«ՎԱԶՈՂ ՄԱՐԴԸ»
«Վազող մարդը» ամերիկացի ականաւոր գրող Սթեֆըն Քինկի հակաիւթոփիական վէպն է, որ գրի առնուած է Ռիչըրտ Պահմըն ծածկանունով։ «Վազող մարդը» վերջինն է չորս մասէ բաղկացեալ գրքաշարին, որ հրատարակուած է 1977-1982 թուականներու միջեւ։ Քինկ վերոնշեալ վէպը գրած է շաբթուայ մը ընթացքին, մինչդեռ օրական տասն էջ կամ երկու հազար բառ գրելով կարելի է գիրք մը ստեղծագործել երեք ամսուայ մէջ։
Սթեֆըն Քինկ ամերիկեան գրականութեան մեծ ներդրում կատարած նշանաւոր հեղինակներէն մին է, որու գիրքերը վաճառուած են աւելի քան 350 միլիոն։ Դպրոցական տարիքին անոր հետաքրքրութիւնը հակած էր դէպի գրելու եւ այդ ժամանակ իր գրածները կը վաճառէր դասընկերներուն։ Քինկ գրած է նաեւ մօտաւորապէս երկու հարիւր պատմուածք, որոնց մեծ մասը զետեղուած է անոր կազմած ինն ժողովածոներուն մէջ։ Հեղինակին բազմաթիւ գործերու հիման վրայ թողարկուած են հեռուստաշարեր, շարժանկարներ, պատկերազարդ գրքոյկներ (comics) եւ այլն․ իր «Ռիթա Հէյուորտ եւ Շաուշանքէ փախուստ» պատմուածքի հիման վրայ 1994 թուականին նկարահանուած է «Շաուշանքէ փախուստ»ը, որ կը համարուի բոլոր ժամանակներու լաւագոյն շարժանկարներէն մին։ Իր նշանակալի աւանդին համար արժանացած է բիւրաւոր մրցանակներու եւ պարգեւներու։ Քինկի ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներու եւ երեւակայութեան անզուգական արդիւնքները յաջողած են կախարդել իր ընթերցողները։
Մանկութեան տարիներուն Սթեֆըն Քինկ ականատես եղած է մտերիմ ընկերոջը մահուան եւ այս դժբախտ պատահարը խոր հետք թողած է իր յիշողութեան վրայ։ Վերլուծաբաններ յայտնած են, թէ այս իրադարձութեան ազդեցութիւնը երեւելի է հեղինակին որոշ գործերուն մէջ, սակայն Քինկ ոչինչ յայտարարած է այս մասին։ «Ֆարենհայթ 451»ի հեղինակը՝ Ռէյ Պրետպիւրի Սթեֆըն Քինկը ոգեշնչողներէն մին եղած է։ Այս մասին Քինկ շատ անգամ ըսած է հետեւեալը. «Առանց Ռէյ Պրետպիւրիի չկայ Սթեֆըն Քինկ»։
Գիրքի մէջ նկարագրուած է 2025 թուականին բովանդակ աշխարհի տնտեսական ու քաղաքական կացութիւնը։ Ամերիկա կը կառավարուի ամբողջատիրական վարչակարգով։ Մարդիկ իրենց ժամանակը կ՚արժեւորեն ու կը զուարճանան ամէնուն հասանելի ու անվճար հեռուստաալիքներուն վրայ ցուցադրուած դաժան ու մահացու հեռուստախաղերով։ Այդ խաղերու մասնակիցներու մեծամասնութիւնը նիւթական նեղութիւն ունեցող անհատներ են։
Վէպի գլխաւոր հերոսը՝ Պեն Ռիչըրտս երկրի անձուկ թաղամասերէն մէկուն բնակիչն է։ Ան կը ստիպուի մասնակցիլ վերոյիշեալ խաղերէն մէկուն, որպէսզի իր հիւանդ դստեր դարմանման համար ապահովէ անհրաժեշտ միջոցները։ Պեն կը մասնակցի «Վազող մարդը» կոչուած խաղի մը, որու մասնակիցները պէտք է մէկ ամսուան ընթացքին զիրենք հետապնդող արհեստավարժ մարդասպաններէն՝ որսորդներէն թաքնուին եւ եթէ յաջողին մինչեւ ամսուայ վերջաւորութեան ողջ մնալ, կը ստանան ամենամեծ մրցանակը՝ 1 միլիառ տոլար։ «Վազող մարդը»ի ցուցադրութեան օրօք ոչ մէկ յաղթող արձանագրուած է։ Քաղաքացիներ նաեւ բարձր պարգեւներու կ՚արժանանան, եթէ հաղորդեն «վազող»ի գտնուած տեղի մասին։ «Վազող»ներուն կը յատկացուի 4.800 տոլար եւ տեսախցիկ մը, որով օրական երկու անգամ իր մասին տեսագրութիւններ ուղարկելով տեղեակ կը պահեն խաղի կազմակերպիչները։ «Վազող»ի ընտանիքը եւս որոշ գումար կը ստանայ ողջ մնացած իւրաքանչիւր օրուան համար։
Որսորդներէն փախչելով Ռիչըրտս կը ծանօթանայ գետնայարկերը ապրողներու հետ եւ անոնցմէ կը սորվի շարք մը կառավարական գաղտնի փաստեր, սակայն իմացածները չի կրնար հասարակութեան տարածել։ Երեւան կ՚ելլեն պետութեան գործած անխնայ արարքներն ու գործողութիւնները, ժողովուրդի մատնուած դժուարութիւններն ու թշուառութինները եւ մանաւանդ անհաւասարութիւնը։ Խաղի որոշ փուլերուն կ՚ըլլան պահեր, որոնց ընթացքին Ռիչըրտս կը պարտաւորուի օգնութիւն պահանջել մարդոցմէ։
Հեղինակի անդրադարձները ընթերցողներուն տեսանելի կը դարձնէ ամբողջատիրական վարչակարգերու թերութիւններն ու յառաջ բերելիք բացասական արդիւնքները։ Գիրքը առանձնացնող յատկանիշներէն մին այն է, թէ իւրաքանչիւր բաժին անուանուած է թուանշաններով՝ «-110»էն սկսեալ դէպի ետ համրելով։ Թէեւ իւրաքանչիւր թիւ կը խորհրդանշէ ժամանակաշրջան մը, սակայն վերջաւորութեան մօտենալով ընթերցողներու հետաքրքրութիւնը ու շահագրգռութիւնը կը բազմապատկուի։
1987 թուականին նկարահանուեցաւ գիրքի հետ նոյն անունը կրող շարժանկար մը, որ բաւական տարբեր պատմութիւն կը ցոլացնէ։ Շարժապատկերին մէջ գլխաւոր դերը ստանձնած է Առնոլտ Շուարցենեկէր։ Շարժանկարի ընթացքին հաւատարիմ մնացած են հեռուստախաղի գաղափարին եւ գլխաւոր հերոսի անուան, սակայն խաղի կանոնները բաւական փոխուած են։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