ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՄԱՆՐԱՊԱՏՈՒՄՆԵՐ

Երեւանի մեր բակը ամէն ամառ Իջեւանի շրջանէն պտղավաճառ մը կու գար: Միջին տարիքով մարդ մըն էր, որ կարմիր, գունաթափ ինքնաշարժը բարձած, անտառային տեսակ-տեսակ պտուղներ կը բերէր վաճառելու՝ դոյլով մոշ, մորմենի, հաղարջ, վայրի տանձ, ընկոյզ, մասուր, դեղձ, մամուխ, երբեմն՝ խաղող եւ պզտիկ պարկերով խոտաբոյսեր, որոնցմով թէյ եւ առողջարար եփուկներ կը պատրաստեն: Երբեմն ալ դրացի-ծանօթներէն փոքրիկ տոպրակներով փոխինձ, մանրաձաւար եւ գիւղական հաւկիթ կ՚առնէր, իր ծախածին հետ մէկ կողմէն անոնք ալ կը ծախէր եւ դրամը անոնց կու տար: Կը վաճառէր, կ՚երթար եւ քանի մը օրէն նորէն արկղերով բարձած կու գար, այսպէս մինչեւ աշնան վերջաւորութիւնը…

Ան ինչո՞ւ մեր բակը մշտական վայր դարձուցած էր, որովհետեւ շէնքին մէջ, Երեւան վաղուց հաստատուած, իջեւանցի ազգական մը ունի, որ երբեմն կը կենար պտղավաճառին քով, կը քաջալերէր ծանօթ-անծանօթները, որպէսզի գնեն անտառէն հասած թարմ ու անարատ բարիքները…

Այս իջեւանցի պտղավաճառը վերջին երկու տարիները աւելի հեղինակութիւն կը վայելէր մեր բակին մէջ, որովհետեւ վարչապետին ծննդավայրէն էր եւ շատ տարիներ առաջ տեսած էր վարչապետը եւ հետը հաց կիսած ընդհանուր բարեկամի մը տան մէջ, մտերմիկ զրոյցներ ունեցած էր: Կարծեմ անգամ մըն ալ ըսաւ, թէ հեռաւոր ազգական են:

Յեղափոխութենէն ետք, իր ամառնային ու աշնանային պտուղները վաճառքի բերելով, յընթացս նաեւ հպարտութեամբ, կը պատմէր այդ կապին մասին եւ կը հետեւէր իրեն հիացմունքով նայող հաւաքուածներուն:

«Անխելք ժողովուրդ», այս ամէն ինչը առաջին յարկի պատուհանէն լսելով եւ քիթը հաւաքուածներուն վրայ վեր քաշելով կ՚ըսէր տիկին Կիման:

Խորհրդային տարիներուն համայնավարական կարեւոր գրասենեակի մը մէջ պաշտօն զբաղեցուցած եւ այժմ հանգստեան կոչուած տիկին Կիման շատ բան գիտէր. ան վստահ էր, որ ժողովուրդին մեծ մասը, 2018 թուականին փողոց ելլելով եւ իշխանութիւն փոխելով, զղջալու եւ գլուխին տալու շատ տեղ պիտի ունենայ: Յեղափոխութեան ամենատաք օրերուն տիկին Կիման համախոհ գրեթէ չունէր եւ իր անվախի դիրքէն չվարանեցաւ ամէն անգամ քիթը վեր քաշել բանն ու գործը թողած եւ ցոյցերու վազող դրացիներուն վրայ եւ միշտ մինակ մնաց:

Այսօր, տիկին Կիման, զանազան տեղերէ որսալով վերջին դէպքերէն ետք գլխիվայր շրջած քանի մը յեղափոխասէրներ, արդէն մինակ չէ իր պատուհանին քով: Անոնց ակնդէտ հայեացքին ներքոյ կը փոշիանան յեղափոխութեան հիացմունքի բոլոր մնացորդները, անոնք որոնք նախկինին հպարտ ու դանդաղ կը քալէին, այսօր արագ ու վարանող քայլերով կ՚անցնին տիկին Կիմայի պատուհանին տակէն՝ անոր ոչնչացնող հայեացքին չարժանանալու վախով:

