ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ Զ. ԿԻՐԱԿԻ. ԳԱԼՍՏԵԱՆ

Մեծ պահքի վեցերորդ կիրակին Գալստեան կը կոչուի, որ կը խորհրդանշէ՝

ա) Քրիստոսի առաջին գալուստը, որու հիմնական նպատակն էր Աստուծմէ հեռացած մարդկութիւնը վերստին վերադարձնելու Աստուծոյ, այլ խօսքով՝ մեղաւոր մարդոց մեղքերը քաւելու Իր փրկագործական զոհագործումով:

բ) Քրիստոսի երկրորդ գալուստը, այս անգամ սակայն յաւիտենապէս դատապարտելու մարդկութիւնը՝ կա՛մ յաւիտենապէս ապրելու Արքայութեան մէջ եւ կա՛մ ալ յաւիտենապէս տանջուելու դժոխքին մէջ:

Արդարեւ, Քրիստոսի առաջին գալուստը պատրաստութեան փուլն էր Իր երկրորդ գալուստին: Այսինքն՝ Քրիստոս առաջին անգամ Իր աշխարհ գալով խօսեցաւ Իր երկրորդ գալուստին մասին եւ յստակօրէն բացատրեց, թէ ի՛նչ պիտի կատարուի այդ գալուստին ժամանակ: Ժամը կամ ժամանակը այդ գալուստին յստակ չէ, սակայն այդ գալուստը կանխող ազդանշանները բազմաթիւ են եւ քրիստոնեան Աստուածաշունչ կարդալով կրնայ որոշ կերպով ըմբռնել այդ իրողութիւնը: Էականը սակայն այն չէ, որ Քրիստոս միայն Իր երկրորդ գալուստին մասին խօսեցաւ, այլեւ աւելին՝ այդ գալուստին պատրաստ ըլլալու համար պէտք եղած ճանապարհը ցոյց տուաւ Իր ուսուցումներով եւ վարդապետութեամբ: Մարդ արարածը եթէ հետեւի եւ ճիշդ կերպով հասկնայ այդ ուսուցումներն ու վարդապետութիւնը, բնականաբար երկրորդ գալուստի կապակցութեամբ վախ կամ մտահոգութիւն չ՚ունենար, որովհետեւ կը վախնայ ու մտահոգութիւն կ՚ունենայ ան՝ որ սխալ գործած է եւ յանցաւոր կը զգայ, մինչ երբ մարդ սխալ չէ գործած եւ ինքնավստահ է ինքն իրմէ, բնականաբար վախնալու եւ մտահոգուելու պատճառ չ՚ունենար: Նոյնն է պարագան այստեղ, եթէ քրիստոնեան գործադրէ ու աշխատի կեանքի վերածել Քրիստոսի ուսուցումներն ու վարդապետութիւնները, բնականաբար պատրաստ կ՚ըլլայ երկրորդ գալուստին առանց վախնալու եւ մտահոգուելու, իսկ եթէ կը զգայ, թէ թերութիւն ունի այդ ուսուցումներուն ու վարդապետութեան մէջ, այն ատեն պէտք է մտահոգուի, սակայն մտահոգուելով պէտք չէ բաւարարուի, այլեւ՝ պիտի աշխատի իր այդ թերութիւններէն ձերբազատուիլ, որպէսզի ինք եւս պատրաստ ըլլայ այդ գալուստին:

Աւելին, Գալստեան կիրակին Ստեփանոս Քահանայ Մանդինեանցի համաձայն, կը նկարագրէ «Քրիստոսի առաջին գալուստը՝ մեղաւորները դատապարտութենէն փրկելու համար. եւ երկրորդ գալուստը՝ մեղաւորները յաւիտենապէս դատապարտելու համար»։ Այս խօսքերը լաւապէս սերտելով կը հասկնանք, թէ առաջին գալուստը մարդասիրութեան, գթասրտութեան ու ողորմութեան արտայայտութիւն էր, այսինքն՝ Քրիստոս եկաւ, որպէսզի առիթ մը տայ մեղաւորներուն ապաշխարելու ու դարձի գալու, վերադառնալու Աստուծոյ, կրկին անգամ արժանանալու Աստուծոյ որդեգրութեան շնորհքին։ Իսկ երկրորդ գալուստը՝ հաշիւի ու դատաստանի, վարձատրութեան պահն է, մեղաւորները յաւիտենապէս դատապարտելու, իսկ արդարներուն յաւիտենական հանգիստ պարգեւելու համար։

Օրուան Ճաշու Աւետարանը՝ Մատթէոս 22.34-23.39, գլխաւոր հինգ կէտերու մասին կը խօսի.-

ա) Մեծագոյն պատուիրանը (Մտ 22.34-40)։

բ) Որո՞ւն Որդին է Քրիստոս (Մտ 22.41-46)։

գ) Զգուշացում Օրէնքի ուսուցիչներէն եւ Փարիսեցիներէն (Մտ 23.1-12)։

դ) Յիսուս կը դատապարտէ Օրէնքի ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները (Մտ 23.13-36)։

ե) Յիսուսի սէրը Երուսաղէմի հանդէպ (Մտ 23.37-39)։

Կէտ առ կէտ անդրադառնանք.

ա) Մեծագոյն պատուիրանը (Մտ 22.34-40). երբ օրէնքի ուսուցիչներէն մէկը Յիսուսը փորձելու համար կը հարցնէ, ո՞րն է մեծագոյն պատուիրանը, մեր Տէրը հետեւեալ պատասխանը կու տայ. «“Սիրէ՛ Քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սիրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ ամբողջ միտքովդ”։ Ասիկա է մեծագոյն եւ կարեւորագոյն պատուիրանը։ Երկրորդը ատոր նման է. “Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս”։ Այս երկու պատուիրաններէն կախեալ են ամբողջ Օրէնքը եւ մարգարէներու ուսուցումները» (Մտ 22.37-40). շատ պարզ ու յստակ, նախ եւ առաջ սիրել զԱստուած՝ ամբողջական սիրով, որ կ՚իրագործուի, իրականութիւն կը դառնայ երկրորդով՝ ընկերը սիրելով, դարձեալ՝ ամբողջական սիրով։ Որովհետեւ այդ երկուքին մէջ կը կայանայ ամբողջ Օրէնքը, այլ խօսքով՝ Աստուծոյ կամքին հնազանդիլը։ Այս մէկը մեզմէ իւրաքանչիւրին հրաւէր ու պատուէր մըն է սիրելու զԱստուած եւ սիրելու մեր նմանը, ու եթէ յաջողինք այս երկուքին մէջ, ինչ դժուարութեան ալ հանդիպինք կը յաղթահարենք։

բ) Որո՞ւն Որդին է Քրիստոս (Մտ 22.41-46). երկրորդ կէտը կը խօսի Քրիստոսի մասին, թէ որո՞ւ Որդին Ան։ Յիսուսի հարցումին պատասխանելով երբ կը պատասխանեն, թէ՝ Դաւիթի Որդին է, Յիսուս կը հարցնէ, թէ ինչպէ՞ս կրնայ Դաւիթի Որդին ըլլալ, երբ Դաւիթ կ՚ըսէ. «“Տէրը իմ Տիրոջս ըսաւ. աջ կողմս նստէ, մինչեւ որ թշնամիներդ ոտքերուդ տակ դնեմ որպէս պատուանդան”։ Արդ, եթէ Դաւիթ զայն Տէր կը կոչէ, ինչպէ՞ս անոր որդին կ՚ըլլայ» (Մտ 23.44-45)։ Դարձեալ շատ պարզութեամբ Յիսուս կու գայ յայտնելու, թէ Ինք մարդու մը որդին չէ, այլ՝ Ամենակալ Աստուծոյ։

գ) Զգուշացում Օրէնքի ուսուցիչներէն եւ Փարիսեցիներէն (Մտ 23.1-12). երրորդ կէտը զգուշացումի ազդ է Օրէնքի ուսուցիչներէն եւ Փարիսեցիներէն։ Այս մէկը պէտք չէ միայն հասկնալ այն ժամանակուան տարողութեամբ, այլեւ՝ ներկայի դրութեամբ ալ։ Զգուշացումը կը պարունակէ այն պատուէրը՝ չընդօրինակելու Տիրոջ խօսքը քարոզողներու վարքը, որոնք միայն կը քարոզեն սակայն չեն գործադրեր, եւ Յիսուս կը զգուշացնէ մեզ, որ չնմանինք անոնց։ Այստեղ նաեւ անհատական գետնի վրայ ալ, իւրաքանչիւրս պէտք է զգաստ ըլլանք, եւ երբ Աստուածաշունչ կը կարդանք, աշխատինք մեր կարդացածը կեանքի վերածել, այսինքն՝ ապրիլ մեր կարդացածը։

Ինչպէս նաեւ մեր Տէրը կը թելադրէ, որ «վարդապետ», «ուսուցիչ», «հայր», «առաջնորդ» կոչուելու մարմաջը չունենանք, այսինքն՝ չտարուինք այդ մտածողութեամբ, ընդհակառակը աշխատինք որքան կըր-նանք խոնարհ ու հեզ ըլլալ, որովհետեւ այդ թելադրութիւններէն ետք Յիսուս մեզմէ իւրաքանչիւրին կ՚ըսէ. «Ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (Մտ 23.12)։ Այս տողը կարդալէ ետք ի՞նչ կ՚ուզենք, մենք մեզ բարձրացնե՞լ՝ որպէսզի յետոյ խոնարհինք, թէ՞ հիմա խոնարհ կեանքով ապրինք՝ սպասելով Տիրոջ, որ Ինք բարձրացնէ մեզ։

դ) Յիսուս կը դատապարտէ Օրէնքի ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները (Մտ 23.13-36). չորրորդ կէտով Յիսուս վա՜յ կը կարդայ տարբեր ապրելակերպ որդեգրած մարդոց, այսպէս. վա՜յ կը կարդայ՝

1) Կեղծաւորներուն, Օրէնքի ուսուցինչերուն եւ Փարիսեցիներուն, որոնք անարդար կերպով կը յափշտակեն կարօտեալներն ու կարիքաւորները, ինչպէս նաեւ կեղծաւորութիւն կ՚ընեն ու մարդոցմէ փառաբանութիւն ու գովասանք կը սպասեն։ Տակաւին, որոնք Օէնքը կ՚անտեսեն եւ կը ստիպեն, որ բոլորն ալ անտեսեն, արտաքինով կը զբաղուին՝ փոխանակ ներքինի մասին մտածելու, ինչպէս նաեւ կը հպարտանան՝ ըսելով, թէ իրենք եթէ անցեալին ապրած ըլլային, չէին սպաններ մարգարէները, բայց Յիսուս այդ իրենց յայտարարութեամբ իսկ կը դատապարտէ զիրենք, ըսելով, թէ իրենք իսկ կը վկայեն, թէ որդիներն ու յաջորդներն են իրենց հայրերուն, որոնք սպաննեցին Աստուծոյ մարգարէները (Մտ 23.13-15, 23-36)։

2) Կոյր առաջնորդներուն, որոնք սխալ ուսուցումներով կը մոլորեցնեն Աստուծոյ հաւատացողներն ու հետեւողները (Մտ 23.16-22)։

Եթէ մենք ալ այսօր վերեւ յիշուածներէն որեւէ բան ընդօրինակած ենք եւ կամ եթէ նման վարքագիծ ունինք, կը նշանակէ, թէ ոչինչով կը տարբերինք անոնցմէ։ Հետեւաբար, պէտք է աշխատինք մենք մեզ մաքրել, մեր ներսիդին մաքրագործել, որպէսզի Աստուած գայ ու բնակի մեր մէջ։

ե) Յիսուսի սէրը Երուսաղէմի հանդէպ (Մտ 23.37-39). 23-րդ գլուխին վերջին երեք համարներուն մէջ Յիսուս Իր սէրը կը յայտնէ Երուսաղէմի հանդէպ, հակառակ այն բոլոր անարդարութիւններուն, որոնք գործուած էին այնտեղ, եւ կը յայտնէ, թէ այդ բոլորով հանդերձ քանի-քանի անգամ ուզած է դարձի բերել՝ բայց բնակիչները չեն ուզած (հմմտ. Մտ 23.37-38), եւ կ՚ամբողջացնէ ըսելով՝ «բայց կ՚ըսեմ նաեւ, ա՛լ պիտի չտեսնէք, զիս, մինչեւ որ ըսէք. “Օրհնեալ ըլլայ ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով”» (Մտ 23.39)։ Այս երեք համարներէն մեր քաղելիք դասը այն է, թէ ինչքան ալ Աստուծմէ հեռանանք եւ մերժենք զԻնք, սակայն Ան երբեք մեզմէ չի՛ հեռանար եւ միշտ առիթներ կը ստեղծէ մեզի, որպէսզի Իրեն վերադառնանք եւ փրկուինք։

Այս օրուան խորհուրդը փորձենք մեր կեանքին մէջ գործնականի վերածել, մեր մէջ արթնցնելով Աստուծոյ նկատմամբ երկիւղ, որ մեր մէջ պիտի ծնցնէ Տիրոջ Գալուստին պատրաստ ըլլալու արթնութիւնն ու պատրաստակամութիւնը, այլեւ՝ դաստիարակենք մեր հոգիները, որպէսզի պատրաստ ըլլանք մեր Տիրոջ ու Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի երկրորդ գալուստին։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2022