ՈՉ ԹԷ ԻՆԿԱՒ, ԱՅԼ ՅԱՆՁՆԵՑԻՆ

Մեր տան պատուհանէն կ՚երեւին Շուշիի ոլորապտոյտ ճանապարհները:

Վեր խոյացած անառիկ բերդաքաղաքը կը հսկէր Արցախի, մասնաւորապէս Ստեփանակերտի անդորրը: Ամէն անգամ դէպի Շուշի ճանապարհորդութեան ընթացքին, մարդիկ դուրս կու գային իրենց ինքնաշարժներէն ու քանի մը վայրկեան կը զմայլէին դէպի Ստեփանակերտ բացուող գեղեցիկ տեսարանով:

Հայրենիքս չեմ բացայայտած: Առիթ չունեցայ շատ վայրեր այցելելու, զոր օրինակ՝ Դադիվանք, Ամարաս, Տնջրի ծառ, Հադրութի մէջ գտնուող Ազոխի քարանձաւ... Իսկ այս ողբերգական օրերուն, երբ շատեր կը շտապեն հրաժեշտ տալու մեր պատմական մշակութային կոթողներուն, ես իմ տունի մէջ նստած լուռ կ՚աղօթեմ: Հրաժեշտը ինծի համար չէ: Մենք դեռ կը հասցնենք Զաւէնիկի հետ միասին բացայայտել երկիր դրախտավայրս:

Քանի մը անգամ այցելած եմ Շուշի ու Գանձասար: Շուշին չքնաղ է ու պերճաշուք: Այնտեղ փողոցներու մէջ կը թափառին արցախցիի անկոտրուն ոգին, մեր ժողովուրդի պատմութիւնն ու մշակոյթը: Ամէն քար ու ծառ կենդանացած է, եթէ ուշադիր մտիկ ընես՝ կ՚իմանաս, թէ ինչեր կը պատմեն: Շուշին խօսուն է ու կենդանի: Այդ խորհրդաւոր լռութեան մէջ մարդ ինքզինքին հետ մինակ մնալու, ինքզինքը ճանչնալու, բացայայտելու բացառիկ հնարաւորութիւն կ՚ունենայ: Իսկ Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցին դարձած է Արցախի այցեքարտն ու խորհրդանիշներէն մին:

Այսօր Շուշին տխուր է, վիրաւոր, այդ անառիկ քաղաքը ցաւէն կը մղկտայ: Ոչ թէ աւերուածութիւններու ցաւէն, այլ դաւաճանութեան: Շուշիի հետ միասին կը մղկտայ, ցաւէն կ՚ոռնայ մի ամբողջ ժողովուրդ, մի ամբողջ բանակ:

Բերդաքաղաքը չինկաւ, այն զիջեցին, սկուտեղի վրայ մատուցեցին, բանալիները յանձնեցին: Մեր չարաբաստիկ վարչապետի ձեռքով մենք յայտնուեցանք անդունդի եզրին:

«Ամէն ազգ իր տականքն ունի, բայց հայի տականքը ոչ մի ազգ չունի», ըսած է Նժդեհ: Այսօրուայ մեր տականքը առանց խղճի խայթի, առանց երկմտելու, իր թեթեւ ձեռքով որբացուց մեզ: Ցաւի նշոյլ մը անգամ չկայ ստահակի դէմքին: Այդպէս էր պէտք. «Շուշին մի հատ դժբախտ, դժգոյն քաղաք էր: Մեզ պէ՞տք էր Շուշին...», Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարած է հայու ստահակը:

Իր պարտութիւնը կը փորձէ բարդել ժողովուրդի վրայ: Կը փորձէ մրոտել կամաւորի անունը: Պարոն վարչապետ, Շուշին մեզի պէտք էր եւ է, այդ ձեր ներաշխարհն է դժբախտ եւ դժգոյն: Օրերս ալ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին իր տուած հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ Շուշիի յանձնումը երբեք չէր եղած բանակցային սեղանին, այն ի յայտ եկած է այս պատերազմի ընթացքին:

Եթէ իրաւէն կորսնցուցած ըլլայինք Շուշին, թերեւս այսքան մեծ ցաւ պիտի չզգայինք: Անառիկ բերդաքաղաքի գրաւումը պարզապէս անհնարին է: Ով գէթ անգամ մը եղած է Շուշի, կը փաստէ իմ ըսածը: Շուշին միմիայն դաւաճանութեամբ կրնար յայտնուիլ հակառակորդի ձեռքին, ինչպէս որ եղաւ: Մեզ խաբեցին, մեր զօրքը խաբեցին: Խաբէութեամբ Շուշիի պաշտպանները դուրս հրաւիրեցին բերդաքաղաքէն եւ յանձնեցին զայն:

Աստուծոյ շնորհիւ մեր զինուորները աննկարագրելի սխրանքներ կը գործէին ամբողջ պատերազմի հոլովոյթին: Անոնք համր քայլերով, վճարելով բաւական ծանր գին, կ՚երթային դէպի յաղթանակ: Սակայն դաւաճանները թիկունքէն հարուած հասցուցին: Իբրեւ թէ այս քայլով փրկեցին երեսուն հազար զինուորի կեանք: Դուք մեր հերոսներու կեանքը չփրկեցիք, առանց գերեզմանի զանոնք՝ այդ քաջասիրտ առիւծները հասցուցիք գերեզման: Երեսուն հազար հոգին երանի կու տայ զոհուածներուն: Ոչ մէկ կերպ կրնայ ամոքել դաւաճանութեան, թիկունքէն ստացած հարուածի ցաւը: Մեր հայրենիքի պաշտպանները հիասթափուած ու կոտրուած են: Շուշիի պաշտպանները կը պնդեն, թէ քարով անգամ կրնային պահել քաղաքը:

Շուշի, Շուշի, այ իմ Շուշի:
Քանի՞ հետ տու տեռէր փուշի:
Էս ցըվերէն տեմ կացէր,
Վերջը մինան ետ կացէր:
Հեղինակը չեմ յիշեր: Աստուած մեծ է:
Թող Աստուծոյ կամքը ըլլայ Արցախի ճակատագրին մէջ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2020