Տիկին Կիմայի վախէ՞ն է, թէ՞ այլ պատճառ մը կայ, որ իջեւանցի պտղավաճառը այս տարի չերեւեցաւ այս կողմերը, անոր կարմիր գոյնով ինքնաշարժը, որ ամբողջ ամառ ծածկը բացած, պտուղներով բեռնը-ւած արկղերով կեցած էր, չկայ ու չկայ, ո՛չ մօտէն, ո՛չ հեռուէն կ՚երեւի: Պտղավաճառին ազգականին մտերիմը հարցուցած է, թէ ինչո՞ւ այս տարի չկայ իջեւանցի մարդը, բա՞ն մը պատահած է, ազգականը պատասխանած է, որ չէ՛, ողջ եւ առողջ է, բայց «Ինչպէ՞ս երեւնայ, գայ, ի՞նչ ընէ», հոգոց հանելով պատասխանած է:

Այս կարճ ու կտրուկ նախադասութիւնը արդէն ամէն բան կ՚ըսէ մեր այսօրուան կեանքին եւ մարդկային յեղյեղուկ յարաբերութիւններուն մասին:

Տուժողը միայն Իջեւանի անտառներու համեղ պտուղներուն սիրահարները եղան…

*

Անջատ պատմութիւն մըն է տիկին Կիման: Անոր անունը BBC դրած են բակին մէջ. ամէն ինչէն տեղեակ է, ամէն անցուդարձ նախ ինք կը գիտնայ՝ ո՞վ եկաւ, ո՞վ գնաց, ո՞վ որո՞ւ տունը հիւր գնաց, նոյնիսկ՝ ի՞նչ տարաւ հետը հիւր գացած ատենը, ամէն ինչ գիտէ:

Ես միշտ կը զարմանամ, թէ ե՞րբ տիկին Կիման ճաշ կ՚եփէ, լուացք կը փռէ կամ ուրիշ տնային գործերով կը զբաղի: Տունը ինքը, ամուսինը եւ չամուսնացած տղան կան, ամէն գործը պէտք է որ իր վրայ ըլլայ, բայց ինքը միշտ նստած է պատուհանին քով կամ ալ թեւերը կռթնած պատուհանին վրայ, դուրսը կը դիտէ… Բայց տիկին Կիման ալ այս տարի շատ անտրամադիր է, շփոթ եւ մոլոր վիճակ մը ունի, աչքէն եւ ուշադրութենէն վրիպած են կարեւոր իրադարձութիւնները: Օրինակ, օրեր առաջ, բակին ուղղակի կեդրոնը ինքնատիպ նշանտուք մը տեղի ունեցաւ: Զինուորութենէն վերադարձած երիտասարդ տղայ մը, բակին մէջ իրեն դիմաւորող հարազատներուն ներկայութեամբ, նշանտուքի մատանի դրաւ դիմաւորողներուն հետ իրեն ընդառաջ եկած սիրած աղջկան մատին: Ոչ սովորական, աղմկոտ արարողութիւն մըն էր, բայց այս մասին տիկին Կիման օրեր ետք միայն գիտցաւ, եւ երբ անոր կը պատմէին այս յուզիչ արարողութեան մանրամասնութիւնները, տիկին Կիման փոխանակ շնորհաւորելու եւ բարի բախտ մաղթելու նոր նշանուած զոյգին, զարմացած կը հարցնէր. «Հապա ես ո՞ւր էի այդ ատեն»: Քանի անգամ զանազան մանրամասնութիւններով պատմեցին, ան ամէն անգամ ապշահար նոյն հարցումը կու տար՝ «Ե՛ս ո՞ւր էի…»:

*

Թաքսիները սղած եւ քիչցած են Երեւանի մէջ: Ամէն առտու մեր բակին մէջ կեցած երկու-երեք թաքսիի ինքնաշարժի համար վէճ կ՚ըլլայ: Ինքնաշարժ չունեցողները եւ աշխատանքի շտապողները իրարու մէջ չեն կրնար բաժնել հասանելի թաքսիները եւ ամէն առտու թաքսիի իրարանցում կ՚ըլլայ: Առցանց աշխատող թաքսիները ժամերով չկան ծրագրին մէջ, եղած ինքնաշարժներն ալ կրկնակի սակագին ցոյց կու տան հեռաձայնին մէջ ներբեռնուած յաւելուածին վրայ:

Հեռաձայնով թաքսի գտնելը անկարելի է՝ միշտ ինքնաշարժ չկայ տեղւոյն վրայ, պէտք է սպասել մինչեւ մէկ ժամ:

Միշտ կը պարծենայինք, որ Հայաստանի մէջ թաքսին առատ է եւ աժան, ահաւասիկ, այդ հաճոյքն ալ չկայ: Առցանց աշխատող ընկերութիւնները կը պատճառաբանեն, թէ ինքնաշարժի եւ վարորդի խիստ պակասութիւն ունին, եղած վարորդներուն մէկ մասն ալ տաքին չ՚ուզեր քշել, եւ այդպէսով, քիչ քանակութեամբ մնացած ինքնաշարժները կրկնակի, երբեմն եռակի սակագին ցոյց կու տան:

Վարորդներէն մէկը, օր մը, ըսաւ, թէ ուրիշ պատճառ մըն ալ կայ՝ «Ճի. Ճի.» անունով թաքսիի ծառայութենէն 60 վարորդ կամաւոր պատերազմի մեկնած ու զոհուած է, այդ վարորդները երկրորդական աշխատանք մը ունենալով, ազատ ժամերուն թաքսի կը քշէին: Ապագայ վարորդներուն մէկ մասն ալ՝ երիտասարդ տղաք բանակ զօրակոչուած են, յոյսով, որ կը վերադառնան եւ թաքսի կը քշեն, բայց ետ չեն եկած, կամ ալ հաշմանդամ դարձած են: «Ոտքը, ձեռքը կորսնցուցած, ջիղերը խախտուած մարդը ինչպէ՞ս ղեկին առջեւ նստի», հառաչելով իրավիճակը այսպէս ներկայացուց վարորդ մը:

Ուրիշ առցանց ընկերութիւններ նոյնպէս այսպիսի կորուստներ ունեցած են… Սակագիներու սղութեան պատճառ էր նաեւ երկար ժամանակ Հայաստանի մէջ վառելանիւթի պակասը, ոչ թէ սուղ էր, այլ ուղղակի չէր գտնուեր, իսկ քարիւղով աշխատող թաքսիները քիչ են եւ այսպիսի փաստի առջեւ այսօր կեցած են մարդիկ՝ թէ՛ վարորդները, թէ՛ թաքսի գործածողները…

Նոր ուսումնական տարուան ընդառաջ աւելի կը սրի այս մտահոգութիւնը…Երթեւեկի լարուածութիւն կայ քաղաքին մէջ:

*

Իսկ նոր ուսումնական տարին ինչպէ՞ս պիտի սկսի… Հայաստանի մէջ քորոնաժահրով վարակակիրներուն թիւերը օգոստոս ամսուն օրէ օր աճեցան եւ կանխատեսումները կը տանին ամսուայ վերջ աւելի մեծ թիւով վարակակիրներու… Ինչպէ՞ս պիտի գործեն ուսումնական հաստատութիւնները ժահրին այս ով որերո՞րդ (չորրո՞րդ, հինգերո՞րդ) ալիքին ներքոյ:

Քորոնաժահրը իր դէմքը կը փոխէ եւ ամէն անգամ նոր դիմագծով մը կը ներկայանայ: Հայաստանի մէջ վախ կայ Վրաստանէն եւ Ռուսաստանէն քորոնայի «տելթա» տեսակի ժահրի զանգուածային թափանցումէն: Նոր տեսակը ուղղակի կը վխտայ դրացի Վրաստանի մէջ, ուր հայաստանցիներ կը սիրեն ամառնային արձակուրդի օրերը անցընել, իսկ Ռուստատանի հետ օդային, ցամաքային աշխոյժ կապը միշտ կայ ու կայ:

Ռուս զբօսաշրջիկներու պակաս չկայ Հայաստանի մէջ, զբօսաշրջային վայրերուն մէջ ամենաշատ օտարները ռուսներ են, անոնց ներկայութիւնը զարմանալի էր նոյնիսկ պատերազմի դժնդակ օրերուն եւ յետպատերազմեան շփոթահար շրջանին: Երբեք չխախտեցին իրենց զբօսաշրջային տրամադրութիւնը Հայաստանի մէջ:

