիտակցութիւն» է։ Թէեւ կարօտախտը վաղուց արդէն կը բացատրուի՝ որպէս «յուզականութեան անգիտակից ձեւ, որ սխալ կը ներկայացնէ իրականութիւնը», բայց կասկածելի է, թէ յիշողութիւնը կամ պատմութիւնը որքա՛ն կրնան ներկայացնել «ճշմարտութիւնը»։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 19, 2021