ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԻ ՄՏԵՐՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

«Ի՞նչ է ազնուականութիւնը, եթէ ոչ ամուր եւ շարունակական, կենդանի, ուժեղ եւ նորոգուող աւանդութիւնների պաշտամունքը»
(Կոստան Զարեան)

«Քերիր հրէան եւ տակը կը գտնես կիսաքանդ լացի պատը: Քերիր հայը եւ տակից Արարատը կը ցցուի:

Այդ է տարբերութիւնը:

Եւ մտածում եմ նաեւ,- իսկ եթէ Արարատը չկայ, իսկ եթէ կան հայեր, որոնք այդ գիտակցութիւնից զուրկ են՝ թող վերադառնան Երուսաղէմ: Մտածման, հոգու եւ դրամի բոլոր խալիճիները, գազեթաճիները եւ նրանց նմանները: Նրանք, որ թաքնւում են ծամծմուած, մաշուած, դիւրին գաղափարների տակ, նրանք որ կանգնած են հայութեան առջեւ, ինչպէս հրէան լացի պատի առջեւ, նրանք որ ապրում են ի հաշիւ անցեալի, պատրաստ ուրանալու եւ պատրատ յարմարուելու: Լեւանթենները [«Վերջ ի վերջոյ հայրենիքս այնտեղ է, ուր ինձ լաւ եմ զգում, ուր ինձ չեն հալածում, ուր կարող եմ ապրել մարդի պէս»]:

Թող վերադառնան Երուսաղէմ»:

Ի՜նչ դիպուկ եւ տեղին համեմատական. քերէ՛ հրեան ու լացի պատը կը գտնես, իսկ քերէ հայը՝ եւ Արարատը կը գտնես, մարդկութեան վերածնունդի խորհրդանիշը ընդհանրապէս, եւ մեր՝ հայերուս համար յարատեւութեան եւ գոյատեւումի գերագոյն խորհրդանիշներէն մէկը:

Կրնա՞ք պատկերացնել հայ մը առանց իր հոգիի խորքին մէջ Արարատը ունենալու: Կրնա՞ք պատկերացնել հայ մը, որ իր զաւակին ու իր թոռներուն Արարատի խորհուրդը չի՛ փոխանցեր: Կրնա՞ք պատկերացնել հայ մը, որ Արարատով չ՚ապրիր, Արարատով չ՚երազեր, Արարատով չի ստեղծագործեր: Դժուար թէ գնտուին նման հայեր:

Միւս կողմէ, պէտք չէ անտեսենք համաշխարհայնացումի այս դարուս արժէքներու, համոզումներու եւ սկզբունքներու անկումին, ներքին եւ արտաքին թշնամիներու գրեթէ ամէնօրեայ յարձակումներուն՝ մեզ մեր արմատներէն կտրելու, զրկելու համար, այդ բոլորով հանդերձ Արարատը կը շարունակէ մնալ կեանքի խորհրդանիշ հայութեան մեծամասնութեան համար:

Իսկ բոլոր անոնք՝ որոնք Արարատ մը չունին իրենց սիրտին ու հոգիին մէջ, անոնք՝ որոնք Արարատով չեն ապրիր, թող «վերադառնան Երուսաղէմ», թող երթան ու լացի պատին դիմաց լալով շարունակեն գոյատեւել:

Անցնող շուրջ հարիւր տարիներու ընթացքին շա՜տ լացինք, շա՜տ ողբացինք, եւ արդիւնքը եղաւ այն, որ աշխարհը դեռ եւս մեզի հետ արժանի ձեւով չի՛ վարուիր: Ժամանակն է այլեւս գիտակցելու, որ լացը մեզ ոչինչով կ՚օգնէ. եթէ կ՚ուզենք արժանավայել կերպով մեր գոյերթը շարունակենք մարդկութեան պատմութեան մէջ, տէր պիտի կանգնինք մեր հոգիի ու սիրտի մէջի Արարատին. աւելի՛ն, մեր ներսիդին պիտի կառուցենք մեր հոգեւոր Արարարտը, որպէսզի հասնինք Հոգեւոր Հայաստանին:

