ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Աննան կրկնակի խանդավառուած էր։ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն երեկոյեան ուղիղ թռիչքով պիտի մեկնէր իր երազներու քաղաքը՝ Փարիզ։ Բաց աստի, ան առաջին անգամ պիտի հանդիպի իր սփիւռքահայ ազգականներուն, որոնց հետ ծանօթացած էր վերջերս համացանցի միջոցաւ։ Կարճ ժամանակամիջոցի մը հոլովոյթին անոնք կրցան մտերմանալ ու նոր շունչ հաղորդել իրենց ազգակցական կապերուն։

20-րդ դարու սկիզբին Պոլիս ծնած Մարի եւ Արմենակ ամոլը բախտաւորուած էր երկուորեակներով՝ մանչ ու աղջիկ։ Երջանիկ ընտանիքի ուսման ծարաւ զաւակները՝ Պերճը եւ Պերճուհին, բարձրագոյն կրթութեան համար հասան մինչեւ Ֆրանսա։ Երկուքն ալ գերազանց յառաջադիմութեամբ համալսարանը աւարտելէ վերջ, աշխատանքի անցան ժամանակին համբաւաւոր գրասենեակի մը մէջ։ Այնուհետեւ, քանի մը տարի անց Պերճուհին ամուսնացաւ ու ամուսնոյն հետ միասին փոխադրուեցաւ Հայաստան։ Իսկ Պերճը շարունակեց իր կեանքը Փարիզի մէջ։ Աշխարհի չորս դին սփռուած ընտանիքի պարագաները կը մէկտեղուէին ժամանակ առ ժամանակ։

Անցան երկարուձիգ տասնամեակներ…

Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունեցաւ զաւակներ, թոռներ ու ծոռներ։ Համերաշխ ընտանիքի ծլարձակած նոր ճիւղերուն կապը իրարու հետ անքակտելի էր։ Կը հանդիպէին յարմար առիթով, նամակագրութեամբ իրարու տարեդարձները կը շնորհաւորէին։ Սակայն իրավիճակը փոխուեցաւ ընտանիքի սիւներուն՝ պարոն Պերճի ու տիկին Պերճուհիի կործանելէն վերջ։ Աշխարհասփիւռ մեծ ընտանիքը սկսաւ պառակտուիլ։ Միջոց մը վերջ երկու ճիւղերու միջեւ կապը գրեթէ խզուեցաւ…

Ինչեւէ, վերջերս տիկին Պերճուհիի ծոռնուհին, հայաստանաբնակ Աննան դիմատետրը թերթած ատեն նշմարեց իր մեծ մեծ մայրիկի՝ Պերճուհիի սեւ-ճերմակ հնամաշ պատկերը։ Ուրախութենէն աչքերը տամկեցան, անմիջապէս նամակագրութեամբ փորձեց պարզել, թէ ո՞վ տեղադրած է այդ պատկերը։

-Բարեւ ձեզ, ես Աննան եմ, ձեր լուսանկարներէն մէկուն մէջ տեսայ իմ մեծ մեծ մայրիկի՝ Պերճուհիի լուսանկարը։

-Բարեւ ձեզ, ուրեմն դուք իմ մեծ մեծ հայրիկի՝ Պերճի երկուորեակ քրոջ ծոռնուհին էք։ Ես Արփին եմ, անսահման ուրախ եմ ձեզի հետ ծանօթանալու համար…

Նամակագրութիւնը եղաւ շարունակելի։ Գրեթէ ամէն օր զիրար գտած ազգականները կը շփուէին թէ՛ տեսակապով, թէ նամակագրութեամբ։ Օր մըն ալ Արփին Աննան հրաւիրեց Փարիզ։

Ահաւասիկ, օդանաւը վայրէջք կատարեց։ Օդակայանին մէջ Աննան գեղեցիկ ծաղկեփունջով մը ջերմագին դիմաւորեցին Արփին, անոր ամուսինն ու երկու զաւակները։ Հանդիպումը յուզումնախառն էր. երկու կողմէն ալ կը յորդէին ուրախութեան արտասունքներ։ Մայր Հայաստանէն իրենց ազգականուհիի այցով բաւականին խանդավառուած էին նաեւ Արփիի երեխաները։ Եօթնամեայ Պերճն ու հնգամեայ Պերճուհին իրենց անմիջականութեամբ ու քաղաքավարութեամբ հիացուցած էին Աննան։ Երկուստեք հաղորդակցումը տեղի կ՚ունենար արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէն լեզուներով։

