Հա­մա­կար­գիչ­նե­րը Կը Բա­րե­լա­ւե՞ն Ա­շա­կերտ­նե­րու Ար­դիւնք­նե­րը

Կեան­քի ներ­կայ ըն­թաց­քը այն­պէս մըն է, որ բնա­կա­նա­բար կա­րե­լի չէ ար­հես­տա­գի­տա­կան, ճար­տա­րա­գի­տա­կան նո­րու­թիւն­ներն ու նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րը հե­ռու պա­հել դպրոց­նե­րէն եւ ընդ­հան­րա­պէս կրթա­կան-ու­սում­նա­կան հա­մա­կար­գէն: Պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, մաս­նա­գէտ­ներ, ու­սում­նա­սի­րող­ներ միշտ այս հար­ցե­րը կը քննար­կեն ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէ­տին ձգտե­լու մղու­մով: Եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րը եր­բեմն կը հեր­քեն ըն­դու­նուած նախ­կին տե­սա­կէտ­նե­րը, տա­րա­ծուած մօ­տե­ցում­նե­րը՝ փոր­ձե­լով հաս­տա­տել նո­րը, ա­պա ա­ւե­լի նո­րը, եւ այս­պէս՝ շա­րու­նակ…

Տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ զար­գաց­ման կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը (ՏՀԶԿ) վեր­ջերս հրա­պա­րա­կեց հա­մաշ­խար­հա­յին նոր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը՝ նշե­լով, որ  դպրոց­նե­րու հա­մա­կար­գիչ­նե­րու եւ դա­սա­րա­նա­յին ար­հես­տա­գի­տու­թեան մէջ մեծ ներդ­րում­ներ ը­նե­լը «չի բա­րե­լա­ւեր ա­շա­կեր­տին աշ­խա­տանքն ու ար­դիւն­քը»: Կը նշուի, որ դպրոց­նե­րու մէջ հա­մա­կար­գիչ­նե­րու ա­ռա­ւել  յա­ճա­խա­կի օգ­տա­գոր­ծու­մը, ա­ւե­լի հա­ւա­նա­կան է, որ կ՚ա­ռըն­չուի ա­ւե­լի նուազ ար­դիւնք­նե­րու: ՏՀԶԿ­-ի կրթա­կան բա­ժան­մուն­քի տնօ­րէն Անտ­րէաս Շլե­չըր կը հաս­տա­տէ, որ դպրո­ցի մէջ ար­հես­տա­գի­տու­թեան օգ­տա­գոր­ծու­մը «բազ­մա­թիւ սխալ յոյ­սեր յա­ռա­ջա­ցու­ցած է»:

Ըստ ա­շա­կերտ­նե­րու վե­րա­բեր­մուն­քի շարք մը մաս­նա­գէտ­նե­րու, ու­սու­ցիչ­ներ ապ­շած, շլա­ցած են դպրո­ցա­կան հա­մա­կար­գիչ­նե­րով: Տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ զար­գաց­ման կազ­մա­կեր­պու­թեան տե­ղե­կա­գի­րը, հիմ­նուե­լով ա­ւե­լի քան եօթանասուն եր­կիր­նե­րու մէջ կա­տա­րուած մի­ջազ­գա­յին քննու­թեանց ար­դիւնք­նե­րուն վրայ, կ՚ար­ծար­ծէ դպրո­ցի մէջ ար­հես­տա­գի­տու­թեան ազ­դե­ցու­թեան հար­ցը:

