1 + 1 = 2 ՀԱՏ 1
«Մարդը մարդով կ՚ուրախանայ» կ՚ըսեն: «Երկինքը առանց մարդու ոտք չի կոխուիր», կ՚ըսէ արաբական արածը: «Աստուած տեսնելով, որ «մարդը» մինակ է, իրեն ընկերակից ղրկեց», կ՚ըսէ Ս. Գիրքը: Մարդու ամենամեծ ուրախութիւնը իր նմանին հետ ըլլալ եւ անոր հետ լաւ յարաբերութիւն մշակելն է: Սակայն ինչո՞ւ չեմ գիտեր, ան՝ մարդը միշտ ալ պատրուակ մը ունի իր նմանին հետ գժուելու: Յոյն Ուղղափառ հանրածանօթ եպիսկոպոս Ժորժ Խըտըրի կը հարցնեն՝ «Սրբազան Հայր, պէտք չէ՞ եկեղեցիները միանան»: «Անշուշտ», կը պատասխանէ ան, «բայց գիտէ՞ք ինչ՝ եկեղեցին իր մարդկային երեսը ունի եւ որպէս այդ, ան շուտով այլ պատրուակ մը պիտի գտնէ ու դարձեալ բաժնուի: Այս մարդկային իրականութիւն է»: Սխալ չհասկցուելու համար ըսեմ, որ սրբազանին խօսքին մէջբերումս որեւէ կողմ մը քննադատելու համար չէ, այլ պարզապէս գաղափարս շեշտելու համար է:
Կրօնական թէ աշխարհիկ բոլոր օրէնքները կան, որպէսզի օգնեն մարդը իր նմանին հետ խաղաղ ապրելու: Ճիշդ այս կէտին մէջ է, որ երջանկութիւնը կը կայանայ՝ իրարու հետ խաղաղ ապրիլ. այն երջանկութիւնը, զոր ներկայ մարդկութիւնը սխալ վայրերու եւ միջոցներու մէջ կը փնտռէ: Ներկայ մարդուն միտքը կազմող թիւ մէկ ազդակը լրատուութիւնն է՝ մետիան (Media): Հոնկէ եկող «տեղեկութիւնները» մարդկութեան կը ներկայացնեն «մինակ» ապրող հերոսներ, որոնք յաջողութիւններ կ՚արձանգրեն, մարդիկ կը փրկեն եւ «մինակ»ութեան հետ հարց չունին ու ոչ ալ այդ մէկը հարց կը ստեղծէ իրենց: Սակայն մարդկութեան ամենամեծ դժուարութիւններուն ու թշուառութիւններուն պատճառը «մինակութիւն»ն է: Երբ մարդ ինքզինք անջատէ իր շրջանակէն՝ կարծելով, որ մինակ կ՚ապրի, երկու հոգեբանական ապրումներ կ՚ունենայ. ա) Ինքզինք աշխարհի մենիշխան տէրը կը կարծէ՝ ինք արեւն է եւ ամէն ինչ իր եւ իր շահերուն շուրջ կը դառնայ: բ) Ինք ամենադժբախտ եւ ամենաթշուառ մարդն է աշխարհի: Տակաւին մինակ ըլլալով եւ կամ «մենակացնելով» ինքզինքը, մարդը տեսակ տեսակ հոգեբանական հիւանդութիւններու մէջ կ՚իյնայ, որմէ ձերբազատուելու համար ան պէտք ունի բժշկական օգնութեան (եթէ իմաստուն է): Արտօնեցէք հոս փակագիծ մը բանամ՝ ըսելու համար, որ հոգեբան եւ հեղինակ Սքոթ Փէք (Scott Peck) ըսած է՝ «ամէն մարդ հոգեբոյժի կարիքը ունի. իմաստունը այն է, որ կ՚ընդունի այս իրականութիւնը»:
