ԵՍԱՅԵԱՆ. «ՄԵՐ ԿԻՆԵՐՈՒՆ»

Արեւմտահայ գրականութեան զարգացման ընթացքը 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարուն սկիզբը դրսեւորուած է նաեւ մամուլին մէջ: Այդպիսի մամուլի անուն մըն է «Ծաղիկ»ը, որ համախմբած էր պոլսահայ մտաւորականութեան կարող ուժերը՝ Արշակ Չօպանեան, Տիրան Չրաքեան, Ռուբէն Զարդարեան, Լեւոն Բաշալեան, Զապէլ Եսայեան, Հրանդ Ասատուր, Ռ. Որբերեան, Սիպիլ, Ա. Յարութիւնեան, Թլկատինցի, Ռեթէոս Պէրպէրեան, Թէոդիկ, Հայկանոյշ Մառք եւ ուրիշներ: Գրական-բանասիրական, մանկավարժական, տնտեսական, գիտական եւ քաղաքական պարբերական մը ըլլալով, հրատարակուած է 1886-1908 թուականներուն Պոլիս, փոփոխական պարբերականութեամբ (եռօրեայ, շաբաթաթերթ, կիսամսեայ, նաեւ՝ օրաթերթ)։

«Ծաղիկ»ին զուգահեռ կամ դադարներու շրջանին նոր անուանումով լոյս տեսած են մանուկներու, կիներու, պատանիներու համար պարբերականներ՝ նոր խմբագրական կազմով։

«Ծաղիկ»ը քննարկած է ուսումնակրթական, լեզուաոճական, նախադպրոցական դաստիարակութեան, հայ մամուլի եւ հրապարակագրութեան հարցեր։ Լոյս ընծայած է պատմամշակութային, հին ձեռագրերուն ու գաղթավայրերուն, ժողովրդական կենցաղին ու սովորոյթներուն, կիներու կրթութեան վերաբերեալ յօդուածներ։

Վերջին առումով ուշագրաւ է Զապէլ Եսաեանի ստորագրած շարքը՝ «Ծաղիկ»ին մէջ, «Կանանց բաժինը» խորագրով, 1903-1904 թուականներու միջեւ: Կիներուն ուղղուած իր յօդուածներով Եսայեան ջանացած է վեր հանել ժամանակի մարդը յուզող հարցերը եւ կարեւորութիւն տալ կնոջ դերին այդ հարցերը լուծելու ճանապարհին:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ը «Ծաղիկ»ի էջերէն կը թուայնացնէ Եսայեանի «Մեր կիներուն» յօդուածը, որուն մէջ ներկայացուած հարցերը այսօր կրկին արդիական են:

ՄԵՐ ԿԻՆԵՐՈՒՆ

Երբ ի նկատի առնենք բոլոր աշխարհի մէջ կիներու հետզհետէ կարեւոր գործակցութիւնը գործունէութեան ամէն ճիւղերուն մէջ՝ բնականաբար անմիջապէս մտքերնիս կը սեւեռին մեր կիներուն վրայ եւ ինքնաբերաբար կարեւոր հարցում մը երեւան կու գայ.

-Ի՞նչ կ՚ընեն մեր կիները։

Արդարեւ ի՞նչ կ՚ընենք մենք, երբ մեր քոյրերը ուրիշ երկիրներու մէջ ամէն բան կ՚ընեն իրենց անհատականութիւնը եւ իրենց ուրոյն ջանքերը բերել աւելցնելու համար այրերու գործունէութեան, գիտական, գրական, մարդկային ու բարոյական աշխատութիւններու մէջ, որոնցմով միայն է որ քաղաքակիրթ երկիրներ տակաւ կը յառաջդիմեն։

Կը բաւէ աչքէ անցընել այս մասին որեւէ եւրոպական հրատարակութիւն կամ կազմակերպուած բարեսիրական եւ կրթական գործ մը, անմիջապէս անդրադառնալու համար, թէ ի՛նչ կարեւոր բաժին մը կ՚իյնայ կիներուն. Ֆրանսայի մէջ տիեզերական խաղաղութեան համար առանց մասնաւոր կոչի մը սպասելու կիները միացան եւ ընկերակցութիւն մը կազմակերպեցին իշխանուհի Վիցնիեվսքայի նախագահութեամբ. Տրէյֆիւսի գործին ամենէն տաք օրերուն, կիները իրենց կարծիքը ունեցան եւ զայն յայտնեցին իրենց մասնաւոր օռկանին միջոցաւ եւ այդ հսկայ գործին մէջ, ուր շատ մը կողմնակիցներու եւ հակառակորդներու շահերը վտանգի մէջ էին, անոնց կարծիքը լրջօրէն ի նկատի առնուեցաւ եւ մեծ կշիռ ունեցաւ ինքնին. այս կարեւոր գործերէն զատ օրագրութեան մէջ Սէվըրին, Պռատապանդ, Ժիբ եւ այլն գլուխ կը բռնեն շատ մը այր աշխատակիցներու մէջ եւ ինքզինքնին մտիկ ընել կու տան կամ արիաբար կը պաշտպանեն առաջադրած խնդիրները. հանդէսներու եւ մատենագրութեանց մէջ հետզհետէ կին գրողներ կարեւոր տեղ մը սկսած են գրաւել այնքա՛ն իրենց մասնաւոր յատկութիւններով որքան իրենց թուովը. Անգլիոյ մէջ կին վիպագիրները առաջնութեան կարգը սկսած են ունենալ, օրագրութիւնը եւ գրական ուրիշ ճիւղերն ալ կը վայելեն անոնց աջակցութիւնը։ Իրենցմէ Մէկը Մարի Վոլսթօնէքրաֆ իր նշանաւոր գործին մէջ կը յայտարարէ արդէն. «Կինը աշխարհ չէ եկած մինակ հաճելի ըլլալու համար, կինը ծնած է իր խելքը, մտային բարոյական եւ ֆիզիքական յատկութիւնները զարգացնելու համար։ Ինքզինքնին յարգող բոլոր կիներուն իտէալը մինակ հաճելի ըլլալը պէտք չէ ըլլայ, այլ երկրիս վրայ բարերար տարր մը ներկայացնելը»։

Կը բաւէ աչքէ անցընել անգլիացի կնոջ եռանդագին եւ խանդավառ գործունէութիւնը՝ հասկնալու համար, թէ իրաւամբ այդ եղած է իր իտէալը. կրօնական հաստատութիւններ մաքրակրօնութեան անուան ներքեւ կազմակերպուած՝ անմիջապէս ընդունած են կնոջ աջակցութիւնը եւ հոն կը տեսնենք, թէ անոնք մեծ չափով մը սատարած են աղջիկներու դաստիարակութեան եւ բարեսիրական շատ մը գործերու մէջ։ Ժամանակակից հրատարակութիւն մը սապէս կ՚որակէ զիրենք. «մաքրակրօններու կին անդամները ընկերական ամէն կարգի խնդիրներու մէջ գործունէութեան, շնորհի, լրջութեան եւ ազնուականութեան առասպելական համբաւ մը ունեցած են երկայն ատեններէ ի վեր եւ այդ համբաւին բոլորովին արժանի եղած են»։ Ուրիշ բարեսիրական ընկերակցութիւններու պատկանող կիներ յանձն կ՚առնեն բանտերը այցելել եւ կին յանցաւորները փրկել իրենց բարոյական անկումէն, աշխատութեամբ եւ առողջարար զբաղումներով. գաղթականութեանց մէջ իրենց դերը այնքան կարեւոր է, որ ամենէն վատառողջ եւ դժուարընտել երկիրներու համար կիներ պարտական կը զգան ինքզինքնին mission-ներ կազմելու եւ շատ անգամ իրենց կեանքը վտանգի դնելով կ՚երթան հեռաւոր երկիրներ, իրենց խաղաղարար եւ քաղաքակրթիչ գործին համար։

Սլաւ ցեղերուն մէջ ալ կիները իրենց գործունէութեամբ յայտնի կերպով վեր կը բռնեն իրենց դիրքը։ Եւրոպական ամէն բարձրագոյն դպրոցներու եւ համալսարաններու մէջ ռուս եւ բոլոնիացի ուսանողուհիներ գերազանցապէս կ՚արդարացնեն իրենց ընկերական կացութիւնը, մինչ իրենց երկրին մէջ իսկ զմայլելի տիպարներ, ինչպէս կոմսուհի Տաշքօֆ (ատենապետուհի Ակադեմիայի) իշխանուհի Վոլքօնսքի, կոմսուհի Ռօթօրշին, Ժիւլի Ժատովսքի, Ալեքսանդրա Զմիռնօֆ եւ այլն, նշանաւոր կը հանդիսանան, ըլլա՛յ իրենց հեղինակութիւններով, ըլլա՛յ իրենց բարձր դիրքէն օգտուելով գրական սալօններ կազմակերպելով, եւ ասով իսկ աջակցելով տաղանդաւոր կիներու, որոնք թերեւս մինակ մնացած մասամբ չէզոքանային։

Գիտական աշխարհին մէջ ոչ նուազ կարեւոր տեղ մը գրաւած են ռուս կիները. առաջին բժշկուհին ռուս մը եղաւ՝ տիկին Սուսլօֆ, համեստ կացութեան տէր ծնողքի զաւակ եւ որ ամէն բան կը պարտէր իր անհատական ուժին եւ հզօր կամքի մը. բայց ռուս կնոջ ազդեցութիւնը զգալի է մանաւանդ կրթական գործին մէջ. համեստ վարժուհիներ միանալով եւ իրենց անպայման անձնուիրութիւնը ունենալով միակ դրամագլուխ, գործած են՝ կրթութիւնը մատչելի ընելու համար ամէնուն եւ կիրակնօրեայ դասեր եւ այլն հաստատելով. իրենց խանդավառութիւնը այնքան մեծ է որ երիտասարդ աղջիկներ ամենաչնչին վարձքերով հեռաւոր գաւառներ կ՚երթան եւ ուր կը ստիպուին շատ հեղ առաջին անգամը ըլլալով այբուբենը սովրեցնել. այս նպատակաւ է որ «ժողովուրդին զարգացմանը համար» կազմակերպուած ընկերակցութեանը մէջ, անդամներէն շատերը կիներ էին, որոնք հարկ եղած դրամագլուխը կը հայթայթէին դիւրամատչելի գիրքեր հրատարակելու համար: Նոյնպէս Ֆինլանտայի մէջ կրթութիւնը կնոջ ձեռքն է։ Գերմանիոյ մէջ ամէն դասակարգի կիներ ձեռք ձեռքի կու տան ի նպաստ գործաւորուհիներու ընկերութիւններ կազմակերպելու։

Տիկին Գաուէր է որ մեծ եռանդով աշխատակցեցաւ վաճառականական institute-ի մը հաստատման, ուր 11.000 երիտասարդ աղջիկներ կը սորվին զանազան արհեստներ եւ ասով աւելի ուշ կրնան իրենց օրապահիկը ճարել. միւս կողմէ տաղանդաւոր կիներ conférenceներ կը կազմակերպեն իրենց դժբախտ քոյրերուն ի նպաստ դնելով իրենց խօսելու ձիրքը եւ անոնցմէ ամենէն անհրաժեշտօրէն պէտք ունեցողներուն օգնելու համար. Louise Ofto-ի թելադրութիւններուն վրայ է որ հարուստ կիներ գործաւորուհիներու ընկերութիւնը հիմնեցին, ուրիշ ոչ նուազ տաղանդաւոր կիներ կարեւոր բարւոքումներ կը ստանան աշխատող դասակարգին համար. այսպէս կարելի է թուել գրեթէ բոլոր քաղաքակիրթ երկիրներու կիները. Իտալիոյ, Բորթուգալի, Ամերիկայի, Սպանիոյ եւ այլն մէջ:

Յօդուածի մը սահմանը, շատ անձուկ է կարենալ իւրաքանչիւրը իր գործունէութեան առանձին հանգամանքներովը ներկայացնելու համար. սակայն ինչ որ սրտա-պընդող երեւոյթ մըն է ուրիշ ցեղերու գործունեայ եւ խանդավառ կիներու հսկայ աշխատութիւնը աչքէ անցնելը՝ ընդհակառակը գրեթէ յուսահատութեան պարագայ մը կը դառնայ երբ ինքզինքնուս հարցնենք, թէ տիեզերական այս ընդհանուր կանացի գործունէութեան մէջ մեր կիներուն բաժինը ի՞նչ եղած է։

Մեր այս յօդուածով մեր նպատակը չէ բնաւ կոչ մը ընել մեր կիներուն feminisme-ի յարելու. ընդհանրապէս որեւէ formule որ ընկերական այս ինչ ձեւը կ՚որակէ, իրեն մէջ խրտչեցնող բան մը ունի եւ թերեւս ալ արդարացի է այդ, որովհետեւ ընդհանրապէս այս ինչ կամ այն ինչ մասնաւոր վիճակին կոչում ընելով այդ վիճակին ծիծաղելի եւ տգեղ կողմերն են, որ կը ներկայանան մեզի եւ մեր նպատակը չէ բնաւ հոս անանկ ընկերական վիճակ մը մէջտեղ հանել, ուրկէ ամենէն աւելի ընտանիքը պիտի տուժէ, ինչ որ արդէն կնոջ անմիջական եւ ամենէն նուիրական գործունէութեան ասպարէզը կը դաւանինք. հոս պէտք ըլլայ թերեւս շեշտել այս կէտը, որովհետեւ ինչպէս ըսինք արդէն, կրնանք սխալ հասկցուիլ եւ մեր ընթերցողներուն կարծեցնել տալ, թէ պիտի ուզէինք, որ մեր կիներն ալ արտագրէին այդ ապասերուած եւ տգեղ արարածը, որ շատ մը քաղաքակրթեալ երկիրներու մէջ feministe անուան տակ վարժուած ենք տեսնելու, ատիկա անհրաժեշտ բայց տխուր կողմն է կիներուն զարգացման, անոնք տեսակ մը տուրքն են մարդկային քաղաքակրթութեան նուիրական գործին զոհուած. մենք պէտք չունինք մտաբերելու նոյն իսկ այդ տիպարը, որ ամէն փոխանցման շրջանի յատուկ բայց վազանցուկ մէկ արտադրութիւնն է։

Ինչ որ անկեղծօրէն պիտի ցանկայինք մեր կիներուն համար, ինչ դասակարգի ալ որ պատկանին եւ ինչ աստիճանի ա՛լ ըլլայ իրենց զարգացումը, ամէնուն իրենց չափովը աշխատիլը պիտի ըլլար կրթական եւ բարեսիրական գործերու մէջ եւ այրերու քով իրենց դերը անհրաժեշտ եւ թանկագին ըլլար. այս բաղձանքը անո՛վ մանաւանդ կը շեշտուի, երբ աչքերնիս պտտցնենք մեր շուրջը։ Մէկ կողմէն տղաքներ որ անօթի եւ գրեթէ մերկ դպրոց կ՚երթան, անգործ մնացած կիներ, որոնք այնքա՛ն պէտք պիտի ունենային աշխատելու. փորձութիւններու ենթարկուած աղջիկներ անոք եւ մինակ իրենց դժբախտութեանը մէջ, հիւանդներ որ առանց դարմանի կը մնան եւ շատ մը մանկիկներ որ կը մեռնին ըլլա՛յ իրենց ծնողքներուն տգիտութեան, ըլլայ անոնց չքաւորութեան պատճառով, միւս կողմէն զարգանալու եւ առողջ դաստիարակութեան մը կարօտ երիտասարդութիւն մը, ասդին անդին տաղանդներ խամրելու դատապարտուած եւ ամէն օր ամէն ժամ կարելի է հանդիպիլ վերոյիշեալ պարագաներէն մէկուն եւ դեռ ուրիշներու եւ ամէն անգամ կարելի է խորհիլ, որ թերեւս շատ մը ցաւեր ամոքուէին, շատ մը բարոյական եւ կրթական պէտքեր գոհացուէին, եթէ մեր կիները, ինչպէս ուրիշ երկիրներու մէջ, վեհանձն ընթացք մը ունենային եւ իրենց աշխատութիւնը տային այս կարգի գործերու։

