ԴՈՒՆ ՔԵԶ ԹԵՐԱԳՆԱՀԱՏԵԼՈՒ ՓՈԽԱՐԷՆ՝ ՈՒԺԵՐՈՒԴ ՀԱՒԱՏԱ՛

Ինքզինք թերագնահատելը եւ անկարող համարելու թերարժէքութեան բարդոյթը որքան արտաքուստ աշխարհին հետ կապուած ըլլան, այնքան ալ ի ներքուստ արմատաւորուած համոզումներ են։ Արտաքին աշխարհի մէջ է, որ դուն քեզ կը դրսեւորես, սակայն նախքան դրսեւորելդ՝ այդ համոզումը քու ներսիդիդ հաստատուած պէտք է ըլլայ։ Արտաքին աշխարհի մէջ քեզ ընդունողները ու բարիքդ կամեցողները շատ քիչերն են, որովհետեւ բոլոր մարդիկ կ՚ուզեն իրենց շահը հետապնդել, իրենց եսը ցոյց տալ եւ հեղինակութիւն ձեռք բերել։ Երեւնալու համար եւ իրենց դիրքը չխաթարելու համար՝ ստիպուած քեզ կը քամահրեն, կը նուաստացնեն ու ստեղծագործութիւններդ «կ՚ապականեն»։ Եթէ զգայուն անձ մըն ես, անմիջապէս կը յուսահատիս, կը սկսիս դուն քեզ թերագնահատել եւ յուսալքութեան պատմուճանը հագնելով՝ կեանքի հրապարակը այդպիսի նախանձաբոյն մարդոց հեշտութեամբ ձգած կ՚ըլլաս։

Արտաքին աշխարհով ապրող մարդը իր յաջողութիւնը, խթանը եւ վերելքը «կը հիմնէ» իր շրջապատի կարծիքին վրայ։ Մարդիկ ի՞նչ պիտի ըսեն իր կատարածի մասին, արդեօք բոլորին ընդունելի ու հաճելի պիտի ըլլա՞յ իր այս արարքը եւ վերելքը։ Բոլորին աչքին «հաճոյանալ»ու մարմաջէն տարուած՝ կ՚ուզէ չէզոք դիրքի վրայ ըլլալ, ո՛չ ոք վիրաւորել, ընկերներուն, գործընկերներուն հետ հաշտ ըլլալ եւ «բարի», «անվնաս» մարդու անունը ստանալ։ Տկար նկարագիր ունեցող նման մարդիկ կը մոռնան, որ այսպիսի վերաբերմունք դրսեւորելով՝ պատճառ կը դառնան, որ իրենց շրջապատը զիրենք մակերեսայնօրէն յարգէ, իսկ իրենց ետեւէն՝ զիրենք անողնաշահար կոչէ, ստորադասէ եւ ապա ծառան դարձնէ։ Կեանքիդ մէջ պարտաւոր չես մէկու մը հնազանդիլ եւ անոր կամակատարը դառնալ։ Քանի որ դուն ալ անկախ գոյակ մըն ես, ունիս որոշում կայացնելու, քայլերդ ուղղորդելու եւ ազատ կամքով շարժելու ունակութիւն, հետեւաբար, կեանքիդ մէջ ինքնուրոյնութիւնդ պահէ, իսկ եթէ մտածումդ ու կատարած արարքդ ճիշդ կը համարես՝ երբեք մի՛ զղջար եւ ուրիշին հաշիւն ալ մի՛ ըներ։

Երբեմն կեանքը ծրագրածիդ համաձայն չ՚ընթանար, շատ յաճախ նախապէս մտածուած ուղղութիւններդ ներհակ պատկերով կրնան շրջուիլ։ Պատճա՞ռը. հանգամանքները, շրջապատը, բնութիւնը, ժամանակն են…։ Երբ նպատակիդ ճամբուն կէսը կը հասնիս, տրամադրութիւնդ յանկարծ կը փոխուի, կը հիւանդանաս, կեանքի անցուդարձերը ուշքդ կը շեղեն եւ քեզ կը ստիպեն մնալ յարմարաւէտութեան գօտիին վրայ։ Մարդը կը նմանի ծովին մէջ լողացող նաւակին։ Ծովու ալիքները ու քամին զայն այլ կողմ կը հրեն՝ փորձելով նաւակը իր ճանապարհէն շեղել, բայց նաւավարը ամէն ճիգ կը թափէ՝ իր ճամբէն չշեղելու համար։ Նոյնպէս ալ մեր կեանքին մէջ տարբեր «ալիք»ներ մեր խաղաղ ճանապարհը կ՚արգելակեն, տարբեր քամիներ մեր վրայ կը փչեն, սակայն երբ ինքնավստահութիւն եւ կամքի ուժ ունինք, այդ բոլորը կրնանք դիմակայել եւ մինչեւ նպատակակէտ ու խաղաղ նաւահանգիստ հասնիլ։

