Կոյր Ուղեւորութիւն Ինքնութեան Մէջ
Լիբանանահայ բեմադրիչ Վաչէ Պուլղուրճեանի առաջին գեղարուեստական ժապաւէնը վերջերս ներկայացուեցաւ Քաննի փառատօնի «Քննադատներու շաբթուան» բացման հանդիսութեան ընթացքին: Նախքան այդ, լիբանանեան «Տէյլի Սթար» թերթը 13 Մայիսին տպած էր Ճիմ Քիլթիի հետեւեալ յօդուածը:
Վաչէ Պուլղուրճեանի առաջին գե-ղարուեստական ժապաւէնը՝ «Թրամոնթէյն», կը ներկայացնէ Ռապիհ անունով երաժիշտի մը պատմութիւնը: Հրաւէր մը՝ արտերկրի մէջ զանազան առիթներու ելոյթ ունենալու. իր առաջին անցագիրին դիմումնագիրը:
Երբ Ռապիհ կը գիտնայ, որ իր ինքնութեան փաստաթուղթերը անկանոն են, կը նախաձեռնէ ուղեւորութեան մը՝ իր ինքնութեան համար շօշափելի ապացոյցներ փնտռելու նպատակով: Այս որոնումը ձեւով մը աւելի դժուար կը դարձնէ իր աչազրկութիւնը:
«Շարժապատկերը իրօք, որքան պատումի, այնքան ալ, երկրի մը կամ մարդու մը մասին է: Այն մասին, թէ պատմութիւնները ի՞նչ կ՚ընեն մեզի, ատոնք ինչպէ՞ս կ՚ազդեն մեր կեանքին վրայ: Ռապիհ կը հետեւի պատումներու, որոնք զինք ֆիզիքապէս կ՚առաջնորդեն վայրեր: Ինք ատոնց կարիքը ունի, որպէսզի գիտնայ, թէ ինք ո՛վ է», կ՚ըսէ Վաչէ Պուլղուրճեան:
Այնքան տարածուած չէ լիբանանեան շարժապատկերի մը մասնակցութիւնը միջազգային մեծ փառատօներու յայտագիրներուն: Առաջին չափանիշը հաւանաբար հաստատած է Մարուն Պաղտատին (1950-1993), որուն «Օր լա վի» շարժապատկերը ցուցադրուեցաւ Քաննի 1991 թուականի գլխաւոր մրցումին, որուն ընթացքին ան դատական կազմի մրցանակը բաժնեկցեցաւ Լարս վոն Թրիէրի «Եուրոփա»ին հետ:
Պուլղուրճեան առաջին անգամ 2010-ին Քանն ներկայացած է «Հինգերրորդ շարասիւն» կարճատեւ ժապաւէնով, որուն համար բաժնեկցած է «Սինեֆոնտասիոն» մրցանակը: Գրող-բեմադրիչը կ՚ըսէ, որ բեմագրութեան առաջին նախագիծը մշակած է 2012-ի սկիզբը:
«Ես ատիկա գրած եմ այնպէս մը, որ ես անձամբ նկարահանէի, նուազագոյն թիւով անձնակազմի, սարքերու եւ դերասաններու հետ: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս բոլոր կարճատեւները ըրած եմ», կը յիշէ ան: Պուլղուրճեան հիմնականին մէջ ծրագրած է իր շարժապատկերը պատրաստել քանի մը գործընկերներով (Քարոլայն Օլիվերա եւ Ճէյմս Լի Ֆիլան), որոնց հետ շարժապատկերի արուեստը ուսանած է Նիւ Եորքի համալսարանին մէջ: Արտադրական հոլովոյթը դարձած է աւելի խնամուած, որովհետեւ մարդիկ սկսած են լսել ծրագիրին մասին եւ հրաւիրած են խումբը՝ մասնակցելու զանազան աշխատաժողովներու եւ սեմինարներու, սկսելով՝ Վենետիկի Պիենալի շարժապատկերի հիմնարկէն:
«Ատիկա հիմնականին մէջ լուրջ աշխատաժողով է: Բայց անոնք նուազագոյն պիւտճէով շարժապատկերի ամենէն խոստմնալից ծրագիրին արտադրութեան համար կը շնորհեն 150.000 եւրօ պարգեւ: Օ՜հ, 150.000 եւրօ՞: Ասիկա նուազագո՞յնն է: Ես 2000 տոլարով պիտի պատրաստէի», կ՚ըսէ Վաչէ Պուլղուրճեան:
«Թրամոնթէյն»ը չնուաճեց դրամական պարգեւը, սակայն Վենետիկի փորձառութիւնը այնքան ոգեւորիչ էր, որ Պուլղուրճեան եւ իր արտադրութեան խումբի կորիզը, որուն այժմ միացած է երաժիշտ-նկարիչ Սինթիա Զաւէն, խանդավառ են:
«Վենետիկէն ետք մենք դիմեցինք Տոհայի Շարժապատկերի հիմնարկին, առաջինը՝ որ դրամական եւ շօշափելի օգնութիւն տրամադրեց: Անոնք սկիզբէն իսկ մեծ վստահութիւն ունէին նախագիծին նկատմամբ»:
Օլիվերա ապա հրաւիրուեցաւ «Թրամոնթէյն»ը ներկայացնել Սանտենս հիմնարկի ստեղծագործական-արտադրողական աշխատանոց, եւ Պուլղուրճեան հրաւիրուեցաւ Ամմանի մէջ բեմագիրներու Ռավի աշխատանոց: Նախագիծը հրաւիրուեցաւ Տուպայի Շարժապատկերի շուկայ: Նախագիծին նաեւ միացան լիբանանցի եւ ֆրանսացի արտադրիչներ: Նկարահանումը սկսաւ 2015-ի գարնան:
«Ես իսկապէս երախտապարտ եմ մէկ բանի. ունենալ մարդիկ, որոնք նախագիծին միացան կամաւոր, անկեղծ հետաքրքրութենէ մղուած: Կար սեփականութեան զգացում մը: Ատիկա իրենց նախագիծն էր, մեր ընդհանուր նախագիծը», ըսաւ Պուլղուրճեան: Շարժապատկերը լիովին խմբային աշխատանք է: Անշուշտ, ատոր ամենէն մեծ մարտահրաւէրներէն մէկն է քնարական արուեստի բեմագրութիւնը հաշտեցնելը արտադրական եւ յետարտադրական գործնապաշտ իրողութիւններուն հետ: «2013 թուականի Յունուարին՝ Վենետիկէն վերադառնալէս անմիջապէս ետք, սկսայ դերասաններու որոնման աշխատանքին: Ես սկիզբէն իսկ գիտէի, որ պիտի աշխատիմ աչազուրկ դերասանի մը հետ: Տեսողութեամբ օժտուած դերասանէ մը շատ կ՚ըլլայ պահանջելը, որ գիտնայ ինչպէս երգել եւ նուագել, միաժամանակ պատկերելով աչազուրկ ապրելու բարդութիւնները»:
Դերասաններու որոնման ատեն էւրէքա-ի (գտա՜յ, գտա՜յ) պահը եկաւ, երբ Պուլղուրճեան եւ Զաւէն տեղեկացան լեռնային գիւղի մը եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունենալիք համերգին մասին: Եկեղեցւոյ երգչախումբը բաղկացած էր աչազուրկներէ: Ահաւասիկ անոնք այս ձեւով հանդիպեցան Պարաքաթ Ժապպուրի, որ հանդիսութեան ընթացքին մեներգեց:
«Մենք չէինք կրնար տեսնել, որովհետեւ եկեղեցին լեցուն էր: Բայց երբ ան սկսաւ երգել, կարծես թէ մրրիկ մը կը հարուածէր դէմքդ»: Պուլղուրճեան եւ շարժապատկերի երաժշտութեան պատասխանատուն տեսակցեցան Ժապպուրի հետ, որ աւելի քան երջանիկ եղաւ մասնակցելու նախագիծին: Շարժապատկերին մէջ Պարաքաթ Ժապպուր խաղընկերն է լիբանանցի վաստակաւոր դերասան Ժուլիա Քասսարի եւ սկսնակ այլ դերասանի, իր հօրեղբօր՝ Թուֆիք Պարաքաթի:
«Ի յայտ եկաւ, որ Ժապպուր երաժշտական սքանչելիք մըն է: Ան ինն նուագարաններ կը նուագէ, ինչպէս նաեւ կ՚երգէ: Ան նաեւ կը սորվի արաբական դասական երաժշտութիւն՝ թարապ, մուալ, մաքամաթ: Անշուշտ կասկած չկար, որ այս մարդը պիտի ըլլար գլխաւոր դերակատարը», ըսաւ Պուլղուրճեան: Ան աւելցուց. «Ատիկա արկածախնդրութիւն մըն էր: Սկիզբը շարժապատկերը աչազուրկ երգչախումբի մը մասին էր, որ արեւմտեան եւ կրօնական շարականներ կ՚երգէ: Պարաքաթի հանդիպելէ ետք, ատիկա վերածուեցաւ պատմութեան մը՝ երկրի եւ երկրի երաժշտութիւնը մարմնաւորող անձի մը մասին:
«Սինթիա քաջալերեց զիս բեմագրութիւնը պատշաճեցնել արաբական աւանդական երաժշտութեան: Սինթիա եւ Պարաքաթ երկու տարի միասին աշխատեցան, ժապաւէնին մէջ նուագուելիք երաժշտութեան համար: Ասիկա շատ կարեւոր մասն է բեմագրութիւնը պաստառին թարգմանելու: Առնելով դերասանին բնական տաղանդները եւ ատոնք միաձուլելով բեմագրութեան, եւ ապա ատիկա պաստառ վերադարձնելով»:
Պուլղուրճեան պահ մը լռեց եւ ժպտաց: «Բազմաթիւ մարդիկ չքաջալերեցին զիս աչազուրկի մը հետ աշխատելու: Ատիկա շատ դժուար պիտի ըլլայ, մտածեցին անոնք: Բայց Պարաքաթի հետ աշխատիլը նկարահանումին գագաթնակէտն էր:
«Ան ամբողջ բեմագրութիւնը անգիր սորվեցաւ, ներառեալ՝ շարժումները եւ մնացեալ դերակատարներուն տողերը: Ան գիտէր ճիշդ ե՛րբ լռել, դադար առնել: Անոր կշռոյթի զգացողութիւնը անհաւատալի է: Ատիկա պարգեւ մըն է: Ուղղութիւն մը, թելադրութիւն լսելու անոր ունակութիւնը զարմանալի է: Ան անմիջապէս հասկցաւ, թէ ես ի՛նչ նկատի ունիմ: Նկարահանման առաջին իսկ պահէն ան հասկցաւ զգացումները, որոնք ես կը պահանջեմ իրմէ:
«Ես կը կարծեմ, որ ան ըստ էութեան օգնեց միւս դերակատարներուն մտնելու գօտիին, մթնոլորտին մէջ, ինչպէս որ ըրաւ Ճուլիան: Անոնք իրարու հետ խոր հասկացողութիւն, հաղորդակցութիւն ունէին: Փորձերու ատեն պատահածը կախարդական էր: Երբ անոնք հասկցան պատմութեան առանցքը, անոնց ստեղծած գօտին, մթնոլորտը անհաւատալի դարձաւ»:
Թարգմանեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ
Աղբիւր՝ «Տէյլի Սթար»