ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՐՋՈՂ ՈՒԺԸ
Դարերու վաղեմութեամբ փաստ մըն է, թէ երաժշտութիւնը կրնայ փոխել մարդոց տրամադրութիւնը, գրգռել զգացումները ու նոյնիսկ մղել արտասովոր հոգեվիճակներու։ Կան նաեւ այնպիսի զգացումներ, որոնք միայն երաժշտութեամբ կ՚արթննան։
Երաժշտութիւնը՝ բնութիւնը ընդօրինակելով մարդոց իրենց զգացումները արտայայտելու ամենատարածուն ձեւերէն մին է։ Հետեւաբար, երաժշտութիւնը կը պարունակէ բնութիւնը, կեանքի էութիւնը։ Աշխարհի շուրջդարձը եւ արդիւնքին յառաջացած ռիթմը եւ անոր հնչիւնները երաժշտութեան էութիւնն են, անոր տարբեր արտացոլացումը։ Այսպէսով երաժշտութիւնը կը նշանակէ ձայներու եւ ռիթմերու համադրում։ Այնուամենայնիւ, եթէ այս ձայն-ռիթմ ներդաշնակութեան, համատեղութեան միանան զգացումները, միտքը, արտայայտութիւնը, ապա երաժշտութիւնը կը բարձրանայ արուեստի գագաթնային հարթութեան։ Երաժշտութիւնը ո՛չ միայն ձայն ու ռիթմ, այլեւ ընկերային, հոգեւոր միութիւն կը նշանակէ։ Կարելի՞ է վերահսկել այն արագ հոսքը, որ երաժշտութիւնը մեզ կը տանի ցաւէն դէպի երջանկութիւն, անդորրութիւն, խաղաղութիւն։ Ան միակ լեզուն է, որ անխտիր բոլորս կրնանք հասկնալ եւ զգալ։ Երաժշտութիւնը եղած է նաեւ ազգերու՝ իրենց յաղթանակներն ու տառապանքները անմոռանալի դարձնելու, այսինքն՝ պատմութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցելու միջոց մը։
Երգարուեստը նաեւ առիթ մըն է՝ ի մի բերելու հեռաւորութիւնները, նորոգելու խզուած կապերը, փլած հոգիները… Ներկայ ժամանակներուն, անկասկած, բոլորս կը փնտռենք յոյս եւ խաղաղութիւն՝ մանաւանդ ներքին խաղաղութիւն, որովհետեւ յոյսի բացակայութիւնը եւ ապագայի անորոշութիւնը իշխած են բոլորիս հոգիներու խորքին։
Իրարմէ հեռացած, իրարու օտարացած մարդոց համար երկխօսութեան գործօն, բարեկամութեան խթան երաժշտութեան դերակատարութիւնը վերահաստատուեցաւ՝ ինքնակազդուրման եւ ընկերային համերաշխութեան դռները բանալու գործին մէջ։ Այս բոլորը ակամայ մեր միտքէն կ՚անցնէին՝ CRR համերգասրահի նախորդ օրուան համերգէն արձակուելու ժամանակ։
Երկարատեւ դադարէ մը ետք բազմաթիւ երաժշտասէրներ դարձեալ ժամադրուած էին՝ Սիպիլի համերգին համար։ Համաճարակի այլեւս կարծես մարսուած ընթացքին զուգահեռ՝ մեր մշակութային կեանքը հետզհետէ սկսած է վերաշխուժանալ։ Ուստի, երաժշտասէրներու խուռներամ բազմութիւն մը համախմբուած էր համերգասրահին մէջ։ Լեփլեցուն դահլիճը ցուցանիշ մըն էր՝ մշակութային կեանքի երբեմնի ապրումները վերադարձնելու եւ անցեալի աշխոյժ օրերը վերապրելու յոյսերուն տեսակէտէ։ Սա նշան մըն էր հաւաքաբար վերականգնելու աշխուժութիւնը, միասնականութիւնը եւ յանձնառութիւնը վերանորոգելու հայ մշակոյթին նկատմամբ։
Երաժշտութեան ասպարէզէն ներս Սիպիլ կը գործէ յամառ ու մեծ նուիրումով։ Սիպիլի անցած ճանապարհը եւ այսօր հասած հանգրուանը, ի՜նչ խօսք, դիւրին չէ եղած։ Բոլորս գիտենք, որ ան անհամար յաջողութիւններ արձանագրած է յայտնի հայ կամ օտար բազմաթիւ արուեստագէտներու հետ համագործակցութեամբ։ Հետեւաբար, պոլսահայերուս համար մեծ ուրախութիւն էր անոր վերելքին վկայելը՝ մինչ ան այժմ արդէն լաւագոյնս կը ներկայացնէ մեր համայնքը, մեր լեզուն ու մշակոյթը՝ մանաւանդ երաժշտութիւնը։
