ՏՐԱՊԻԶՈՆՑԻ ՆԿԱՐԻՉԻՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
«Հայփոստ»ը վերջերս թողարկած է «Մեծանուն հայեր. Վարդան Մախոխեանի ծննդեան 150-ամեակը» խորագրեալ նամականիշով երկկողմանի թղթատարական բացիկ մը:
Թղթատարական բացիկը յիշատակի տուրք է տրապիզոնցի հայ մեծանուն ծովանկարիչ Վարդան Մախոխեանին. բացիկին վրայ պատկերուած է Մախոխեանի «Ծովը լուսնեակ գիշերով» կտաւը: Միւս կողմէ կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը կրկին այս առիթով 31 մայիսէն սկսեալ շրջանառութեան մէջ դրած է «Վարդան Մախոխեան-150» արծաթեայ յուշադրամը:
Յուշադրամի մէկ երեսին Վարդան Մախոխեանի «Քափրի կղզիի ափերը» նկարէն դրուագ մը կայ, իսկ միւս երեսին՝ Վարդան Մախոխեանի «Անհանգիստ ծովը. ափ» նկարէն դրուագ մը:
Երկար տարիներ մոռացութեան մատնուած եւ ժամանակին հռչակ վայելած ծովանկարիչ Վարդան Մախոխեանի անունը այսպէսով կրկին դրուեցաւ շրջանառութեան մէջ եւ այս անգամ արժեւորում մը ստացաւ հայրենիքէն ներս: Սակայն, ճշմարտութեան համար պէտք է ըսել, որ Մախոխեան թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ նոյն հռչակը չունի, ինչ որ ունի հայ աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքին: Մինչդեռ, կարգ մը տեսաբաններ այս երկու հայ ծովանկարիչները յաճախ կը դնեն մեծութեան եւ տաղանդի նոյն հարթութեան վրայ:
Մախոխեանի նկարած ծովանկարները սփռուած են աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ, իսկ արուեստագէտի անոր համբաւը հասած է Թուրքիայէն մինչեւ Եւրոպա, ուր տեւական ստեղծագործած է Մախոխեան եւ նկատուած՝ իր ժամանակի ամենէն ցուցադրուած նկարիչներէն. իր ստեղծագործութիւններով մշտական մասնակիցը եղած է Պերլինի, Լոնտոնի, Փարիզի, Համպուրկի, Տիւսելտորֆի, Նիսի, Միւնիխի, Մարսէյլի, Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ տարեկան ցուցահանդէսներուն:
Վարդան Մախոխեան կարգ մը նկարիչներու հետ աշակերտած ըլլալով Յովհաննէս Այվազովսքիին, կը նկատուի անոր արուեստի շարունակողներէն մին: Անոր մասին եւրոպացի արուեստաբաններէն մէկը ըսած է. «Եթէ չսիրէք ծովը, Մախոխեանի կտաւները զայն ձեզ սիրել կու տան»։
1869 թուականին, Տրապիզոն՝ Սեւ ծովու հարաւային ափին վրայ գտնուող այս հրաշալի վայրին մէջ ծնած է Վարդան Մախոխեան:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ը զանազան առիթներով անդրադարձած է Մախոխեանի արուեստին եւ անոր կեանքին: Այս յօդուածով, իր ծննդեան 150-ամեակին առթիւ, նորութիւն մը ներկայացուցած ըլլալու համար, կը թուայնացնենք Կ. Պոլսոյ մէջ 1911-1919 թուականներուն լոյս տեսած «Շանթ» կիսամսեայ հանդէսի (խմբագրապետ՝ Մերուժան Պարսամեան) Բ. տարուան՝ 1912 թուականի մայիս ամսուան թիւ 22-ին մէջ լոյս տեսած յօդուածներէն մին։ 1912 թուականի մայիս ամսուան «Շանթ»ի այդ թիւը մեծ մասամբ նուիրուած էր Վարդան Մախոխեանին: Յատկանշական է, որ իր կենդանութեան տարիներուն Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած հանդէսը ժողված է հայ նկարիչին մասին եւրոպացի արուեստաբաններու ծանրակշիռ կարծիքներ, իսկ սոյն յօդուածին հեղինակը Ա. Պառաւեանն է, որ Պերլինի մէջ 1912 թուականին այցելած է Մախոխեան նկարիչին եւ իր տպաւորութիւնն ու զրոյցին մանրամասնութիւնները շարադրած է «Վարդան Մախոխեան» խորագրով յօդուածին մէջ: Յօդուածը, մեծածաւալ ըլլալու պատճառով, կը թուայնացնենք հատուածաբար։
*
Յունուարի անձրեւոտ ու աղտոտ օր մըն է, երբ առաջին այցելութիւնս կու տամ իրեն: Հայ արուեստագէտը սիրով կ՚ընդունի զիս եւ ես դիւրաւ կը նշմարեմ թէ՛ հայու մը ներկայութիւնը խօսակցելու եւ թէ կարծիք փոխանակելու մասնաւոր տրամադրութիւն մը կը ներշնչէ իրեն:
Մախոխեան, մօտաւորապէս քսան տարիներէ ի վեր եւրոպական մթնոլորտի մէջ ապրած, ամենակիրթ եւրոպացիի մը տիպար կը ներկայացնէ։ Այսուհանդերձ՝ իր ծագումին հաւատարիմ մնացած է միշտ։ Ճշմարիտ ազգասէր մը, ինչ որ արդէն իր հայու մը ըրած ուրախերես ընդունելութենէն եւ ինքզինքը արտայայտելու եղանակէն կարելի է նշմարել:
…
Մեր խօսակցութեան մեծ մասը, աւելորդ է ըսել, նկարչութեան շուրջը կը դառնայ: Հայ արուեստագէտը մեծ ոգեւորութիւնով կը խօսի հիմա եւ իր քննող սուր աչքերը հետզհետէ կը խանդավառին, երբ իր արուեստին նուրբ ու ծածուկ կէտերը կը ջանայ բացատրել ինծի:
…
Մախոխեան, նշանաւոր նկարիչներէն մէկ քանիին մասին իր անձնական կարծիքը յայտնելէ վերջ, մեծ հիացումով կը վերլուծէ Այվազովսքիի տաղանդը.
«Այվազովսքին, որուն հետ ծանօթանալու մեծ բարեբախտութիւնը ունեցայ ասկէ տարիներ առաջ Կովկաս գտնուած ատենս, պէտք է խոստովանինք ամէնքս ալ, թէ իրօք շատ մեծ նկարիչ մըն էր: Աննման կերպով ըմբռնած էր գոյներու համերաշխութիւնը եւ անոնց թողած հոգեպարար տպաւորութիւնը դիտողին վրայ:
«Մեր այս աշխարհահռչակ ծովանկարիչը, սակայն, հակառակ իր չափէն աւելի գեղեցիկ վրձինի արտադրութիւններուն, իր մեծ անունին արատ բերող հիմնական քանի մը սխալներ գործեց:
«Իր նկարներէն մէկ քանիին մէջ, օրինակի համար, կը տեսնենք հորիզոնի սխալ ըմբռնում:
«Ալեկոծ ծովուն վրայ շեղակի կանգնող նաւի մը մէջի կողմը կը ցուցնէ մեզի, մինչդեռ մենք՝ մեր աչքի հորիզոնովը չենք տեսներ անոր մէջը եւ ընդհակառակն՝ հոն, ուր պէտք է տեսնենք, չի ցուցներ մեզի»:
Պահ մը վերջ իր ընդարձակ եւ ճոխ աշխատանոցին մէջ կանգնած ենք երկուքս: Քառասունէ աւելի մեծադիր ծովանկարներ, ձմրան եւ գարնան գեղջկական տեսարաններ, մէկէ աւելի սիրուն դաշտանկարներ, ամբողջ պատերը վերէն վար գրաւած՝ կը շրջապատեն մեզ:
Բնութեան բովանդակ հմայքը, անոր իւրաքանչիւր հրաշալիքը այնքան արտայայտիչ, հաւատարիմ եւ զօրաւոր կերպով արտատպուած են Մախոխեանի բոլոր գործերուն մէջ, որոնց առջեւ դիտողը, կամայ ակամայ կը մոռնայ անշունչ նկարի մը ցնցող տպաւորութեան տակ գտնուիլը եւ կը փոխադրուի հոն՝ ուր միայն կենդանի բնութիւնը կը խօսի:
Այս հանգամանքը ամենէն աւելի իր ծովանկարներուն մէջ կը շեշտուի: Խաղաղ եւ փոթորկալից ծովու մէկէ աւելի նշանաւոր գլուխ գործոցները, որոնք Մախոխեանի տաղանդը ամբողջ Եւրոպայի մէջ արձագանգեցին քանի մը տարուայ միջոցին, առանց տարակոյսի, այսօր, է՛ն յաջող եւ է՛ն առաջնակարգ ծովանկարիչներուն մէջ կը դասուին:
…
Գալով իր բազմաթիւ դաշտանկարներուն, ասոնք ալ արուեստի վերջին ծայր նուրբ եւ սիրուն արտադրութիւններ, Մախոխեանի զարգացած տաղանդին մէկ կարեւոր մասը կ՚արտացոլացնեն, իրենց համար որոշ եւ յատուկ տեղ մը գրաւելով:
Եւ իրօք, որքան զարմանալի, նոյնքան ալ մասնաւոր հաճոյք մըն է դիտող եւ զննող աչքին համար տեսնել, թէ բնութիւնը իր է՛ն ահռելի եւ դժոխային վիճակին մէջ մեզի ցուցադրող նկարիչը ո՜րքան փոխուած է հոս վերստին, եւ իր վրձինը, առանց կիրքի, առանց խռովքի, ո՜րքան անուշ, հանդարտ ու անխռով սահած է այս անգամ սա նկարին վրայ:
…
Մախոխեանի այս գեղջական, նրբարուեստ նկարները, զարմանալի է, որ ի՛մ վրաս տեսակ մը տպաւորութիւն թողած են, իր գլուխ գործոցներուն առթած տպաւորութենէն բոլորովին տարբեր: Եւ ամէն անգամ, հազիւ անոնց առջեւ քիչ մը երկար կանգ առած, կրցած եմ ինքզինքս համոզել եւ միեւնոյն ատեն հաւատալ, թէ այդ տեսարանը իր ամբողջութեանը մէջ, հնօրեայ, լայնատարած կաղնին, շուրջը հանգչող հիւղակները, ձիւնապատ ճամբուն եզերքը կանգնող սայլը, տեսած եմ արդէն իրականին մէջ, այո՛, նոյնիսկ մէկէ աւելի անգամներ, բայց ու՞ր, չեմ յիշեր: Եւ ինք, իմ այս յայտարարութեանս վրայ, ծիծաղով մը կ՚աւելցնէ, թէ այդ միեւնոյն դաշտանկարը, որուն ամբողջութիւնը բնութեան մէջ տեսած ըլլալ կը կարծեմ, իմ երեւակայութեան արդիւնքը եղած է միայն:
…
Այսօր իր բազմաթիւ հիացողներուն մէջ կը գտնուի նաեւ Վիլհելմ Բ. գեղարուեստասէր կայսրը, որ Մախոխեանի մէկէ աւելի ծովանկարները տեսնելու առիթը ունեցած է եւ վերջերս, պալատական պարահանդէսի մը առթիւ, նկարչին գործերուն մասին մեծ գովասանքով խօսած քաղաքիս օսմանեան դեսպան Օսման Նիզամի փաշայի եւ իր տիկնոջ, իր անձնական գնահատումն ու տպաւորութիւնները յայտնելէ վերջ, դեսպան ամոլին միջոցաւ ուղղակի շնորհաւորելով զինքը:
Չմոռնանք աւելցնել սակայն, թէ մեր այս տաղանդաւոր նկարիչը իր զօրաւոր, չխրտչող նկարագրին եւ յամառ աշխատութեան շնորհիւն է, որ այսքան փայլուն եւ նախանձելի ասպարէզի մը տիրացած է այսօր, որովհետեւ Մախոխեան ալ, իբր օտար արուեստագէտ մը, բազմաթիւ դժուարութիւններու հանդիպած է այս երկրին մէջ, ուր նկարիչներու թիւը այնքան մեծ է եւ օրէ օր կ՚աւելնայ:
«Մինչեւ այսօր եւ ոչ մէկ գործէս գոհ մնացած եմ։ Եւ սակայն, վստահ եմ, պիտի գայ վերջապէս այն օրը, երբ իտէալ գլուխ գործոց մը պիտի կարենամ ստեղծել եւ այսպէսով հասած ըլլալ նպատակիս, որուն յառած եմ միշտ աչքերս», այսպէս կը խօսէր ինծի հայ արուեստագէտը վերջին այցելութեանս միջոցին:
Ապագան իրեն կը պատկանի ուրե՛մն, քանի որ ինք այս զօրաւոր եւ բարձր գիտակցութիւնով կը յառաջանայ: Ասկէ զատ, իր գործունէութեան բեղուն շրջանին մէջ կանգնած այսօր, իր կեանքին է՛ն արգասաւոր տարիները դեռ կը սպասեն իրեն. իր վրձինը պէտք եղածէն աւելի իր մէջ ստեղծելու ուժ ունի տակաւին:
…
Վերջացնելէ առաջ, մեզի կը մնայ սրտագին յաջողութիւններ եւ շատ աւելի նախանձելի ու փայլուն ապագայ մը մաղթել մեր ազնիւ արուեստագէտ բարեկամին, յուսալով միեւնոյն ատեն, որ թերեւս քիչ ատենէն պոլսահայերն ալ առիթը ունենան անձամբ ողջունելու օրուան նշանաւոր հայ ծովանկարիչը, -եթէ Մախոխեանի Պոլսոյ մէջ ալ ցուցահանդէս մը սարքելու մտադրութիւնը իրականանայ, - եւ պէտք եղած արժանաւոր ընդունելութիւնը ցոյց տան անոր հանդէպ:
Ա. Յ. ՊԱՌԱՒԵԱՆ
Պերլին, 14 ապրիլ, 1942
Վարդան Մախոխեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Տրապիզոնի մէջ, ուր կրթուած է հայկական եւ եւրոպական ոգիով, որ առկայ էր Տրապիզոն հնագոյն նահանգին մէջ: Մախոխեանները քաղաքին մէջ կրթութեան եւ արուեստի հանդէպ անյագ սիրով յայտնի ընտանիք մըն էին: Նկարիչին հայրը՝ Արիստակէս Մախոխեանը, իր երկու դուստրերը եւ չորս որդիները կրթութեան տուած է եւ իր ունեցած գործին՝ առեւտուրին, ճամբով հոգացած է անոնց ուսման ծախսերը:
Մանուկ տարիքէն Վարդան Մախոխեան սէր ունեցած է նկարչութեան հանդէպ, որ դրսեւորուած է դպրոցական տարիներուն: 1882 թուականին Արիստակէս Մախոխեան իր երկու որդիները՝ Վարդանը եւ անկէ մեծ Քրիստոֆըրը ղրկած է Կարին՝ նորաբաց Սանասարեան վարժարանին մէջ ուսանելու: Վարդան Մախոխեան այն ժամանակ տասներեք տարեկան էր: Սանասարեան վարժարանին մէջ սկսած է նկարել եւ ծանօթանալ գեղարուեստի գաղտնիքներուն: Այս վարժարանին մէջ, իբրեւ արուեստատենչ աշակերտ, Մախոխեան սորված է նաեւ ջութակ նուագել եւ ծանօթացած է երաժշտական տեսութեան հիմունքներուն: Նկարչութեան եւ երաժշտութեան հանդէպ սէրը զինք մղած են դասական արուեստի ճամբաներուն: Այդ տարիներուն դպրոցական միջավայրէն