ՄԵՐ ՏԱՆ ՆՈՐԱՀՐԱՇԸ
Եկեղեցական օրացոյցին մէջ կան սուրբեր, որոնք մասնաւոր նշանակութիւն ունին ի մասնաւորի հայ ժողովուրդին համար, քանի իրենց հաւատքի հունտերը ներկայ եղած են յատկապէս նոյն ժողովուրդի հաւաքական կեանքէն ներս։ Անոնք, հետեւելով Քրիստոսի, «ով որ մարդոց առջեւ խոստովանի զիս՝ մարդու Որդին ալ զինք պիտի խոստովանի Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ» (Ղուկաս 12.8) պատգամին, հաստատ մնացած են քրիստոնէական լոյս հաւատքին մէջ ու Հայ Եկեղեցւոյ ճամբով դարեր շարունակ հնչեցուցած են իրենց խրատը մերազն ժողովուրդին։ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարք, նման սրբակենցաղ հաւատքի ռահվիրաները կոչած է «Հայազգի սուրբեր» ու իրենց գործերը մասնաւոր գիրքով մը անմահացուցած, որպէսզի երբ ժողովուրդի անդամները ընթերցեն, այդ տողերուն ընդմէջէն յիշեն նաեւ հայոց քրիստոսահիմն անցեալը։
Այսօր Ս. Վարդանանց տօն է եւ կը յիշեմ հայազգի սրբոց դասակարգի ժողովրդականաց լաւագոյն օրինակներէն մին՝ Ս. Վարդան Մամիկոնեանը եւ իր հետ Քրիստոսի սիրոյն նահատակուած Վարդանանց զօրավարները։ Քանի այս տօնը նաեւ քահանայական ձեռնադրութեանս կը զուգադիպի, վերջին տարիներուն առաւել եւս ուշադրութեանս արժանացած է։ Աւելի կը կեդրոնանամ ու նախ՝ որպէս Հայ Եկեղեցւոյ զաւակ, ապա՝ որպէս տրուպ հոգեւոր սպասաւորներէն մին Հայ Եկեղեցւոյ, կը խոկամ Ս. Վարդանանց յիշատակին մօտ եւ կը ջանամ բարոյական, հոգեւոր, մշակութային դասեր քաղել։
Երբ յիշատակութեան պահն է, նախ նկատի կ՚ունենամ երանաշնորհ Շահան Սրբազանի պատգամներէն մին։ Շատ սիրելի երէց հոգեւորականը, օր մը կ՚ըսէր, թէ՝ անուններու յիշատակութիւնները նշանակութիւն չեն ունենար, եթէ անուններու փոխանցած կեանքի պատգամները ամէնուրեք չենք լսեր։ Հետեւաբար երբ Ս. Վարդանանց զօրավարները կը յիշատակենք, անդրանիկ քայլս կ՚ըլլայ ջանալ սրբոց փոխանցած աւետարանական պատգամներէն մին մարմնաւորել սրբոց կենաց ընդմէջէն։ Ահա, այս ժամանակին լսելի կը դառնայ Առաքելական նամակի հետեւեալ տողերը. «Թող մեռած սեպեն մեզ, մենք ահա կենդանի ենք։ Թող մեզ պատժապարտ համարեն. Մենք գիտենք թէ մեզ լաւ կը ճանչնան։ Թող մեր կեանքը տխուր կարծեն. Մենք միշտ ուրախ ենք։ Աղքատ թող սեպեն. Մենք շատերու կեանքերը կը ճոխացնենք։ Այո՛, կը թուի թէ ոչինչ ունինք, մինչդեռ ամէն ինչ ունինք» (Բ. Կորնթացիներուն. 6.9-10)։ Կը կարծէ՛ք, թէ Ս. Գրային այս խորհրդաւոր տողերուն հեղինակը Պօղոս առաքեալը չէ, այլ՝ Մեծն Վարդան Մամաիկոնեանը, որ հերոսաբար արտասանած է Տղմուտ գետի ափին։ Լաւ քրիստոնեայ, հաւատարիմ աշակերտ, քաջ մարտիրոս… Ճիշդ է, թէ բոլորը կը ջանան բնութագրել Ս. Վարդանանց յոյսը՝ հանդէպ Քրիստոսի եւ հերոսական դիմադրութիւնը՝ ընդդէմ հեթանոս պարսից Յազկերտին։ Իրենց անձնական փորձառութեան մէջէն մենք դոյզն օրինակով մը կը տեսնենք, թէ քրիստոնէական հաւատքը դէպի ո՛ւր եւ ի՛նչ պայմաններու ներքեւ առաջնորդած է հայոց պատմութիւնը ։
Իր բոլոր ազգային ու եկեղեցական հանգամանքներով հանդերձ, յիշեալ օրը մասնաւորապէս մեր ընտանիքի մօտ կ՚իմաստաւորուի նաեւ, Ս. Վարդանանց յիշատակին ձօնուած եւ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի աստուածապարգեւ հոգեւոր գրիչէն բխած «Նորահրաշ» շարականով։ Եկեղեցւոյ շարականներուն ծանօթ անձեր իմացած են այս շարականը։ Բայց, ծիսական արարողութեան ընթացքին երգուած հոգեւոր այս երգը, ազգային ու եկեղեցական արժէքներու առընթեր կը յիշեցնէ մասնաւորապէս պատանեկան յուշերս։ «Նորահրաշ»ը շատերու մօտ կրնայ ծանօթ մնալ որպէս շարական, բայց ան մասնաւորապէս իմ մօտ կը մնայ որպէս «մեր տան Նորահրաշ»ը։ Ս. Վարդան Ե. դարուն կը պատկանի, Ս. Ներսէս Շնորհալի՝ ԺԲ. դարուն, իսկ մենք՝ Ի. դարուն։ Թէ ինչպէ՞ս Վարդանանց սուրբերու քաջասիրտ կեցուածքը ներբողելու նպատակաւ, Ս. Ներսէսի հեղինակած այս երգը, ձեւով մը կը սեփականացուի մեր տան մէջ եւ կը դառնայ նաեւ մանկութեան յիշատակներս պարունակող գանձ մը։ «Նորահրաշ»ը, որ բառացի իմաստով նոր եւ հրաշք բառերէն կազմուած է, միշտ նորութիւն մը ներգործած է եւ այդ բոլորին մէջ աստուածային հրաշքները տեսանելի եղած են։ «Նորահրաշ»ը՝ քրիստոնէական դաստիարակութիւն է, «Նորահրաշ»ը՝ աւանդութիւն է, «Նորահրաշ»ը այլ խօսքով Հայ Եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ կաղապարուիլ է։
Ամէն մանուկ որ ընտանեկան օճախի մէջ հասակ նետած է, ննջելու ժամանակ, անկողնի մէջ, իր ընտանիքի մեծաւորներէն անպայման լսած է օրօրներ։ Հայոց իրականութեան մէջ ո՞վ չէ լսած «Քուն եղիր, բալաս, աչերդ խուփ արա, նախշուն աչերուդ քուն թող գայ վրայ։ Օրօր, իմ պալաս, օրօր ու նանի, Իմ անուշիկիս քունը կը տանի» տողերը։ Ընդհանրապէս մայրեր, իրենց զաւակներուն մօտ գուրգուրալից նայուածքով կը սկսին երգել եւ մանուկներ օրօրի աւարտին արդէն իսկ ննջած կ՚ըլլան։ Օրօրին մէջ թաքնուած կ՚ըլլայ, հոգւոյ զգացումներու ելեւէջները, սէրը եւ յուզումը։ Այդ օրօրներով ընտանիքներ, իրենց սրբութիւնները փոխանցելու ջանացած են իրենց զաւակներուն եւ մեր աւանդութիւնը հիանալիօրէն ցոյց կու տայ, թէ գիշերային մթութեան մէջ երգուած մեղմիկ այս երգը, մեծապէս դպած է մանկանց սրտերուն։ Իսկ մեր տան մէջ, այս պարագան քիչ մը եւս կը տարբերէր «մեր տան Նորահրաշ»ով։
Իւրաքանչիւր Ս. Վարդանանցին երբ երգել կը սկսիմ այդ շարականը, դէպի անցեալ կը ճամբորդեմ եւ կը վերյիշեմ, թէ այդ երգը առաջին անգամ ինչպէ՞ս, որմէ՞, ո՞ւր լսած եմ։ Մեր տան օրօրն էր այս հոգեւոր երգը եւ գրեթէ ամէն գիշեր առանց զզուելու ընտանիքէս կը լսէի այս շարականը։ Այդ օրերուն բնականաբար ո՛չ բառերուն իմաստը, ո՛չ ձայնային ելեւէջները, ոչ ալ շարականին հեղինակը ծանօթ էր ինծի։ Պարզապէս կը լսէի այդ շարականը եւ նոյնիսկ միայն առաջին բառը միտքս կը մնար՝ «Նորահրաշ»։ Երբ մանուկ էի՝ չէի գիտեր, թէ շարական մըն էր ան, քանի զայն օրօր նկատած էի։ Գիտութիւնն եւս կը հաստատէ, թէ մանկանց մօտ ըսուած ամէն ինչ, ձեւով մը տեղ կը գտնէ այդ մանկան մտքին մէջ եւ կ՚ազդէ իր կերտման։ Նմանապէս, անհասկնալի այդ երգը, տարիներու ընթացքին, նախ իր իմաստով ներկայացաւ մեր մօտ։ Հարիւրաւոր անգամներ երբ լսեցի, սկսայ իմանալ նաեւ քաջ նահատակ Վարդանի անունը։ Այլեւս, «Նորահրաշ»ը թէ՛ օրօր մըն էր եւ թէ մեր եկեղեցւոյ քրիստոնէական հիմքերը քաջաբար պաշտպանող սուրբի նուիրուած երգը։ Մինչ այդ երբ հասակ նետել սկսայ, նաեւ լսել սկսայ Ս. Վարդանին պատմութիւնը, որուն մէջ ընդմիշտ կը շահէր քրիստոնէական հաւատքը։ Այդ պատմուածքը կարծես իր իմաստը առաւել եւս կ՚աղաղակէր իրեն յաջորդող «Նորահրաշ»ի երգեցողութեամբ։ Ահա, այդ օրերուն արդէն իսկ կամայ եւ ակամայ, փոքրիկի մը մօտ ցանուած էին Հայ Եկեղեցւոյ նուիրականութիւնը, Ս. Վարդանի երգի ճամբով։
Հարիւրաւոր, հազարաւոր անգամներ լսեցի այդ շարականը, բայց տակաւին կրնամ երգել ու լսել հազարաւոր անգամներ։ Երբ երիտասարդութեան տարիներն էին եւ շատեր Ս. Վարդանանց շարականի տողերը կարդալու մէջ իսկ դժուարութիւն կ՚ունենային, ես այլեւս գոց կ՚ընկերանայի երգեցողութեան, միշտ շեշտելով «Նորահրաշ» եւ «Վարդան» բառերը։ Շատեր կը զարմանային եւ կը հարցնէին, թէ ինչպէ՞ս սորված էի այդ երգը, իսկ ես կ՚ըսէի, թէ շատ դիւրին է։ Դիւրին չէր, բայց դիւրինցած էր շնորհիւ Տէր Հօրս։ Իսկապէս, եկեղեցւոյ այդ խորհրդաւոր երգին վարժուած էի, քանի մանկութենէ դէպի երիտասարդութիւն միշտ հնչած էր իմ մօտ։ Այլ խօսքով՝ Ս. Վարդանի երգը մեր տան օրօրն էր, որուն ճամբով ինծի փոխանցուած էր, մանաւանդ հայազգի սուրբերու ծանօթանալու անհրաժեշտութիւնը։ Տարիներ անցան, այսօր անգամ մը եւս երգեցի «մեր տան Նորահրաշ»ը եւ շարականին տողերուն ընդմէջէն վերյիշեցի մեր ընտանեկան հոգեւոր դաստիարակութեան ապրումները։ Այդ պատճառաւ է որ, տեւաբար կը թելադրեմ՝ պատանեկան տարիներուն եկեղեցւոյ երգեցողութեան ընտելանալու կարեւորութիւնը։
Այսօր, որպէս Հայ Եկեղեցւոյ սպասաւորներէն մին, կը լսեմ այդ շարականի հերոս Ս. Վարդանի ճառը եւ պատգամը՝ ուղղեալ հայ քրիստոնէից. «Այն որ կը կարծէ թէ մենք քրիստոնէութիւնը հանդերձի նման հագած ենք մեր վրայ, այժմ հասկցաւ թէ չի կրնար փոխել զայն, ինչպէս գոյնը մարմնէն, ու երբեք ալ պիտի չկրնայ փոխել մինչեւ աշխարհի կատարածը»։ Նաեւ փառք կու տամ Աստուծոյ նախախնամութեան, որ նոյն տօնին զիս որպէս հոգեւոր սպասաւոր վերանուանած է՝ Յարութիւն Աբեղայ, բառ մը որ Վարդանանց հաւատքին կիզակէտը եղած է։
Այս առթիւ երբ կը գրեմ շարականի հետեւեալ տողերը, կ՚երգեմ միաժամանակ ու կ՚առաջարկեմ, որ գիտցողներ կարդան տողերը եւ ընկերանան երգեցողութեանս։ Իսկ եթէ չեն գիտեր, կ՚առաջարկեմ որ անպայման լսեն երաժշտութիւնը ձեւով մը, սորվին զայն եւ փոխանցեն յաջորդ սերունդին, քանի երգին մէջէն պիտի յայտնուի Հայ Եկեղեցւոյ պատմութենէն բխած Ս. Վարդանի Հոգին։
«Նորահրաշ պսակաւոր եւ զօրագլուխ առաքինեաց, վառեցար զինու հոգւոյն արիաբար ընդդէմ մահու. Վարդան քաջ նահատակ որ վանեցեր ըզթշնամին, վարդագոյն արեամբդ քո պսակեցեր զեկեղեցի» (Օրհնութեան Շարական Ս. Վարդանանց Զօրավարաց)
Շնորհաւոր Վարդանանց տօն…
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Քարոզիչ՝ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ
Ս. Վարդանանց տօն
28 փետրուար 2019, Գատըգիւղ