Հրա­պա­րա­կուած տե­ղե­կա­գ­րին մէջ կը նշուի, որ կրթա­կան-ու­սում­նա­կան հա­մա­կար­գեր, ո­րոնք մեծ ներդ­րում­ներ կա­տա­րած են տե­ղե­կա­տուա­կան եւ հա­ղոր­դակ­ցու­թեանց ար­հես­տա­գի­տու­թեան մէջ,  «նշմա­րե­լի բա­րե­լա­ւում» մը չու­նին ըն­թեր­ցա­նու­թեան, ու­սո­ղու­թեան եւ գի­տու­թեան նիւ­թե­րու քննու­թեանց մէջ: «Ե­թէ ակ­նարկ մը նե­տէք լա­ւա­գոյն ար­դիւնք­ներ ար­ձա­նագ­րող կրթա­կան հա­մա­կար­գե­րու վրայ, ինչ­պէս՝ ա­րե­ւե­լեան Ա­սիոյ մէջ,  ա­նոնք շատ կը զգու­շա­նան դա­սա­րան­նե­րուն մէջ ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը օգ­տա­գոր­ծե­լէ: Այն ա­շա­կերտ­նե­րը, ո­րոնք հա­մա­կար­գիչ­ներ եւ նման սար­քեր կ՚օգ­տա­գոր­ծեն, շատ յա­ճախ ա­ւե­լի վատ ար­դիւնք­ներ կ՚ար­ձա­նագ­րեն, քան ա­նոնք, ո­րոնք ա­ւե­լի նուազ կ՚օգ­տա­գոր­ծեն», կ՚ը­սէ Անտ­րէաս Շլե­չըր:

Կրթա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան վրայ դպրոց­նե­րուն մէջ տա­րե­կան ծախ­սուող գու­մար­նե­րը կ՚անց­նին 30 մի­լիա­ռը: Բայց ՏՀԶԿ­-ի կրթա­կան բա­ժան­մուն­քի տնօ­րէն Անտ­րէաս Շլե­չըր կ՚ը­սէ. «Ա­շա­կեր­տին ար­դիւն­քին վրայ ա­տոր ազ­դե­ցու­թիւ­նը լա­ւա­գոյն պա­րա­գա­յին խառն է»:

Տե­ղե­կա­գի­րը կ՚ը­սէ.

- Ա­շա­կերտ­ներ, ո­րոնք հա­մա­կար­գիչ­ներ ա­ւե­լի յա­ճախ  կ՚օգ­տա­գոր­ծեն դպրո­ցին մէջ, վա­տա­գոյն ար­դիւնք­նե­րը կ՚ար­ձա­նագ­րեն:

- Ա­շա­կերտ­ներ, ո­րոնք հա­մա­կար­գիչ­ներ չա­փա­ւոր կ՚օգ­տա­գոր­ծեն դպրո­ցին մէջ, ինչ­պէս՝ շա­բա­թա­կան մէկ կամ եր­կու ան­գամ, «ձե­ւով մը ա­ւե­լի լաւ ու­սում­նա­կան ար­դիւնք­ներ» ու­նին, քան այն ա­շա­կերտ­նե­րը, ո­րոնք հա­մա­կար­գիչ­նե­րը հա­զուա­դէպ կ՚օգ­տա­գոր­ծեն:

- Ար­դիւնք­նե­րը ցոյց կու տան «ոչ գնա­հա­տե­լի յա­ռաջ­դի­մու­թիւն» ըն­թեր­ցա­նու­թեան, ու­սո­ղու­թեան կամ գի­տա­կան դա­սա­նիւ­թե­րու պա­րա­գա­յին, այն­պի­սի եր­կիր­նե­րու մէջ, ուր տե­ղե­կա­տուա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան մար­զի

- Բարձր ար­դիւնք­ներ նուա­ճող դպրո­ցա­կան հա­մա­կար­գե­րը, ինչ­պէս Հա­րա­ւա­յին Քո­րէա­յի եւ Չի­նաս­տա­նի Շանկ­հա­յի մէջ, ա­ւե­լի նուազ մա­կար­դակ ու­նին դպրոց­նե­րէ ներս հա­մա­կար­գիչ­նե­րու օգ­տա­գործ­ման մէջ:

- Սին­կա­փուր, ուր դպրոց­նե­րու մէջ ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը չա­փա­ւոր կ՚օգ­տա­գոր­ծուի, լա­ւա­գոյնն է թուա­յին հմտու­թիւն­նե­րու մէջ (digital skills):

«Տե­ղե­կա­գ­րին ա­մենէն յու­սա­հա­տեց­նող բա­ցա­յայ­տում­նե­րէն մէ­կը այն է, որ ա­շա­կերտ­նե­րու մի­ջեւ ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան բա­ժա­նու­մը ար­հես­տա­գի­տու­թեան օգ­տա­գոր­ծու­մով չէ  նուա­զած, հա­ւա­նա­բար նոյ­նիսկ բազ­մա­պատ­կուած է», կ՚ը­սէ Տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ զար­գաց­ման կազ­մա­կեր­պու­թեան բա­ժան­մուն­քի տնօ­րէն Անտ­րէաս Շլե­չըր: Ան զգու­շա­ցու­ցած է, որ ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց տնա­յին աշ­խա­տան­քը, պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը հա­մա­ցան­ցէն կ՚ըն­դօ­րի­նա­կեն:

Ըստ ա­նոր, ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան բա­ժա­նու­մը նուա­զեց­նե­լու հա­մար ա­շա­կերտ­նե­րու ըն­թեր­ցա­նու­թեան եւ ու­սո­ղու­թեան հմտու­թիւն­նե­րը զար­գաց­նե­լը ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ ձեւ մըն է, քան՝ «բարձր ար­հես­տա­գի­տա­կան սար­քե­րը մատ­չե­լի դարձ­նե­լը»: Շլե­չըր կը զգու­շաց­նէ, որ դա­սա­րա­նա­յին ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը կրնայ շե­ղում ըլ­լալ եւ ա­տոր պատ­ճա­ռով ա­շա­կերտ­նե­րը տնա­յին պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խան­նե­րուն հա­մար հա­մա­ցան­ցէն պատ­րաստ հա­տուած­ներ «կը կտրտեն եւ կը փակց­նեն»: Ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, որ` «ոչ մէկ եր­կիր կայ, ուր հա­մա­ցան­ցը յա­ճախ կը գոր­ծա­ծուի ա­շա­կեր­տու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թեան կող­մէ, եւ ուր ա­շա­կերտ­նե­րու ար­ձա­նագ­րած ար­դիւնք­նե­րը բա­րե­լա­ւուած են»:

Դպրոց­նե­րու մէջ հա­մա­ցան­ցի օգ­տա­գործ­ման ա­մէ­նէն բարձր մա­կար­դակ ու­նե­ցող 7 եր­կիր­նե­րու շար­քին ե­րեք եր­կիր­ներ (Աւստ­րա­լիա, Նոր Զե­լան­տա եւ Շուէտ) յատ­կան­շա­կան նա­հանջ ար­ձա­նագ­րած են ըն­թեր­ցա­նու­թեան մէջ, իսկ ե­րեք այլ եր­կիր­նե­րու (Սպա­նիա, Նոր­վե­կիա եւ Դա­նիա) ար­դիւնք­նե­րը կը հաս­տա­տեն, որ ըն­թեր­ցա­նու­թիւ­նը ան­շարժ մնա­ցած, լճա­ցած է: Դպրոց­նե­րու մէջ հա­մա­ցան­ցը նուա­զա­գոյն չա­փով օգ­տա­գոր­ծող եր­կիր­նե­րը եւ քա­ղաք­նե­րը (Հա­րա­ւա­յին Քո­րէա, Շանկ­հայ, Հոնկ Քոնկ եւ Ճա­փոն)  մի­ջազ­գա­յին քննու­թիւն­նե­րուն մէջ ա­մէ­նէն բարձր ար­դիւնք­ներ ար­ձա­նագ­րող­նե­րէն են:

Բայց Շլե­չըր կ՛ը­սէ, որ ու­սում­նա­սի­րու­թեան ար­դիւնք­նե­րը պէտք չէ ծա­ռա­յեն իբ­րեւ «ար­դա­րա­ցում»,  ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը չօգ­տա­գոր­ծե­լու դպրոց­նե­րու մէջ, այլ իբ­րեւ խթան` ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ մօ­տե­ցում գտնե­լու, մշա­կե­լու: Ան տուաւ օ­րի­նա­կը թուա­յին դա­սա­գիր­քե­րու, ո­րոնք կա­րե­լի է թար­մաց­նել իբ­րեւ օ­րի­նակ, թէ առ­ցանց ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը ինչ­պէս ա­ւան­դա­կան մե­թոտ­նե­րէն ա­ւե­լի լաւ կրնայ ըլ­լալ:

 

Դպրոց­նե­րու մէջ հա­մա­կար­գիչ­նե­րու օգ­տա­գործ­ման մար­մի­նի (Naace) գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Մարք Չամ­պըրս ը­սաւ, որ ի­րա­պաշտ չէ մտա­ծե­լը, թէ դպրոց­նե­րը պէտք է նուա­զեց­նեն ար­հես­տա­գի­տու­թեան օգ­տա­գոր­ծու­մը: «Հան­րու­թիւ­նը այժմ ու­նի ար­մա­տա­ցած այն ըմբռ­նու­մը, որ տան մէջ պա­տա­նի­նե­րը, ե­րի­տա­սարդ­նե­րը պէտք է օգ­տա­գոր­ծեն ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը: Ու­րեմն դպրոց­նե­րէն ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը մենք ոչ մէկ ձե­ւով պէտք է դուրս ձգենք: Դպրոց­նե­րը պէտք է յա­ռա­ջա­տար ըլ­լան, եւ ոչ թէ հե­տե­ւող», ը­սաւ ան:

Մայք­րո­սոֆ­թի բան­բեր Հիւճ Միլ­լարտ ը­սաւ. «Հա­մա­ցան­ցը ոե­ւէ ա­շա­կեր­տի մատ­չե­լի կը դարձ­նէ մարդ­կա­յին ամ­բողջ գի­տու­թիւ­նը, եւ 3 տա­րա­ծու­թիւն­նե­րով տպագ­րու­թիւ­նը յա­ռա­ջա­դէմ ար­տադ­րա­կան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը ձեր գրա­սե­ղա­նին կը բե­րէ, իսկ «Ֆայ­նեն­շըլ Թայմզ»-ի 100 ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու յա­ջորդ սա­կա­րա­նը կրնայ նոյն­քան լաւ կա­ռու­ցուիլ ննջա­րա­նի մը մէջ»:

Անգ­լիա­ցի ա­ւագ ու­սու­ցիչ Ճոն Մո­րիս եւս մեր­ժեց գա­ղա­փա­րը: Ան ը­սաւ. «Մեր ա­շա­կերտ­նե­րը կը պատ­րաս­տենք աշ­խա­տանք­նե­րու հա­մար, ո­րոնք տա­կա­ւին գո­յու­թիւն չու­նին: Մենք զա­նոնք կը վար­ժեց­նենք օգ­տա­գոր­ծե­լու ար­հես­տա­գի­տու­թիւն մը, որ տա­կա­ւին չէ ստեղ­ծուած: Այս­պի­սով, դուք ինչ­պէ՞ս կրնաք ա­մուս­նա­լու­ծել ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը ճար­տա­րա­րուես­տէն, ար­դիւ­նա­բե­րու­թե­նէն, կամ` ու­սու­ցա­նե­լէն եւ սոր­վե­լէն: Երբ մար­դիկ կ՛ը­սեն, թէ դպրոց­նե­րու մէջ ար­հես­տա­գի­տու­թեան վրայ շատ դրամ կը ծախ­սուի, իմ պա­տաս­խանս կ՛ըլ­լայ. «Պա­րապ խօսք»: Մենք կա­րի­քը ու­նինք  յա­ւե­լեալ դրա­մի, յա­ւե­լեալ ներդ­րու­մի»:

Ա­շա­կերտ­նե­րու վե­րա­բեր­մուն­քի Անգ­լիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան մաս­նա­գէտ Թոմ Պե­նեթ ը­սաւ, որ ա­նի­րա­պաշտ ակն­կա­լու­թիւն­ներ կրնան ըլ­լալ, բայց` «դա­սա­րա­նին մէջ ար­հես­տա­գի­տու­թեան որ­դեգ­րու­մէն ետ­դարձ չի կրնար ըլ­լալ»:

Անգ­լիոյ դպրոց­նե­րու նա­խա­րար Նիք Կիպ իր կար­գին ը­սաւ. «Մենք կ՛ու­զենք, որ բո­լոր դպրոց­նե­րը նկա­տի առ­նեն ի­րենց ա­շա­կերտ­նե­րուն կա­րիք­նե­րը` ո­րո­շե­լու, թէ ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը ինչ­պէ՞ս կրնայ ամ­բող­ջաց­նել հիմ­քե­րը լաւ ու­սուց­ման եւ ու­սում­նա­կան խստա­պա­հանջ ծրա­գի­րի, այն­պէս մը, որ իւ­րա­քան­չիւր ա­շա­կերտ կա­րե­նայ հաս­նիլ իր նե­րու­ժին»:

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 2, 2016