«ՇԵՓՈՐ»՝ 110 ՏԱՐԵԿԱՆ
Ռումանիոյ մէջ տպագրուած հայերէն առաջին պարբերականը՝ «Շեփոր»ը 110 տարեկան է: Գրական-պատմագիտական պատկերազարդ այս հանդէսը ընդամէնը մէկ տարի տպուած է՝ 1912-1913 թուականներուն՝ սակայն մեծ դեր ունեցած է ռումանահայութեան կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ իր ծնունդով խթանած է այդ երկրին մէջ հայ մամուլի յետագայ ընթացքը: Ամսաթերթի տպագրութեան համար հայերէն տառերու տպագրական ձուլամայրերը (տառամայրերը) լրագրող եւ «Շեփոր»ի խմբագիր Լեւոն Շահազիզեանը իր ծախսերով Ռումանիա տարած էր Պոլիսէն՝ այդպիսով այդ երկրին մէջ հիմնելով հայ մամուլի տպագրութիւն, եւ «Շեփոր»էն զատ հրատարակելով նաեւ պատկերազարդ ու երկլեզու «Հայաստանի արձագանգ» շաբաթաթերթը (1912-1914 թուականներուն): «Շեփոր»ի մէջ Լեւոն Շահազիզեան իր մանաւանդ գրական գրութիւնները կը ստորագրէր Լեւոն Լանիս գրչանունով, իսկ ազգային հարցերու մասին կը գրէր իր բուն անուն-մականունով: Ան թերթի շուրջ հաւաքած էր նաեւ համայնքէն եւ դուրսէն նշանաւոր հեղինակներ:
1912 թուականէն մինչ այսօր Ռումանիոյ մէջ շուրջ յիսուն հայկական պարբերականներ տպուած են, հակառակ որ անոնց մէկ մասը, «Շեփոր»ի պէս, կարճ կեանք ունեցած է, սակայն այսօր վստահ կրնանք ըսել, որ ռումանահայ մամուլը 100 տարիներէ աւելի պատմութիւն ունի: Ի դէպ, հայ մամուլի պատմութեան մէջ «Շեփոր» անունով թերթեր տպուած են Պաքու (1908, 1918), Պոլիս (1928-1929), Կեսարիա (1910), Մարսէյլ (1932) եւ Շարժա (1999):
Ռումանահայ համայնքի առաջին պարբերականը՝ «Շեփոր»ը ունեցած է գրականութեան, պատմութեան, ազգային հարցերու, թարգմանական եւ տեղեկատու բաժիններ։ Հանդէսը մանաւանդ մեծ տեղ տուած է գրական ստեղծագործութիւններուն, հայագիտական նիւթերուն:
Հեղինակներէն մէկը՝ Վ. Ալիքեան, «Շեփոր»ի էջերուն մէջ շարունակելի շարք մը տպած է «Եղիսապեթուպոլսոյ հայերը» խորագրով, բանաստեղծութիւններ հրատարակած է Շահան Նաթալին, Գնէլ Ծ. Վրդ. Գալէմքեարեան (այցելու հովիւ Ռումանիոյ) նիւթեր գրի առած է Ռումանիոյ հայերու մասին, քննելով մանաւանդ փոքր քաղաքներու մէջ անոնց ձուլումին պատճառները: Ուշագրաւ են նաեւ Ահարոն Տամատ հեղինակի գրական ստեղծագործութիւնները, որոնք մտերմիկ կերպով նոյնպէս ռումանահայերու կեանքը կը ներկայացնեն:
ԱՄՕԹ Է, ԱՄՕԹ
(Պատմուածք ռումանահայ կեանքէն)
ԱՀԱՐՈՆ ՏԱՄԱՏ