Մեզի պէտք չեն՝ «վերջ ի վերջոյ հայրենիքս այնտեղ է, ուր ինձ լաւ եմ զգում, ուր ինձ չեն հալածում, ուր կարող եմ ապրել մարդի պէս» ըսողներ ու նման կերպ մտածողներ: Հայրենիքը մեզմէ իւրաքանչիւրին կարիքն ունի եւ այդ կարիքը ո՛չ թէ լաւ ու խաղաղ վիճակներուն, այլ՝ ընդհակառակը, ծանր, նեղ ու դժուար ժամանակներուն: Հայրենիքին նկատմամբ սէրը աւելիով յայտնի կը դառնայ նեղութեան ու դժուարութեան օրերուն: Աւելի՛ն, հայրենիքի նկատմամբ սէրը պայմանաւորուած պէտք չէ ըլլայ ուրիշներու արարքներով, ինչքան ալ տականք ու վատ ըլլան անոնք եւ իրենց արարաքները:

«Յիշում եմ առաջին օրերին Հայաստանում, փողոցի անկիւնում կանգնած մի խումբ կանայք ինձ վերից վար զննելուց յետոյ, բարձրաձայն եւ ռուսերէն հարց տուին ինժեների գլխարկ կրող մի պարոնի. “Ո՞վ է այդ մարդը”: Մարդը զիստը նստեցրեց ձեռքում բռնած գաւազանի ծայրին, գլուխը դարձրեց ինձ, արհամարհական մի նայուածք նետեց եւ դառնալով կանանց. “Է-էմի-գրանտ”…

Այդ էմիգրանը (տարագիր), իմ իսկ երկրում, մտքիս մէջ մինչեւ հիմա դրոշմուել է իբրեւ դժնդակ յիշատակ»:

Դժբապտաբար մեր օրերուն նաեւ նոյն վերաբերմունքը կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ:

“Է-էմի-գրանտ…”, բայց երեւի թեւթեւակի տարբերութեամբ մը: Եթէ անցեալին այդ “Է-էմի-գրանտ”ի նկատմամբ արհամարհանք կը տածուէր, մեր օրերուն նոյն այդ “Է-էմի-գրանտ”ը տեսնելով ախորժակները կը բացուին, կենացները կը քաղցրանան, նպատակ ունենալով գրպանները լեցնելով լեցնել, ըսէք ներսիններուն համար դուրսինները (“Է-էմի-գրանտ”ները) կթան կովեր են, որոնց գործը միայն դրամ, դրամ եւ դրամ ապահովել, ղրկել ու տալն է ներսիններուն… Իսկ ամենէն սարսափելին, որ այդքանէն ետք ներսիններէն որոշներ կը համարձակին գանգատելու եւ մեղադրելու, թէ միայն ա՞յդքան էր, ի՞նչ էր որ իրեն համար եղածը, որ այդքան ագահութեամբ վարուեցաւ…

Եթէ փորձենք հարցումի կերպով որոշակի տուեալներ հաւաքենք, թէ քանի-քանի դուրսիններու մօտ «այդ էմիգրանը (տարագիր), իմ իսկ երկրում, մտքիս մէջ մինչեւ հիմա դրոշմուել է իբրեւ դժնդակ յիշատակ», կը կարծեմ, որ բաւական դառն արդիւնքներ կ՚ունենաք: Մտածելակերպի փոփոխութեան յեղափոխութեան կարիքն ունինք ազգովին:

 

«Մարդկային պարզ ժեստերի ետեւ թաքնուած են բազմապիսի ներկայութիւններ, որոնք լիովին չեն մերկացած մեր գիտակցութեան առջեւ, բայց որոնց մենք նախազգում ենք իբրեւ մեր անբաւականութիւնը: Այդ զգացումը պէտք է համարել գերազանցապէս կենսական, որին կարելի չէ անտեսել առանց լուրջ վտանգի ենթարկելու մեր լինելու եւ իրագործուելու կամքը:

Եթէ ուզենք մարդկութիւնը անպատճառ դասակարգային բաժանման ենթարկել՝ ինչ որ միշտ բռնազբօսիկ է՝ պիտի տեսնենք երկու տիպի հոգեբանութիւններ: Պիտի գտնենք նրանց, որոնք իրենց առջեւ մեծ եւ դժուարին պահանջներ են դնում, յաղթահարելով կամ արհամարհելով առարկայական պայմանները, որոնք չեն վախենում մտքի եւ հոգեկան ապրումների վտանգաւոր փորձարկութիւններից, որոնք գիտեն անցնել «կրակների բովից», անտեսելով ընդունուած տեսակէտները եւ հասարակական կարծիք անուանած զառանցող կովացումը եւ նրանց, որոնք իրենցից առանձնապէս ոչինչ չեն պահանջում եւ որոնց համար կեանքը այն է, ինչ որ է, պարագաների “կոմբինացիա”, կոհակի կատարին կազմուող պատահական փրփուր:

Զարմանալին այն է, որ այս վերջին տիպի մարդն է, որ միշտ խօսում է իրականութեան եւ փաստերի անողորմ տիրապետութեան մասին: Նա առաջ է բերում թուանշաններ, արձանագրուած իրողութիւնների շարան, պատմութիւն եւ վիճակագրութիւն: Նա՝ որ կարողութիւնը չունի տեսնելու ներքին մղիչ ուժերը եւ որ ճիգ չի արած ընդգրկելու կեանքը իր բարդ ամբողջութեան մէջ, նա՝ որ ծնուած է կոյր եւ սահմանափակ եւ այդ պատճառով գռեհիկ:

Գռեհիկ մարդը կեանքը ազատօրէն խուզարկելու եւ ըմբռնելու ոչ մի պահանջ չի զգում: Նա սարսափում է գիտակցել իր անբաւականութիւնը: Նա վախենում է համեմատել իր անձը ուրիշ անձերի հետ, որովհետեւ համեմատել՝ նշանակում է մի վայրկեան դուրս գալ իր սեփական կաշիից, տեղափոխուել ուրիշի մէջ, մտային եւ հոգեկան փորձարկութեան ենթարկուել, ըմբռնել, ընդունել, մի վայրկեան յաղ-թըւած զգալ:

Միջակ եւ գռեհիկ մարդը զուրկ է հոգեփոխութեան, transmigration-ի կարողութիւնից՝ սպորտի գերագոյն այս ձեւից: Փակուած, պատսպարուած աժան գաղափարականութիւնների պարիսպների ետեւ, որոնց կառուցման համար նա ոչ մի ճիգ չի արել եւ ի հաշիւ որոնց նա մակաբուծօրէն ապրում է, նա ճգնում է պարտադրել իր գռեհիկութիւնը իբրեւ սրբազան իրաւունք եւ իր իրաւունքը իբրեւ սրբազան գռեհիկութիւն:

Այս երկու տեսակ մարդկային տիպերը պայքարի մէջ են ամէն տեղ: Ու չափազանցութիւն չպիտի լինի եթէ ասեմ, որ գալիք ապագան պիտի լինի կռուի այն դաշտը, ուր պիտի որոշուի մէկի կամ միւսի վերջնական տիրապետութիւնը: Ու մենք՝ հայերս, ի՞նչ զէնքերով պիտի նետուենք այս ճակատամարտի մէջ, ի՞նչ արժէքներ պիտի առաջադրենք եւ ի՞նչ հոգեկան կարողութիւն պիտի ցուցադրենք:

Այս բոլոր հարցերը գերազանցապէս շահագրգռական են բոլոր նրանց համար, որոնք գիտակցում են որ մենք բոլորում ենք մեր պատմութեան ամենավտանգաւոր եւ ամենավճռական շրջանը, եւ որոնք իրենց զգում են պատասխանատու այդ պատմութեան առջեւ:

Աւելի շուտ, մեր երկրի առջեւ, որովհետեւ երկրից դուրս չի կարող լինել կեանք եւ չի կարող լինել պատմութիւն: Եւ երբ ասում եմ երկիր, ուզում եմ ասել տուեալ որոշակի այն հողամասը, ուր ապրում եւ գործում է հայ ժողովուրդը, ուր, չնայած արտաքին հանգամանքներին, վերադարբնւում է հայ ոգին, վերակազմւում է ազգը, ծնւում է նոր պատմական միթոսը եւ նոր հայ անհատը»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2

15 փետրուար 2021, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Փետրուար 20, 2021