ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԳՐԱՏՆԱԿ

Գիրքի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը առաւել զարգացնելու նպատակով Երեւանի մէջ կը բացուին գրատնակներ։

Այսպէս, Երեւանի Իսահակեան եւ Տէրեան փողոցներու խաչմերուկէն ներս գտնուող նորաբաց գիրք-տնակը կը խթանէ ընթերցանութեան զարգացումը:

Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ վերջերս Երեւանի մէջ բացուեցաւ բանաստեղծ, արձակագիր Աւետիք Իսահակեանի անունը կրող գիրք-տնակը:

«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ, այս առթիւ արտայայտուեցաւ Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան։ «Ծրագիրը իրականացուած է մասնաւոր ներդրմամբ: Տարուան ընթացքին նախատեսած ենք տասը գրատնակ տեղադրել Երեւանի տարբեր փողոցներու մէջ: Ընդգծեմ, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրի արժէքը 6 միլիոն դրամ է։ Ընդհանուր առմամբ 60 միլիոն դրամ անհրաժեշտ է ծրագիրը ամբողջութեամբ կեանքի կոչելու համար», ըսաւ նախարարը։ Արմէն Ամիրեան աւելցուց նաեւ, որ ծրագրի նպատակը ընթերցողը գրականութեան աւելի մօտեցնելն է ու յոյս յայտնեց, որ գրատնակներ հետագային կը տեղադրուին նաեւ Հայաստանի մարզերուն մէջ։

Գրատնակներու լաւ աշխատանքի համար նախարարութեան աջակցութեամբ բազմաթիւ ծանուցումներ կ՚իրականացուին:

Գիրք-տնակի իւրայատուկ ձեւաւորող հեղինակ Արման Դաւիթեանի (Նուռ) խօսքով՝ գիրքի ձեւով գրատնակ ստեղծելու գաղափարը ինքնաբուխ էր: «Գիրքի նկատմամբ յատուկ վերաբերմունք ունիմ։ Այդ կը վկայէ «Խնկօ Ապոր» անուան մանկական գրադարանի առջեւ տեղադրուած արձանը: Սա «Ընթերցողի արձան»ի շարունակութիւնն է: Այդ արձանը ունի մասնաւոր բաժին մը, որուն մարդիկ կը կցեն իրենց տարբեր գրառումները: Ես տակաւին կը հաւաքեմ զանոնք ու ըսեմ, որ հետաքրքրական մտքերը շատ են: Անոնք հետագային գրքոյկի ձեւով կը վաճառուին այս գրատնակներու մէջ», ըսաւ Արման Դաւիթեան։

Իր կարգին հանդէս եկաւ նաեւ Աւետիք Իսահակեանի թոռը՝ գրականագէտ Աւետիք Իսահակեան։ «Սըր-տանց կ՚ողջունեմ Արմէն Ամիրեանի այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը։ Եթէ քաղաքը գիրքերով ու գրախանութներով հարուստ ըլլայ, աւելի շատ կ՚ըլլան կրթը-ւած, զարգացած երիտասարդները», շեշտեց ան:

Նախարար Արմէն Ամիրեանի եւ Արման Դաւիթեանի (Նուռ) մտայղացմամբ, Little Story ընկերութեան 60 միլիոն դրամի ներդրումով, Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ նման ինն կրպակներ եւս կը տեղադրուին մայրաքաղաքի՝ դասական յայտնի գրողներու անունները կրող փողոցներու մէջ։ Իւրաքանչիւր գիրք-տնակ կը կոչուի այն գրողի անունով, զոր կը կրէ տուեալ փողոցը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2017