ՓՈՒՆՋ ՄԸ ՄԱՆՈՒՇԱԿ
Ահաւասիկ գարուն է…
Ամէն տարի գարունը ամօթխած նորահարսի մը պէս կու գայ, իր հետ բերելով խինդ ու ծիծաղ, սէր ու քնքշանք։
Ամէնուր՝ օդին մէջ գարնանային բոյր ու շունչ կը տիրէ։ Գարնան շռայլուած կան բազմաթիւ երգեր, բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, գովեստի ու հիացմունքի խօսքեր, որոնց մէջ գարունը կը նմանցուի ազնուագոյն զգացումներէն սիրոյն, հաւատքին ու յոյսին։
Գարնան մասին քիչ մը երկար մտորած ատեն կը զգանք, թէ ան իսկապէս կեանք է՝ հոգւոյ երգ։
Վերջերս, ամէն գարնան մտովի կը տեղափոխուիմ ու կը վերապրիմ մանկութեանս տաքուկ ու անհոգ գարունները։
Թէ ինչպէս գարնան շոյանքով բնութիւնը կ՚արթննար ձըմ-րան խոր քունէն։ Ձիւնի ճերմակափառ սաւանի տակէն նոր կեանք կը ծնէր։ Ցուրտ ու մռայլ ձմրան կը յաջորդէր լուսաւոր ու պայծառ գարունը։ Հողը կ՚արթննար ու երազային ժպիտներ կը դրոշմէր զինքը ողջունող մարդոց։ Ի վերջոյ, սեւ ու գորշ ամպերու տակէն դուրս կ՚ելլէր արեգակը, որ իր տաք ու ջերմ շողերով կը ջերմացնէր համայն աշխարհն ու մարդոց հոգիները։
Սարերու գագաթին ձիւնը տակաւին չհալած ձիւնածաղիկը մեղմիկ ճեղքելով պաղ հողի շերտը ծիլ կու տար ու այլեւս քանի մը օր ետք հեզաբարոյ կը հանէր իր ճերմակաթոյր գլուխը. որպէս առաջինը՝ աւետելով գարնան գալուստը։ Շուտով դաշտերը ամբողջութեամբ կը ծածկուէին երփներանգ ծաղիկներով ու մանկահասակ տղաքն ու երիտասարդները կը հրաւիրէր անտառ, դաշտ ու ձորեր։
Ամէն գարնանամուտի, մեր փողոցի ժիր ու խնդուն մանուկներս՝ ընկեր, ընկերուհիներով քովերնիս առնելով պանիր ու հաց, առտուն կանուխ կը փութայինք անտառ՝ ծաղիկ ժողվելու։
Կարկաչ գետը երկու մասի կը բաժնէր բնակավայրերն ու մեզմէ ոչ այնքան հեռու գտնուող անտառը, որոնց միջեւ կապող օղակ կը հանդիսանայ մեր քրտնաջան ու աշխատասէր դրացիի ձեռամբ կառուցուած նեղլիկ երկաթէ կամուրջը։ Միայենակ կամուրջը այնքան նեղ էր, որ երկու հոգի քով քովի կը դժուրանային քայլելու։ Տարիներու ընթացքին, անձրեւի ու ձիւնի տակ գտնուող կամուրջի երեսապատ հատուածները տեղ-տեղ մաշած ու մեծ անցքեր բացած էին։ Բաց աստի, քիչ մը արագ քայլելու պարագային ձեռակերտ կամուրջը կը սկսէր շարժիլ։ Ես ընկերներուս օգնութեամբ մեծ դժուարութեամբ կը յաղթահարէի բարձրութեան հանդէպ ունեցած վախս ու կ՚անցնէի զայն։
Վերջապէս կամրջակի տեսքով մեր առջեւ գոյացած պատնէշը յաղթահարելէ ետք, կը յայտնուէինք թաց ու խոնաւ անտառին մէջ։ Թռչուններու ուրախ գարնանային ճռուողիւններուն, դայլայլին տակ, բարձր տրամադրութեամբ, կատակներով ու զուարճախօսութիւններով կը սկսէինք ծաղիկ հաւաքելու։ Ահա՛, թուփի մը տակ պահուըտած մանուշակ.