Բոլորիս ծանօթ է, թէ Սիպիլ կը մարմնաւորէ արուեստագիտուհիի մը կերպարը, որ միշտ հետամուտ է հաւաքական զգայնութիւններու։ Ան զանազան բարեգործական համերգներու մասնակցած է արտասահմանի մէջ։ Այս շղթային զօդուած օղակ մը եղաւ նախընթաց օրուան համերգը, որ կազմակերպուած էր ի նպաստ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին եւ Գալֆաեան Տան։
Ջերմ ու ոգեւոր մթնոլորտով, ճոխ յայտագրով երազային այս ձեռնարկը Սիպիլի համերգը ըլլալէն անդին՝ իսկապէս աստղերու տարափ մըն էր։ Սիպիլի առընթեր՝ իր կատարումներով երեկոյթին աննկարագրելի փայլ մը տուաւ Երեւանէն յայտնի մեներգիչ Անտրէ Սիմոնեան, որ նաեւ ունկնդիրներուն ներկայացուց իր անգլերէն գործերը։ Հանդիսատեսին տեսակէտէ մեծ վայելք դարձան Սիպիլ Արսէնեանի ղեկավարած սիմֆոնիք նուագախումբը եւ «Առագաստ» նուագախումբը, որոնք յայտագրի ողջ տեւողութեան հմայեցին ունկնդիրները։ Հրանդ Չիզմէճեանի գլխաւորած «Հրանդ Տինք» վարժարանի երգչախումբի փոքրիկ անդամներն ալ ո՛չ միայն բեմին վրայ, այլեւ սրահին մէջ բարձր տրամադրութիւն ապահովեցին՝ իրենց պարզած գեղեցիկ ներդաշնակութեամբ։ Այս խանդավառ մթնոլորտին մէջ առանձնացաւ նաեւ յայտնի մեներգչուհի Այշէնուր Քոլիվար, որու Սիպիլի հետ ունեցած զուգերգը արժանացաւ երկար ծափերու։
Սիպիլի բնատուր տաղանդին ու մեկնաբանական բարձր կարողութիւններուն հաղորդ դարձան համերգի բոլոր մասնակիցները, որոնք իրենց աթոռներուն գամուած ըմբոշխնեցին անոր ուրոյն ձայնը, որ զգացումներ կը պայմանաւորէ ուղղակիօրէն։ Համերգի թողած տպաւորութիւնը մեծ եղաւ, որովհետեւ անոր բոլոր հերոսները հանդիսատեսը մագնիսացուցին իրենց կատարեալ վարպետութեամբ՝ առաջնորդեցին մերթ լուռ մնալու, մերթ ժպտալու, մերթ լրջանալու, մերթ տխրելու, անակնկալներով հանդերձ։
Համերգի թերեւս ամենայուզումնալից պահն էր Կանաչեանի նշանաւոր «Օրօր»ի կատարման փուլը, երբ բեմին վրայ կային միայն երկու Սիպիլները՝ մի գուցէ բաժնելով նոյն խորհուրդները, նոյն ցաւերը։ Անոնք կարծես՝ որպէս հայր կորսնցնելու վիշտը մորմոքած երկու ճակատագրակից արուեստագիտուհիներ հանդէս եկան, բեմին վրայ ոգեկոչեցին իրենց կեանքի «փլած սիւները», իրենց յենարանները։
Երգացանկին ներգրաւուած երգերէն շատեր որքան որ ալ ծանօթ ըլլային, անոնց պատգամն ու առթած զգացումները խոր էին եւ արդիական։ Ունկնդիրները համերգի ամբողջ ընթացքին հետեւեցան՝ առանց աչք թարթելու, որովհետեւ արուեստագէտները կը խօսէին երաժշտական հմայիչ լեզուով մը ու կը յաջողէին պեղել բոլորի հոգիները…
Սիպիլի այս վերջին համերգը պէտք է արժեւորել նաեւ որպէս փորձ՝ ամրապնդելու համար երաժշտութեան կամրջող ուժը, նաեւ դէպի խաղաղութիւն, համերաշխութիւն ու իրերօգնութիւն առաջնորդող դերակատարութիւնը։ Սա տօն մըն էր, որ կ՚աւետէր մեր մշակութային կեանքի թմբիրէն դուրս գալը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