Մինակ էր Սոֆիկ: Մայրը տնական գործերու, հայրն ալ առեւտուրի ետեւէն. ո՞վ պիտի խօսակցէր Սոֆիկի հետ, ով պիտի ժպտէր, չարախօսէր եւ երբեմն ալ ման գար՝ փողոցէ փողոց, ո՛չ ոք կար: Բարեկամներ չկային, բարեկամուհիներ՝ երբե՜ք… Մայրը, որ «Իմ արեւս դառն է եղեր, օր ու արեւս անցած է» կը մրմնջէր շարունակ, կրնա՞ր գոհացում տալ Սոֆիկին, որ կնոջ մը հոգեկան բոլոր զգացումներուն տեղեակ, կը բաղձար ինքն ալ ռուման աղջիկներուն պէս հագուիլ, շքուիլ եւ ման գալ այս ու այն կողմ, մերթ հմայելու եւ մերթ հմայուելու համար: Մանաւանդ որ այդ բոլորն իրագործելու համար՝ իր ի՞նչը կը պակսէր, հայրը հարուստ եւ ինքն ալ ամբողջ ծնողքի մը յոյսը՝ մխիթարութիւնը:
-Ա՜խ, կ՚ըսէր Սոֆիկ, ե՞րբ շուրջս բազմութիւն մը պիտի գտնեմ, սիրելիներ, անոնց հետ խօսելու, խնդալու համար: Այս ի՞նչ է, բանտարկեալի կը նմանիմ: Ի՜նչ աղուոր օրեր էին, երբ հայրենի տան մօտ, ամէն մարդ ծանօթ, դրացի, ազգական, կը հաւաքուէին, կ՚երջանկանայինք, լուսնի կախուող շողերուն տակ: Հո՞ս ալ ապրելու տեղ է…
Ժապաւէնի քանի մը շերտեր ծունկերուն փռած, եւ ասեղ մը երկու մսկոտ մատներուն մէջ սեղմած՝ օրն ի բուն պատուհանին առջեւ ծալլապատիկ նստած՝ կ՚աշխատէր: Աշխատանքն ալ ձանձրոյթի չափ անվերջ էր:
Փողոցէն անցնող իրեն տարեկից ռուման օրիորդները երանի կու տային Սոֆիկին, քանի որ ան երբեք հարկադրուած չէր շուկայ իջնելով՝ գործարաններու եւ գրասենեակներու մէջ գործ ճարելու:
Արդարեւ երանելի՞ էր Սոֆիկ, ճշմարի՞տ էր Սոֆիկը իր պատուհանին առջեւէն ճանչցողներու վճիռը, ո՛չ, ո՛չ: Ինքն ալ զինքը շրջապատող ամայութենէն կը սոսկար, մարդ կ՚ուզէր, մարդու շունչ, բազմութիւն, ինքզինքը մխիթարուած տեսնելու համար: Արիւնը երակներուն մէջ կ՚եռար, տասն եւ ութ տարեկան արբունքի հասած ըլլալով, բնական պահանջ մը, ներքին փլուզում մը, ջղային գալարումներ կը զգար՝ կեանքին հետ մտերմանալու ճիգ մը ունէր, բայց աւա՜ղ որ գոհացումի երջանկութեան չէր կրնար հասնիլ: Վտիտ մոմի մը պէս, ինքն իր բոցին առջեւ սարսռագին կը հալէր: Օտար էր միջավայրը, ոչ ոք իրեն ծանօթ, ոչ ոքի հետ արտօնեալ տեսակցելու:
Առանձնութեան վայրկեաններուն, գրեթէ միշտ փոթորկուած ծովու մը նման, կը զարնուէր այս ու այն կողմ, կը յուզուէր, երեւակայութեան թեւեր կու տար, պատերուն վրայ, շուրջը մօտիկը, աստղերէն, լուսինէն ձայն մը, տաքուկ սիրտ մը կը փնտռէր, որ գթար իրեն՝ խղճահարէր: Աւա՜ղ երկրի եւ երկինքի անբովանդակ ամայութիւնը չէր շէննար:
Մայրն ու հայրը կրնային նշմարել այն կեանքը գերեզմանին կապող ցաւը, որ սկսած էր լայննալ Սոֆիկի միայնատանջ հոգիին մէջ: Պարզ մարդեր, հայաստանցիներ կրնայի՞ն իրենց աղջկան դիմածռութիւններէն գուշակել, կրնային խորհիլ, թէ ան ալ մարդկային բնական զգացումներէն կը տարուի, ո՛չ: Ընդհակառակը, հայրը ամէն իրիկուն կ՚ըսէր. «Աղջիկս, մենք հայաստանցի ենք, հետեւաբար, չենք կրնար ֆռէնկներուն նման տունը սոխ, սխտոր ուտել, դուրսը ճըճըխ պըճըխ շուռ գալ, մեզի սուսիկ փուսիկ դրամ շահիլ ու ապրիլ կը վայելէ: Հոս գէշ քաղաք է, մարդը գլխէ կը հանեն»:
Սոֆիկի աչքերը կ՚արցունքոտուէին, երբ ծնողաց այս յաւիտենական խրատը կը լսէր: Յաճախ բնազդաբար կը խորհէր. «Ի՜նչ անգութ են մարդիկ, իրենք կ՚ապրին, կը սիրեն, կ՚երջանկանան, բայց նոյնը չեն ձգեր ուրիշներուն: Եթէ ես պղնձէ արձանի մը պէս, գեղեցկութեանս անգիտակից եւ գոյութեանս անհաշտ պիտի մնայի, ինչո՞ւ ծնան զիս, ինչո՞ւ մարդկութեան անէծքին ու օրհնութեանը հաղորդակից ըրին»:
Իրաւունք ունէր Սոֆիկ, կեանքը կարճ է, եթէ իր այտերէն արեւելքցիի կարմիրը անհետանար, եթէ իր աչքերը կնճիռներու մէջ նուաղէին, ո՞վ ձեռնտու պիտի ըլլար իրեն: Դրամովը կրնա՞ր յոյսի խաչին վրայ խաչուած սրտին դարման գտնել, այն ատեն մանաւանդ, երբ իր քովէն անցնողները՝ փոխանակ հմայուելով, երեսներէն կախ մնալու անտեսել փորձէին, ո՛չ: Հարկադրուած էր խորհելու, որովհետեւ ծնողաց մահէն վերջ ո՛չ եղբայր կար եւ ո՛չ ալ անհատ մը, որու կարենար վստահիլ ինքզինքը, իր կեանքին չափ նուիրական բարոյականը:
Սոֆիկ կը խորհէր կեանքէն առաջ՝ զայն շրջապատող ամայութեան վերջ մը տալու, բայց միջավայրն աննպաստ էր եւ խարդախող:
Ժան պատէ պատ դրացի էր Սոֆիկենց, այնպէս որ ամէն առաւօտ, շուկայ իջնելու ատենը կը տեսնէր զայն եւ գեղեցիկ վարդեփունջի մը զգլխիչ տպաւորութանը տակ, կանգ առնելով, կը նայէր, աչքերուն բոլոր լուսահրովը կը դիտէր Սոֆիկը, որ արշալոյսին դէմ, ոսկեգոյն մազերը ուսերուն ձգած, ճերմակ գոգնոցը առջեւը, կ՚աւլէ՜ր, ածուները կը ջրէր, կէսօրուան տապին հանգիստ առնելու համար:
Ժանի համար սովորական բացատրութիւն մը դարձած էր. վարդի պէս աղջիկ է, կը մրմնջէր, հանդիպումէն անմիջապէս վերջը: Մտերիմներէն մին, որուն պարզած էր իր յառաջադրութիւնը, երբ կը հարցնէր, թէ ինչո՞ւ կը սիրես այն որ մեզմէ չէ, հպարտ շեշտով կը պատասխանէր Ժան. «Ո՜հ, չէք գիտեր, արեւմուտքը առանց արեւելքի կուսութեան եւ բարեխառնութեան, աննշան է, անարժէք: Արեւելքի մէջ, ապրուած արեւմուտքի մը սիրտը կը տրոփէ: Սոֆիկ այդ արեւելքն է, պիտի սիրեմ զայն»:
Ժանի ամբողջ մտածումը Սոֆիկին շուրջ կը կեդրոնանար: Վայրկեան մը որ իրեն չէր բերեր, սիրոյ հոգենորոգ վանկ մը, մտածում մը՝ Սոֆիկէն, պարապ էր, անարժէք… Պէտք էր միշտ Ժանի առջեւ՝ պատկերացրած ըլլար Սոֆիկ, գեղեցկութեան խտացումին պէս, իր կարապնագեղ պարանոցովը, կլոր, լուսնկայաձեւ դէմքովը, սեւ խոշոր լուսավէժ աչքերովը, բարակ ունքերովը, վարդակարմիր այտերովը, ճեղքուած նուռի մը հատիկներուն պէս, երկու նրբակերտ շրթունքներուն ետեւէն նշմարուող կաթնասպիտակ ակռաներովը, նոճի հասակովը, առնականօրէն լայն կուրծքը շնորհալիացնելու աստիճան՝ դուրս ցցուող ստինքներովը, որպէսզի Ժան աւելի ճարտարօրէն մտածէր Սոֆիկին վրայ, զայն շուտով որսալու, սիրտը անոր սրտին օղակելու համար:
Ժան հաստատ համոզուած սկսաւ մտածել եւ զոհաբերուիլ:
Սոֆիկ անմիջապէս զգաց այն տաքուկ համակրանքը, որ կը գինովցնէր զինքը, այն պաղատագին նայուածքը, որ իր հոգիէն աւելի թանկագին բան մը կը խնդրէր. հասկցա՜ւ, հասկցաւ, թէ ինչու Ժան ամէն առաւօտ իրենց տանն առջեւ կը սպասէր, ինչու աչքերը շեշտակի իրեն գամած կեցած տեղը արձանացած կը մնար: Զգաց Սոֆիկ եւ ինքն ալ իր կարգին, հակառակ հօրը խրատները շատ լսած ըլլալուն, տեղի տուա՜ւ, բացաւ իր սիրոյ խորանը՝ ընդունելու համար մէկը որ աւաղ, օտար էր, օտար:
Դրացի էին, յարաբերութեան միջոցները անպակաս, այնպէս որ շատ չանցած՝ երկուքը սիրահարներ դարձան, եւ նոյնիսկ ուխտեցին. «Ապրիլ անբաժան, ապրելու համար միայն»:
Սոֆիկի դատողութիւնով Ժանն ամէն բան էր, հարուստ, դաստիարակուած, պատուախնդիր եւ փոխադարձաբար…
Երկար չտեւեց գաղտնի սիրաբանութիւնը, Սոֆիկի հայրը ամէն բանի վերահասու եղաւ, եւ սկսաւ համոզել, որ ետ կենայ Սոֆիկ հայաստանցիին չվայելող իր ընթացքէն, չսիրէ օտարը, չպղտորէ հայի անաղարտ արիւնը, չթունաւորէ ցեղը:
Անօգո՜ւտ: Սոֆիկ իր որոշման վրայ հաստատ էր: Երեմն երբ հայրը կ՚ընդդիմանար իր բարոյական մահը մատնացոյց ընելով, Սոֆիկ կը բացագանչէր. «Եթէ հոս հայեր չըլլային, ես քարե՞րը, ապառաժնե՞րը պիտի սիրէի, յոյսէ եւ մխիթարութենէ զուրկ չորս անխօս պատերու մէջ գերեզմա՞նս պիտի փորէի… Ո՛չ, հայր իմ, մի՛ անարգեր զիս, սիրոյ մէջ օտարութիւն չի փնտռուիր»:
Հայրը, տեսնելով որ ինքը առանձին չպիտի կրնայ համոզել, իրիկուն մը տուն կանչեց տեղին քահանան, կարգ մը ծանօթ հայեր, խելահաս տիկիններ որ դարձի բերեն Սոֆիկը:
Հաւաքուեցան: Քահանան անկիւնը նստած, օրէնքէն աւետարանէն փաստեր մէջ կը բերէր, ներկաները եւ մասնաւորապէս Սոֆիկը համոզելու համար, թէ սխալ է այդ տեսակ ազգակործան քայլ մ՚առնելը:
Սոֆիկ ուզեց չզգացուիլ ո՛չ քահանային տրամաբանական խօսքերէն, ո՛չ ներկաներու զարմացական նայուածքներէն, ո՛չ կիներու՝ իրար վրայ սեղմուած շրթունքներէն դուրս լսուող «Տէր դուն գթա՜յ, այս օրի մնացինք» բացագանչութիւններէն, բայց չկարողանալով, յուզուած ոտքի կեցաւ եւ դէպի դուռը յառաջանալով, ուժգնօրէն աղաղակեց. «Կը սիրեմ, պիտի սիրե՜մ»:
Ներկաները բոլորը մէկէն ոտքի կենալով, զայրագին կանչեցին՝ Ամօ՜թ է, ամօ՜թ…
Սոֆիկ՝ կայծակնահար կեցաւ, ձեռքերը օդին մէջ տարածելով, նայուածք մը նետեց շուրջը, տեսաւ արտասուող ծնողքը, վրէժխնդրօրէն վեր բարձրացող բռունցքները, եւ զղջումի աղաղակ մը փրցնելով՝ ծնկաչոքեց մօրը ոտքերուն առջեւ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