ԵՐԷԿ ԼԱՒ ԷՐ, ՔԱՆՑ ՎՈՒՐ ԷՍՕՐ
Նոր Հայաստանի կարգախօսը դարձած է՝ երէկ լաւ էր, քանց վուր էսօր: Նոր Հայաստանի հեղինակը, հիմնադիրը՝ Փաշինեան Նիկոլն է: Այս անուն-մականունը գիտակից հատուածին քով համահաւասար է՝ դաւաճան, թշնամիի խամաճիկ, հայոց նեռ, սատանայի ծառայ արտայայտութիւններուն:
Ստուերելով նախկին իշխանութիւններու կատարած աշխատանքը եւ իւրաքանչիւր քայլ սկսելով իր սեփական կէտէն, ան երկիրը հասցուց օրհասական վիճակի: Ամէն ժամ ու վայրկեան Հայաստանի ու Արցախի մէջ իրավիճակը կը վատթարանայ: Արցախը մահամերձ է: Ժողովուրդը հազիւ կը դիմադրէ: Մարդիկ այլեւս եղած են ուժասպառ:
Ինչպիսին է 233 օր պաշարումի մէջ յայտնուած Արցախի վիճակը այսօր.
Ամիսներ շարունակ Արցախի ամբողջ տարածքի մէջ հոսանքը կը տրուի անջատումներով: Օրական առնուազն վեց ժամ մարդիկ լոյս չեն ունենար: Նախաճաշը կը սկսի կէսօրէ վերջ: Նախաճաշ չեն ըներ, մէկ անգամէն կը ճաշեն:
Ամիսներ շարունակ Արցախը զրկուած է բնական կազէն: Այս մէկը արցախահայոց մեծ դժուարութիւններ կը պատճառէ:
Աւելի քան եօթ ամիսէ ի վեր գոց է Արցախի կեանքի միակ ճանապարհը: Այդ ճանապարհը կը կապէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան:
Կաթուածահար եղած է մարդոց տեղաշարժը ու խախտուած՝ մարդու իրաւունքները:
Լիակատար շրջափակումի մէջ Արցախէ ներս սպառած են վառելիքի պաշարները:
Այլեւս չեն գործեր հասարակական փոխադրամիջոցները: Հանրաշարժները վառելիքի բացակայութեան պայմաններուն պարտաւորուած կեցած են կայանները: Ամրան տապին անօթի փորով, կտոր մը հաց հայթայթելու համար մարդիկ ոտքով կը քայլեն քանի մը քիլօմեթր: Ոտքով կ՚երթան աշխատանքի ու կը վերադառնան:
Խանութները դատարկ են, ուտելու ոչինչ կայ:
Ծանրագոյնը Ստեփանակերտի վիճակն է:
Ցամաք հացը նոյնպէս կը սպառի: Վեց հոգինոց ընտանիքի մը կը հասնի ընդամէնը մէկ հաց: Հացի համար կը գոյանան հերթեր: Մարդիկ առտու կանուխ ժամը վեցին հերթի կը կանգնին, որպէսզի կէսօրին կարենան գնել իրենց օրուան հացը: Վառելիքի բացակայութեան պատճառաւ, հացի գործարանները չեն կրնար իրենց հացը հասցնել խանութներ: Մարդիկ ստիպուած, զանազան վայրերէ կը հասնին հացի գործարաններ:
Այլեւս Ստեփանակերտի փողոցներուն մէջ սովորական բնոյթ ստացած են ուշաթափութեան դէպքերը: Փողոցներուն մէջ յաճախ կարելի է հանդիպիլ ուշաթափուող մարդոց: Ամրան տաքն ու թերսնուցումը ամէն քայլափոխի կը յիշեցնէ ինքզինքը: Օրերս ալ երեխայ մը գնաց հաց գնելու, տունդարձի ճանապարհին ուշաթափուեցաւ:
Կայ դեղօրայքի, մանկական արհեստական կաթի, մանկական սնունդի խիստ պակաս: Դեղերու որոշ տեսակները սպառման եզրին են:
Այս բոլորի առընթեր, ամենասարսափելին այն է, որ մանուկները չծնած կը մահանան: Սթրեսի ու թերսնուցումի պատճառաւ բազում յղիներ կը կորսնցնեն իրենց չծնած երեխաները: Օրերս ալ, մինչ կը ժամանէր շտապ օգնութիւն, յղի մը կորսնցուց իր վեց ամսական պտուղը:
Օրէ օր իրավիճակը կը վատթարանայ: Նիւթական դժուարութիւնները ա՛լ աւելի կը կոփէին արցախցիները, ստիպելով աւելի պինդ գրկել հայրենի հողը: Արցախցին յանուն հայրենիքի, պատրաստ է դիմակայելու ամէն դժուարութիւն:
Աւա՜ղ, քանի մը օր առաջ տեղի ունեցաւ նոր սարսափ մը: Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հետ նախապէս գալով պայմանաւորուածութեան, սրտի շտապ վիրահատութեան նպատակով՝ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ուղեկցութեամբ արցախցի Վագիֆ Խաչատրեանը Բերձորի անցակէտէն ատրպէյճանցիները առեւանգեցին անյայտ ուղղութեամբ, վերջինիս առաջադրելով մեղադրանք: Վագիֆ Խաչատրեանը կը մեղադրուի Արցախի առաջին պատերազմի ժամանակ իբրեւ Խոճալուի դէպքերուն մասնակից ըլլալու համար: Պաքուի դատարանը վերջինիս կը սպառնայ քսան տարուան կամ ցմահ ազատազրկումով:
Արցախցիներու անվտանգութիւնը այլեւս ապահովուած չէ: Ո՛չ Կարմիր խաչը, ո՛չ ռուս խաղաղապահները փաստացի կ՚ապահովեն արցախցիներու անվտանգութիւնը: Վիճակը անելանելի է:
Թող Աստուած օրհնէ, պահէ եւ պահպանէ Հայաստան ու Արցախ աշխարհները: Աստուծոյ ողորմածութեամբ ու բարի կամքի շնորհիւ պիտի կարենանք յաղթահարել մեզի բաժին հասած ծանրագոյն փորձութիւնները: Արցախս պիտի ապրի՛:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան