ՊՈՒԼԿԱՐԱՑԻ ՔԱՀԱՆԱՆ
Ծնած եմ Պուլկարիոյ Փերնիք քաղաքին մէջ։
Ամառնային օր մը մայրս աշխարհ բերեր է զիս առանձին. հայր չեմ ունեցած երբեք։ Ծնունդէս օր մը ետք զրկուեր եմ մայր ունենալու միօրեայ բախտէս եւս։ Տարիներ ետք պիտի պատմէին, որ զիս գտեր են քաղաքի ամենահին եկեղեցւոյ դրան շեմին, առաւօտ մը, պարոյրիս մէջ ալ նօթ մը. «մէկ օրեկան է. ես չեմ կրնար, թող մնայ ձեզի, թող մնայ Աստուծոյ»։
Աստուած որոշեր էր, երեւի, որ ժամկոչին պիտի յանձնէին զիս։ Ու պիտի անցնէր մանկութիւնս այդտեղ, եկեղեցւոյ ետին, յիսուն մեթր դէպի խորքը պուրակին, այդ մութ ու ահաւոր խուցին մէջ, ուր որպէս ստրուկ պիտի ապրէի, կրթուէի, կրտուէի ձեւով մը, մինչեւ տասնվեց տարեկան։
Ժամկոչը ոչինչ ունէր Աստուածային իր մէջ։ Կլոր փորով, ճաղատ գանկով, աղուամազով մրոտած դէմքով, եւ դատարկ, ամբողջովին դատարկ հոգով մարդ մըն էր ան։ Կինը, տիկին Մարին, գրեթէ չեմ յիշեր. հինգ տարեկան էի, երբ ձգեց տունը եւ գնաց, երեւի չը-դիմանալով։ Ինք էր որ խնամեց, սնեց, կերակրեց զիս, կեանք տուաւ նորածին մէկ օրեկան այդ էակին, ոտքի կանգնեցուց, մարդ դարձուց։ Միշտ մտածած եմ, թէ ինչքա՞ն տարբեր պիտի ըլլար կեանքս, եթէ հետը տանէր զիս։ Եթէ արտօնէր ժամկոչը...
Մինչդեռ ես ընդամէնը գործիք էի ժամկոչի ձեռքին։ Անկողին մըն էր ընդամէնը ունեցածս՝ սեղմուած տան ամենախոնաւ անկիւնին, իսկ սնունդիս դրամը ի՞նչ էր որ, տուած օգուտիս հետ համեմատած։ Վեց տարեկանէս կամաց-կամաց սկսած էր գործի լծել զիս ժամկոչը։ Ստիպած էր զիս հետեւիլ իր հրահանգներուն այնպէս, որ երբեք հակադրը-ւիլ իսկ չէր անցած միտքէս։ Ձեւով մը այդ բարոյական իրաւունքը խլած էր ձեռքէս. չէր զլանար յիշեցնելու, որ «փրկած» էր զիս... Ի՞նչ ըսէի. ի՞նչ ընէի... ա՛լ եկեղեցւոյ մաքրութիւնը, ա՛լ տան համար փայտ կտրել հաւաքելը, ա՛լ շուկայ երթալը... բոլորը քիչ-քիչ եկած էին գրաւելու կեանքս, որ ոչինչ էր իսկապէս, բացի ամէնօրեայ վերապրումէ մը տափակ։
Մինչեւ որ, տասներկու տարեկանիս լոյս մը եկաւ փրկելու զիս կամաց-կամաց։ Ժամկոչին դիմեց միակ մարդը, որուն չէր կրնար մերժել ինք. քահանան։ Որոշած էր դպիր դարձնել զիս։ Եւ այդպէս, շաբաթը մի քանի ժամ կ՚երթայի եկեղեցի, կը բարձրանայի խորան, եւ կը գիտակցէի, հետզհետէ, որ կեանքը մեր խրճիթէն աւելին է։ Եւ ինչքա՛ն կ՚ամրանար մէջս այդ բացայայտումը, այնքա՛ն անտանելի կը դառնար ժամկոչը։ Եւ այդ, բնականաբար, աննկատ չէր անցներ իրմէ։ Աւելի՛ կը խստանար, աւելի՛ կը փորձէր իշխել ու պարտադրել ինքզինք, ըմբոստացման մօտեցող վտանգ մը գուցէ զգալով։ Չէր գիտեր երեւի ի՛նք իսկ, որ այնքան ներթափանցած էր իր կողմէ փրկուած ըլլալու այդ գաղափարը հոգւյս մէջ, որ ըմբոստացողը չէի եւ պիտի չըլլայի ես։
Սպասողն էի։ Համբերատար, յամառ, զուսպ։ Ամէն առաւօտ լուսաբացին եւ ամէն երեկոյ քնանալէս առաջ, յոյսով եկեղեցւոյ նայողն էի միայն...
Մինչեւ որ, օր մը, երբ դարձայ տասնվեց տարեկան, ուժ գտայ մէջս քահանային յայտնելու, որ իր ճամբան կ՚ուզէի բռնել։ Կարծես մօրս նման ինքզինքս անգամ մը եւս յանձնէի եկեղեցւոյ, «ալ չեմ կրնար, գա՛մ ձեզի, գա՛մ Աստուծոյ» ըսելով գրեթէ։
Ու հիմա, տասն տարի անց, Սոֆիայի եկեղեցւոյ իմ խուցէս՝ կը նայիմ անցեալի այդ օրուան եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ երեքին. մօրս, քահանային, եւ Աստուծոյ, որուն յանձնուած էի դեռ սկիզբէն...
ԵՐԱՄ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024