ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան թա­տե­րա­խում­բը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հան­դէս ե­կաւ ներ­կա­յա­ցու­մով մը, որ ա­ռար­կայ դար­ձաւ թա­տե­րա­սէր­նե­րու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։ Միու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 70-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին կը հա­մընկ­նի այս ներ­կա­յա­ցում­նե­րու շար­քը, ո­րու մեկ­նար­կը ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան թա­տե­րա­խում­բը այս տա­րի կը ներ­կա­յաց­նէ «Չըլ­կըն տիւ­նեա» ա­նուն խա­ղը, ո­րու բե­մադ­րիչն է Պուր­ճու Թո­քուչ։ Լո­փէ տէ Վե­կա­յի կող­մէ հե­ղի­նա­կուած թատ­րեր­գու­թիւ­նը թարգ­մա­նած է Ա­տա­լէթ Ճիմ­ճոզ։ Դե­րա­կա­տար­ներն են՝ Քրիս Տինչ­քա­յըք­ճը, Խա­չիկ Ին­կի­լի­զօղ­լու, Փե­րին Քո­լու­քը­սաեան, Այ­լին Քէ­շի­շօղ­լու, Ար­թօ Ար­սէ­նեան, Ա­նի Սիւր­մէեան, Փո­լին Սա­հա­կեան, Սե­լին Չա­վու­շօղ­լու, Գա­րին Թահ­մին­ճիօղ­լու եւ Յա­կոբ Քիւ­փէ­լի։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թիւ­նը ներ­կա­յիս ու­նի ժա­մա­նա­կա­ւոր հա­ւա­քա­տե­ղի մը՝ թա­տե­րա­խում­բին ներ­կա­յա­ցում­նե­րը նա­խա­տե­սուած են «Ա­լի Փոյ­րա­զօղ­լու» թատ­րո­նի եր­դի­քին տակ, ուր ե­րէ­կուան կա­լան պա­տուեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ներ­կայ էին նաեւ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տու­նէն Հայր Սար­գիս Ծ. Վրդ. Էր­մէն, Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան, ինչ­պէս նաեւ Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի մա­տա­կա­րար մարմ­նի ա­տե­նա­պետ Ար­ման Քա­մար եւ իր ըն­կեր­նե­րը, հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Պերճ Մեն­զիլ­ճիօղ­լու, տնօ­րէ­նու­հի­ներ՝ Ե­ւա Օ­րա­գեան, Էլ­տա Գա­րա­կէօ­զեան եւ Քա­թիա Վար­կը, Սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Վար­դան Պալ­մում­ճեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Մխի­թա­րեա­նի ըն­տա­նի­քէն ծա­նօթ դէմ­քեր, ա­րուես­տա­գէտ­ներ եւ թա­տե­րա­սէր­ներ։ Վար­դան Պալ­մում­ճեան այս առ­թիւ հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը, իսկ ներ­կա­յաց­ման ա­ւար­տին հան­դի­սա­տես­նե­րուն հետ ի­րենց զգա­ցում­նե­րը բաժ­նե­ցին՝ դե­րա­կա­տա­րնե­րէն Սե­լին Չա­վու­շօղ­լու եւ բե­մադ­րիչ Պուր­ճու Թո­քուչ։

Յա­ջոր­դած ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին ներ­կա­նե­րը ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տե­ցին դա­տե­րա­խում­բի ան­դամ­նե­րը՝ յղե­լով ի­րենց շնոր­հա­ւո­րու­թիւ­նը։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2016