ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ-ՀԱՄԵՐԳ

Ե­րե­ւա­նի «Կո­մի­տաս» թան­գա­րան-կա­ճա­ռէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան նուա­գա­խում­բի «Ղա­զա­րոս Սա­րեան» լա­րա­յին քա­ռեա­կին շնոր­հան­դէ­սը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­րաժշ­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձաւ այդ ձեռ­նար­կը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ ա­նուա­նի եր­գա­հա­նի ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը եւ բազ­մա­թիւ ա­րուես­տա­գէտ­ներ։

Սոյն քա­ռեա­կը կը գոր­ծէ մէ­կու­կէս տա­րիէ ի վեր։ Լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին ա­ռա­ջին ջու­թակ Է­րիք Մա­նու­կեան յայտ­նեց, թէ ի­րենց ա­ռա­ջին իսկ հա­մեր­գին ժա­մա­նակ նուա­գած էին Ղա­զա­րոս Սա­րեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը։ Իր խօս­քե­րով, Հա­յաս­տա­նի մէջ հետզ­հե­տէ կը զար­գա­նայ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը։ Նոյ­նիսկ կան ե­րի­տա­սարդ եր­գա­հան­ներ, ո­րոնք ե­րաժշ­տու­թիւն ստեղ­ծա­գոր­ծած են ի­րենց հա­մար։

Շնոր­հան­դէս-հա­մեր­գին ժա­մա­նակ եր­գա­ցան­կին վրայ ընդգր­կուած էին Սա­րեա­նի եւ Ե­դուարդ Միր­զո­յեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։ Ղա­զա­րոս Սա­րեա­նի դուստ­րը՝ Սո­ֆիկ Սա­րեան նշա­նա­կա­լի ե­րե­ւոյթ հա­մա­րեց սոյն քա­ռեա­կին ստեղ­ծու­մը։

«Ղա­զա­րոս Սա­րեա­նի ա­նու­նը կա­պուած է ոչ միայն հայ ե­րաժշ­տու­թեան, այ­լեւ մեր կա­տա­րո­ղա­կան դպրո­ցի ար­հես­տա­վարժ մա­կար­դա­կի զար­գաց­ման հետ։ Ըլ­լա­լով ե­րաժշ­տա­նո­ցի վե­րա­տե­սուչ՝ ան շատ ա­չա­լուրջ եւ շա­հագր­գիռ կը հե­տե­ւէր իւ­րա­քան­չիւր ե­րա­ժիշ­տի մաս­նա­գի­տու­թեան կրթու­թեան։ Ան գոր­ծի­քա­ւոր­ման մեծ վար­պետ մըն էր։ Շատ կա­րե­ւոր է, որ ա­ւանդ­նե­րը կ՚ապ­րին ու կու տան նոր ծի­լեր։ Մաղ­թենք, որ այս ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ու­նե­նան մեծ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ եւ բե­ղուն ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ճա­նա­պարհ», ը­սաւ ան։

«Ղա­զա­րոս Սա­րեան» քա­ռեա­կը Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան նուա­գա­խում­բի հա­մոյթ­նե­րէն մին է։ Ա­նոր կազ­մին մէջ կը գտնուին՝ Է­րիք Մա­նու­կեան, Ա­նի Ա­տի­քեան, Է­լե­նա Հայ­րա­պե­տեան եւ Է­լիա Բա­լա­սա­նեան։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2016