ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՄԵՆԷՆ ԱՂՔԱՏ ՀԻՆԳ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ
Այնպէս կրնայ թուիլ, որ աշխարհի ամենէն հարուստ երկիրներէն մէկուն՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահները եւս, մանաւանդ՝ իրենց պաշտօնավարութենէն ետք, բաւական կոկիկ գումար մը կ՚ունենան: Ներկայ ժամանակներուն հաւանաբար այդպէս է, մանաւանդ երբ նկատի առնէք ամենէն ակներեւ օրինակները՝ անոնց ստացած թոշակները, կենսաթոշակները եւ զանազան առիթներով (դասախօսութիւն, յօդուած, հարցազրոյց) անոնց գանձած գումարները: Պարաք Օպամա 30-45 վայրկեան տեւողութեամբ իւրաքանչիւր դասախօսութեան համար կը ստանայ միջին հաշուով 500 հազար տոլար: Սակայն պատմութեան ընթացքին եղած են Միացեալ Նահանգներու նախագահներ, որոնք նախքան ընտրուիլը եւ պաշտօնավարութեան աւարտէն ետք, աղքատ եղած են, ոմանք նոյնիսկ պարտքեր ունեցած են: Այս օրերուն անշուշտ կարելի չէ պատկերացնել:
*
ՀԵՐԻ ԹՐՈՒՄԱՆ
Թրուման Միացեալ Նահանգներու 33-րդ նախագահն էր, 1945-1953, յաջորդելով Ֆրանքլին Ռուզվելթի, անոր մահէն ետք, երբ արդէն փոխ-նախագահ էր: Ան ամբողջովին գործադրեց Մարշալ ծրագիրը՝ վերակառուցելու համար արեւմտեան Եւրոպայի տնտեսութիւնը, հիմնեց «Թրուման գաղափարաբանութիւն»ը եւ ՆԱԹՕ-ն:
Հերի Թրուման իր կեանքին մեծամասնութիւնը անցուց ելեւմտական, դրամական տագնապներու մէջ: Ան համեստ եկամուտով ընտանիքի մը մէջ մեծցած էր: Տարիներու վատ ներդրումները եւ առեւտրական ձախող գործունէութիւնը (ներառեալ՝ տղամարդոց հագուստի վաճառատունը, հանքի եւ քարիւղի ընկերութիւնը) զինք պարտքերու մէջ թաղեցին, թէեւ ան յաջողեցաւ սնանկութիւն յայտարարելու քայլին երբեք չդիմել: Նախագահի պաշտօնը աւարտելէ ետք Թրուման եւ կինը փոխադրուեցան իր զոքանչին տունը: Թրուման առաջին նախագահներէն մէկն էր, որ կենսաթոշակ ստացաւ՝ տարեկան 25 հազար տոլար, որ զինք որոշ չափով ոտքի պահեց: Հերի Թրուման եւ իր կինը առաջին ստացողներէն եղան առողջապահական խնամքին (մետիքեր), որ այդ օրերուն իբրեւ օրէնք վաւերացուեցաւ:
ԵՈՒԼԻՍԻՍ ԿՐԱՆՏ
Միացեալ Նահանգներու 18-րդ նախագահը՝ Եուլիսիս Կրանտ սնանկ մահացաւ: Ան ամերիկացի զինուոր էր, քաղաքական գործիչ եւ միջազգային տեսաբան, որ 1869-1877 թուականներուն վարեց նախագահի պաշտօնը: Ամերիկայի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն զօրավար Կրանտ, նախագահ Ապրահամ Լինքըլնի հետ յաղթանակի առաջնորդեց Union Army-ն՝ Confederacy-ին դէմ: Կրանտ սնանկ մահացաւ: Ան, այդ օրերու արժէքով, 100 հազար տոլար կորսնցուց իր տղուն առեւտրական գործընկերոջ խաբեբայութեան պատճառով եւ սնանկացաւ: Նոյնիսկ ատկէ առաջ Կրանտ իր շահածէն աւելի ծախսողի համբաւ ունէր: Կնոջը՝ Ճուլիային հետ անոնք զեխ կեանք մը ապրեցան, շքեղ ճամբորդութիւններով եւ ճոխ ընթրիքներով: Միայն մահէն ետք է, որ Կրանտ կրցաւ իր ընտանիքը որոշ չափով նիւթապէս ապահովել, երբ իր «Քաղաքացիական պատերազմի յուշեր» գիրքը, յետմահու հրատարակուեցաւ Մարք Թուէյնի կողմէ՝ շուրջ կէս միլիոն տոլար ապահովելով ընտանիքին:
ՈՒԻԼԻԸՄ ՀԵՐԻՍԸՆ
Զինուորական եւ քաղաքական գործիչ Ուիլիըմ Հերիսըն Միացեալ Նահանգներու իններորդ նախագահն էր, որ 1841-ն պաշտօնավարած է միայն 31 օր եւ մահացած է ժանտատենդէ (թիֆոյիտ)՝ դառնալով Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը, որ կը մահանայ պաշտօնավարութեան ընթացքին: Գէշ բախտը կրնայ անոր դրամական խնդիրներուն պատճառը ըլլալ: Բանակայինի, ապա պետական պաշտօնատարի ասպարէզը անոր առիթ չընձեռեցին հարստութիւն կուտակելու: Հերիսըն կախեալ էր իր ցանած հողէն ստացած համեստ եկամուտէն, եւ երբ վատ եղանակը փճացուց բերքը, երբ ինք Քոլոմպիոյ մէջ դեսպան էր, դրամական շատ դժուար պայմաններ դիմագրաւեց իր վարկատուներէն, նոյնիսկ երբ թեկնածու առաջադրուեցաւ նախագահի պաշտօնին: Երբ մահացաւ, նախագահական երդման արարողութենէն ամիս մը ետք, բառացիօրէն առանց դրամի մնացած էր: Քոնկրէսը անոր այրիին յատկացուց 25 հազար տոլար յատուկ կենսաթոշակ մը, նոյնպէս իրաւունք մը՝ ամբողջ կեանքին ընթացքին նամակները անվճար յղելու:
ԹՈՄԱՍ ՃԵՖՐՍԸՆ
Թոմաս Ճեֆրսըն ամերիկացի տեսաբան, փաստաբան, դիւանագէտ, ճարտարապետ եւ հանրապետութեան հիմնադիրներն էր, որ Միացեալ Նահանգներու իբրեւ նախագահ՝ պաշտօնավարեց 1801-1809 թուականներուն: Ճեֆրսըն իր կեանքին մեծ մասը Միացեալ Նահանգներու ամենէն հարուստ նախագահն էր: Ազդեցիկ ընտանիքի մը զաւակ ըլլալով, երբ չափահաս էր, Վըրճինիայի մէջ ունէր 5 հազար հեկտար տարածութեամբ մշակուած հող, որ կը կոչուէր Մոնթիչելլօ, ուր կը պահէր 200 ստրուկներ եւ տէր էր կանխիկ գումարի մը, որ կը հասնէր 212 միլիոն տոլարի: Սակայն անկախութեան հռչակագիրի հեղինակը եւ Վըրճինիա համալսարանի հիմնադիրը հետագայ տարիներուն նիւթապէս նահանջեց մեծ պարտքերով եւ չյաջողեցաւ իր հողը աճուրդի դնել, որպէսզի պարտատէրերուն վճարէր: Ան ժառանգ չձգեց իր դստեր, որ ստիպուած եղաւ գոյատեւել բարեգործական հաստատութիւններու օգնութիւններով:
ՃԷՅՄՍ ԿԱՐՖԻԼՏ
Ճէյմս Կարֆիլտ՝ 20-րդ նախագահը Միացեալ Նահանգներու, պաշտօնավարած է 4 մարտ 1881-էն մինչեւ իր սպանութիւնը՝ վեցուկէս ամիս ետք: Ան պաշտօնավարող առաջին քոնկրէսականն էր, որ նախագահ ընտրուած է: Ճէյմս Կարֆիլտ Օհայոյի մէջ աղքատ ընտանիքի մը զաւակն էր, որ մեծցած է փայտէ տնակի՝ հիւղակի մը մէջ, չորս քոյր-եղբայրներով: Ան աշխատած է զանազան տարբեր գործեր՝ ատաղձագործութենէ մինչեւ դռնապան, որպէսզի կարենայ ուսանիլ: Հակառակ Օհայոյի համալսարանի իրաւաբանական ճիւղի քննութիւններուն յաջողելուն՝ Կարֆիլտ իր կեանքը նուիրեց հանրային ծառայութեան եւ շատ դրամ չշահեցաւ: 1881-ին, երբ սպաննուեցաւ, դրամ չունէր:
ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԷՆ ԱՂՔԱՏ 10 ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐ
Շատ բան ըսուած եւ գրուած է Ուրուկուայի նախագահ Ժոզէ Մուխիկայի մասին, որ իր աշխատավարձին՝ տարեկան 144 հազար տոլարին 90 առ հարիւրը կը նուիրէ բարեգործութեան: Աշխատավարձերու առումով, Մուխիկայի աշխատավարձը ընդունելի է՝ բաղդատած այլ ղեկավարներու:
ԱՀԱՒԱՍԻԿ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱՄԵՆԷՆ ԱՂՔԱՏ 10 ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ
10.- ՊՈՐՈՒՏ ՊԱՀՈՐ, ՍԼՈՎԵՆԻԱ - 44.280 ՏՈԼԱՐ
Սլովենիոյ Պորուտ Պահորը իր երկրին նախագահի պաշտօնը ստանձնեց դեկտեմբեր 2012 թուականին, այդ օրերուն գործող նախագահ Տանիլօ Թըրքի դէմ մղուած ընտրական պայքարէ մը ետք: Պահոր անդամ է Սոցեալ դեմոկրատական կուսակցութեան եւ քանի մը անգամ անդամ դարձաւ երկրի Ազգային ժողովին: Ան նոյնիսկ Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնը ստանձնեց 2000-2004 թուականներուն: 2004 թուականին ան անդամ դարձաւ Եւրոպական խորհրդարանին: 2008-ին Պահոր Սլովենիոյ վարչապետը եղաւ, երբ իր կուսակցութիւնը յաղթանակ արձանագրեց խորհրդարանական ընտրութեան: Ան պարտադրաբար հրաժարեցաւ պաշտօնէն, երբ տնտեսական տագնապներու պատճառով կորսնցուց վստահութեան քուէն: Հազիւ 10 ամիս ետք ան ընտրուեցաւ երկրի նախագահ, որ Սլովենիոյ պարագային արարողակարգային, խորհրդանշական պաշտօն մըն է:
9.- ՖԵՏԵՐԻՔՕ ՖՐԱՆՔՕ, ՓԱՐԱԿՈՒԱՅ - 40.000 ՏՈԼԱՐ
Ֆետերիքօ Ֆրանքօ Փարակուայի նախագահն էր յունիս 2012-2013: Ան իրականութեան մէջ ասպարէզով բժիշկ էր նախքան Հարազատ արմատական կուսակցութեան անդամ ըլլալը: 2008-ին ան ընտրուեցաւ փոխ-նախագահ՝ իր կուսակցութենէն նախագահի թեկնածու Ֆերնանտօ Լուկոյի, իսկ երբ 2012 թուականին Լուկօ երկրի ծերակոյտին մէջ դատական հետապնդումի հոլովոյթի ենթարկուելէ ետք հրաժարեցաւ, Ֆրանքօ ստանձնեց այդ պաշտօնը:
8.- ԶԻ ՃԻՆՓԻՆԿ, ՉԻՆԱՍՏԱՆ - 39.720 ՏՈԼԱՐ
Զի Ճինփինկ նախագահն է Չինաստանի, աշխարհի ամենէն բազմամարդ երկրին: Ան նոյնպէս ընդհանուր քարտուղարն է Չինաստանի Համայնավար կուսակցութեան եւ ատենապետը Զինուորական կեդրոնական խորհուրդին: Ան նաեւ անդամ է քաղաքական դիւանին: Զի Ճինփինկ նախապէս եղած է կառավարիչը Ֆուճիան եւ Զէյճանկ նահանգներուն՝ նախքան բարձրանալը կեդրոնական ղեկավարութեան, 2007 թուականին, երբ ան անմիջապէս գերագոյն ղեկավարութիւնը ստանձնեց:
7.- ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ԼՈՒՔԱՇԵՆՔՕ, ՍՊԻՏԱԿ ՌՈՒՍԻԱ - 33.873 ՏՈԼԱՐ
Յուլիս 1994 թուականէն ի վեր Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահն է Ալեքսանտր Լուքաշենքօ: Ան կը նկատուի Եւրոպայի վերջին բռնապետը, որ յաջողած է խիստ կառավարական հակակշիռի տակ առնել երկրի կենսական արդիւնաբերութիւնները, ճարտարարուեստը, մերժելով սեփականաշնորհման հոլովոյթը, որ հաստատեցին խորհրդային նախկին հանրապետութիւնները: Խորհրդային կարմիր բանակի նախկին անդամ, Լուքաշենքօ առաջին երեսփոխանն էր, որ քուէարկեց ընդդէմ Սպիտակ Ռուսիոյ անկախութեան՝ Խորհրդային Միութենէն: Ալեքսանտր Լուքաշենքօ քըն-նադատուած է մարդկային իրաւանց ծանր խախտումներուն համար:
6.- ՓՐԱՆԱՊ Կ. ՄՈՒԽԵՐԺԻ, ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ - 32.216 ՏՈԼԱՐ
Մուխերժի Հնդկաստանի 13-րդ նախագահն էր, որ պաշտօնավարեց յուլիս 2012-2017 թուականներուն: Ան աւելի քան 40 տարի կառավարութեան անդամ եղած է: Մուխերժի քաղաքականութիւն առաջին անգամ մտաւ իբրեւ Հնդկաստանի վերին պալատի՝ Ռաժիա Սափայի անդամ եւ ապա դարձաւ ամենէն վստահելի օգնականներէն՝ վարչապետ Ինտիրա Կանտիի: Ան նախարարական զանազան պաշտօններ ըս-տանձնեց, նաեւ՝ խորհրդարանի նախագահութիւնը: Մուխերժի կարճատեւ խզում մը ունեցաւ Քոնկրէս կուսակցութենէն, երբ վարչապետ Ինտիրա Կանտիի սպանութենէն ետք անոր զաւակը՝ Ռաժիւ ստանձնեց այդ պաշտօնը: Աւելի ուշ երկու գործիչները հաշտուեցան: Ապա Մուխերժի երկրի ելեւմուտքի նախարար նշանակուեցաւ՝ նախքան Հնդկաստանի նախագահ ընտրուիլը:
5.- ՄԱՐԻՆ ՌԱՅՔՈՎ ՆԻՔՈԼՈՎ, ՊՈՒԼԿԱՐԻԱ - 26.929 ՏՈԼԱՐ
Նիքոլով Պուլկարիոյ գործող վարչապետն էր մարտ 2013 թուականին: Ան այդ պաշտօնը ստանձնեց, երբ հրաժարեցաւ նախորդ վարչապետ Պոյքօ Պորիսով, որ մեղադրուած էր փտածութեան, դրամի լուացման, կազմակերպուած ոճրագործութեան, լրատու միջոցներու ազատութիւնը սահմանափակելու եւ խտրականութեան յանցանքներուն պատճառով: Ցած կենսամակարդակը եւ ուժանիւթի բարձր գինը յանգեցուցին համաժողովրդական բողոքի ցոյցերու, որոնք զինք պաշտօնէն հեռացուցին: Ապա Ռայքով երկրի նախագահ Ռոսեն Փլեւնելիեւի կողմէ միաժամանակ նշանակուեցաւ անցումային շրջանի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար: Ան Պուլկարիոյ դեսպանը եղած է Ֆրանսայի մօտ:
4.- ՌՈՊԵՐԹ ՄՈՒԿԱՊԻ, ԶԻՄՊԱՊՈՒԷ - 18.000 ՏՈԼԱՐ
Ռոպերթ Մուկապի Զիմպապուէի նախագահն էր դեկտեմբեր 1987-2017 թուականներուն: Ան ժամանակ մը նկատուած է հերոս, հայդուկային խումբերը առաջնորդելուն համար այդ օրերու Ռոտեզիոյ սպիտակամորթ իշխողներուն դէմ: Ան իշխանութեան եկաւ 1980-ին՝ իբրեւ վարչապետ, նախքան նախագահ ըլլալը 1987-ին: Ան բազմաթիւ հարցեր դիմագրաւած է, յատկապէս՝ դրացի Քոնկոյի հետ: Անոր հողի բարեկարգումի ծրագիրը նոյնպէս յատկանշուած է վայրագութիւններով, երբ ան փորձած է վերաբաշխել հողը, որ Մեծն Բրիտանիոյ գաղութատիրութեան ժամանակաշրջանին անարդարօրէն բաշխուած էր:
3.- ՀԱՄԻՏ ՔԱՐԶԱՅ, ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆ - 6.300 ՏՈԼԱՐ
Համիտ Քարզայ Աֆղանիստանի նախագահն էր դեկտեմբեր 2001-2014 թուականներուն: Ան առաջնորդած է Կեդրոնական Ասիոյ այս երկիրը՝ ամերիկեան ուժերու կողմէ թալեպան վարչակարգի տապալումէն ի վեր, 9 սեպտեմբեր 2011-ի ահաբեկչութենէն ետք: Գերմանիոյ մէջ Աֆղանիստանի յատկացուած միջազգային խորհրդաժողովի մը ընթացքին Քարզայ քաղաքական այլ գործիչներու կողմէ նախ ընտրուեցաւ որպէս առաջնորդ ժամանակաւոր կառավարութեան: Ան 2002 թուականին Ազգային մեծ ժողովին կողմէ ընտրուեցաւ ժամանակաւոր նախագահ: 2004-ին Քարզայ պաշտօնապէս ընտրուեցաւ նախագահ: Ան ապա վերընտրուեցաւ 2009-ին:
2.- ՄԱՀՄՈՒՏ ԱՀՄԱՏԻՆԵՃԱՏ, ԻՐԱՆ - 3.000 ՏՈԼԱՐ
Մահմուտ Ահմատինեճատ Իրանի նախագահ էր 2005-2013 թուականներուն: Ասպարէզով ուսուցիչ մը՝ ան գործօն եղաւ 1979-ի Իսլամական յեղափոխութենէն ետք, երբ միացաւ Միասնութիւնը հզօրացնող շարժումին: Նահանգային կառավարիչի կարճատեւ պաշտօնավարութենէ մը ետք ան վերադարձաւ ուսուցչութեան, բայց 2003-ին Թեհրանի քաղաքապետ ընտրուելէ ետք կրկին զինք քաղաքականութեան մէջ կը տեսնենք: 2005-ին թեկնածու առաջադրուեցաւ նախագահական ընտրութեան: Քուէներու 62 առ հարիւրը ստանալով՝ ընտրուեցաւ Իրանի նախագահ: 2009-ին թէեւ վերընտրուեցաւ, սակայն արդիւնքները մեծ վէճեր յառաջացուցին:
1.- ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՍ ՊԱՊ, ՎԱՏԻԿԱՆ - 0 ՏՈԼԱՐ
Ֆրանսիսքոս Պապը Վատիկանի առաջնորդի պաշտօնը ստանձնեց մարտ 2013 թուականին, Պենետիքտոս ԺԶ. Պապի հրաժարելէն ետք: Թէեւ Վատիկան աշխարհի ամենէն փոքր պետութիւնն է, սակայն պապին ազդեցութիւնը շատ աւելի մեծ է, որովհետեւ ան նոյնպէս կը ծառայէ որպէս Հռոմի եպիսկոպոս եւ Հռոմի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ: Ան Արժանթին ծնած է, թէեւ իտալական ծագում ունի: Ան ծանօթ է իր պարզ եւ համեստ կենսակերպով:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան