ՄԱՀՈՒԱՆ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄՆ ՈՒ ԸՆԿԵՐԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԿԱԼՈՒՄՆԵՐԸ (Ա.)

Մահը՝ իւրաքանչիւր կենդանի արարածի կեանքի աւարտը, ընկերային եւ մշակութային, ինչպէս նաեւ կենսաբանական երեւոյթ մըն է: Մահուան վերագրուող իմաստները փոխուած են ժամանակի ընթացքին եւ կարգ մը մօտեցումներ մահը քննարկած են զանազան տեսանկիւններէ եւ ընդգծած՝ մահուան կարգ մը ընկերային բնութագրերը:

Մահը հասկացութիւն մըն է, որ յաճախ չի մտածուիր կամ ընդհանրապէս կ՚անտեսուի: Մահը կապուած է նաեւ անսահմանութեան, ոչնչութեան, վերջաւորութեան, անհետացման եւ անորոշութեան նման հասկացութիւններու հետ եւ այդ պատճառով ան յաճախ տեղ կը գտնէ մեր գիտակցութենէն անդին։

Մահը գոյութեան կեդրոնին է՝ որպէս մարդկային ճակատագրի առեղծուած, մեծ հանելուկ, որ աւելի կը բարդանայ, երբ կը փորձուի լուծուիլ: Մահուան մասին խօսիլը, ըլլայ սա փիլիսոփայական թէ կրօնական, կը նմանի անորոշութեան, մթութեան մէջ սուզուելու:

Կեանքի հետ կապը չկորսնցնելը եւ կեանքի պայքար մղելը լաւագոյնն է, իսկ արտադրելը՝ կեանքին նուիրուածութեան ամենաուժեղ բանալիներէն մէկը: Այս արտադրութիւնը միշտ յաւակնոտ պէտք չէ ըլլայ։ Երբեմն ան կրնայ ըլլալ այնքան պարզ, որքան ձեռքի աշխատանք կատարելը կամ ծաղիկի հողը փոխելը, քանի սա արտացոլումն է այս աշխարհի վրայ մեր գոյութեան փոքր մէկ մասի։

Մահը, որ կը համարուէր կեանքի սովորական մասը հին հասարակութիւններու կողմէ, դուրս թողուած է կեանքէն այժմու բժշկականացման ջանքերու եւ տրամաբանականութեան որոնման պատճառով: Հիւանդի եւ հիւանդութեան տարրականացումը եւ բժշկութեան կողմէ անոնց գերակայութիւնը յանգեցուցած է մահուան հասարակութենէ հեռացման: Այս համատեսքին մէջ փոխուած է նաեւ «լաւ մահուան» սահմանումը։ Նկատուած է, որ լաւ մահը այժմ կը սահմանուի որպէս ցաւազուրկ մահ, որ տեղի կ՚ունենայ այն ժամանակ, երբ մահացողի սիրելիները մօտ են:

Միւս կողմէ, եթէ այս անձը իր կեանքի վերջին տարիները վատ որակի մէջ անցուցած է՝ հիւանդութեան, թուլամտութեան, աղքատութեան կամ բանտարկութեան պատճառներով, մահը կը համարուի անոր փրկութիւնը։ Այսպէս, ի յայտ կու գայ նաեւ «լաւ մահուան» սահմանումը, որ չի բնորոշեր մահը, բայց իմաստ կը ստանայ մահուան մշակութային, ընկերային կառուցման միջոցով: Ըստ այդմ, լաւ մահուան հիմնական յատկանիշները հետեւեալներն են․ ան ցաւազուրկ կ՚ըլլայ, սպասուած եւ կանխատեսելի ժամանակին կու գայ եւ կը պատահի սիրելիներու մօտ։

Տոսթոյեւսքիի «Ապուշը» վէպին մէջ կը բացատրուի այն ջանքերը, որոնք մարդ կը գործադրէ իր մէջէն հեռացնելու մահուան մտածումը։ Մինչ Արքայազն Միշքին կը տարուի մահապատիժի, ան կը մնայ ապրելու եւ մեռնելու այնպիսի բուռն երկմտանքի միջեւ, որ նոյնիսկ այդ պահուն կը փորձէ մտովին յետաձգել մահը։

Այսօր մահը տակաւին վախու առարկայ է բազում միջավայրերու մէջ: Երբ մէկը, յատկապէս երիտասարդ տարիքին, կը խօսի սեփական մահուան մասին, զինք անմիջապէս կը լռեցնեն կամ կը հարցնեն, թէ արդեօք ան ընկճուած տրամադրութի՞ւն ունի։ Մեր օրերուն մահը ընդունելի է միայն տարեցներու համար։ Ոմանց համար մխիթարանք է, թէ հանգուցեալ տարեցը իր կեանքի տեւողութեան շատ բան ապրած է։

Մահուան մասին խօսելու կամ մտածելու փոխարէն մեզ կը հետաքրքրէ կեանքը եւ անոր շարունակականութիւնը։ Իրականութեան մէջ մենք չենք սխալիր այս հարցին մէջ, քանի որ մահը իրական է եւ ան օր մը անպայման կը թակէ մեր դուռը։ Այդ վախը եւս նոյնքան իրական է։ Այնուամենայնիւ, հնարաւոր չէ անընդհատ ենթարկուիլ այս իրականութեան եւ ապրիլ վախու եւ անհանգստութեան մէջ։ Ինչպէս Այրվին Եալոմ ըսած է՝ մահուան հետ առերեսուիլը կը նմանի արեւին նայելու։ Ինչպէս հնարաւոր չէ անընդհատ նայիլ արեւին, այնպէս ալ հնարաւոր չէ ապրիլ մշտական մահուան վախու հետ:

Մարդը հնագոյն ժամանակներէն ի վեր կը փորձէ իմաստաւորել մահը։ Նախնադարեան հասարակութիւնները կը կարծէին, որ մահը կեանքի այլ ձեւ մըն է եւ մահէն յետոյ կեանք գոյութիւն ունի: Այնուամենայնիւ, այժմ կը թուի, թէ մահը յետաձգուած է կեանքէն, բացառուած եւ դադրած է ըլլալ կեանքի բնականոն քայլ մը։ Գիտական գիտելիքներով ապահովուած օրինականութեամբ բժիշկները հաստատած են իրենց բացարձակ իշխանութիւնը հիւանդութեան եւ մահուան վրայ։ Այս բոլորը փոխած են մահուան ընկերային իմաստը եւ հասարակութեան մօտեցումը մահուան նկատմամբ:

Հասկնալի է նաեւ, որ մահուան երեւոյթի վերաբերեալ հետազօտութիւններ կ՚իրականացուին բժիշկներու կամ բժշկական փորձագէտներու կողմէ, բայց աւելի շատ ուսումնասիրութիւններ պէտք է կատարուին նաեւ ընկերաբաններու կողմէ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•շարունակելի…

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2024