Ինչպէս ընտանիքին մէջ կնոջն է եւ կը մնայ դաստիարակութեան, խնամքի եւ անձնուիրութեան դերը, նոյն իրաւունքները եւ պարտականութիւնները ունի եւ մարդկային ընկերութեան մէջ. ասոր համար է թերեւս, որ թէ՛ ինքնաբերաբար եւ թէ ընկերաբաններու դրդումով այդ գործերն են որ յանձն առած են կիները քաղաքակրթեալ երկիրներու մէջ եւ այնքա՛ն գերազանց կերպով յառաջ կը տանին մինչեւ այսօր։ Հոս տեղը չէ մանրամասնօրէն թուել բոլոր այն բաները, որ քիչ մը առաջ յիշած նպատակներով կիները կրնան կազմակերպել. օրինակի համար՝ աշխատանոցներ, դիւրամատչելի հրատարակութիւններ տղոց դիեցման եւ առաջին խնամքներու համար, նոյն իսկ ժողովրդական դասեր եւ այլն, այս գործը աւելի ձեռնհասութիւն ունեցող անձերուն կը պատկանի. մեր նպատակն է հոս վեր հանել, գործունէութեան պէտքը ինչպէս ըսինք արդէն մեր ամէն դասակարգի կիներուն համար։ Այլ եւ այլ առիթներու մէջ փորձը ցոյց կու տայ մեզի արդէն, թէ անոնք շատ օգտակար կրնան ըլլալ, եթէ ուզեն. արդ պէտք է որ ուզեն, ասիկա նուիրական պարտականութիւն մըն է, որ սակայն կը ծանրանայ իրենց վրայ, եթէ գիտակցութիւնը ունենալով չուզեն իրենց պարտքը կատարել։

Երբ կը տեսնենք, որ ուրիշ երկիրներու մէջ ամենաբարձր դասակարգի կիներ վեհանձնութիւնը կ՚ունենան տկարներուն եւ կարօտներուն խորհելու, ինքզինքնիս չենք կրնար արգիլել նոյն բանը պահանջելէ մեր կիներէն, որոնք այնքան առիթներու մէջ կը ձգտին անոնց նմանելու։

Գիտենք նաեւ որ շատ անգամ պզտիկ մղում մը բաւական է, որովհետեւ համոզուած ենք, թէ ինքնին մեր կիները իրենց սիրաբուխ առատաձեռնութիւնովը, իրենց ընդոծին բարութիւնովը եւ մանաւանդ զարգանալու շատ մեծ ընդունակութիւնովը արդէն գլխաւոր յատկութիւնները կը ներկայացնեն. եւ ապահովաբար ապագան ցոյց պիտի տայ որ անոնք մարդկութեան համար, այնքա՛ն կարեւոր եւ թանկագին դեր մը պիտի ունենան որքան ունեցած են մինչեւ հիմա իրենց ընտանիքներուն մէջ։

ԾԱՂԻԿի մէջ «Կանանց բաժինը» արձագանգը պիտի ըլլայ բոլոր ազնիւ եւ ինքնաբուխ ջանքերու, անիկա պիտի ջանայ ժողովրդական եւ դիւրահասկնալի ձեւով օգտակար եւ կրթիչ յօդուածներ հրատարակել միւս կողմէ տեղեկացնելով մեր կիներուն ինչ որ կը շարունակեն ընել ուրիշ երկիրներու կիները ի նպաստ կրթութեան եւ բարեգործութեան: Այս կարգի հրատարակութեան մը համար -որ առաջինը ըլլալու բոլոր դժուարութիւնները ունի-լուրջ յոյսեր ունինք մեր կիներուն աշխատակցութեանը վրայ: Այս էջերը բաց պիտի ըլլան բոլոր անոնց համար, որոնք յայտնելիք բան մը ունին կամ պաշտպանելիք դատ մը եւ վստահ ենք որ մեր կին գրողներէն սկսեալ ամէն դասակարգի կիները նշանակելի բաժիններ պիտի ունենան, այս կարգի կրթական եւ բարեսիրական նպատակներով կազմակերպուած հրատարակութեան մը մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2021