ՀԲԸՄ ՆՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԻՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
ՄԻՆՉԵՒ 20-ՐԴ ԴԱՐ
Անկասկած Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) անցնող 110 տարիներուն նախախնամութեան պարգեւը եղաւ հայութեան: Ան տարիներու դաւալքին հետ դարձաւ նախամեծար: Եւ որպէս բարեգործական կազմակերպութիւն՝ հասաւ մեր ժողովուրդին անխտիր՝ բարեսիրական, կրթական, մշակութային ու երիտասարդական բիւր կարիքներուն: Հետեւողականօրէն Միութեան ազգանուէր բարերարները, վարիչներն ու նախագահները գուրգուրացին Միութեան անունին ու վարկին վրայ, պահելով զայն ամբողջովին թափանցիկ, ժողովրդային եւ յարգելի կազմակերպութիւն մը:
Ժամանակներու ընթացքին հետ Բարեգործականը քայլ պահեց մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին կեանքի առօրեային հետ: Ծնունդ առած լոկ որպէս բարեսիրական կազմակերպութիւն մը Սփիւռքի մէջ, ան արագօրէն իր առաքելութեան դաշտը ընդարձակեց, մանաւա՛նդ Եղեռնէն ետք, հասնելու գաղթական հայութեան անսահման կարիքներուն՝ բանալով որբանոց, մայրանոց, դպրոց, անկելանոց, դարմանատուն, եւ այս գրեթէ մեր բոլոր նորաստեղծ գաղութներէ ներս: Եղաւ բարիք մը բովանդակ հայութեան:
Նոր սերունդին հայեցի եւ տոհմային դաստիարակութիւնը, այնուհետեւ, մնաց իր գլխաւոր մտահոգութիւնը: Բացաւ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը, ուրկէ խմորուեցաւ հայ կեանքին առաջնորդութիւն տուող մեր գործիչները: Եւ անոր օրինակով, գրեթէ ամէն համայնքէ ներս Բարեգործականը բացաւ իր վարժարանները, որոնք ոչ միայն եղան հայ մշակոյթի վառարաններ, այլեւ՝ բերին բարիք հայ ազգին: Այդ վարժարաններու կրթական ու ազգային մակարդակը դարձաւ հոմանիշ ամէն վարկի ու յաջողութեան:
Զուգահեռաբար, այդ վարժարաններէն ընթացաւարտ թէ այլապէս գործի ասպարէզներուն մէջ եղող երիտասարդներուն համար բացաւ հաւաքատեղի, ակումբ, ուր հայատրոփ մթնոլորտի մէջ հասակ առին մեր առողջ ու գաղափարապաշտ երիտասարդները:
Ու դեռ աւելի՛ն, Հայաստանի խորհրդայնացումով Բարեգործականը եօթանասուն տարիներ վառ պահեց մաքուր հայրենասիրութիւնը այդ նոր սերունդին մօտ, թէ զանգուածներուն, սիրելու հայրենիքը ու հպարտանալու անոր գիտական, մշակութային, կրթական ու նաեւ Բ. Աշխարհամարտի օրերուն ռազմական նուաճումներով: Քաջալերեց ազգահաւաքը Խորհրդային Հայաստանի մէջ: Իր նիւթական միջոցները տրամադրեց, սկզբնական շրջանին, շինարարական նպատակներու եւ աւելի ուշ՝ հայրենադարձութեան վսեմ գործին: Ու արդէն խաղաղած ու սահմաններով ապահով մեր հայրենիքին մշակութային վերելքը ծանօթացուց արտասահմանի հայութեան: Հպա՛րտ էր հայութիւնը իր Հայաստանով ու հայրենի ժողովուրդով:
Մնաց մի՛շտ հաւատացողը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան, գերագահութեան ու ընդհանրականութեան: Հաւատաց Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ միասնականութեան վսեմ գաղափարին հետ: Ջատագովեց, Պաղ տատերազմի բովանդակ տարիներուն, որպէսզի սփիւռքահայը աւելի յարի իր հայրենիքին ու Սուրբ Էջմիածինին, որոնք պիտի մնան յոյսի մնայուն գրաւականները կապուելու հայութեան հետ:
ՄՈՒՏՔ ԴԷՊԻ 21-ՐԴ ԴԱՐԸ
Անցեալ դարու աւարտին ՀԲԸՄ-ը նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման գտնուեցաւ: Նախ Մեծ Երկրաշարժը: Միութիւնը նիւթական, մարդկային եւ ունեցած օտար բարեսիրական յարաբերութիւններու ամբողջական մասնակցութեամբ հասաւ Աղէտի գօտիէն տուժած մեր ժողովուրդին: Ան դարձաւ ջահակիրը այդ ազնիւ գործին՝ օրինակ հանդիսանալով Միութեան նոյն գաղափարաբանութիւնը ունեցող լծակից կազմակերպութիւններուն, որոնք մեծագումար օգնութիւններով ձեռք-ձեռքի տուած հասան աղէտեալներուն:
Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան ծնունդին, Բարեգործականը ողջունեց այդ աւետիսը եւ ընձեռեց իր բոլոր կարելիութիւնները հայրենիքի բարօրութեան: Որքան Խորհրդային Հայաստանի, նոյն ջերմեռանդութեամբ երկարեց իր բարերար ձեռքը պետականութեան վերականգնումի աշխատանքին: Հայաստանի նոր սերունդին համար բանալու նոր կարելիութիւններ համաշխարհային տնտեսական, կրթական, ընկերային ու մշակութային բնագաւառներէն ներս: Կարեւոր էր, որ հայ երիտասարդը ճանչնար Ռուսաստանէն անդին միւս մեծ պետութիւններու նուաճումները, քաղաքական ու ֆինանսական առօրեան, յարաբերութիւնները, մշակոյթն ու լեզուն: Բացաւ Ամերիկեան համալսարան ու օգնութեան հասաւ Ֆրանսական համալսարանին: Տարբեր որակ ու չափանիշ սկսաւ արձանագրել մեր նոր սերունդը: Թելադրուած համակարգչային դրութիւնը շուտով մուտք գործեց հայ երիտասարդին ամէնօրեայ կեանքէն ներս:
Շարունակեց իր անվերապահ սէրը ցուցաբերել Մայր Աթոռին, ապահովելով Էջմիածնի պայծառութեան համար նոր բարերարներ ու բարեկամներ, վերածելով մեր Մայր Աթոռը հայութեան Վատիկանին: Ուսման բարձր մակարդակին համար ան գուրգուրաց, որպէսզի արժանաւոր եկեղեցականներ այսուհետեւ գան ծառայութեան ու առաջնորդեն սփիւռքահայ թէ հայրենի մեր թեմերը: Նոր հրատարակութիւններ, թանգարաններ, գրադարաններ մայրավանքը վերածեցին լոյսի դարբնոցի մը:
Այս բոլորով միատեղ պահեց իր սկսած առաքելութիւնը հայ սփիւռքէն ներս, այս անգամ քաջալերելով արհեստավարժ մեր երիտասարդութիւնը միանալու Բարեգործականին ու անով՝ հայ կեանքին: Դժբախտաբար աւանդական մեր գաղութները կորսնցուցած ըլլալով իրենց անցեալի հմայքը եւ տարողութիւնը, տարտղնուեցան դէպի նոր հորիզոններ: Մինչ այդ ծնունդ առին նոր համայնքներ նախկին Խորհրդային հանրապետութեան զանազան ոստաններուն մէջ: Դժբախտաբար, Հայաստանէն հեռացան մեծ թիւով հայեր, իրենց բախտը որոնելու տարբեր երկիրներու մէջ եւ ծնունդ տուին, մանաւա՛նդ Եւրոպայի մէջ, նորաստեղծ գաղութներու: Ու այս բոլորին հասնելու էր Բարեգործականը, որովհետեւ նոր մարտահրաւէրներ կը պարզուէին անոր դիմաց:
2015-ԷՆ ԵՏՔ ՀԲԸՄ-Ը ԿԸ ՄՇԱԿԷ ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ
Այս տարուան Փետրուարին արդէն Բարեգործականի Կեդրոնական վարչական ժողովը հայութեան կու գայ ներկայացնել ազգային առաքելութեան վերամշակման իր յանդուգն ծրագիրները՝ «Յառաջընթաց ու բարգաւաճում»: Անշուշտ ամբողջական մշակումը ժամանակի կը կարօտի, սակայն եւ այնպէս յայտնի է, թէ անցեալի իր աւանդական ծրագիրներուն վրայ պիտի աւելցնէ նորերը՝ մանաւանդ Հայաստանէն ներս:
Ռուսահայ ծանօթ բարերար Ռուբէն Վարդանեանի մասնակցութիւնը իր յատկանշական դերը պիտի ունենայ՝ երբ առաջին անգամ ըլլալով Բարեգործականի պատմութեան մէջ հայրենաբնակ ազգային մը մաս կը կազմէ տառացիօրէն ամբողջութեամբ եւ գերազանցապէս արեւմտահայ մեր կազմակերպութենէն ներս:
Վարդանեան արդէն Հոգեւոր գերագոյն խորհուրդի անդամ իր մնայուն գուրգուրանքին արժանի ըրած է Մայր Աթոռը ու միանալով ՀԲԸՄ-ին պիտի բերէ իր մասնակցութիւնը մեր մեծ Միութեան աշխատանքներուն: Անոր բարերար ձեռքը արդէն ընդհանրապէս կը հասնի հայ դպրութեան ու կրթութեան:
Բարեգործականի այսօրուան ղեկավարութիւնը կը ծրագրէ դէմ յանդիման եղող նոր մարտահրաւէրներուն համար գտնելու լուծումներ, վերաշխուժացնելով հայ սփիւռքի աւանդական կառոյցները եւ ընդարձակելով իր առաքելութիւնը արհեստավարժ շրջանակներու մօտ եւ ապահովելու նիւթական նոր միջոցներ:
Կեդրոնական վարչական ժողովին մէջ, բացի նախագահէն՝ Տիար Պերճ Սեդրակեանէն կան նաեւ տեսլապաշտ կարեւոր ուժեր, ինչպէս՝ Սէմ Սիմոնեան, Վազգէն Եագուպեան, Սարգիս Ճէպէճեան, Նազարէթ Ֆստըքճեան, Տքթ. Լեւոն Նազարեան, Անի Մանուկեան, Նուպար Աֆէեան ... որոնք պահելով հանդերձ Միութեան փառաւոր աւանդութիւնները, պիտի փորձեն նոր ծրագիրներով հանդէս գալ մեր նոր սերունդին: Վստահ ենք, որ աւելի քան մեր 1600-ամեայ հայերէն լեզուն դարձեալ իր առաջնահերթութիւնը պիտի ունենայ այդ ծրագիրներուն մէջ: Ի վերջոյ մեր հետ պատմութեան ընթացքը քալող հին ժողովուրդներ եւս, ի վերջոյ, իրենց 2000-ամեայ սփիւռքեան փորձառութենէ ետք, յանգեցան այն եզրակացութեան, թէ ժողովուրդի մը ինքնուրոյնութիւնը կը պահուի լեզուի գործածութեամբ, որ կը հանդիսանայ ազգապահպանման գլխաւոր գրաւականը:
Ուրախ ենք տեսնելու յաջողած նոր սերունդի մը ներկայութիւնը Միութեան գերագոյն մարմինէն ներս, որ երաշխիքն է Միութեան նոր առաքելութեան յաջողութեան:
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