Մանկավարժութիւնը կը վկայէ, թէ դաստիարակութիւնը կատարեալ կ՚ըլլայ՝ երբ բարի ունակութեանց, ազնուական զգացումներուն վրայ զօրաւոր կամքը երեխային մէջ յստակօրէն կ՚ուրուագծուի։ Մանուկդ անգիտակից. բնազդով ապրող էակ մը չէ. այլ՝ խորհող, գիտակից ու վերլուծող։ Երբ մանուկդ գիտակցելու եւ վերլուծելու կարողութիւն ունի, սա կը նշանակէ, որ պէտք է միշտ զինք գնահատես եւ ինքնարտայայտուելու առիթ տաս։ Եթէ շարունակ երեխադ լռեցնես, ականջ չտաս անոր խօսքերուն ու անմեղ կարծիքներուն, ինքնաբերաբար, զինք թերագնահատած ու անարգած կ՚ըլլաս։ Նոյնիսկ եթէ սխալ մը գործէ կամ առարկայ մը կոտրէ, մի՛ պոռար, ձեռք մի՛ բարձրացներ, տաժանելի պատիժներ մի՛ սահմաներ, այլ ընդհակառակը, իրեն հասկնալի եւ անուշ լեզուով բացատրէ իր արարքին հետեւանքները։ Երեխային սիրտը փափուկ կ՚ըլլայ, գոռալովդ կամ պատժելովդ՝ զինք չես զգաստացներ, այլ իր փխրուն սրտիկը կը կոտրես եւ վախի առարկայ կը դարձնես։ 

Մանուկդ տանդ մէջ շարժող «լրտես» մըն է, որ ամէն ինչ կը տեսնէ, կը լսէ ու կը զննէ։ Պէտք չէ երեխան անտեսել. այլ պէտք է կարեւորութիւն տալ եւ յարգել զինք։ Մանուկը կատարեալ էակը մը չէ։ Ան մտքով, մարմնով տկար ու անկատար է։ Այդ անկատարութիւնը կատարեալ դարձնողը, բնատուր շնորհքները բացայայտողն ու ծաղկեցնողը, անտաշ նկարագիրը յղկողը ծնողքը ինքն է։ Երգիծաբան Յոբնաղի կ՚ըսէ. «Ամենամեծ յարգանքը պէտք է երեխային հանդէպ ցուցաբերել»։ Երբ մանուկդ գգուես ու զինք «զրուցակից ընկեր»դ դարձնես, պիտի տեսնես, թէ անոր մէջ վստահութեան, մտաւոր ու բարոյական յառաջդիմութեան ամենամեծ խթանը հանդիսացած կ՚ըլլաս։ Մինչդեռ երեխադ անկիւնի մը վրայ նետելով, մտաւոր մարզանքներ չկատարելով, իր անմեղ խօսակցութեան ականջ չտալով՝ զինք շատ մը բաներէ զրկած կ՚ըլլաս, որուն հետեւանքը փոքր տարիքին չե՛ս տեսներ, այլ՝ ապագային։ 

Հոգեբանական տեսանկիւնէն դիտուած՝ ինքնավստահութիւնը բոլոր ժամանակներուն համարուած է յաջողութեան եւ առաջնորդութեան (leadership) ցուցանիշը: Ինքնավստահ մարդը միշտ բարձր կը գնահատէ իր կարողութիւններն ու ունակութիւնները եւ կը կարծէ, որ իր սեփական ուժով իր առջեւ դրուած իւրաքանչիւր առաջադրանք ի վիճակի է լուծելու։ Հոգեբան Նիլ Պըրթըն խօսելով մարդու ինքնավստահութեան մասին՝ կ՚ըսէ. «Ինքնավստահ մարդիկ իրենց յոյզերուն. փափաքներուն մասին անկեղծօրէն կը խօսին։ Կտրականապէս կը մերժեն իրենց մտքին խոտոր համեմատող որեւէ մէկ մտածում կամ արարք։ Ունակ են մարդոց հետ շփման եզրեր գտնելու. զրոյցի սկսելու եւ աւարտելու: Պատրաստ են նոր մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու, փոքր հնարաւորութիւնները օգտագործելու եւ պատեհ առիթը չկորսնցնելու։ Իսկ անինքնավստահ մարդիկ շփման եւ շրջապատի մարդոց հետ փոխյարաբերութեանց ժամանակ կը վախնան իրենց կարծիքը արտայայտելէ, կը խուսափին իրենց առջեւ նպատակներ դնելէ՝ իրենց կարողութեանց հանդէպ ամէն վստահութիւն ու հաւատք կորսնցնելով»։

Քաջութեան, ինքնագնահատականի եւ ինքնավստահութեան մասին խօսելով, հոգեբաններ դիտել կու տան, որ կարգ մը մարդոց մօտ երբ վստահութիւնը կը բացակայի՝ քաջութիւնը ծնունդ կ՚առնէ։ Վստահութիւնը յայտնապէս կը գործէ, իսկ քաջութիւնը՝ անյայտ, անորոշ եւ անվախ: Կարելի է ինքնավստահ ըլլալ, բայց ինքնագնահատական չունենալ։ Ինքնագնահատականը մեր ճանաչողական եւ զգացումներու գնահատականն է։ Մարդ ինքնագնահատականո՛վ է որ կը մտածէ, կը զգայ, կը գործէ եւ իր շրջապատին հետ յարաբերութիւնները ըստ այնմ կը ճշդորոշէ։ Քաջութիւնը, ինքնագնահատականը եւ ինքնավստահութիւնը եռամիասնութիւն են, որոնք մարդ արարածի հոգիին եւ մտքին մէջ միատեղ պէտք է գոյութիւն ունենան եւ գործեն։ Ահա այդ ժամանակ այս երեք յատկութիւնները ունեցող մարդը նպատակներ կը դնէ, նպատակը իրագործելու ճանապարհները շուտով կը նախատեսէ եւ գործի կ՚անցնի։

Ալպէրթ Այնըշթայն կ՚ըսէ. «Այս բոլորի պատճառը այն չէ, որ ես շատ խելացի եմ։ Պատճառը այն է, որ մինչեւ խնդիրը չլուծեմ՝ չեմ յանձնուիր»։ Ժամանակը եւ կեանքը կ՚անցնին, իսկ դուն ինքնաթերագնատանքիդ պատճառով՝ նոյն տեղը կը մնաս եւ կեանքիդ մէջ ո՛չ մէկ յառաջխաղացք կ՚արձանագրես։ Նոյն տեղը մնալու պատճառը քեզմէ դուրս երբեք մի՛ փնտռեր, այլ մէջդ որոնէ։ Ապաշնորհ մը եւ անկարող անձ մը չես, այլ նպատակիդ հասնելու եւ կամ առաջադրած գործդ աւարտելու ճամբուն վրայ յանկարծ կանգ կ՚առնես ու զայն կիսատ կը թողուս։ Այդ ճանապարհը հարթ ու հաւասար չէ եւ չի՛ կրնար ըլլալ։ Խոչընդոտներու եւ «խճաքար»երու շարունակ պիտի հանդիպիս, սակայն եբբեք պէտք չէ տկարանաս ու յանձնուիս։ Երբ փորձես դուն քեզ վարժեցնել փոքր գործերը առանց երկբայելու իր աւարտին հասցնել, այն ատեն կը սկսիս բծախնդրութեան սովորութիւնը եւ պայքարի ոգին մէջդ արմատաւորել եւ ըստ այնմ կեանքդ ապրիլ։

