ՄԱՐԳԱՐԻՏ ՊԱՊԱՅԵԱՆ ԵՒ ՔՈՅՐԵՐԸ

Յիսուն տարի առաջ Փարիզի մէջ մահացաւ հայ երաժշտագիտական ասպարէզին նուիրեալ կիներէն մին՝ դաշնակահարուհի, երգչուհի, մանկավարժ եւ երաժշտութեան տեսաբան, Կոմիտասի ժառանգութեան պահպանման մեծ նուիրեալ Մարգարիտ Պապայեան: Ան ծնած է մտաւորականներու ընտանիքի մը մէջ եւ իր երկու քոյրերուն հետ ամբողջ կեանքը նուիրած է արուեստին:

Մարգարիտ Պապայեանին մէկ քոյրը՝ Շուշանիկ Պապայեան, դարձեալ դաշնակահարուհի եղած է, իսկ միւս քոյրը՝ Արմինիա Պապայեան, նկարչուհի էր: Պապայեան քոյրերուն ծնողքը նոյնպէս հայ իրականութեան մէջ դեր ունեցած գործիչներ էին: Անոնց հայրը՝ Աւետիք Պապայեան, Ռուսական կայսրութեան մէջ համարում ունեցած եւ ճանչցուած բժիշկ-առողջաբան էր, զբաղած էր գիտական գործունէութեամբ եւ զանազան վայրերու մէջ աշխատելէ ետք 1904 թուականին ընտանիքին հետ վերջնականապէս փոխադրուած էր Փարիզ: Անոր կինը՝ Սոֆիա Պապայեան, հասարակական գործիչ եւ մանկավարժ էր, Թիֆլիզի Հայ բարեգործական ընկերութեան նախագահը: Ան էր, որ Թիֆլիզի մէջ առաջին ժողովրդային մանկապարտէզը բացած էր 1882 թուականին, իսկ մինչ այդ ուսանած էր Գերմանիոյ Կէօթէ քաղաքի Մանկապարտիզպանուհիներու եւ ուսուցչուհիներու վարժարանին մէջ: Նոյն այդ տարիներուն, երբ Սոֆիա Պապայեան Գերմանիա կը գտնուէր ուսանելու նպատակով, հոն իր աւագ դուստրը՝ Մարգարիտ Պապայեան ծնած է 1874 թուականին: Ուրեմն, իր ողջ կեանքը Թիֆլիզի եւ Փարիզի մէջ անցուցած հայ նշանաւոր դաշնակահարուհի Մարգարիտ Պապայեանին ծննդավայրը Գերմանիոյ Կէօթէ քաղաքը կը նշուի, իր մօրը՝ հոն ուսանելու գտնուած ըլլալուն պատճառաւ, սակայն Մարգարիտ Պապայեան իր ամբողջ մանկութիւնը, պատանեկութիւնը անցուցած է Թիֆլիզ, ուր 1901-1904 թուականներուն ուսանած է տեղւոյն երաժշտական ուսումնարանին մէջ, դաշնամուրի դասեր առած է այդ տարիներուն Թիֆլիզի երաժշտական կեանքին մէջ ծանօթ դաշնակահարներէ, այնուհետեւ համերգներ տուած է Անդրկովկասի քաղաքներուն մէջ: Մարգարիտ Պապայեան նաեւ աշխատակցած է մամուլին, երաժշտագիտական յօդուածներ տպագրած է, (մասնաւորապէս ծանօթ են 1895-1896 թուականներուն «Արձագանգ» լրագրին մէջ տպագրուած անոր յօդուածները):

Պապայեան առանձին գրքոյկով հրատարակած է Վ. Վիլտերի «Լիւտվիկ վան Պեթհովըն» աշխատութեան հայերէն վերապատումը (1896թ.): Դաշնակահարուհին Թիֆլիզի մէջ նաեւ մանկավարժական աշխատանք տարած է, մեներգութիւն դասաւանդած է Թիֆլիզի երաժշտական ուսումնարանին մէջ, բայց մինչ այդ, Փարիզ մեկնած եւ իր ձայնը մշակած է հոն:

Մարգարիտ Պապայեանի կենսագրութեան մէջ յատկանշական դրուագ մը կայ. երբ դաշնակահարուհի-երգչուհին, ծանօթանալով Կոմիտասին, անոր մեծ բարեկամը դարձած է: Յայտնի են Կոմիտասի եւ Մարգարիտ Պապայեանի նամակները, նաեւ Մարգարիտ   Պապայեանի յուշագրութիւնը Կոմիտասի մասին: Երբ Պապայեաններուն ընտանիքը 1904 թուականին փոխադրուած է Փարիզ, հոն 1906 եւ 1914 թուականներուն Մարգարիտ Պապայեան մասնակցած է Կոմիտասի համերգներուն: Մինչ այդ ան արդէն դարձած է Կոմիտասի ամենէն մերձաւոր բարեկամը, զայն քաջալերող խորհրդատուն ու քննադատը, յետագային՝ գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Կոմիտասեան խնամատար յանձնախումբի աշխատանքներուն: Ան եղած է Կոմիտասեան յանձնախումբի Փարիզի փոխ-նախագահը, իսկ Արշակ Չօպանեանի մահէն ետք՝ նախագահը: Մարգարիտ Պապայեան կորուստէ փրկած եւ Հայաստան ղրկած է Կոմիտասի ձեռագիրները:

Իբրեւ երաժշտութեան քննադատ, տեսաբան, Փարիզի մէջ նոյնպէս աշխատակցած է մամուլին, հոն հիմնած է ձայնամարզութեան դպրոց մը, աշակերտներ ունեցած է, համերգներ տուած է Եւրոպայի տարածքին, իր գործունէութեամբ նպաստած է հայ երաժշտութեան համաշխարհային ճանաչումին: Համերգ-դասախօսութիւններու կարգին Պապայեան ունեցած է նաեւ Կոմիտասի եւ Արշակ Չօպանեանի հետ համերգ-դասախօսութիւններ: Անոր երգացանկը ընդգրկուն եղած է՝ հնագոյն ժամանակներու երաժիշտներէն մինչեւ 19-րդ դարու եւրոպական, ռուսական, հայ դասականներու, ժամանակակից երգահաններու գործեր: Մասնագէտները Մարգարիտ Պապայեանի մեցցօ-սոփրանօ ձայնը բնորոշած են իբրեւ հարուստ ու ճկուն ձայն, իսկ կատարումները՝ նուրբ եւ գեղարուեստօրէն պարզ:

1951 թուականին Պապայեան արժանացած է համաֆրանսական մրցոյթի մրցանակին: Եղած է Քոլոնյը-Լամուրիօ համերգային ընկերութեան մենակատար, Ֆրանսական երգի վարպետներու միութեան եւ Երաժշտագէտներու ընկերութեան անդամ, ֆրանսական ձայնասփիւռի պաշտօնական մեկնաբան. աշխատակցած է «Լարուս» համայնագիտարանին:

Մարգարիտ Պապայեանի երաժիշտ քոյրը՝ Շուշանիկ Պապայեան, հակառակ որ իր նշանաւոր քրոջ պէս աշխոյժ երաժշտական գործունէութիւն չէ ունեցած, սակայն նոյնպէս այդ տարիներուն կը գործէր Փարիզի մէջ, իբրեւ մանկավարժ եւ դաշնակահար, որ օտարներուն կը ներկայացնէր հայ երգահաններու դաշնամուրային գործերը:

Շուշանիկ Պապայեան եղած է ֆրանսացի երաժշտագէտ Լուի Լալուայի կինը։ Իսկ Արմինիա Պապայեան ամուսնացած էր ֆրանսացի բժիշկ Շարլ Քարփոնէլի հետ: Երեք քոյրերն ալ՝ Մարգարիտ, Շուշանիկ եւ Արմինիա, ինչպէս նաեւ անոնց ծնողքը, մահացած են Փարիզ: Արմինիա Պապայեանի նկարչական գործերէն այսօր կը գտնուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ, ան 1926, 1928, 1929 եւ 1931 թուականներուն Փարիզի մէջ ունեցած է անհատական ցուցահանդէսներ, որոնց անդրադարձած է մամուլը, մասնաւորապէս՝ Արշակ Չօպանեանի հիմնած «Անահիտ» ամսագիրը: Բացի կարգ մը անուանի մարդոց դիմանկարներէն, հեղինակած է նաեւ Արշակ Չօպանեանի եւ իր մօր՝ Սոֆի Պապայեանի դիմանկարները: Այս երկու նկարները նոյնպէս կը պահուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ: Արմինիա Պապայեան-Քարփոնէլ կը նկատուի ֆրանսահայ կերպարուեստի վառ դէմքերէն մին, անոր մասին յօդուածներ գրուած են. հայագէտ եւ արուեստի քննադատ Արշակ Չօպանեան զայն բնութագրած է իբրեւ Փարիզի ամենէն նուրբ եւ ազնուական արուեստագիտուհիներէն մին:

Ունենալով երեք դուստր՝ բժիշկ, առողջաբան, գիտական, գիրքերու հեղինակ Աւետիք Պապայեան իր ամբողջ կարողութիւնն ու ուժը ներդրած է դուստրերը հովանաւորելու գործին: Ան քաջալերած, զօրավիգ կանգնած է իր տաղանդաւոր աղջիկներուն, իսկ կինը՝ մտաւոր, բարոյական, հզօր դաստիարակութիւն տուած է դուստրերուն: Սոֆիա Պապայեանը իր ժամանակակիցները բնորոշած են իբրեւ «Հատընտիր հայուհի», որուն տունը ժամանակի մտաւորականութեան հաւաքատեղին եղած է: Թիֆլիզեան անոնց տան մէջ կը հաւաքուէին գործիչներ Պոլիսէն, Ռուսաստանէն, Էջմիածինէն, այլ վայրերէ, եւ այդ աւանդոյթը շարունակուած է նաեւ Փարիզի անոնց տան երդիքին տակ, ուր Կոմիտասի, Չօպանեանի, Շիրվանզանտէի եւ այլ հայերու կողքին, նաեւ ֆրանսացի գրողներ, նկարիչներ, երաժիշտներ եւ մտաւորականներ կը հաւաքուէին:

 

Այսօր Մարգարիտ Պապայեանի արխիւը կը պահպանուի Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ: Այդ թուղթերուն մէջ արժէքաւոր տեղեկութիւններ կան ոչ միայն Կոմիտասի, Արշակ Չօպանեանի հետ անոր մտերմութեան, այլ՝ յուշեր Արմենակ Շահմուրատեանին եւ ժամանակի այլ գործիչներու մասին:

Եթէ Կոմիտասի կեանքը բազում տեսանկիւններէ ուսումնասիրուած է, ապա նոյնը չենք կրնար ըսել Պապայեան ընտանիքին նշանաւոր անդամներուն գործունէութեան ուսումնասիրութեան մասին. թերեւս անոնց մէջ ամենէն ուսումնասիրուածը Մարգարիտ Պապայեանի կեանքն է: Այդ ալ, հաւանաբար, Կոմիտասին հետ առընչութիւն ունեցած ըլլալուն պատճառաւ:

Երկու տարի առաջ, Երեւանի մէջ հայերէնի թարգմանուեցաւ Գանատա բնակող հոգեբոյժ Ռիթա Սուլահեան-Գույումճեանի «Խելագարութեան ակունքներուն մէջ» գիրքը՝ նուիրուած Կոմիտասին, անոր հոգեվերլուծութեան: Այդ գիրքին մէջ հեղինակը Կոմիտասը բնորոշած է իբրեւ աշխոյժ, կեանքով լեցուն մարդ, որ հակառակ իր վարդապետ ըլլալուն, անկեղծ սէր կը տածէր Մարգարիտ Պապայեանի հանդէպ: Ի դէպ, Մարգարիտ Պապայեան երբեք չէ ամուսնացած: Ռիթա Սուլահեան Գույումճեան իր գիրքին մէջ կը վերլուծէ, որ Կոմիտասը նոյնպէս կրնար սիրոյ ջերմ զգացումներ ունենալ, ինչպէս այդ մէկը բնորոշ է ամէն մարդու, եւ այդ կը վկայեն իր նամակներու տողատակերը, սերտ մտերմութիւնը՝ Պապայեանին հետ:

Իսկ ընդամէնը երեք տարի առաջ Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկը բացառիկ նուիրատուութիւն մը ստացաւ Փարիզէն, որուն մէջ էին նաեւ Մարգարիտ Պապայեանին վերաբերող, մինչ այդ անյայտ, փաստաթուղթեր: Այդ փաստաթուղթերուն մէջ էր նաեւ այն նամակը, որ Վիլժուիֆի հոգեբոյժ Տքթ. Լվոֆ յղած է Կոմիտասի խնամատար յանձնախումբի անդամ, երգչուհի, դաշնակահարուհի Մարգարիտ Պապայեանին: Այդ նամակէն պարզ կը դառնայ, որ Մարգարիտ Պապայեան հանդիպած է բժիշկ Լվոֆին, որուն հետ մտերիմ եղած է եւ միջնորդութիւն խնդրած, որպէսզի Կոմիտասը ընդունուի Վիլժուիֆի հանրային հոգեբուժարանը: Այդ ժամանակ Կոմիտասի առողջութիւնը արդէն վատթարացած էր, ան կը գտնուէր «Վիլլ Էվրարի յատուկ տուն» հաստատութեան մէջ, սակայն Ֆրանսայի կառավարութիւնը որոշած էր զինք տեղափոխել հանրային գաւառական հոգեբուժարան մը՝ Փարիզէն եւ հայութենէն հեռու: Եւ քանի որ դժուար էր դէմ դնել այդ կառավարական որոշումին, ապա, Մարգարիտ Պապայեան, գործածելով իր կապերը, այնպէս կ՚ընէ, որ այդ հանրային հոգեբուժարանը ըլլայ իր ծանօթ բժշկին ղեկավարած Վիլժուիֆի հանրային հոգեբուժարանը, որ քիչ թէ շատ բարւոք պայմաններ ունէր: Նամակէն պարզ կը դառնայ, որ այդ կապը կ՚աշխատի եւ, ինչպէս ծանօթ է, Կոմիտաս կը տեղափոխուի հոն:

Նորայայտ այդ փաստաթուղթերուն մէջ կան նաեւ Մարգարիտ Պապայեանին ուղղուած հոգեբուժարանի բժշկին նամակները, որոնք լոյս կը սփռեն Կոմիտասի ունեցած հիւանդութեան վրայ:

Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին այդ փաստաթուղթերը, որոնցմէ միայն 13-ը շատ կարեւոր նամակներ են, նուիրած են պոլսահայ Աստուածատուր Հարենցի ժառանգները: Իսկ Աստուածատուր Հարենց, ինչպէս յայտնի է, Կոմիտասին մտերիմներէն եղած է, ինչպէս Պոլսոյ, այնպէս ալ Փարիզի մէջ, ուր ան Կոմիտասեան խնամատար յանձնախումբին գանձապահը եղած է եւ շատ փաստաթուղթեր ձեռք ձգած է հոնկէ:

ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐԷՆ՝ ՄԱՐԳԱՐԻՏ ՊԱՊԱՅԵԱՆԻՆ

Սիրելի՛ Օրիորդ Մարգարիտ,

Ձեր նամակն զիս շատ մխիթարեց, բայց եւ այնպէս, մարդիկ կը հաւատան աւելի վատ լուրերուն, քան՝ լաւերուն. եւ անուանարկուածը երկար ջանք պէտք է գործ դնէ, որպէսզի կարողանայ անպիտաններու միտքն ալ մաքրել: Բայց կ՚ըսէք, ի՞նչ փոյթ, թող չարն իր չարութեան մէջ խեղդուի: Իրաւ է, ես ալ կը կրկնեմ ժողովուրդի հետ այն վեհ միտքը, թէ՝ «գէշ մարդու օր արեւը սեւ հողի տակով արէք». միեւնոյն ժամանակ աջ ու ձախ կը նային, կը տեսնեմ, որ մարդիկ առաւել վատահոգի են քան բարեհոգի. չկան, եթէ կան, չեն երեւիր, այնպիսիները, որոնք չարերու վրայ արհամարհանք տածեն, ընդհակառակը, մարդկային թոյլ եւ շատ տկար կողմերէն մէկն ալ այն է, որ լսածին հաւատալ կ՚ուզեն առանց ճշմարտութեան կշիռ ունենալու, այո՜, շատ հեշտ է դատելը՝ մանաւանդ ուրիշը, բայց դատուիլ ո՞վ կը ցանկայ. մարդասպանը նոյնիսկ դատէն կը խուսափի, ո՛ւր մնաց անմեղն ու անպարտը:


Կար ու չը կար,
Մի մո­ծակ կար:
Բզզաց,
Դզզաց
Ե­կաւ,
Նըս­տաւ
Ճակ­տիս վե­րան,
Բա­ցաւ բե­րան,
Հա­նեց իր փուշ,
Ու ե­կաւ կուչ,
Ձայ­նը կըտ­րեց,
Ին­ծի խա­բեց
Կը­ծեց, ծա­կեց,
Թոյ­նը թա­փեց,
Նը­շան դը­րաւ
Ե­լաւ, թը­ռաւ:
«Մո­ծա՜կ ան­կոչ,
Եր­կա­րա­պոչ,
Դու բուն չու­նի՞ս,
Դու քուն չու­նի՜՞ս,
Իմ ճա­կա­տիս
Դու ի՞նչ ու­նի­ս»:
-«Այդ պարտ­քըս է,
Բայց ինձ լը­սէ:
Սա­զով,
Նա­զով,
Ձայն եմ տա­լիս,
Այն­պէս գա­լիս:
Զգու­շա­ցիր դու
Դու մը­լա­կից,
Որ կը­ծում է
Կա­շու տա­կի­ց»:

8 դեկ­տեմ­բեր 1906,
Փա­րի­զ

Ես ալ, թէեւ ներսս բոլորովին մաքուր ու ջինջ է, ինչպէս պայծառ ու յստակ վտակ, բայց չար մարդիկ քար կը ձգեն ու կը պղտորեն: Անշուշտ, կ՚անցնի պղտորումը, էլի վճիտ կ՚ըլլայ, բայց եւ այնպէս պղտորելէ յետոյ: Գէթ այնպիսի չար բան մը ըրած ըլլայի, որ անպատ-ւաբեր ըլլար իմ կոչման, սիրտս չէր ցաւեր, կ՚ըսէի՝ «Հնձի՜ր ցանածդ», բայց չարի բերանը չոփ է լեցուցած:

Էլի մոռցած եմ բոլոր բաները, իմ ազնիւ, հաւատարիմ նուագարանս, որ հասարակ սնդուկ է, մետաղի թելով, նա՜ անգամ զիս կը հասկնայ եւ ես իմ սիրտը կը բանամ անոր առջեւ, ան ինծի կը կարեկցի, որպէս ես կը ցանկայի, ան զիս կը հասկնայ, որպէս ես զիս, ան զիս կը մխիթարէ իմ սրտէն բղխած հեծկլտանքներու արձագանգը ինծի անդրադարձնելով, եւ ես էլի կը մխիթարեմ ինքզինքս եւ կ՚ըսեմ, որ կայ բնութեան մէջ ազնիւ բան մը՝ գեղարուեստ, որուն ամէնքը մատչելի չեն, եւ այնտեղ կը գտնեմ իմ անդորրութիւնը եւ հանգստութիւնը եւ կը զգամ, որ վայրկեան մը հեռու եմ սլացած աշխարհի անօրէնութիւններէն:

Ցաւն անցաւ, սպին մնաց: Աստուած իրենց բարին տայ: Վաղը կու գամ եւ տետրակներն ալ հետս կը բերեմ:

Շատ ու շատ բա­րեւ բո­լո­րիդ
Ձեր անձ­նուէր Կո­մի­տաս

 

Որքա՛ն ուրախացայ նամակիդ: Յիրաւի վաղուց բան չեմ գրած քեզի եւ ոչ բարեկամներուս, որոնք թէեւ հեռու, բայց շատ մօտ են ինծի.- ոչ խելք թողած են, ոչ միտք, անհանգիստ բան եղած եմ. հոգիս բերանս է հասած. երեւակայէ, որ շրջապատուած եմ թանձր մառախուղով, կ՚ուզեմ լոյս, պայծառ լոյս տեսնել, հեռանալ վեր, շատ վեր, այրող արեւի հետ ապրիլ, բայց ճանապարհը չեմ գտներ, անիրաւ օդի մէջ խեղդամահ կ՚ըլլամ. մարդ չկայ, որուն բանաս սիրտդ, մարդ չկայ, որմէ մի բան լսես. կը նստիմ առաւօտէն մինչեւ իրիկուն բուբույին պէս իմ սեղանի առաջ, կը գրեմ ու կը գրեմ… Կու գայ հանգստի րոպէ, մարդ կ՚որոնես, որ գրածդ երգես, նուագես եւ կարծիք լսես,- չես գտներ: Դուրս կու գամ եւ վագրի պէս այս ու այն կողմ շուռ կու գամ մեն մինակ իմ պարտիզի մէջ եւ տանիքի վրայ:

Ես կը զարմանամ, թէ ինչո՞ւ մինչեւ այժմ դեռ չեմ խելագարուած այս մթնոլորտի խարդախ վայրերու մէջ: Մէկ կ՚ուզեմ թռչիլ, հեռու միայնակ, մէկ ալ կ՚ուզեմ փակուիմ մինակ ու ճգնիմ, բայց ի՜նչ կ՚ընեմ, որ չեմ ճգնիր… այո, բայց ո՛չ այսպիսի, այլ իմ մուսայիս հետը կ՚ուզեմ միայնակ ապրիլ, որ սիրտս չպղտորուի, միտքս չխարդախուի, հոգիս չխռովի եւ խիղճս չմեռնի… Բայց եւ այնպէս չեմ յուսահատուած. կ՚աշխատիմ, շատ բան գրած եմ, շատ բան ըրած եմ, քեզ ալ չեմ մոռացած եւ քու բաժինն ալ պատրաստած եմ, որ եւ ստացիր այս գրիս հետ միասին, իբր նմոյշ շատէն:

«Շուշիկի շորորը» եւ միւս սիրած կտորները վերջացուցած եմ արդէն, բայց ժամանակ չեմ գտներ արտագրելու, ձեռքս շատ հետաքրքրական գործեր ունիմ, որ չեմ ուզեր ձգել:

ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

ՄԱՐԳԱՐԻՏ ՊԱՊԱՅԵԱՆԻ ՅՈՒՇԵՐԷՆ


«Ամենամեծ յօժարութեամբ շտապեցի արտօնութիւն առնելու Թիֆլիզի նոր կառուցուած շքեղ երաժշտանոցի վարչութենէն եւ նոյն երեկոյեան, քանի մը բարեկամներով շրջապատուած սրտատրոփ կը սպասէինք: Ծառան աղօտ լոյս մը կը վառէ անկիւնի մը վրայ. գրեթէ մութին մէջն ենք եւ ահա բեմ կը բարձրանայ նիհար, սեւազգեստ երիտասարդ մը ու կը նստի դաշնամուրին առջեւ: Խորին տպաւորիչ լռութեան մէջ առաջին անգամ կը լսեմ անոր ձայնը, որ իր կրակոտ հոգւոյն երաժշտավառ ու կարծես արցունքներով շաղախուած լարերէն կ՚երթայ, կ՚երթայ, կը բարձրանայ մինչեւ բարձրերը: Արցունքներս անխնայ կը հոսէին աչքերէս, մինչեւ որ Տիրայր վարդապետ տեսնելով անասելի յուզմունքս, կը կեցնէ ոգեւորուած երաժիշտը. «Բաւական է, բաւական, Կոմիտա՛ս, աղջիկը սպաննեցի՛ր»»:«1902 թուականներուն էր, Թիֆլիզ, երազուն ու չքնաղ գարնան օր մը, Տիրայր վարդապետը, գալով մեր մօտ, կը յայտնէ, որ Կոմիտաս նոր եկած էր Էջմիածինէն եւ կը փափաքի զայն ծանօթացնել մեզի: Կը յայտնէ, թէ վարդապետը ուրախութեամբ պիտի երգէ մեզի համար, միայն կը փափաքի, որ այդ ըլլար մեծ սրահի մը մէջ, ոչ թէ մեծ հասարակութեան առջեւ, այլ քանի մը ընտրեալներու համար:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

 






 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 2, 2018