ներս արդէն հաստատ էր, որ Մախոխեան նկարիչ պիտի դառնայ: Անոր գծած ծովային պատկերները մեծ հիացմունքի կ՚արժանանային ուսուցիչներուն կողմէ եւ կը զարմացնէին վարժարանի միւս աշակերտները: 1891 թուականին, երբ քսաներկու տարեկան երիտասարդ էր, կը փոխադրուի Գերմանիա, ուր 1891-1894 թուականներուն կ՚ուսանի Պերլինի Գեղարուեստական ակադեմիոյ մէջ՝ աշակերտելով ժամանակի անուանի նկարիչներու: Մախոխեան, որ արդէն լսած էր իր հռչակաւոր հայրենակիցին՝ Յովհաննէս Այվազովսքիի մասին, կ՚ուղեւորուի Խրիմ, ուր Այվազովսքիի արուեստանոցին մէջ կը ծանօթանայ մեծ նկարիչին ծովը պատկերելու ինքնատիպ ձեռագիրին՝ այդպէսով իրականութիւն դարձնելով իր վաղեմի երազանքը, որ էր՝ հանդիպիլ հայ անուանի ծովանկարիչին: Բայց, յետագային, եւրոպական եւ այլ շրջագայութիւններու ընթացքին, Մախոխեան կրցած է ձերբազատիլ այվազովսքիական արուեստի ազդեցութենէն եւ իր տաղանդին ողջ ուժով ստեղծած է սեփական ոճն ու ձեռագիրը եւ դարձած է նոյնքան հռչակաւոր, ինչպէս՝ Այվազովսքին:
1900 թուականին կրկին մեկնած է Պերլին, ուր 1904 թուականին դարձած է Պերլինի Արուեստագէտներու միութեան անդամ եւ հոս ունեցած է իր առաջին ցուցահանդէսներէն մէկը, ուր ցուցադրած է իր շրջագայութիւններուն հետեւանքով ստեղծած գործերէն մի քանին: 1908-1914 թուականներուն ան կրկին ստեղծագործած է ծննդավայր Տրապիզոնին մէջ, ուր նաեւ ականատես եղած է իր ժողովուրդի համար ծանր օրերու: Առաջին աշխարհամարտէն ետք Մախոխեան վերջնականապէս հաստատուած է Նիս: Իր վերջնական հանգրուանէն առաջ, հայ ծովանկարիչը, ճամբորդած է բազմաթիւ երկիրներ: Եգիպտոս այցելելով՝ ան Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի մէջ գծած է մօտաւորապէս հարիւրյիսուն նկար: Ապա կանգ առած է Դանիոյ մէջ, այցելած է Իտալիա, ուր Քափրի կղզիին մէջ գծած է ուրիշ նշանաւոր կտաւներ: Եղած է նաեւ Ֆրանսա, Պելժիա, Անգլիա, Կովկաս եւ բազմաթիւ այլ երկիրներու, քաղաքներու մէջ, ուր գտած է իր արուեստին համար հարուստ նիւթ:
1925 թուականին Լատինական Ամերիկայի երկիրներու միջազգային ցուցահանդէսին մէջ Վարդան Մախոխեան ստացած է ոսկէ մետայլ: Նոյն տարուան ընթացքին, Փարիզի մէջ, կազմակերպած է ճոխ ցուցահանդէս մը, ուր ցուցադրուած են Մախոխեանի այն նկարները, որոնք զանազան թանգարաններու սեփականութիւնը կը հանդիսանային: Փարիզեան թերթերը հիացմունքով գրած են այդ ցուցահանդէսին մասին: Ֆրանսան թերեւս այն երկիրը դարձած էր, ուր Տրապիզոնի մէջ ծնած հայ նկարիչը ամենէն շատ ցուցադրուած էր:
1937 թուականին, Նիսի մէջ, իր մահկանացուն կնքած է տաղանդաւոր հայ ծովանկարիչը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