Սկզբնական շրջանին զիրար հասկնալը քիչ մը խրթին էր։ Սակայն շուտով շտկուեցաւ այդ բացը։ Աննան կը զարմանար, միեւնոյն ժամանակ կը հիանար, թէ ինչպէ՞ս ֆրանսահայ տղաքը սահուն կը տիրապետեն մայրենիին։ Օր մը Արփիին հարցուց.

-Ինչպէ՞ս կրցար օտարութեան մէջ հայ զաւակ մեծցնել։

-Շատեր ինծի կը հարցնեն, թէ ինչպէ՞ս իմ փոքրիկները վարժ կը տիրապետէն հայերէն, ֆրանսերէն ու անգլերէն լեզուներուն։ Պատճառը ակնյայտ է, ես չեմ դրժած իմ նախնիներուն ուխտը։ Իմ մեծ մեծ հայրիկի՝ Պերճի համար ամենէն առաջնայինը չձուլուիլը, հայ մնալն ու հայերէն խօսիլն է։ Ան իր զաւակները այդպէս հասցուցած էր, եւ յորդորած՝ երբեւէ չդրժել այդ ուխտը։ Մահէն առաջ անոր վերջին խօսքերը եղան. «Զաւակներս, մեր լեզուն ու ազգային ոգին անառիկ պահեցէք։ Խոստացէք, որ պիտի դաստիարակէք հայեցի սերունդներ»։ Մեծագոյն պատճառը այս է։

-Շատ ապրիք, ես հիացած եմ ձեր ընտանիքով։

-Շնորհակալ ենք, իմ անուշիկ Աննա, գիտես օտարութեան մէջ դիւրին չէ հայ մնալը, հայախօսութիւնը։ Ես ու իմ ամուսինը ոչ մէկ օր մեր զաւակներուն հետ ֆրանսերէն խօսեցանք, միմիայն՝ հայերէն։ Անոնք անգլերէնը՝ հեռատեսիլէն, իսկ ֆրանսերէնը՝ մանկապարտէզէն ու դպրոցէն սորվեցան։ Ես խանձարուրէն սկսեալ անոնց համար կ՚երգէի հայերէն օրօրոցայիններ, մինչեւ հիմա կը պատմեմ հայկական հէքեաթներ։ Առաջին երգերն ու ոտանաւորները անոնք սորվեցան հայերէն։ Ծնունդէն ի վեր, ամէն գիշեր, երբ կը մտնեն անկողին, ես իմ փոքրիկ հրեշտակներուն ականջին կը շշնջամ. «Դուք հայ էք, մեծ ազգի՝ փոքրիկ զաւակները»։ Այսպէսով ես անոնց մէջ կ՚ամրապնդեմ հայկական ոգին։

Բաց աստի, մենք շատ կը սիրենք հանդերձ ընտանեօք ճամբորդել։ Քանի մը անգամ Հայաստան այցելած ենք։ Տղաքը կը հմայուին մայր հայրենիքով։ Հայրենիքի մէջ մենք անպայման կը պտըտինք գիւղերով, կ՚այցելենք մանկատուն ու ծերանոց, կը փորձենք ձեռք մեկնել կարօտեալներուն։ Բարեգործութեամբ մեր երեխաներուն մէջ կը ձեւաւորենք մարդկային բարձր արժանիքներ։ Հայ մնալէ զատ, մեզի համար առաւել կարեւոր է հաւատքը։ Ամէն կիրակի առտու կանուխ մենք եկեղեցին կ՚երթանք։ Մեր առօրեային կը սկսինք ու կը վերջացնենք աղօթքով։ Քանզի միայն այս ճանապարհով կրնանք մնալ հայ ու քրիստոնեայ։ 

 ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2019