Դուն քեզ երբեք ուրիշներու հետ մի՛ բաղդատեր։ Ուրիշներու հետ համեմատելով ու մրցելով՝ շատ յաճախ պարտութեան կը մատնուիս։ Եթէ երաժիշտ ես, եղանակներ ստեղծէ եւ զանոնք ունկնդիրներուդ հետ բաժնեկցէ։ Իւրաքանչիւր գոյակ իր բնագաւառի մէջ միայն ինքզինք լաւ կը դրսեւորէ։ Բազմակողմանի շնորհքներ ունենալը լաւ բան է, սակայն նախընտրելի է մէկ ոլորտի մէջ լաւ ըլլալ, քան՝ բազում բնագաւառներու մէջ ո՛չ մէկ բան դառնալ։ Դուն քեզ մի՛ քննադատեր ու մի՛ մեղադրեր, որ տուեալ գործը տարբեր ձեւով կրնայիր ընել։ Հիմա այսպէս ստաձուեցաւ, յաջորդին նոյն սխալը մի՛ կրկներ։ Անցած բացթողումներդ եւ ձախորդութիւններդ յիշելով՝ ժամանակդ զուր տեղ մի՛ ծախսեր։ Այդ բոլորը արդէն անցեալի մէջ են եւ այդօրինակ մտքեր առաջ շարժելու ձգտումդ կը խանգարեն։ Միշտ յիշէ, որ բոլորս ալ սխալական ենք, թերութիւններ ունինք եւ սխալներ կը գործենք, առ այդ՝ յաճախակիօրէն ձեռքբերումներուդ մասին մտածէ եւ նպատակդ հետապնդէ։ Ուրիշներու կեանքով մի՛ ապրիր եւ անոնց ստեղծած իտէալներուն մի՛ հետեւիր։ Մի՛ սպասեր, որ կատարած արարքդ եւ գործդ ուրիշներու կողմէն հաւանութեան արժանանան, այլ ըրէ այն ինչ որ դո՛ւն կ՚ուզես։ Վերջապէս, թերութիւններուդ պատճառով դուն քեզ «մի՛ խարազաներ», այլ ընդհակառակը, փորձէ կամակորութիւնդ եւ մտածելակերպդ հիմնովին վերափոխել։

Երկնաւոր Հայրդ ստեղծուած օրէդ իսկ քեզի շնորհքներ ու ձիրքեր տուած է։ Շնորհքներ տուած է ո՛չ թէ զանոնք մէջդ պահելու, այլ՝ յանձանձելու, կեանքի կոչելու եւ Իր փառքին ծառայեցնելու։ Աստուած Իր շնորհքին լոյսը չի ծագեցներ մեր վրայ, որպէսզի զայն կաթսայի տակ պահենք (Հմմտ. Մտ 5.15)։ Թերագնահատելը վախկոտ մարդուն յարիր արարք է եւ ոչ թէ ճշմարիտ քրիստոնեային։ Կեանքի պայքարէն երբեք մի՛ վախնար։ Երբ կ՚ընդունիս Քրիստոսի փրկութեան շնորհքը, Անոր բանակին կ՚անդամագրուիս, հաւատքով կը զինուիս եւ Ս. Հոգիով կ՚առաջնորդուիս։ Միշտ մտաբերէ, որ Աստուծոյ զաւկին համար չկա՛յ պարտութիւն։ «Աստուած ո՛չ միայն Քրիստոսի հաւատալու շնորհքը տուաւ, այլ նաեւ՝ անոր համար չարչարուելու շնորհքը» (Փլպ 1.29)։ Աշխարհը կրնայ քեզի դէմ պատերազմիլ, արժանապատուութիւնդ եւ անունդ մրոտել, անպատուել, բայց եթէ Աստուծոյ զաւակն ես՝ չի՛ կրնար յաղթել քեզի։ Աստուած թոյլ պիտի չտայ, որ Իր անունին ապաւինողները պարտութիւն կրեն։ Ապաւինա՞ծ ես Աստուծոյ անունին։ Զայն դարձուցա՞ծ ես զօրավարդ։ Եթէ չես դարձուցած՝ մի՛ ակնկալեր յաղթող ըլլալ։

Օր մը, վարդը իր գեղեցկութեամբ կը հիանայ. խոլորձը՝ իր թանկարժէքութեամբ. փողաշուշանը (կալան)՝ իր հասակով, իսկ շուշանը՝ իր նրբագեղութեամբ։ Սակայն կակաչը գլուխը կախած լուռ կը լսէր եւ զԱստուած կը մեղադրէր, թէ ինչո՞ւ զինք այդքան տգեղ ստեղծած էր։ Ծաղիկներու խօսակցութեան ժամանակ Աստուած պարտէզ կը մտնէ եւ Իր արարչագործութեամբ կը հիանայ: Յանկարծ կակաչը կը տեսնէ, որ տխուր եւ լուռ բոլորին կը նայէր։ Մօտենալով անոր՝ Աստուած կը հարցնէ.

