Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքուիէմ»ը Առաջին Անգամ Ըլլալով Պոսթընի Մէջ
Հայ մշակոյթի բարեկամներու հիմնարկը (Friends of Armenian Culture Society), Պոսթընի Արդի նուագախմբային ծրագրին (Boston Modern Orchestra Project) պիտի ներկայացնէ Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքուիէմ»ը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Հոկտեմբեր 18-ին, կէսօրէն ետք ժամը 3-ին, Նիւ Ինկլընտի երաժշտանոցի («New Enland Conservatory») հանրածանօթ «Ճորտըն Հոլ» սրահին մէջ:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած այս ձեռնարկին նաեւ պիտի մասնակցին Հարվրտ-Ռատքլիֆի երաշտանոցն ու Պոսթընի համալսարանի «Մարշ» երգչախումբը: Խմբավարն է Պոսթընի արդի նուագախմբային ծրագրի մաէսթրօ Ճիլ Ռազ: Պոսթընի արդի նուագախմբային ծրագիրը, յատկապէս արդի երաժշտական գործեր ներկայացնող նուագախումբ մըն է, որ կը գործէ 1996 թուականէն ի վեր:
Սոյն ձեռնարկին պիտի ներկայացուի նաեւ Ալան Յովհաննէսի համեմատաբար աւելի քիչ ունկդրուած գործերէն «Խրիմեան Հայրիկ»ը: 1944 թուականին պատրաստուած է այս գործը յատուկ փողի (թրոմփէթ) եւ նուագախումբի համար է: Յայտագրին մաս կը կազմեն Կոմիտասէն գործեր եւ Տմիթրի Շոսթաքովիչի դաշնակի առաջին «քոնչերթօ»ն՝ մասնակցութեամբ Նարէ Աղամեանի: