Կա­ղանդ Պա­պու­կին Նուէ­րը՝ Փայ­տա­հա­տին

Դա­րեր ա­ռաջ, ինչ­պէս այ­սօր, պայ­ծառ է ե­ղած եր­կին­քը: Հա­կա­ռակ  ձմրան սաս­տիկ ցուր­տին, Կա­ղանդ պա­պու­կը կը պատ­րաս­տուի յա­ջոր­դող շա­բաթ­նե­րուն սկսե­լու իր ճամ­բոր­դու­թեան եւ Ա­մա­նո­րի ա­ռի­թով բաժ­նե­լու իր նուէր­նե­րը:

Ծա­նօթ գիւ­ղի մը զա­ւակ փայ­տա­հա­տը ա­ռա­ւօ­տուն կա­նուխ կ՚արթն­նայ, ինչ­պէս սո­վոր է միշտ: Ձիւ­նը սպի­տա­կով ծած­կած էր ամ­բողջ գիւ­ղը, եր­կին­քը պայ­ծառ կա­պոյ­տով կը ժպտէր, բնու­թեան հրաշք գե­ղեց­կու­թիւ­նը ու­րա­խու­թեամբ կը բա­րե­ւէր բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք կ՚անց­նէին գիւ­ղի ծաղ­կա­ւէտ թա­ղե­րէն:

Փայ­տա­հա­տը կ՚ո­րո­շէ եր­թալ ան­տառ, ոչ թէ իր սո­վո­րա­կան գոր­ծը կա­տա­րե­լու, այ­լեւ այս ան­գամ պտտե­լու ձիւ­նա­ծածկ ան­տա­ռին խո­րե­րը, ծա­նօ­թա­նա­լու իր բա­րե­կամ կեն­դա­նի­նե­րուն, ա­նոնց հետ ըլ­լա­լու եւ վա­յե­լե­լու սպի­տակ ձիւ­նին լռու­թիւ­նը:

Փայ­տա­հա­տը  որ­քան կը խո­րա­նար ան­տա­ռին մէջ, այն­քան իր դի­մաց կը բա­ցուէին բնու­թեան նո­րա­բոյր գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րը: Ան թէեւ ծա­նօթ էր ան­տա­ռի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու՝ ա­րա­հետ­ներ, հո­սող ա­ռուակ­ներ, հո­վիտ­ներ, եւ այլն, սա­կայն այս ան­գամ պայ­ծառ եր­կին­քը կար­ծես զինք կ՚ա­ռաջ­նոր­դէր տար­բեր վայր մը:

Բա­ւա­կան քա­լե­լէ ետք ան­տա­ռի սպի­տակ տա­րած­քին վրայ, յան­կարծ փայ­տա­հա­տին ու­շադ­րու­թիւ­նը կը գրա­ւէ շատ գե­ղե­ցիկ կա­ռոյց ու­նե­ցող փայ­տա­շէն մեծ տուն մը:

Տուն մը, որ շրջա­պա­տուած է ա­գա­րա­կով, ուր բազ­մա­թիւ տե­սա­կի ա­նա­սուն­ներ ի­րենց հան­գիս­տը կ՚առ­նէին պայ­ծառ եր­կին­քին տակ:

Տուն մը, ո­րուն շուրջ բո­լո­րը տե­սա­նե­լի է վայ­րի ծա­ղիկ­նե­րու եւ բարձ­րա­բերձ ծա­ռե­րու տե­սա­կա­նի:

Տուն մը, ո­րուն ա­ռաս­տա­ղը, պա­տերն ու պա­տու­հան­նե­րը ծած­կուած էին կա­նաչ բոյ­սե­րով եւ գու­նա­ւոր տե­րեւ­նե­րով:

Տուն մը, որ ու­նի ծխնե­լոյզ, ուր­կէ կ՚ար­ձա­կուին ճար­ճա­տող փայ­տե­րու ձայ­ներն ու սպի­տակ ծու­խի գո­լոր­շի­ներ:

Մէկ խօս­քով՝ հրա­շա­լի գե­ղեց­կու­թեամբ տուն մը, որ գրա­ւեց փայ­տա­հա­տին ու­շադ­րու­թիւ­նը իր հրա­պու­րիչ եւ գրա­ւիչ տես­քով եւ մղեց  զայն, որ ա­ւե­լի մօ­տե­նայ եւ հե­տաքրք­րուի ա­նոր բնա­կիչ­նե­րուն գո­յու­թեամբ:

Փայ­տա­հա­տը կը մտնէ տան ցան­կա­պա­տէն ներս՝ զար­ման­քի զգա­ցու­մը դէմ­քին: Ան կը հնչեց­նէ զան­գը, որ կա­խուած էր դրան վրայ, եւ լսե­լէ ետք «հրամ­մէ» բա­ցա­գան­չու­թիւ­նը կը հրէ դու­ռը եւ կը մտնէ ներս: Այդ րո­պէին փայ­տա­հա­տի զար­ման­քը կը բազ­մա­պատկուի, երբ կը տես­նէ բազ­կա­թո­ռի մը վրայ նստած Կա­ղանդ պա­պու­կը, որ ա­նու­շիկ ժպի­տով մը կը հիւ­րըն­կա­լէ զինք:

Ա­նոր հա­մար այս ա­նակն­կա­լը բա­ցա­ռիկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նէր: Ան իր սեւ աչ­քե­րով կը սկսի զննել Կա­ղանդ պա­պու­կին կարմ­րուկ այ­տե­րը, կլոր եւ ժպի­տով լե­ցուն դէմ­քը, վա­յե­լուչ սպի­տակ մօ­րու­սը, ա­նոր հա­գած կարմ­րա­ւուն տա­բա­տը եւ սեւ մոյ­կե­րը:

Քիչ ետք, երբ փայ­տա­հա­տը կը սկսի լուռ պտըտիլ հսկայ տան մէջ, յան­կարծ ա­նոր դէմ­քին վրայ կը գծուին ու­րա­խու­թեան փայ­լուն ա­լիք­ներ: Ան կը տես­նէ, թէ տան պա­տե­րէն կա­խուած են հա­րիւ­րա­ւոր գոյնզգոյն եւ շատ ա­նու­շիկ գուլ­պա­ներ զա­նա­զան չա­փե­րով եւ տես­քով: Եւ իւ­րա­քան­չիւ­րին վրայ ար­ձա­նագ­րուած էր ա­նուն ու մա­կա­նուն:

Կա­ղանդ պա­պու­կը ան­ձայն կը հե­տե­ւի ա­նոր շար­ժում­նե­րուն:

Փայ­տա­հա­տը  յամ­րա­քայլ կը մօ­տե­նայ Կա­ղանդ պա­պու­կին եւ կը նստի ա­նոր մօտ: Կրա­կա­րա­նին մէջ այ­րող փայ­տե­րուն ճար­ճա­տիւ­նը կար­ծես հա­մա­նուագ մըն էր, իսկ տաք կրա­կին ար­ձա­կած կար­միր գոյ­նի ե­րանգ­նե­րը՝ մէյ-մէկ ե­րա­զա­յին պատ­կեր­ներ ըլ­լա­յին:

Ման­կու­թեան օ­րե­րէն փայ­տա­հա­տին հա­մար շատ ու­րա­խա­նա­լի կը թուէին Կա­ղանդ պա­պու­կին հետ կա­պ-ւած հէ­քիաթ­նե­րը: Հի­մա ան իր աչ­քե­րով կը տես­նէր այն բո­լո­րը, ո­րոնց մա­սին լսած էր:

Փայ­տա­հա­տը տան մուտ­քին տե­սած էր Կա­ղանդ պա­պու­կին մեծ սահ­նա­կը, սեւ եւ փայ­լուն աչ­քե­րով ա­հա­գին եղ­նիկ­ներ, պա­տե­րուն վրայ կա­խուած գուլ­պա­նե­րու տե­սա­կա­նին, նուէր­նե­րու հսկայ կոյտ մը, ո­րոնք կը փաթ­թուէին վա­յե­լուչ ու պատ­կե­րա­զարդ թուղ­թե­րով եւ կը զե­տե­ղուէին կար­միր տոպ­րակ­նե­րու մէջ, որ­պէս­զի Կա­ղան­դի գի­շեր Կա­ղանդ պա­պու­կը շրջէր տու­նե­րը, իջ­նէր ծխնե­լոյզ­նե­րէն եւ գուլ­պա­նե­րու մէջ զե­տե­ղէր ե­րախա­նե­րուն նուէր­նե­րը:

Այս բո­լո­րը ի­րա­կա­նու­թիւն էին ու­րեմն: Լեռն­ցի փայ­տա­հա­տին ու­րա­խու­թիւ­նը իր գա­գաթ­նա­կէ­տին կը հաս­նէր, երբ յան­կարծ իր աչ­քին կ՚իյ­նար ա­նուն ու մա­կա­նուն մը՝ կար­միր գուլ­պա­յի մը վրայ: Մօ­տե­նա­լէ ետք ան կը կար­դայ եւ փայ­լուն աչ­քե­րով կը տես­նէ, թէ ար­ձա­նագ­րուա­ծը իր ա­նունն ու մա­կա­նունն էր:

Չէ՞ որ Կա­ղանդ պա­պու­կը շատ լաւ կը հասկ­նար իւ­րա­քան­չիւր բա­րի ան­ձի, ե­րա­խա­յի ու մա­նու­կի միտ­քերն ու ե­րազ­նե­րը. ան գիտ­ցեր էր նաեւ՝ այս կեան­քէն փայ­տա­հա­տի ակն­կա­լու­թիւ­նը:

Կա­ղանդ պա­պու­կը տիե­զե­րա­կան ուժ ու­նե­ցող հսկայ մըն է: Ան իր սահ­նա­կով կը թռչի եւ եղ­նիկ­նե­րուն օգ­նու­թեամբ կը ճամ­բոր­դէ երկ­րէ եր­կիր, եւ այն­քան զօ­րա­ւոր ուժ ու­նի, որ մէկ գի­շե­րուան մէջ հա­զա­րա­ւոր մար­դոց ու­րա­խու­թեան պատ­ճառ կը դառ­նայ՝ ա­նոնց բաժ­նե­լով նուէր­ներ եւ կա­տա­րե­լով ա­նոնց ե­րա­զա­յին աշ­խար­հին փա­փաք­նե­րը:

Կա­ղանդ պա­պու­կը ի­մաս­տուն մարդ է եւ շատ լաւ կը հասկ­նայ մարդ ա­րա­րա­ծին հո­գե­կան աշ­խարհն եւ ա­նոր թա­քուն մտա­ծում­նե­րը. ան կը սկսի զրու­ցել փայ­տա­հա­տին հետ եւ կը փոր­ձէ ա­նոր մտա­ծում­նե­րուն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տալ, որ­պէս­զի ան շա­րու­նա­կէ ե­րա­զել եւ գոր­ծել ա­ռանց յու­սա­հա­տու­թեան:

Կա­ղանդ պա­պու­կը յան­կարծ հարց կու տայ ա­նոր, թէ ին­չո՞ւ ան դադ­րած է վա­զե­լէ իր ե­րազ­նե­րուն ե­տե­ւէն, եւ ձե­ւով մը յանձ­նուած չոր ի­րա­կա­նու­թեան:

Փայ­տա­հա­տը կը շշմի եւ շուա­րած վի­ճա­կի մատնուե­լով կը նա­յի Կա­ղանդ պա­պու­կին ժպի­տով լե­ցուն դէմ­քին: Ան կը յի­շէ, թէ մէկ օր ա­ռաջ այս նա­խա­դա­սու­թիւ­նը, որ Կա­ղանդ պա­պու­կը կ՚ը­սէր, ինք յայտ­նած էր իր բա­րե­կա­մին եւ ը­սած էր գրե­թէ նոյն խօս­քը,- վա­զել կեան­քի ե­րազ­նե­րուն  ե­տե­ւէն եւ չվհա­տիլ, այդ է գե­ղեց­կու­թիւ­նը:

Զար­մա­նա­լի բա­ներ տե­ղի կ՛ու­նե­նա­յին:

Կա­մաց-կա­մաց զրոյ­ցը կը խո­րա­նար եր­կու­քի մի­ջեւ: Կա­ղանդ պա­պու­կը փայ­տա­հա­տին բո­լոր հար­ցում­նե­րուն կը պա­տաս­խա­նէր  եւ միշտ լա­ւա­տե­սու­թեամբ յա­գե­ցած՝ իր պատ­գա­մը կը փո­խան­ցէր: Կա­ղանդ պա­պու­կը մօ­տէն ծա­նօթ էր ա­նոր մտա­ծում­նե­րուն, ապ­րե­լու ե­ղա­նա­կին, նկա­րա­գի­րին, ե­րազ­նե­րուն, խեն­թու­թիւն­նե­րուն եւ ներ­կա­յի կեան­քին:

Եւ ու­րախ մէկ վայր­կեա­նին, Կա­ղանդ պա­պու­կը կ՚ա­ռա­ջար­կէր ա­նոր, որ այս տա­րի Կա­ղան­դի կէս գի­շե­րին միա­սին բաժ­նէին նուէր­նե­րը եւ պտըտէին երկ­րէ եր­կիր, տես­նե­լու մար­դոց ու­րա­խու­թիւն­ներն ու հա­ւա­քոյթ­նե­րու ըն­թաց­քին ե­րա­խա­նե­րու գե­ղե­ցիկ աշ­խարհ­նե­րը:

Փայ­տա­հա­տին զար­ման­քը ա­ւե­լի կը խո­րա­նայ, երբ կը լսէ Կա­ղանդ պա­պու­կի ա­ռա­ջար­կը: Ան կը սկսի շփել իր աչ­քերն ու դէմ­քը վստահ ըլ­լա­լու, թէ չ՚ե­րա­զեր: Ա­մէն ինչ ի­րա­կան էր, իր բո­լոր տե­սած­նե­րը շօ­շա­փե­լի:

Փայ­տա­հա­տը կը պայ­մա­նա­ւո­րուի Կա­ղանդ պա­պու­կի հետ եւ կ՚ու­զէ տու­նէն դուրս ցատ­կել իր ու­րա­խու­թիւ­նը բարձ­րա­ձայն յայտ­նե­լու: Հա­զիւ տու­նէն դուրս ե­լած ան կը տես­նէ պայ­ծառ եւ կա­պոյտ եր­կին­քին տակ ա­րա­ծող եղ­նիկ­նե­րուն ու­րա­խու­թիւ­նը:

Ա­նոնց դէմ­քը փայ­լուն էր, բայց խիստ ու սուր նա­յուած­քով լե­ցուն: Ա­նոնց ոս­կե­գոյն մա­զերն ու հա­գած ա­նու­շիկ տա­րազ­նե­րը կը պլպլա­յին աստ­ղե­րու նման:

Փայ­տա­հա­տը՝ յանձ­նուած այդ պա­հու գե­ղեց­կու­թեան, աչ­քե­րը կը բա­նայ եւ ժպի­տով լե­ցուն կը դի­մա­ւո­րէ ա­ռա­ւօ­տը: Ան ե­րազ էր տե­սած: Դուր­սը գիւ­ղի թռչուն­նե­րը ի­րենց գե­ղե­ցիկ հա­մա­նուա­գը կ՚եր­գէին, ա­րե­ւուն ճա­ռա­գայթ­նե­րը տա­րա­ծուած էր պայ­ծառ եր­կին­քին վրայ եւ այդ մի­ջո­ցին ա­նոր աչ­քե­րը կը յա­րին դէ­պի լե­րան գա­գա­թը, ուր, կ՚ը­սեն, թէ կ՚ապ­րին պա­րիկ­նե­րը: Հոն ա­նոնք ու­րախ կ՚եր­գէին ու կը նուա­գէին ի­րենց կեան­քի հա­մա­նուա­գը:

Փայ­տա­հա­տին սուր լսո­ղու­թիւ­նը ծա­նօթ էր այդ ե­րաժշ­տու­թեան, կեան­քով լե­ցուն եր­գե­րուն:

Ան հո­գե­կան ու­րա­խու­թեամբ եւ յոգ­նած կը յանձնուի ա­ռա­ւօ­տեան քու­նին՝ յու­սա­լով, որ կրկին կը հան­դի­պի իր բա­րե­կամ Կա­ղանդ պա­պու­կին:

ՀԱՄ­ԲԻԿ ՊԻ­ԼԱ­ԼԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 2, 2016