-Ինչո՞ւ տխրած ես եւ միւս ծաղիկներուն պէս գեղեցկութեամբդ չես ուրախանար։

-Ես ինչո՞վ ուրախանամ, ո՜վ Աստուած իմ։ Ես տգեղ. անգոյն եւ սեւ ծաղիկ մըն եմ: Պահ մը նայէ վարդին, շուշանին եւ խոլորձին որքա՜ն ուրախ են, իսկ ես ոչի՛նչ մըն եմ. անբա՛խտ ու անարժէք,- կակաչը նեղացած կը պատասխանէ:

-Դուն անգո՞յն. տգե՞ղ ես։ Ո՞վ քեզ այդպէս համոզած է,- հարց կու տայ Աստուած։

-Դուն ամենագեղեցիկ ծաղիկներէն մէկն ես։ Ես քեզ անոնց նման հաւասար ստեղծած եմ, բայց միաժամանակ այնքան տարբեր, որ այդ տարբերութեան մէջ ոչ թէ դուն քեզ անոնց հետ բաղդատելով՝ պէտք է թերագնահատես, այլ գնահատես: Ես քեզի իւրայատուկ կարմիր գոյն մը տուած եմ, որ յաղթանակի՛, ուժի՛, առաջնորդի՛ խորհրդանշանն է։ Այդ գոյնով շատեր իրենց գեղեցկութիւնը կ՚ընդգծեն։ Թերթիկներուդ այնպիսի նրբութիւն մը տուած եմ, որ ո՛չ մէկ ծաղիկ ունի։

-Ո՜վ Աստուած, իմ մասի՞ս կը խօսիս։ Կը կարծեմ, որ շփոթած ես եւ ուրիշ ծաղիկի մասին է, որ կը խօսիս։

-Ո՛չ. քե՛զ կը նկարագրեմ։ Աչքերդ եւ թերթիկներդ բաց եւ գեղեցկութիւնդ տես։ Դուն միշտ փակուած ես. աչքերդ երբեք չես բացած եւ դուն քեզ չես ճանչցած։ Այսպիսով, գեղեցկութիւնդ անտեսելով՝ ուրիշներու գեղեցկութիւնը միայն նկատած ես։ Փակուած ու ինքնամփոփ ըլլալուդ պատճառով՝ աչքերդ կարմիր գոյնդ չեն տեսած, այլ միայն սեւ երանգը, որ քու մէջդ միայն արմատաւորուած է:

Կակաչը իր թերթիկները կը բանայ եւ կը սկսի ինքնիրեն նայիլ։ Տեսնելով իր գեղեցկութիւնը, նրբութիւնն ու գոյնը՝ կը զարմանայ, պարտէզի միւս ծաղիկներուն պէս կ՚ուրախանայ եւ իր կեանքով կը հիանայ:

Սիրելի՛ ընթերցող, ըստ մարդաբանութեան գիտութեան՝ իւրաքանչիւր մարդու մէջ 500-700 շնորհքներ կան, որոնց մասին մարդկութեան մէկ մասը ընդհանրապէս տեղեակ չէ: Մարդ իր ողջ կեանքի ընթացքին միայն իր այդ շնորհքներուն 2-9 տոկոսը կրնայ օգտագործել, որովհետեւ 70-120 տարին չի բաւեր բոլոր շնորհքները բացայայտելու համար: Բայց եթէ մարդ կը կարողանայ իր ժամանակը եւ շնորհքները ճիշդ կիրառել, ապա ըստ մասնագէտներու՝ մինչեւ 15 տոկոսի կը հասնի:

Դուն քեզ երբեք անտաղանդ եւ անշնորհք մի՛ սեպեր։ Ուրիշներու նպատակները, կեանքը ուսումնասիրելու փոխարէն՝ դուն քեզ ուսումնասիրէ եւ պիտի հասկնաս, որ դուն ալ յաջողակ մըն ես։ Աստուած բոլորս հաւասար, սակայն միեւնոյն ժամանակ շատ տարբեր ստեղծած է, որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրը կարողանայ այդ նոյն ստեղծագործութեան մէջ տարբերիլ: Դուն տարբեր ես ուրիշներէն տարբերուելու համար, այլ ոչ թէ՝ անյաջողակ ըլլալու։ Ականջիդ օղ ըրէ, որ չկայ տգեղ, անտաղանդ մարդ, այլ կան անտեղեակ, իրենք զիրենք չճանչցող մարդիկ: Տարբեր գոյակ ըլլալդ որպէս իւրայատկութիւն օգտագործէ, այլ ոչ թէ հպարտանալու կամ տխրելու առիթ: Յաջողութիւնը դուրսէն չի գար, այլ քու մէջդ կը գոյաւորուի, գաղափարներով կը մարմնաւորուի եւ արարքի ճամբով կը գործադրուի։ Որքան ալ մարդիկ քեզ փորձեն թերագնահատել, զգետնել, տմարդի համարել, մի՛ յուսալքուիր, այլ ուժերուդ հաւատա՛…

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2017