ՄՈՄ ՉԵՄ ՎԱՌԵՐ
-Այդ ո՞ւր կը շտապես:
-Մեր մօտի եկեղեցի: Գիշերը վատ երազ մը տեսայ, շատ վախցայ: Երթամ մոմ մը վառեմ:
-Ի՞նչ երազ տեսար,- հարցուցի ես:
-Կը ներես՝ չեմ կրնար պատմել: Երբ յիշեմ, մարմնովս սարսուռ կ՚անցնի:
-Հասկցայ,- կամացուկ մը ըսի եւ շարունակեցի,- չմոռնաս աղօթել ու փառք տալ Տիրոջը:
-Անշուշտ,- հապճեպ պատասխանեց Նաթալին ու փութալով հեռացաւ: Ես ալ շարունակեցի իմ ճամբան:
Եղանակը այդ օր շատ հաճելի էր: Դուրս եկեր էի զբօսնելու: Մօտակայ պարտէզին մէջ նստայ եւ սկսայ հետեւիլ անցուդարձին: Քանի մը մեթր անդին գտնուող մանկական հրապարակէն կու գար մանուկներու ուրախ ու զուարթ ճիչերը:
Օդի մէջ կը զգացուէր գարնան շունչը: Խոտերը սկսած են կանաչելու: Ծաղիկներն ալ կը բարձրացնեն իրենց խոնարհ գլխիկները: Հաճելի էր ճեմապարտէզի մէջ շնչել գարնանային տաք ու ջերմ օդը եւ հետեւիլ անհոգ մանուկներու խաղին:
Միտքս սկսաւ սաւառնիլ: Պահ մը ինկայ իմ յուշերու գիրկը: Յիշատակներս զիս առին ու տարին մանկութեան խորքեր: Հոգիս ջերմացաւ, աւելի անկեղծ ու լիաթոք ժպտալու սկսայ: Երեխաները դիտած ատեն ես ալ մանկացայ ու պահ մը կտրուեցայ իրականութենէն:
Չեմ յիշեր, թէ քանի ժամ գոցուած մնացի իմ յիշատակներու մէջ: Երեկոյեան մեղմիկ հով մը շոյելով վարսերս թափանցեց իմ բարակ բաճկոնէն ներս: Փոքրիկ դող մը զգացի: Օդը ցրտեց: Օրը կը մթնէր: Այլեւս տուն երթալու ժամանակն էր: Ինքնաբաւ ու յագեցած, լիովին լիցքաթափուած իմ քայլերը ուղղեցի դէպի մեր փողոց: Ժամանակ առ ժամանակ կը սիրեմ այսպէս ինքզինքիս հետ մինակ մնալ: Երբեմն կը փախիմ տունէն ու կ՚առանձնանամ. ես ու իմ միտքերը: Ես ու բնութիւնը, անծանօթ մարդիկ, կենդանիները եւ հարկաւ հրեշտակային արարածներ՝ մանուկները:
Տունդարձի ճանապարհին կրկին հանդիպեցայ Նաթալիին: Ան նոյնպէս տուն կը դառնար: Մենք դրացիներ ենք.
-Կրցա՞ր մոմ մը վառել:
-Այո: Գացի եկեղեցի: Աղօթեցի, մոմ մը վառեցի ու խաղաղած դուրս եկայ:
-Ապրիս: Գիտես, ես յաճախակի եկեղեցի կ՚երթամ, կ՚աղօթեմ, սակայն մոմ չեմ կրնար վառել. հոգիս չ՚ուզեր: Անգամ մը քահանայի մը հարցուցի, թէ արդեօք պարտադիր է մոմ վառելը, ըսաւ ոչ: Խորը շունչ մը քաշեցի, մինչ այդ ինծի կը թուէր, թէ սխալ բան մը կ՚ընեմ:
Ինչեւէ, ես չեմ հասկնար մարդիկ ինչո՞ւ մոմ կը վառեն: Շատեր նոյնիսկ միայն մոմ վառելու համար կ՚երթան եկեղեցի: Ո՞րն է մոմավառութեան խորհուրդը:
-Գիտես, իւրաքանչիւր մարդ քիչ թէ շատ կը ձգտի դէպի լոյս՝ լուսաւորուելու եւ լուսաւորելու: Ամէն մարդ իւրովի կը փնտռէ իր լոյսը: Եւ յաճախ մենք այդ լոյսը կը տեսնենք, կը գտնենք Աստուծոյ տունին մէջ:
-Հասկցայ: Իսկ ի՞նչ իմաստ ունի մոմավառութիւնը: Քու ըսած այդ նոյն լոյսը ես կը տեսնեմ աղօթքի ընթացքին: Իմ հոգիի մէջ կը զգամ այն՝ պարուրուած ջերմութեամբ:
-Աստուծոյ տունին մէջ ճրագ կամ մոմ վառելու աւանդութիւնը կու գայ տակաւին Հին Կտակարանի ժամանակներէն: Աստուած Մովսէսի միջոցաւ ժողովուրդին պատուիրեց, որպէսզի ձիթենիի զուլալ, անարատ ձէթ բերեն լոյսի համար: Որպէսզի մշտավառ ճրագ մը ըլլայ վկայութեան խորանի մէջ: (Ելք 17. 20-21): Սուրբ Գիրքը նաեւ կ՚ըսէ. «Սողոմոն արքան պատրաստել տուաւ Տիրոջ տունի ամբողջ սպասքը, ոսկէ մոմակալները, ճրագակալները, մոմ կտրելու մկրատները» (Գ Թագաւորներ 7.49):
Քանզի քրիստոնէութեան հաստատումով վաղ շրջանին քրիստոնեաները կը հալածուէին, ուստի աղօթելու, աստուածապաշտական արարողութիւններ կատարելու համար կը հաւաքուէին գետնափոր խորշերու, քարանձաւներու մէջ, ուր կար լուսաւորելու անհրաժեշտութիւն: Այսինքն միասնական աղօթքի մը համար կը վառէին մոմեր:
Սակայն պատճառը միայն լոյս տալու պարագան չէր: Մոմավառութեան սովորութիւնը թէ՛ Հին Կտակարանի, թէ՛ Նոր Կտակարանի մէջ, կիրառական նշանակութենէ զատ ունի նաեւ խորհրդաբանական ներքին իմաստ: Աստուած ըսաւ. «Թող լոյս ըլլայ» (Ծննդոց 1.3), ստեղծեց լուսատուներ: Աստուած Մովսէս մարգարէին յայտնուեցաւ անկէզ մորենիի միջոցաւ: «Մարդու հոգին Տիրոջ լոյսն է» (Առակներ 20.27), «Եկէ՛ք քայլենք Տիրոջ լոյսի մէջ» (Եսայի 2.5): Հին Կտակարանի այս եւ շարք մը համարներ կրակի ու լոյսի հետ կապուած կը խորհրդանշեն Աստուածային ներկայութիւնը:
Իսկ Նոր Կտակարանի մէջ ճշմարիտ լոյսին եւ Անոր հետեւելու մասին կը կարդանք. «Ես եմ աշխարհի լոյսը: Ով որ կու գայ Իմ ետեւէն, խաւարի միջով պիտի չքայլէ, այլ կ՚ընդունի կենաց լոյսը» (Յովհաննէս 8.12): «Ես աշխարհ եկայ որպէս լոյս, որպէսզի, ով որ Ինծի հաւատայ, խաւարի մէջ չմնայ» (Յովհաննէս 12.46):
-Շատ հետաքրքիր էր Նաթալի: Շնորհակալ եմ մանրամասնելու համար:
-Ուրեմն, այսուհետեւ դուն ալ մոմ պիտի վառե՞ս:
-Ինչպէս որ Տէրը կամենայ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024