-Ընկերնե՜ր աճապարեցէ՛ք, տեսէք ի՛նչ գտայ։
-Ի՞նչ է։
-Թուփի մը տակ լեցուն մանուշակներ կան։
-Ես ալ գտա՜յ, հոս նոյնպէս շատ մանուշակներ կան,- կը ձայնէ մէկ ուրիշ ընկեր։
Այսպէս իրարու ձայնելով կը կտրէինք ու կ՚անցնէինք քանի մը քիլօմեթր։
Թէ ինչպիսի՞ն էր մեր անտառը…
Սար մըն էր, ծածկուած ծառերով ու զանազան բոյսերով։ Կենդանական աշխարհէն անոր հիմնական բնակիչներն էին աղուէսներն ու շնագայլերը, որոնց գրեթէ անհնարին էր հանդիպիլ ցերեկուայ ժամերուն։ Ինչպէս գիտէք, շնագայլերը գիշերները դուրս կ՚ելլեն իրենց որջերէն եւ անօթի փորերը կշտացնելու պայմանաւ՝ մինչեւ մեր փողոցները կու գային։ Անոնց ձայնը նորածին մանկան լացին կը նմանի։
Անտառի հարեւանութեամբ կային սարեր, մարգագետիններ ու դաշտավայրեր։ Մենք փունջ մը մանուշակ ժողվելու համար անտառի մէկ ծայրէն միւս ծայրը կը հասնէինք։ Մանուշակէն զատ ձիւնածաղիկ, վայրի վարդ ու դաշտային զանազան անուշաբոյր ու երփներանգ ծաղիկներ կը ժողվէինք։ Մեր անտառը բաւական զառիվեր էր։ Մեր ուշադրութիւնը սեւեռած կ՚ըլլայինք տեղ-տեղ պահուըտած ծաղիկներուն ու նոյնիսկ չէինք անդրադառնար, թէ ինչպէս յաջողեցանք մագլցիլ զառիվերը եւ յայտնուիլ անտառի վերնամասը, ուրկէ գեղեցիկ տեսարան կը պարզուէր մեր առջեւ։ Ահաւասիկ անտառը այստեղ վերջանալով կը միանար հարթավայրի մը, ուր մենք քիչ մը կը խաղայինք, այնուհետեւ գետնին սփռոց մը փռելով մեր տոպրակներէն կը հանէինք մայրիկներուն պատրաստած պանիր-հացն ու միւս ուտելիքները եւ միասնաբար կ՚ըմբոշխնէինք։ Այլեւս շատ յոգնած կ՚ըլլայինք, քիչ մը խոտերուն վրայ կը պառկէինք, երկինքը դիտելով կը փորձէինք քնանալ։ Արեւը հետզհետէ կը սկսէր պահուըտիլ հեռու սարերուն ետեւը, ինչ որ կը նշանակէր, թէ իրիկնամուտը կը մօտենար։ Ամէնքս տեղ մը երկնցած իրարու կը սկսէինք ձայնել.
-Շուտով մութը պիտի ընկնի, ելլենք, երթանք։
-Ա՜խ շատ յոգնած եմ, բոլոր մարմինս կը ցաւի։
-Ես ալ, ոտքերս չեմ զգար։ Ինչպէ՞ս տուն պիտի հասնինք,- կը տրտնջար մէկ ուրիշը։
Եւ այսպէս յոգնաբեկ տուն կը վերադառնայինք մեր ձեռքին ունենալով մայրիկներուն ու մեծ մայրերուն համար սիրով քաղուած փունջ մը մանուշակ ու դաշտային ծաղիկներ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