ԵՐԳԻՆ ԱԶԴՈՒ ՈՒԺԸ
Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագիտուհի, երգչուհի, «Շողակն» խումբի հիմնադիր, մեր մաքուր հայկական երգերու, խաղիկներու, օրօրոցայիններու լաւագոյն կատարողներէն՝ Յասմիկ Յարութիւնեան այն հազուագիւտ արուեստագէտներէն է, որոնք երբեք աժան ու շուկայական ճաշակ ապահովելու ճամբան չեն բռներ: Քսան տարիէն աւելի ան նոյն ժանրի, նոյն ոճի մէջ հայ ազգային, ժողովրդական երգը անխառն կը մատուցէ մեզի ու աշխարհին:
Իր հիմնած «Շողակն» ֆոլք-խումբը բազմաթիւ ելոյթներով հանդէս եկած է՝ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Էսթոնիոյ, Ռուսաստանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Գանատայի, Միացեալ Նահանգներու, Թուրքիոյ մէջ եւ այլուր: Ցաւով ան կը նկատէ, որ խումբին համերգներուն այդ երկիրներուն մէջ աւելի շատ օտարներ ունկնդրելու եկած են, քան՝ հայեր, քանի որ նաեւ, սովորաբար օտարներու հրաւէրով խումբի հայ երաժիշտները մեկնած են արտասահման:
Հաճելի է միշտ հանդիպիլ Յասմիկ Յարութիւնեանին, լսել անոր երգը, իսկ հանդիպման ընթացքին Յասմիկ միշտ կը հնչեցնէ իր մտահոգութիւնները՝ հայ երգի, հայ իրականութեան, Սփիւռքի եւ այլ հարցերուն շուրջ:
Երգչուհիին հետ հանդիպեցանք «Տէրեան մշակութային կեդրոն»ին մէջ, ուր ան յաճախ կ՚այցելէ, մանաւանդ ձմրան պաղ օրերուն ջերմ անկիւն մը որոնելու համար անոր քայլերը զինք կ՚առաջնորդեն դէպի Տէրեան փողոցի վրայ գտնուող մշակութային կեդրոնը, ուր ժողովրդական արուեստի հայ վարպետներ, բառին բուն իմաստով, կը ստեղծեն գլուխգործոցներ:
Յասմիկ կ՚ըսէ, որ ինք կրնայ ժամերով նայիլ հայ կանանց ձեռքի աշխատանքներուն, հիանալ եւ ոգեւորուելով երգել ու ստեղծագործել ի՛ր բնագաւառին մէջ: «Մենք իրարու ուժ կու տանք: Իմ երգերս ալ այս թելերուն պէս են, գոյներ ունին, երանգներ…», ասեղնագործ աշխատող կիներու աշխատանքներուն նայելով կ՚ըսէ Յասմիկ, որ տասը ձայնասկաւառկներու հեղինակ է եւ բազմաթիւ երգեր տակաւին կը սպասեն ձայնագրութեան:
Այնուհետեւ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ Յասմիկ Յարութիւնեան անկեղծօրէն կը բաժնէ իր մտահոգութիւնները զանազան հարցերու շուրջ:
Յասմիկ Յարութիւնեանի կողքին է նաեւ իր ամուսինը՝ սփիւռքահայ Անդրանիկ Միքայէլեան, որ լսած է Յասմիկի երգերը եւ Միացեալ Նահանգներէն ճամբայ ինկած է որոնելու եւ գտնելու համար զինքը: Տասնեօթ տարիներէ ի վեր անոնք միասին են: Անդրանիկ Միքայէլեան Ուիլիըմ Սարոյեանի զարմիկն է՝ սարոյեանական պեխերով, զուսպ եւ համեստ հայորդի մը: Մեր զրոյցէն ալ անմասն չի մնար սարոյեանական նիւթը, երգչուհիին հարցուցինք Ֆրեզնոյի մէջ Սարոյեանի տունը հիմնադրամի մը կողմէ գնելուն եւ զայն թանգարանի վերածելուն մասին:
Մտահոգութիւն
Անկեղծ ըսեմ, որ ես այդ թանգարանի հարցին մէջ քիչ մը թերահաւատ եմ: Այդ տունը, որ գնուեցաւ եւ մամուլին միջոցաւ ալ այդքան խօսուեցաւ, սուղ բան մը չէ, քան՝ Սարոյեանի արխիւը, որ բարեկամներէն մին գնած է միլիոնաւոր տոլարներով:
Մենք անցեալ ամառ հոն էինք, այդ տունին տեղը վատ թաղի մը մէջ է, չեմ գիտեր ան ինչպէ՞ս թանգարան պիտի դառնայ: Շուները մէջը կը պտըտէին, ամբողջութեամբ՝ աւերակ, այդ տան վրայ դրամ պիտի դրուի, նորոգուի, բայց վատ բնակատեղիի մը մէջ է, ինքնաշարժդ առանց վնասուելու հինգ վայրկեան չես կրնար հոն կայանել, ինչպէ՞ս ան թանգարան պիտի դառնայ, ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ, չեմ գիտեր: Մեզմէ, օրինակ, լուսանկարներ կ՚ուզեն այդ ծրագիրին համար, բայց ես չեմ կրնար ըսել, թէ այդ թանգարանը տարիներ յետոյ ի՞նչ պիտի ըլլայ: Ես չեմ կրնար երաշխաւորել: Թերեւս ես վստահութիւն չունիմ, որովհետեւ այնքան բաներ տեսած եմ իմ կեանքիս ընթացքին… Առհասարակ, կը սկսին լաւ բան մը հիմք վերցնելով, ետեւէն կ՚երթաս մաքուր առաջարկներով, կը տեսնես, որ իրենց նպատակը բոլորովին քու նպատակիդ հետ չի համընկնիր:
Հայ իրականութիւն
Զիս վերջին շրջանին միտք մը կը տանջէ՝ հայ իրականութեան մէջ ո՞ւր դնել այն սերմը, որ մարդը քիչ մը կարենայ գայթակղութիւններէն պաշտպանել, որ ինքը մինչեւ իր վերջին բջիջը չաղտոտի այս իրականութեան մէջ: Որովհետեւ, անկախ մեզմէ, ուզենք կամ՝ ոչ, մեր քովէն բաներ կ՚անցնին եւ բան մըն ալ վրադ կը նետուի եւ չես կրնար ըսել, թէ դուն մաքուր մնացած ես ամէն ինչի մէջ: Բայց դուն ո՛չ մէկ գործարքային յարաբերութիւններու գացած ես, ո՛չ մէկուն կեղծ ժպիտ մը տածած ես կամ ոչ մէկուն կեղծ բարեւած ես, գիտես որն է լաւը, բայց այդ ամէնը պահած ես քու մէջդ, որովհետեւ չհասկցուելու վախը կայ: Հիմա ամէն ինչ այնպէս խառնուած է իրարու՝ երգը, մարդկային յարաբերութիւնները, հայապահպանութեան հարցերը: Քու գիտցած հայապահպանութիւնդ եղանակ թելադրողներու հայապահպանութեան պէս չէ, կը տարբերի…
Ես այս մէկը ոչ միայն կ՚ըսեմ Հայաստանի առումով, այլ՝ ամբողջ հայ իրականութեան: Բոլոր իմ կարծրատիպերը փորձած եմ կոտրել եւ առաջարկութիւններով դիմել նախարարութիւններուն, հիմնադրամներուն, որոնց նպատակը հայ մշակոյթը աշխարհին եւ մանաւանդ օտաներուն ներկայացնելն է, բայց վերջաւորութեան պարզ դարձած է, որ ամէն ինչ անձնական յարաբերութիւններու միջոցաւ պիտի ըլլայ: Ես ալ չեմ կրնար բոլորին հետ սուրճ խմել, բոլորին հետ լաւ ըլլալ, որպէսզի ընկալելի ըլլամ: Երբ բանով մըն ալ կը դիմես, կ՚ըսեն՝ ինչո՞ւ դուն Հայաստանի մէջ ես: Այդ ալ ձեւ մըն է քեզ չնկատելու, ցոյց տալու, իբրեւ թէ չեն գիտեր, որ հոս ես…
Երբ կը խօսինք հայապահպանութեան մասին, մանաւանդ Սփիւռքի մեր կազմակերպութիւնները շատ դիւրին ճամբաներ կ՚որդեգրեն: Այս ի՞նչ աստուածային պատիժ է՝ փոփ երաժշտութեան միջոցաւ հայապահպանութիւն յառաջ տանիլ, զո՞վ կը խաբէք: Խորհրդային ժամանակները չեն, որ մարդիկ երկու հայրենասիրական երգ կը սովորէին, կ՚երթային Սփիւռքը կը խաբէին, իբր թէ իրենք կը կրեն այդ մշակոյթը, իրենց ապրելակերպն է այդ մէկը, իրենց արժեհամակարգն է: Հիմա Սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթ քարոզողներու կենսագրութիւնը հինգ մատի պէս պարզ է… Այդ մարդոց միջոցաւ չէ, որ լեզուի, հայապահպանութեան մասին պիտի խօսուի. եթէ լեզուի, հայապահպանութեան հարց կայ, շատ լաւ գիտենք, թէ այդ մէկը ի՛նչ մշակոյթով պէտք է ընթանայ:
Սփիւռքի մէջ հարցեր
Ես եւ մեր խումբը Սփիւռքի մէջ համերգ չենք ունեցած: Իմ եւ «Շողակն»ի բոլոր համերգները դուրսը եղած են՝ օտար եւ արհեստավարժ դահլիճներու հետ: Եթէ այդ երկիրներուն մէջ հայերը տեսած են մեր յաջողութիւնը եւ որոշած են նոյն պահուն բանի մըն ալ իրենք ձեռնարկել, այդ մէկը իրականութիւն է, ատոր ալ շնորհակալ եղած ենք, բայց սովորաբար մենք միշտ օտարներու կողմէ հրաւիրուած ենք: Վերջին մեր ելոյթը Գահիրէի մէջ Հայ մշակոյթի օրերուն մասնակցութիւնն էր, բայց նորէն հանդիսատեսներուն մէջ հայերը քիչ էին:
Մանաւանդ Սփիւռքը շատ բան ունի ընելու հայապահպանութեան առումով: Ընտանեկան պարագաներէն ելլելով, ես որոշ ժամանակ ապրեցայ Պըրքլիի մէջ եւ հասկցայ, թէ մենք հայապահպանութիւն ըսուածին որքան վտանգաւոր եզրին կանգնած ենք: Ութսունն անց հայեր կու գային եկեղեցի, անգլերէն կը խօսէին անոնք իրարու հետ, ի դէպ՝ կոտրուած անգլերէնով եւ կը կարծեն, թէ աւելի լաւ են, աւելի բարձր են: Շատ տխուր եւ շատ խղճալի վիճակ էր: Բոլորը կայանալու եւ կայացած ըլլալու խնդիր ունին: Տէր հայրները երիտասարդութեան համար ամբողջ քարոզը անգլերէնով կը խօսին…
Փորձեցի տեղւոյն հայկական դպրոցին իմ կամաւոր աշխատանքս առաջարկել, թէկուզ եւ ժամանակաւոր հոն ըլլալս օգտագործել եւ մեր մանուկներուն, աշակերտներուն մեր երգն ու ազգային պարը անվճար սորվեցնել, բայց այդ ալ խնդիր է, հոն ալ բախում կայ: Եթէ դուն հայաստանցի ես, միշտ չէ, որ իրենց համար հասկցուած եւ ընդունուած ես: Իբրեւ թէ աշխարհին հետ մեր հարցերը լուծած ենք, հիմա ալ՝ սփիւռքահայ, հայաստանցի… Մենք զիրար պէտք է ճիշդ ձեւով գնահատենք: Հարիւր տարի ապրած է Սփիւռքը եւ իրարու մէջ բաժնուած են՝ մէկը միւսը չի սիրեր, չ՚ընդունիր, այս ի՞նչ պատիժ է, այս ի՞նչ անհասկնալի բան է… Եթէ արեւմտահայերէնը պիտի բերենք Հայաստան, լեզուն ամբողջական դարձնենք, գործածենք այդ մէկը, սիրով պիտի ընենք, ոչ թէ սփիւռքահայն առտու արթննայ, զիս անգրագէտ կոչէ, ոչ ալ ես՝ զինք: Սիրով պիտի ընենք այդ մէկը:
Առանց գործարքներու
Ես Իսթանպուլի մէջ համերգ ունէի, բայց տեսայ, որ պոլսահայերը շատ ալ տեղեկացուած չեն մեր գաւառային երգերուն, մշակոյթին մասին, իրենք աւելի քաղաքային մշակոյթի կրողներն են:
Թուրքիա իմ հրաւէրներս միշտ եղած են թուրք կառավարութեան կողմէ կամ փառատօններու, համալսարաններու կողմէ: Եւ միշտ գացած եմ՝ հակադրուելով շատերուն, որոնք ինծի միշտ ըսած են՝ մի՛ երթար: Բայց ես հասկցած եմ, որ ամենէն շատ այնտեղ ունիմ իմ մշակոյթին տիրոջ վերաբերմունքը հաստատելու հնարաւորութիւն, քան՝ եւրոպական երկիրներու մէջ: Համոզուած եմ, որ եթէ ես երբեւիցէ իմ մշակոյթին համար կարեւոր բան մը ըրած եմ, իմ երգով, իմ գիտելիքով օգնած եմ Արեւելքի մշակոյթին մէջ փոքր ճեղք մը բանալու իմ մշակոյթիս համար եւ այդ մէկը ըրած եմ իմ կերպարով եւ առանց սահմանները աջուձախ հրելու: Ըրած եմ ինքնուրոյն, առանց կառավարութեան օժանդակութեան, առանց ոեւէ մէկու օգնութեան: Երբեք վճարուելու համար բան մը չեմ ըրած, եթէ այդ մէկը եղած է, լաւ է, որ եղած է, բայց ես երբեք սկզբունքներուս դէմ չեմ գործած: Ես միշտ Թուրքիա գացած եմ անվճար՝ իմ համերգներուս փոխարէն: Ամենէն վերջին համերգը, որուն մասնակցեցայ, 100-ամեակի համերգն էր Պոլսոյ մէջ: Ես երկարօրէն համոզեցի կազմակերպիչները, որպէսզի երաժիշտ մը ընկերանայ ինծի ու ես մինակ չըլլամ բեմին վրայ:
Իրենք շատ բաց են մշակութային առումով, իրենք շատ կը սիրեն մեր մշակոյթը, երբեմն ցաւալի է, որ պոլսահայը աւելի անտեղեակ է, քան Կարսէն յատուկ այդ համերգը լսելու համար եկած քիւրտը կամ թուրքը, որոնք նոյնիսկ այնքան իրենցը կը համարեն, որ պատրաստ են քու հետդ վիճելու:
Բնիկի եւ եկուորի փոխազդեցութիւններու չափանիշ մը կայ, ինչ որ պէտք է իրենք գիտակցին: Թէ չէ, ազդեցութիւնները իրօք կան, լեզուի մէջ ալ կայ, երաժշտութեան մէջ ալ կայ, մենք նոյն ձայնամեղեդային տարածքին մէջ ենք, բայց ամէն մէկը իրեն նման կ՚ընէ այդ մէկը: Մեղադրելու չէ՝ ո՛չ թուրքը, ո՛չ ալ՝ քիւրտը, որոնք իրենք իրենց այնքան հոգեհարազատ կը համարեն, որ կը կարծեն, թէ իրենցն է: Պատահական չէ, որ երբ Ուաշինկթընի մէջ «Մետաքսի ճանապարհ» փառատօնին կը մասնակցէինք (ի դէպ, երկար համոզելով, որ Հայաստանն ալ Մետաքսի ճանապարհին վրայ է), մենք օրը երեք-չորս անգամ նոյն տաղաւարին, նոյն կայարանին մէջ ելոյթ ունեցանք, որուն անունն էր՝ «Իսթանպուլ»: Պարզապէս դուն քուկդ ամուր պիտի բըռ-նես, տարածես, անընդհատ քարոզես, որպէսզի օտարը թոյլ տեսնով՝ իրենը չկարծէ:
Դասաւանդում
Հայաստանի դպրոցներուն մէջ շատ աշխատանք կայ ընելու: Ինչպիսի՞ երգերով եւ խաղերով կը մեծնան մեր մանուկները՝ չեմ գիտեր: Մեր իսկականը անոնց չի մատուցուիր: Մանկավարժները ի՞նչ կրթութիւն կը ստանան, որ իրենք ալ դպրոց մտնելով աշակերտին մերը, ազգայինը մատուցեն: Իսկ գիտցողն ալ, այդ արժէքներուն տիրապետողն ալ տունին մէջ իր պզտիկը ինչպէ՞ս պիտի դաստիարակէ, որպէսզի ան, տունէն դուրս այլ բան չտեսնէ եւ իր ունեցած արժէքները չփլուզուին, հոգեկան աշխարհը չխաթարուի:
Ես այժմ կը դասաւանդեմ, բայց՝ Երեւանի Որակի միջազգային դպրոցին մէջ, ուր հիմնականը օտար աշակերտներ են՝ դեսպանատուներու աշխատողներու զաւակներ եւ այլն: Իմ շփումս աշակերտներուն հետ անգլերէն է եւ ես հայկական մշակոյթը հոն իմ յամառութեամբ է, որ օտարներուն կը սորվեցնեմ:
Անցեալին հիմնած էի խումբ մը, որուն միջոցաւ հայ երախաներուն ձեւով մը կը սորվեցնէի: «Հայրիկ Մուրատեան» մանկական խումբն էր, ուր պարուսոյց ալ կար եւ մեր գիտցածը կը փոխանցէինք, բայց այդ մէկն ալ ձգած եմ, քանի որ երբեք չեմ կրցած ծնողքէն գումար հաւաքել տեղի, վարձքի եւ այլ ծախսերու համար: Համոզուած եմ, որ այս մշակոյթը, զոր ես ժառանգած եմ եւ որուն իմ ամբողջ կեանքս նուիրած եմ, պէտք է անվճար, ջուրի պէս լեցուի հայ երախայի ոտքերուն տակ, այնպէս, ինչպէս ձիւնը կը հալի եւ գետերուն մէջ կը լեցուի: Ես այն համոզման յանգած եմ, որ ատոր համար ոչ մէկ վարձք պէտք է առնել հայ երախայէն: Հայ երախան այսօր չ՚երգեր իր երգը, չի խաղար իր խաղը: Իսկ երբ այդ մասին կը բարձրաձայնես, կը պահանջես, մեզ կը մեղադրեն, ըսելով՝ ըրէք, ինչո՞ւ կրաւորական կեցած էք: Բայց չէ՞ որ ես պետական կառոյց չեմ, լծակներ չունիմ: Իմ խումբս նոյնիսկ պետական չէ, մենք մեր տունին մէջ կ՚ընենք փորձերը, Հայաստանի լաւագոյն երաժիշտները կան մեր խումբին մէջ, լաւագոյնն են ոչ միայն իբրեւ արուեստագէտ, այլ՝ զիրար գնահատելու եւ իրարու օգնելու առումով: Ափսոս որ շատ չենք նուագեր, շատ չենք երեւիր, իսկապէս ճաշակ կրնանք թելադրել:
Հայաստանի մէջ մեր վերջին համերգը «Շողակն»ի 20-ամեակին եւ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առթիւ էր: Շատ կը փափաքիմ մեր գիւղերուն, միւս քաղաքներուն մէջ համերգներ ունենալ, այլ գործեր ընել: Երբ հիւրեր կ՚ունենամ, ես գիւղ կը տանիմ զանոնք, որպէսզի տեսնեն, թէ ո՞վ ենք մենք, ուրկէ՞ կու գանք: Այնքան գործ կայ ընելու: Ոչ ոք կ՚ուզէ մաքրել այս անհասկնալի դաշտը: Երբեմն կը մտածեմ՝ թերեւս եթէ դպրոցին մէջ չաշխատիմ եւ իմ ժամանակս այլ գործերու նուիրեմ, բայց այն պարագային՝ ուրկէ՞ պիտի վաստկիմ…
Ելքը
Ելքը լուռ աշխատելու մէջ է, ոչ թէ բան մը չըրած՝ գոռգոռալու, գիտակցուած հայրենասիութիւնն է այսօր խնդիրը:
Ես շատ կ՚ուզէի, որ որոշ ժամանակ ամէնքս լռէինք, լուռ մտածէինք ամէն ինչի մասին, ինքնամաքրուելու ժամանակ ստեղծէինք: Բայց այսօր ամէն ինչ այնքան արագ է, որ մարդիկ զիրար հրելով, ասկէ-անկէ գողնալով, կողքինին ըրածը չտեսնելով կը յառաջանան: Կողքինը չտեսնելը ամենէն վատ բանն է:
Այնպէս չէ, որ եթէ ոեւէ մէկը ոտնակոխես՝ աւելի բարձր կ՚երեւիս: Աւելի շատ պէտք է լռել եւ աւելի շատ գիտելիք ստանալ եւ այս մէկը մանաւանդ երիտասարդներուն կը վերաբերի:
Երգը
Երգի ուժը շատ մեծ է: Ան քեզ կը տեղաւորէ քու իսկական տեղդ, դուն այնտեղ, այդ շերտերուն մէջ կրնաս ինքզինքդ ճանչնալ ու հասկնալ քու էութիւնդ: Բայց այդ երգը դժուար է, քան այն երգը, որ կը հնչէ հարսանիքներու ընթացքին: Մեր երգած մաքուր երգն ալ կրնայ հարսանիքներուն մէջ հնչել: Մենք էինք, որ առաջին անգամ աւանդական հարսանեկան ծէսը ներկայացուցինք Կասկատի մէջ եւ այդ օրուընէ ի վեր մարդիկ սկսան հասկնալ, որ բոլոր տեսակի ներմուծումներէն յետոյ կարելի է աւանդական տարրեր ունենալ հարսանիքներուն մէջ եւ կամաց-կամաց այդ ալ սկսած են ընել:
Ես չեմ կրնար չերգել: Երբ անծանօթ մարդ մը կը հեռաձայնէ եւ կ՚ըսէ, որ հիւանդ է եւ իմ երգս լսելով կրնայ բուժուիլ, ես չեմ կրնար չերգել: Եթէ երկու հոգի ալ լսէ զիս՝ ես պիտի երգեմ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