Պատուաստումներու տեսակ մը պարտադրանք կայ ուսումնական հաստատութիւններէն ներս աշխատողներուն վրայ, եթէ պատուաստում չեն ուզեր, ապա ամէն տասնհինգ օրը մէյ մը քորոնայի ստուգում պիտի յանձնեն: Սակայն այդ մէկը անշուշտ հարցի լուծում չէ, հարցի լուծում չէ նաեւ վարակի տարածման վախին պատճառով դպրոցներն ու համալսարանները առցանց դարձնելը… Արդէն փաստուած է, որ ուսանողները որքան անտարբեր կը դառնան տուներէն դասեր ընելու երեւոյթին հանդէպ… Հարցումներ, որոնք նոր ուսումնական տարուան ընդառաջ կախուած են օդին մէջ:

Դպրոցական մտահոգութիւնները անկարեւոր կը դառնան, երբ ամէն առտու յիշենք, որ սահմանային անվտանգութեան հարց ունինք երկրին մէջ: Մենք այսօր զբաղած ենք ոչ թէ ապրելով եւ կեանքը վայելելով, այլ սահմանային լուրերուն ժամ առ ժամ հետեւելով: Լրահոսէն կախուած մնալը այլեւս առօրեայ է: Տեղական լուրերու եւ աղէտներու անվերջ շարքը կը լրացնեն միջազգային, տարածաշրջանային աղէտները, որոնց հետեւանքները կարծես նոյնպէս զգալի են մեր մաշկին վրայ:

*

Լիբանանէն Հայաստան հասնող օդանաւը լեցուն է Լիբանանէն եկողներով: Անոնք կը պատմեն վերջին աղէտը. Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի կիրակին պատահած հրդեհը, որ խլեց տասնեակ կեանքեր, երկրին փտածութեան եւ քանդումին մէկ վառ օրինակն է: Լոյս կիրակի առաւօտեան Լիբանանի Աքքարի Թլէյլ գիւղաքաղաքին մէջ արձանագրուեցաւ պայթում մը, որ պատճառեց 28 զոհ եւ 80 վիրաւոր:

Լիբանանի բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Թլէյլի մէջ պայթած է պենզինի շտեմարանը, որ բանակին կողմէ գրաւ-ւած էր՝ աքքարցիներուն բաշխելու անոր մէջ գտնուած պենզինը: Լիբանահայեր, որոնք արդէն յոգնած են նման տեսարաններէն եւ նման դէպքերը շատ սովորական դարձած են Լիբանանի մէջ, հայրենիքի մէջ կը փնտռեն քիչ թէ շատ հանգստութիւն:

Անցեալ տարի, ճիշդ այս ժամանակ, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք, հարիւրաւոր լիբանանահայեր լքեցին երկիրը եւ Հայաստան եկան, շատերն ալ ճամբայ ելած էին, պատերազմը սկսաւ եւ յապաղեցան որոշ ժամանակ մը, բայց ահաւասիկ, աղէտեալ Լիբանանէն փախչելու ալիքի մը եւս ականատես կ՚ըլլանք ներկայիս:

«Շունչ կը քաշենք, դուք հոս դրախտի մէջ կ՚ապրիք», ըսաւ լիբանանահայ ծանօթ մը, որ հոն ձգած է տունը, աշխատանոցը, պապենական խանութները եւ «աչքիս բան մը չ՚երեւիր» ըսելով, ընտանիքին հետ Հայաստան եկած է։ «Ետ պիտի չնայիմ, պիտի այրեմ բոլոր կամուրջները», ըսաւ ան՝ հայաստանեան հոսող աղբիւրի ջուրին տակ լուալով ամառնային կարմրաթուշ դեղձը,- «Ջուր նոյնիսկ չունինք, ո՞վ տեսած է այսպիսի բան, որ մարդ գործածելու ջուր չունենայ», շարունակեց՝ նայելով ոտքերուն տակ անխնայ հոսող խմելու ջուրին:

Հանգստութիւն կը գտնե՞ն արդեօք անոնք Հայաստանի մէջ… Ահա եւս մէկ հարցում-հանելուկ, որ ծագեցաւ մեր առօրեային մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 19, 2021