ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀՆԱՐԻՆՈՒԹԻՒՆԸ
Իրական ժողովրդավարութիւնը, այսինքն՝ ժողովուրդի ինքնակառավարումը գրեթէ անհնար քաղաքական վարչակարգ մըն է։ Ժողովուրդի անմիջական մասնակցութեամբ քաղաքական վարչակազմ մը երբեք չի կրնար բանիլ կատարելագործուած ձեւով։ Արդարեւ, իսկական ժողովրդավարութիւնը իւթոփիա է՝ այսինքն երազային աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող համակարգ մը։ Պատմութեան ընթացքին ժողովուրդի ինքնակառավարման իմաստով իշխանութիւն չէ եղած։ Նոյնիսկ այսօր, երբ տեղեկատուական եւ հաղորդակցական փորձագիտութիւնները կը զարգանան անհաւատալի արագութեամբ, թէեւ «հեռա-ժողովրդավարութիւնը» հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռէ նպաստելու անհատներու քաղաքականութեան մասնակցութեան, սակայն չէ կրցած ժողովուրդին ապահովել ինքնակառավարութիւն։ Դժուար կամ նոյնիսկ անհնար կը թուի ապագային նման յաջողութեան հասնիլը: Ամփոփ խօսքով՝ պէտք է ընդունիլ «ժողովրդավարութեան անհնարինութիւն» կոչուած երեւոյթը։ Բոլոր այն քաղաքական վարչակարգերը, որոնք մենք այսօր կ՚անուանենք «ժամանակակից ժողովրդավարութիւն», հեռու են իրական ժողովրդավարութենէն։ Ժամանակակից ժողովրդավարութիւնները բազմաթիւ թերութիւններ ու ձախողումներ ունին։
Նախ, ժողովրդավարութեան անհնարինութեան պատճառը՝ թերի տեղեկատուութիւնն է։ Ընտրողները զանազան պատճառներով լիարժէք տեղեկատուութիւն չեն ունենար թեկնածուներու, քաղաքական կուսակցութիւններու, կառավարութեան քաղաքականութեան եւ որդեգրուած քաղաքականութեան արդիւնքներուն մասին: Ցաւօք, չկան միջոցներ, որոնք կրնան ամբողջութեամբ վերացնել տեղեկատուութեան պակասի կամ «քաղաքական անտեղեակութեան» խնդիրը։ Այս խնդիրը լիովին վերացնել հնարաւոր չէ, քանի որ բացակայող տեղեկատուութիւնը մասամբ պայմանաւորուած է ընտրողներու՝ տեղեկատուութիւն ստանալու չկամութեան պատճառով։
Ժողովրդավարութեան անհնարինութեան երկրորդ պատճառը՝ «քաղաքական անտարբերութիւնն է»։ Արդեօք ընտրողները քաղաքականութեան մասին տեղեկատուութիւն հաւաքելու դրդապատճառ չունի՞ն։ Անոնք կը կարծեն, թէ իրենց որոշումները բաւական ազդեցութիւն չեն գործեր ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ: Քաղաքական անտարբերութիւնը ընտրողներու համար չափաւոր հիմնաւորումներ ունի։ Նման իրավիճակի մէջ ընտրողները կրնան անտարբեր ըլլալ՝ չբացատրելով իրենց նախապատուութիւնները քաղաքական որոշումներու կայացման գործընթացէն ներս։
Եթէ նոյնիսկ մէկ կողմ թողենք այլ պատճառներ, ապա միայն քաղաքական տգիտութեան եւ քաղաքական անտարբերութեան գործօնները համոզիչ կերպով ցոյց կու տան ժողովրդավարութեան անհնարինութիւնը։
Երրորդ՝ փոքրամասնութիւններու կառավարումը անխուսափելի է ժողովրդավարական երկիրներու մէջ՝ անկախ կիրառուած կանոններէն ու ձեւէն: Այսօր, ժամանակակից ժողովրդավարական երկիրներու մէջ ինքնիշխանութիւնը ո՛չ թէ ժողովուրդինն է, այլ հասարակութեան մէջ իշխանութիւն եւ գերակայութիւն ունեցող ընկերային խաւերուն։ Տեսաբան Ֆրիտրիխ Ա. Ֆոն Հայէք հիմնաւոր փաստարկներով յառաջ կը քշէ, որ ժողովրդավարութիւնը, իրականութեան մէջ, ընկերային դասակարգերու, հասարակութեան բարձր խաւերու կամ շահագրգիռ խումբերու գերիշխանութիւնն է:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
•շարունակելի…