Աղեքսանդր Ծատուրեան (1865-1917). «Կեանքի Խորթ Զաւակներու» Տառապանքին ու Սփոփանքին Երգիչը
Ապրիլ 28-ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայ գրականութեան մէջ տառապեալ մարդոց վիշտերն ու դժբախտութիւնները երգի վերածած եւ յուսահատ սրտերուն սփոփարար շունչ հասցուցած բանաստեղծ, երգիծագիր, մանկագիր ու թարգմանիչ Աղեքսանդր Ծատուրեանի։
Որբ ու անոք մանկութիւն մը ունեցաւ եւ ամբողջ կեանքը անձուկ պայմաններու մէջ ապրեցաւ այս դժբախտ բանաստեղծը։ Անվերջ թշուառութիւնը զինք դարձուց հայ իրականութեան «խորթ զաւակներուն» հարազատ երգիչը։ Վարդը իրեն բաժին հանեց միայն փուշը եւ ինք մարդոց կեանքին մէջ միշտ տեսաւ ցաւ ու խոց պատճառող փուշը եւ երգեց զայն խորագոյն դառնութեամբ, բայց նաեւ՝ պայծառ գալիքի յոյսը երբեք չկորսնցնելու սփոփարար յորդորով։ Այդ պատճառով ալ հռետորական շեշտ մը միշտ ընկերացաւ սրտաբուխ իր երգերուն. խօսուն օրինակ մըն է «Երկրի Մշակներ» խորագրուած իր քերթուածին մէկ հատուածը։
Աղեքսանդր Ծատուրեանի գրչին կը պատկանին ժողովրդական սիրուած երգի վերածուած այնպիսի քերթուածներ, ինչպիսին են՝ «Մի՛ լար, բլբո՛ւլ»ը եւ «Ա՛յ վարդ»ը, որոնց միջոցաւ բանաստեղծը հանդիսացաւ սրտամօտ թարգմանը կեանքէն անտեսուած ու լքուած մարդոց խոր ցաւին։
Գեղարուեստական պատկերի, խոհականութեան եւ քնարական երաժշտութեան առումով՝ համեստ եղան Աղեքսանդր Ծատուրեանի գործիքները, բայց փոխարէնը անոր գրականութիւնը բաբախեց մարդկային խոր զգայնութեամբ ընկալուած եւ սրտաբուխ երգի վերածուած ցաւերով, երազներով ու սիրոյ յոյզերով։ Պատահական չէ, որ հայ մեծ երաժիշտ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի կողմէ գեղար-ւեստական մշակումի արժանացան եւ մեր ժողովուրդի շրթներուն անմահ երգ դարձան Աղեքսանդր Ծատուրեանի քերթուածները։
Աղեքսանդր Յովսէփի Ծատուրեան ծնած էր 1865-ին, Զաքաթալա (ներկայիս՝ Ատրպէյճանի մաս կը կազմէ)։ Երեք տարեկանին կորսնցուցած էր ձկնորս հայրը եւ մատնուած էր յետին չքաւորութեան՝ մօր հետ։ Ձկնորս հօր կանխահաս մահը ներշնչման աղբիւրը պիտի դառնար իր գրականութեան լաւագոյն նմոյշներէն համարուող «Նաւավարը» բանաստեղծութեան.
Մանուկ օրից շա՜տ եմ տեսել,
Ե՛ւ փոթորիկ, ե՛ւ աղէտ,
Ծովն է ինձ միշտ օրօր ասել,
Նո՜ր չեմ ծանօթ ծովի հետ:
Հայր ունէի - ծովում կորաւ,
Որսի ելած մութ գիշեր,
Նրան ալիք լափեց, կերաւ,
Նա ձկնորս էր անվեհեր:
Ծովում կորցրի երկու եղբայր,
Նաւավարներ ինձ նման,
Որ իմացայ - երկինք, աշխարհ,
Ասես, գլխիս փո՜ւլ եկան․․․
է՜հ աղա՛ ջան, դարդ մի՛ անիլ,
Թէ ծովն ինձ էլ կուլ կը տայ,
«Կուժն ամէն օր ջուր չի բերիլ»․․․
Ամէն բանի վե՜րջը կայ․․․
Կեանքը լաւ է… բայց ի՞նչ արած,
Համ էլ մահից, ի՞նչ փախչեմ․․․
Ծովն է տալիս մեզ կեանք
ու հաց,
Ծովի տակ էլ կը հանգչեմ…
Իր թշուառ մանկութեան անդրադառնալով՝ Ծատուրեան հետագային պիտի գրէր.- «Մօրս հետ ապրում էինք քաղաքի յետ ընկած, ամենախուլ փողոցներից մէկում, մի կիսախարխուլ տնակում։ Շաբաթը մի անգամ միայն կրակի երես էինք տեսնում։ Ման էի գալիս ոտաբոպիկ։ Տաք կերակուր՝ միայն Կիրակի օրերն էինք ուտում։ Միակ լուսաւոր շերտը իր մանկութեան կեանքում՝ մօրս անօրինակ, բուռն սէրն էր դէպի ինձ։ Մայրս կար ու լուացք անելով էր ինձ պահում եւ, ինքը անգրագէտ լինելով, զարմանալի բնազդով ջերմ փափաքում էր, որ ես անպատճառ ուսում ստանամ»։
Ահա նման պայմաններու մէջ Ծատուրեան իր նախնական կրթութիւնը ստացաւ ծննդավայրի հայկական վարժարանին մէջ՝ աշակերտելով Արշակ Ագապեանին։ Նախակրթարանը դեռ չէր աւարտած, երբ մահացաւ նաեւ հիւծած մայրը եւ Աղեքսանդր մնաց լրիւ անօգնական։ Իր ուսուցիչին՝ Արշակ Ագապեանի օժանդակութեամբ կրցաւ հետեւիլ տեղւոյն Քաղաքային երեքամեայ ուսումնարանին, որմէ շրջանաւարտ եղաւ 1881-ին եւ մեկնեցաւ Թիֆլիզ՝ Ներսիսեան վարժարանի մէջ ուսումը շարունակելու յոյսով։
Բայց նիւթական դժուարութիւնները թոյլ չտուին, որ ուսումնատենչ պատանին ընդունուի Ներսիսեան վարժարան եւ ան ստիպուեցաւ կեանքի ասպարէզ նետուիլ, ամէն տեսակի աշխատանք փորձելով եւ ֆիզիքապէս մաշելով, բայց ինքնազարգացման տենչը միշտ վառ պահելով իր հոգիին մէջ։
Գիրքի ու գրականութեան այնքա՜ն խոր ու անյագ ծարաւ ունէր, որ իր մշակած մանկական գրականութեան մէջ հայոց սերունդներուն ամենայն պարզութեամբ «Կարդա՛» պատգամեց.
Կարդա՛, ա՛յ իմ խելօք մանուկ,
Կարդա՛, գրի՛ր տարին բոլոր,
Կարդացողի խելքն է կտրուկ,
Միտքը պայծառ ու լուսաւոր:
Գիրք կարդալով՝ դու գրքերում
Շատ նորանոր բան կ՚իմանաս,
Շատ շատերից շատ բաներում
Մտքով հեռու կը սլանաս:
Թիֆլիզի մէջ Ծատուրեան ճաշակեց դաժանագոյն թշուառութեան բաժակը, մինչեւ որ հնարաւորութիւնը ունեցաւ Միքայէլեան արհեստից վարժարանը ընդունուելու եւ որոշ արհեստներու ընդունակութիւն զարգացնելու։ Կատարեց բարձրագոյն ուսման վերջին փորձ մը եւս՝ ընդունուելու Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, բայց այդ յոյսն ալ ի դերեւ ելաւ եւ Ծատուրեան, 1885-ին, ստիպուեցաւ նամակատան ցրուիչ ու միաժամանակ քարակոփ աշխատիլ՝ իր օրուան հացը վաստակելու եւ ինքնաշխատութեամբ ուսման ծարաւը յագեցնելու համար։
1888-ին գնաց Մոսկուա, ուր հայ մեծահարուստներու զաւակներուն անձնական դասեր տալով օրապահիկ մը ապահովեց եւ, միաժամանակ, կանոնաւոր աշխատակցութիւն բերաւ Մ. Բարխուդարեանի «Հանդէս գրական եւ պատմական»ին, որուն հրատարակիչն ալ դարձաւ հետագային։ Մոսկուայի մէջ, ռուսերէնի հմտացման կողքին, սերտ կապեր հաստատեց տեղւոյն հայ ուսանողական շրջանակներու հետ։
1891-ին լոյս ընծայեց իր բանաստեղծութիւններու առաջին հաւաքածոն, իսկ 1898-ին՝ երկրորդը։ Ուշադրութիւն գրաւեց իբրեւ «Կեանքի խորթ զաւակներու» ցաւն ու տառապանքը երգող եւ հասարակական անարդարութիւններն ու կեղծիքները ձաղկող բանաստեղծ։ Ընկերային իր ընդվզումներուն արգասիքը եղաւ 1901-ին հրատարակուած «Գրչի հանաքներ» երգիծական ոտանաւորներու հաւաքածոն, որուն գեղարուեստական նկարազարդումը կատարեց Վ. Սուրէնեանց։
Դառն հեգնանքով բաբախուն այդ երգիծական քերթուածներու շարքին կը պատկանի Աղեքսանդր Ծատուրեանի «Մեծութեան Աթոռ»ը։
1905-ի համառուսական առաջին յեղափոխութիւնը խոր անդրադարձ ունեցաւ Աղեքսանդր Ծատուրեանի գաղափարական յուզաշխարհին վրայ եւ ան սկսաւ երգել «Աշխատանքի եւ ոսկու մեծ կռիւը»։
Նոյն տարիներէն սկսեալ Աղեքսանդր Ծատուրեան ամբողջական փարումով նուիրուեցաւ հայ գրականութեան լաւագոյն էջերը ռուսերէնի թարգմանելու աշխատանքին։ Եու. Վեսելովսկիի եւ Վալերի Պրիւսովի հետ գործակցաբար ռուսերէնով պատրաստեց հայ գրականութեան ծաղկաքաղներ։
Աղեքսանդր Ծատուրեան երկար չապրեցաւ, 1917 թուականի համառուսական փետրուարեան յեղափոխութիւնը նոր սկսած էր, երբ Ապրիլ 13-ին (հին տոմարով՝ Մարտ 31-ին) առյաւէտ փակուեցան տառապակոծ աչքերը որբութեան, զրկանքի եւ թշուառութեան հայ երգիչին։
Իր յիշատակին նուիրուած այս ամփոփ վկայութեան կ՚արժէ յիշել Աղքսանդր Ծատուրեանի «Ժամանակակից Օրօրանք» խորագրով ու դառնագոյն հեգնանքով ծանրաբեռնուած բանաստեղծութիւնը, որ այնքան պարզ ու սրտաբուխ երգ է՝ ծնունդ առած բանաստեղծին վիճակուած դժբախտ ու թշուառ կեանքէն…
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
(Յապաւուած)