Գալով լիբանանցիներուս, մենք մինակութիւնը արտայայտող յատուկ (եւ կարելի է աւելցնել մարդկութեան ամենավատ) ախտանշանները ունինք: Նշեմ, որ վերոյիշեալ երկու ախտանշաններէն առաջինէն կը տառապինք. «Ես աշխարհի մենիշխան տէրն եմ»: Սկսինք ինքնաշարժ վարելու օրինակով, որ քաղաքին ապրած ճամբաներու խճողումին կարեւոր մէկ պատճառն է՝ «ես ճամբուն տէրն եմ» մտայնութեամբ: Իւրաքանչիւրը իր փափաքած ձեւով պիտի վարէ ինքնաշարժը, ուզած տեղը պիտի կեցնէ զայն՝ անարգելով երթեւեկութեան բոլոր նշանները: Նման ախտանշման ապրողի մտայնութիւնը հետեւեալն է՝ «ես մինակ կ՚ապրիմ, պէտք չունիմ ուրիշը նկատի առնելու»: Բնականաբար լիբանանցին այս մտայնութեամբ կը շարունակէ, մինչեւ որ օր մը իր բարեկամները իր նկարին վրայ «մենք քեզի երբեք պիտի չմոռնանք» գրեն... իր թաղման ժամանակ, երբ մահացած կ՚ըլլայ ինքնաշարժի կամ մոթորսիքլէթի արկածէ: Եւ կամ իր պատճառով... ուրիշի մը նկարին վրայ նոյն նախադասութիւնը գրեն: Այլ օրինակ մը՝ վաճառատան մը մէջ շարքի կեցած ես եւ կը սպասես, որ վճարելու կարգդ հասնի: Չես գիտեր ուրկէ մէկը կը բուսնի առջեւդ եւ անտեսելով կարգդ կը վճարէ ու կ՚երթայ: Ուրիշ օրինակ մը եւս՝ իրիկունը կ՚արթննաս եւ զաւակդ 40 աստիճան տաքութեան մէջ կը տառապի: Անմիջապէս զինք հիւանդանոց հասցնելու նպատակաւ դէպի ինքնաշարժ կը շտապես՝ տեսնելու համար, որ ուրիշ ինքնաշարժ մը քուկինիդ ճամբան գոցեր է: Ինքնաշարժիդ փողը կը հնչես, աջ-ձախ կը հարցնես եւ մէկ ժամ ետք կէս գինով մը կը ներկայանայ ու «ի՞նչ կայ աշխարհը իրար անցուցիր», կ՚ըսէ կզակը օրօրուելով: Ի՞նչ պիտի պատասխանես, կամ կեանքի պատմութիւնդ պիտի պատմես, թէ զաւակդ հիւանդ է եւ կամ իր ըրած սխալին համար դուն ներողութիւն պիտի ըսես, որպէսզի զաւակդ շուտով հիւանդանոց հասցնես:
Իսկ եթէ քաղաքականութեան ու անոր սպասարկողներուն վիճակը յիշելու ըլլամ, կացութիւնը շատ աւելի վատ է, քան ժողովուրդինը: Որովհետեւ իւրաքանչիւր քաղաքական կողմ ինքզինք իրաւունքի մէջ կը նկատէ՝ բայց «առանձնաբար»: Երկիրը անդամալուծուած է եւ իր բժշկութեան կարողութիւնը կորսնցուցած:
Կարելի՞ է արդեօք ախտաճանաչում կատարել գիտնալու համար, թէ ու՞ր է սխալը: Խոնարհաբար պարզ պատասխան մը ունիմ ՝ ՄԱՐԴԸ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ Է ԻՐ ՆՄԱՆԻՆ ՀԵՏ ԽԱՂԱՂ ԱՊԵԼՈՒ: Այո, այսքան պարզ: Մարդը կոչուած է որպէս հաւաքականութիւն՝ մէկ մարմին ապրելու, նման իր Աստուծոյն Երրորդութեան պատկերին, որով ստեղծուած է: Սակայն ի՞նչ ընենք, եթէ ան չ՚ուզեր սորվիլ:
Զիատ Ռահպանի իր «Ամերիկեան երկար ֆիլմ» թատերգութեան մէջ, այս իրականութիւնը հետեւեալ պատկերով ներկայացուցած է: Անձ մը իր ընկերոջ կը հարցնէ՝ 1+1 քանի՞ կ՚ընէ: «2» կը պատասխանէ միւսը: «Ոչ» կ՚ըսէ հարցնողը՝ «2 հատ 1 կ՚ընէ», որովհետեւ Լիբանանի մէջ մենք մէկ ըլլալու գաղափարին տակաւին չենք հասած...:
ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ
«Զարթօնք»