ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՏՊԱԳԻՐ ԳԻՐՔԸ՝ 250 ՏԱՐԵԿԱՆ

Հայերէն առաջին տպագիր գիրքը լոյս տեսնելէն (1512, Վենետիկ, «Ուրբաթագիրք») 260 տարի ետք միայն Հայաստանի մէջ կը տպագրուի առաջին գիրքը: Այն կը տպագրուի 1772 թուականին՝ Էջմիածնի տպարանին մէջ: 250 տարի անցած է այդ պատմական իրադարձութենէն:

Հայաստանի առաջին տպագիր գիրքը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, ԺԸ. դարու հայ ականաւոր աստուածաբան, մատենագիր, մշակութային եւ քաղաքական գործիչ Սիմէոն Երեւանցիի «Գիրք աղօթից, որ կոչի Զբօսարան հոգեւոր» գիրքն է: Տպարանը անկէ տարի մը առաջ՝ 1771-ին հիմնուած էր, «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» անուանումով, Սիմէոն Երեւանցիի ջանքերով եւ Մատրաս բնակող ջուղայեցի Գրիգոր Միքայէլեան-Չաքիկեանի հոգածութեամբ։ Սիմէոն Երեւանցի, տպարանին կից, 1776 թուականին նոյն մարդուն նիւթական միջոցներով հիմնած է նաեւ թուղթի գործարանը:

Տպարանի շէնքին կառուցումէն ետք տպարանի ճակտին կը զետեղուի արձանագրութիւն մը. «Աստուծով հաստատեցաւ տպագրատունս նոր ի նորոյ ի սուրբ Աթոռս Էջմիածին ամենայն պարագայիւքն՝ հոգաբարձութեամբ տեառն Սիմէոնի սրբազան կաթուղիկոսին Երեւանցւոյ՝ արդեամբ Ջուղայեցի ի Հինդ բնակեալ բարեպաշտօն Գրիգոր աղային Խօջաջանեան, որ մականուամբ Չաքիկենց, ի յիշատակ իւրեան եւ իւր ի Քրիստոս հանգուցեալ ծնողացն՝ Միքայէլին եւ Մամխաթունին, իւր կենակից Մատլինային եւ վաղաթառամ Միքայէլ որդւոյն եւ քերցն Անամարիային եւ Զիպիտային, հօրեղբարցն՝ Եղիազարին, Սաֆարին եւ Աղէքսանդրին, պապուն՝ Գրիգորին եւ կենակից Թագուհւոյն եւ հօրաքեռն Զիժազատային եւ մեծ պապ Յակոբջանին եւ հօրեղբօր դստերացն՝ Պէկզատային եւ Գիւլնաբաթին եւ այլ ամենայն հին եւ նոր ննջեցելոցն նորին: Այսու պայմանաւ՝ զի ի տարին Բ անգամ ի տօնի Լուսաւորչին եւ Հրեշտակապետացն ի սուրբ Աթոռոջս պատարագ մատչիցի հանդիսաւորութեամբ՝ յիշելով զնոսա, որոց յիշատակն օրհնութեամբ եղիցի, ամէն: Թ[ուին] (Հայոց) ՌՄԻ (1771)»: Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ կը պահուի նաեւ այս պատմական արձանագրութիւնը:

Յետագային, Էջմիածնի տպարանը ունեցած է նաեւ իր տառաձուլարանը։ Տպարանի գրաշարները, տպագրողները, սրբագրիչները եղած են Էջմիածնի միաբանութեան անդամներ: Սիմէոն Երեւանցիէն զատ Մկրտիչ Շոռոթեցին եռանդուն աշխատանք կը տանի գործը կազմակերպելու համար, իսկ էջմիածնեցի ոսկերիչ վարպետ Յարութիւն կը պատրաստէ տպագրատառեր, զարդերու ու պատկերներու տպագրատախտակներ: Կը պատրաստուին նաեւ ձեռքի մամլիչներ, որոնք այսօր կը պահուին Մայր Աթոռի թանգարանին մէջ:

Տպարանի աշխատանքներուն իր նպաստը բերած է նաեւ պոլսեցի նշանաւոր վարպետ, տպագրիչ եւ գրաձուլիչ Պօղոս Արապեան, որ որոշ ժամանակ մնացած է Էջմիածին։

Յատկանշական է, որ տպարանը բանալու ժամանակ Զմիւռնիայէն Էջմիածին կու գայ Մարկոս տպագրիչը, որ շատ ջանք կը գործադրէ տպագրական գործը տեղւոյն վրայ կարգաւորելու: Բայց, շուտով կը մահանայ եւ կը թաղուի Մայր Աթոռի միաբաններու ընդհանուր գերեզմանոցը: Անոր տապանաքարին վրայ գրուած է.

«Այս է տապան հանգստեան Ակնեցի տպագիր ծերունազարդ Մարկոսին, որ եկեալ ի Սուրբ Աթոռս եւ շինեալ զգործարանն, փոխեցաւ առ Քրիստոս բարի մահուամբ… ի ՌՄԻ թուին»:

Այս պատմական տպարանի առաջին տեսուչ նշանակուած է Իսահակ Գեղամացի՝ տպարանի աշխատանքը կատարելագործելու համար։ Մինչեւ դարավերջ տպարանը լոյս ընծայած է տասնեակէ աւելի գիրքերու: Առաջին գիրքէն ետք տպագրուած է Սիմէոն կաթողիկոսի «Տաղարան»ը, ապա անոր կազմած «Տօնացոյց»ը: Յաջորդաբար լոյս տեսած են Հովսէփիոս Փլավիոսի «Գիրք պատմութեանց յաղագս Հրէից ընդ Հռովմայեցիս եւ աւերման Երուսաղէմի եւ Տաճարին հնոյ» (1787) յայտնի աշխատութիւնը, որուն թարգմանութիւնը լատիներէնէ կատարած էր Ստեփանոս Իլովացին 1660 թուականին եւ ուրիշ գիրքեր։ Բոլոր գիրքները ունէին կրօնական ուղղուածութիւն եւ մշակութային նշանակութիւն:

Հայրենի հողին վրայ տպարանի բացումը տպագրիչներու բազում սերունդներու երազանքի իրագործումն էր: Ինչպէս Ռաֆայէլ Իշխանեան նշած է, հայկական տպագրութիւնը իր սկզբնաւորումէն սկսեալ 260 տարի զարգացաւ օտարութեան մէջ՝ ծառայելով մայր երկրին: Այդ ընթացքին մտադրութիւններ եւ փորձեր եղած են տպագրութիւնը հայոց բնաշխարհի մէջ հաստատելու, սակայն միշտ մնացած են ապարդիւն: Քաղաքական իրադրութիւնը եւ Սիմէոն Երեւանցիի դիւանագիտական հմտութիւնը հնարաւորութիւն կը ստեղծեն Էջմիածնի դիրքը ամրապնդելու:

Գրիգոր Լուսաւորիչ տպարանը յետագային դադրած է գործելէ, իսկ այսօր գործող Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տպարանին հիմքերը դրուած են 1880-ականներու վերջերուն եւ շէնքը կառուցուած է 1889 թուականին, Մակար Ա. Թեղուտցի (1885-1891) Կաթողիկոսի օրով՝ համալրուելով տառաձուլական, տպագրական նոր մեքենաներով եւ հարստացուած զանազան լեզուներու տառատեսակներով:

Ներկայիս տպարանը նախ մէկ յարկանի եղած է: Խորհրդային կարգերու հաստատման պատճառով փակուած է եւ վերաբացուած 1962 թուականին՝ Վազգէն Ա. Պալճեան Կաթողիկոսի (1955-1994) ջանքերով: Տպարանի երկրորդ յարկը քանդուած եւ վերակառուցուած է: Այսօր, զինուած ժամանակակից սարքաւորումներով, անիկա կը շարունակէ գործել՝ տարեկան հրատարակելով շուրջ 100 անուն աստուածաբանական, հայագիտական եւ թարգմանական գրականութիւն:

Իսկ հայաստանեան հողին վրայ տպուած առաջին գիրքը 180 էջերէ կազմուած անկանոն շարուածքով, բայց ընթեռնելի սաղմոսարան մըն է, բնագիրը՝ 12 կէտաչափի բոլորագրով, գործածուած են նաեւ նոտրգիր եւ գլխագրեր: Ունի յիշատակարան:

Այս 250 տարեկան գիրքը այսօր փառաշուք ցուցադրութեան դրուած է Հայաստանի Գրատպութեան թանգարանին «Գրի յաւերժութիւնը» սրահին մէջ:

ՍԻՄԷՈՆ ԵՐԵՒԱՆՑԻ ԱՆՁԸ

Փաստօրէն, հայաստանեան տպագրութիւնը սկզբնաւորուած է Սիմէոն Երեւանցիի ջանքերով: Ըստ պատմագիրներուն, անոր ուսումնառութիւնն ու հոգեւոր ողջ գործունէութիւնը կ՚առընչուին Սուրբ Էջմիածինի եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ։

Աւանդութեան մը համաձայն, Սիմէոն Ա. Երեւանցի Պռոշեան իշխաններու սերունդէն էր: Կրթութիւնը Մայր Աթոռի հոգեւոր դպրոցին մէջ ստացած էր իբրեւ ուսուցիչ ունենալով աստուածաբան Յովսէփ Վարդապետը եւ ապագայ կաթողիկոս Յակոբ Շամախեցին: Տակաւին դպիր, Յարութիւն Ջուղայեցի եպիսկոպոսին մօտ Պայազիտի նուիրակութեան օգնական, իսկ սարկաւագ եղած ատեն՝ Հնդկաստանի նուիրակութեան օգնական եղած է:

1747 թուականին Էջմիածին վերադառնալով ձեռնադրուած է վարդապետ: Այնուհետեւ անցած է Պոլիս, ապա Երուսաղէմ ուխտի գացած եւ 1752 թուականին վերադարձած Էջմիածին: Աղեքսանդր Բ. Բիւզանդացի Կաթողիկոսին ձեռքով 1754 թուականին եպիսկոպոս ձեռնադրուած է:

Իբրեւ Էջմիածինի նուիրակ, 1755 թուականի վերջաւորութեան, մեկնած է Պոլիս եւ 1763 թուականին վերադարձած Էջմիածին:

Սիմէոն Ա. Երեւանցի ճանչցուած է իբրեւ հեզ, բարեհամբոյր եւ աղօթասէր հոգեւորական մը: Անոր ընտրութիւնը համահունչ էր երկրին մէջ տիրող ներքաղաքական իրավիճակին:

Մեծ համբաւ ունեցող գործիչ մըն էր եւ սիրուած բոլորին կողմէ: Անձնական լաւ յարաբերութիւններ մշակած էր թէ՛ օսմանեան եւ թէ՛ Երեւանի պարսկական իշխանութիւններուն եւ վրաց Հերակլ Բ. թագաւորին հետ:

Սիմէոն Ա. Երեւանցիի ընտրութեամբ փոխուած է կաթողիկոսներու ընտրութեան հարցին մէջ Պոլսոյ որոշիչ դերը: Անցեալին, օսմանեան իշխանութիւնները աշխուժօրէն կը միջամտէին կաթողիկոսներու ընտրութեան եւ այդ ընտրութիւնները առաջին հերթին Պոլսոյ մէջ կը կատարուէին: Այս անգամ, պայմանաւորուած նաեւ քաղաքական փոփոխութեամբ, ընտրութեան հարցին մէջ վճռորոշ դեր կ՚ունենան պարսկական իշխանութիւնները եւ վրաց Հերակլ Բ. թագաւորը:

Կաթողիկոսական օծումէն անմիջապէս ետք Սիմէոն Երեւանցի պաշտօնական այցելութիւն տուած է Երեւանի Հիւսէյին Ալի խանին, իսկ հայ հոգեւորականները ուղերձ յղած են Հերակլ Բ. թագաւորին:

Սիմէոն Ա. Երեւանցին համոզուած էր, որ օտար լուծերու տակ տուայտող հայ ազգին փրկութեան միակ տապանը ազգային եկեղեցին է: Այդ համոզումով ան կ՚որոշէ բարձր պահել ամենայն հայոց ընդհանրական հայրապետութեան հեղինակութիւնը, ունենալ մէկ գերագահ կաթողիկոս եւ զօրացնել Էջմիածինի տնտեսական եւ քաղաքական նշանակութիւնը:

ՀԱՅԵՐԷՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏՊԱԳԻՐ ԲՆԱԳԻՐԸ

Առհասարակ, ընդունուած է հայերէն առաջին տպագիր գիրքը նկատել 1512 թուականին Վենետիկի մէջ լոյս տեսած «Ուրբաթագիրք»ը, սակայն պատմութեան մէջ ատկէ առաջ եղած է նաեւ հայերէնով տպագիր թեքստ: Ուստի առաջին տպագիր գիրքէն զատ, հայերը ունեցած են նախ տպագիր բնագիրը, որ 1475 թուականին Մայնցի մէջ լոյս տեսած Եոհան Շիլտպերկըրի «Ուղեգրութիւններ» գիրքին մէջ զետեղուած լատինատառ «Հայր մեր» աղօթքն է հայերէնով (այդ գիրքին մի քանի գլուխը նուիրուած է Հայաստանին):

1486 թուականին նոյն քաղաքին մէջ Պրայտենպախի հրատարակած գիրքերէն մէկուն մէջ տեղ գտած է հայերէն փայտափորագիր այբուբենը, որ մեսրոպեան տառերու առաջին տպագիր օրինակն է։

Աշխարհի որեւէ երկրի հայկական տպագրութիւն սերտ կապեր ունեցած է Կոստանդնուպոլսոյ հայկական տպագրութեան հետ, որ նոյնպէս հարուստ պատմութիւն ունի:

Ընդունուած է ըսել, որ Կ.Պոլսոյ տպագրութիւնն ալ իր կարգին սկզբնաւորուած է 1567 թուականին, Աբգար Թոխաթեցիի ջանքերով։ Նոյն թուին էր, որ տպագրուեցաւ «Փոքր քերականութիւն կամ Այբբենարան» պոլսահայ առաջին գիրքը։ Տպարանը գործած է մինչեւ 1569 թուականը։

Աւելի քան մէկդարեայ ընդմիջումէ ետք՝ 1677 թուականին, Երեմիա Չելեպի Քիւմուրճեան հիմնած է նոր տպարան մը, որ երկու գրքոյկ տպագրելէ ետք փակուած է 1678 թուականին։

1691-1692 թուականներուն կաթոլիկ հայերը հոս բացած են գաղտնի տպարան մը, որ գոյատեւած է մինչեւ յաջորդ դարու երկրորդ տասնամեակի կէսերը։

Պոլսոյ մէջ հայկական տեւական ու հաստատուն տպարանի հիմնադիրը Գրիգոր Մարզուանեցին է։ Անոր նախաձեռնութեամբ եւ Աստուածատուր Կոստանդնուպոլսեցիի ընկերակցութեամբ 1698 թուականին լոյս ընծայուեցաւ «Տաղարան վայելուչ եւ գեղեցիկ ի զանազանից բանաստեղծից» գիրքը, որմէ ետք արդէն անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունեցաւ իր տպարանը եւ Պոլսոյ մէջ պատմական ընթացք առաւ տպագրութեան զարգացումը, որ բազում ուրիշ տպագրիչներու ջանքերով ապրեցաւ իր փառահեղ ոսկեդարը: Ինչպէս Էջմիածնի տպարանը, այնպէս ալ այլ քաղաքներու մէջ գործող տպարանները սերտ կապեր ունէին Պոլսոյ տպագրիչներուն հետ եւ Պոլիսը նոյնպէս իր կարեւոր դերը ունի հայ տպագրութեան գործին մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022