ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՂ

Այ­սօր Սուրբ Ծննդեան տօն է, ա­ւե­տիս,
Եւ մեր Տի­րոջ յայտ­նու­թեան տօնն է, ա­ւե­տիս։
    Այ­սօր ար­դա­րու­թեան ա­րե­ւը, ա­ւե­տիս,
    Մար­դոց մէջ ե­րեւ­ցաւ, ա­ւե­տիս։
Այ­սօր սուրբ, ա­նա­պա­կան կոյ­սը, ա­ւե­տիս,
Ծնաւ, բե­րաւ ան­մահ ար­քան, ա­ւե­տիս։
    Այ­սօր հրեշ­տակ­ներ եր­կին­քէն ի­ջած, ա­ւե­տիս,
    Մե­զի հետ ան­մահ ար­քան կ՚օրհ­նեն, ա­ւե­տիս։
Այ­սօր դժոխ­քը տա­տա­նե­ցաւ, ա­ւե­տիս,
Դե­ւե­րու խում­բեր շատ տխրե­ցան, ա­ւե­տիս։
    Այ­սօր չա­րե­րը պա­պան­ձե­ցան, ա­ւե­տիս,
    Եւ ա­դա­մոր­դի­նե­րը ու­րա­խա­ցան, ա­ւե­տիս։
Պայ­ծառ ու պա­տուա­կան աստղ մը, ա­ւե­տիս,
Հնդկաս­տա­նի մէջ ե­րեւ­ցաւ, ա­ւե­տիս։
    Մեծ թա­գա­ւոր­ներ հա­ւա­քուե­ցան, ա­ւե­տիս,
    Շատ մտքի մար­դիկ եւ բազ­մա­թիւ իշ­խան­ներ, ա­ւե­տիս։
Աստ­ղը տե­սան եւ զար­մա­ցան, ա­ւե­տիս,
Շատ քննե­ցին, բայց չգիտ­ցան, ա­ւե­տիս։
    Մով­սէ՛ս, ե՛լ, տե՛ս Սի­նան, ա­ւե­տիս,
    Եւ մո­րե­նին, որ չ՚այ­րիր, ա­ւե­տիս։
Ցնծա՛, ցնծա՛ Դա­ւիթ թա­գա­ւոր, ա­ւե­տիս,
Հնչե­ցո՛ւր քնարդ եւ խայ­տա՛, ա­ւե­տիս։
    Ինչ որ կան­խաւ գու­շա­կե­ցիր, ա­ւե­տիս,
    Կա­տա­րուե­ցաւ գե­րա­զան­ցա­պէս, ա­ւե­տիս։
Թէ Սա­բա­յէն եւ Ա­րա­բիա­յէն, ա­ւե­տիս,
Սուրբ նուէր­ներ պի­տի բե­րեն Ա­նոր, ա­ւե­տիս։
    Ա­հա ե­րեք ար­քայ ե­կաւ, ա­ւե­տիս,
    Ա­նոնց ա­նուն­ներն են, ա­ւե­տիս՝
Մել­քոն, Գաս­պար եւ Պաղ­տա­սար, ա­ւե­տիս,
Ո­րոնք Սա­բա­յէն ու Ա­րա­բիա­յէն են, ա­ւե­տիս։
    Ոս­կի, կնդրուկ, զմուռս (բե­րին) Ա­նոր, ա­ւե­տիս,
    Ու­նին ե­րեք ըն­տիր նուէր, ա­ւե­տիս։
Ոս­կին պա­տիւն է ար­քա­յա­կան, ա­ւե­տիս,
Կնդրու­կը՝ զարդն աս­տուա­ծու­թեան, ա­ւե­տիս։
    Զմուռ­սը, որ մա­քուր էր, ա­ւե­տիս,
    Նշան էր թաղ­ման ու յա­րու­թեան, ա­ւե­տիս։
Տաս­ներ­կու հա­զար էին, ա­ւե­տիս,
Ե­րու­սա­ղէմ քա­ղա­քը մտան, ա­ւե­տիս։
    Աստ­ղին լոյ­սով կոյ­սը տե­սան, ա­ւե­տիս,
    Որ մեր Տէ­րը գրկած էր, ա­ւե­տիս։
Ե­րու­սա­ղէ­մը դղրդե­ցաւ, ա­ւե­տիս,
Երբ ո­րո­տու­մը լսե­ցին, ա­ւե­տիս։
    Որ զգաց նաեւ Հե­րով­դէ­սը, ա­ւե­տիս,
    Իր չար ձեռ­քը մխեց ա­նոնց, ա­ւե­տիս։
Յե­տոյ սի­րով ցրուե­ցան, ա­ւե­տիս,
Ե­լան գա­ցին Բեթ­ղե­հէմ, ա­ւե­տիս։
    Կը յա­ռա­ջա­նա­յին, կ՚ու­րա­խա­նա­յին, ա­ւե­տիս,
    Նուա­գա­րան­ներ կը հնչէին, ա­ւե­տիս։
Տե­սան Մա­րիամն ու Յով­սէ­փը, ա­ւե­տիս,
Ա­նոնց վա­խէն փա­խուստ տուին, ա­ւե­տիս։

ՄՈՎ­ՍԷՍ ՔԵՐ­ԹՈՂ
Թրգմ․ Վարդ­գէս Հա­ճի­յա­կո­բեան

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2017