ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԵՐԿՐՈՐԴ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ
Սուրբ Յարութեան յաջորդող եօթներորդ կիրակին Երկրորդ Ծաղկազարդ կը կոչուի:
Երկրորդ Ծաղկազարդ այս անուանումը Հայ Եկեղեցւոյ յատուկ է, որովհետեւ միւս եկեղեցիները այսպիսի անուանում մը չունին:
Երկու պատճառներ կան այս կիրակին՝ Երկրորդ Ծաղկազարդ կոչելու:
Առաջինը այն է, որ բուն Ծաղկազարդի օրուան Աւետարանական ընթերցումները այսօր եւս կը կարդացուին մեր Եկեղեցիէն ներս:
Երկրորդ պատճառը անմիջականօրէն կապ ունի մեր Եկեղեցւոյ երկրորդ Լուսաւորիչ՝ Ս. Գրիգորին հետ, անոր Խոր Վիրապի մէջ անցուցած տարիներուն հետ:
Այս մասին Շնորք Պատրիարք Գալուստեան այսպէս կը գրէ. «Համբարձման այս չորրորդ օրը կը հասնին մեզի արձագանգները Յիսուսի յաղթական մուտքին ի վերին Երուսաղէմ: Ու այս արձագանգը կու գայ մեզի ազգային գողտրիկ աւանդութեան մը ընդմէջէն, եղէգէ սրնգի մը մէջէն հոսող սրտառուչ մեղեդիի մը նման: Ըստ այդ աւանդութեան, մեր հաւատքի հայրը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, իր Խոր Վիրապային բանտարկութեան ընթացքին, կը վայելէ այցելութիւնը եւ ներկայութիւնը երկնային էակի մը, որ ոչ միայն կը սփոփէ եւ կը սրտապնդէ զինքը անյոյս կացութեան մէջ, այլ նաեւ բանտի չարաշուք եւ խաւար մթնոլորտը կը վերածէ իրական երկինքի մը:
Կը պատահի, որ Համբարձման չորրորդ օրը բացակայի այդ հրեշտակը ու յաջորդ օրը, երբ Լուսաւորիչ կը հարցնէ պատճառը՝ Հրեշտակը կը բացատրէ, որ ամէն տարի Քրիստոսի երկինք յաղթական վերադարձը փառաբանելու համար, ինն օրեր շարունակ հանդէսներ կը սարքուին հրեշտակներու ինն դասակարգերու կողմէ: Եւ որովհետեւ ինք կը պատկանէր հրեշտակաց չորրորդ դասուն, ուստի պարտաւոր էր այդ օր իր խումբի հետ ըլլալ, հանդիսադրելու համար Յիսուսի երկինք մուտքի չորրորդ օրը:
Միամիտ այս աւանդութիւնը նոյնքան պարզութեամբ երգուած է նաեւ օրուան Օրհնութեան շարականի առաջին պատկերին մէջ: [Ստորեւ այդ Շարականը կը ներակայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան, Շնորհք Պատրիարքի արդի աշխարհաբարի թարգմանութեամբ. Վ.Ք.]
Մեծահրաշ այս խորհուրդ, աւանդութեամբ մեզի հասած,
Զոր հոգւոց մեր Լուսատուն իր պաշտպանն էր լսած.
Թէ մեծ տօն էր այսօր երկինքի մէջ իր դասուն:
Երկրէն եկող Երկնաւորը, երբ վերացաւ երկինքն ի վեր,
Երկնայիններ դաս առ դաս տօն սարքեցին ուրախութեամբ.
Սկսեալ հրեշտակներէն մինչեւ վերին Աթոռները:
Իսկ չորրորդ դասակարգէն, պաշտպան եղած Լուսաւորիչին,
Իր խումբին մէջ կը փութար տօնակցելու ուրախութեամբ
Որմէ հարցում ընելով տեղեակ կ՚ըլլար մարմնաւոր մեր հրեշտակն:
Քանզի մեծ է այս խորհուրդն բանաւորացն փրկութեան,
Հրեշտակներու եւ մարդկան. միասնաբար կը տօնուի,
Երկու տեսակ բանաւոր էակներէն առհասարակ:
Երէց որդին առակին, երբ նախանձով էր լեցուած
Մոլորուած ու կորուսեալ անառակին գտնուելուն,
Վերին Հայրը կը հրամայէ ի միասին ուրախանալ:
Ուստի մենք ալ անոնց հետ, մեծահանդէս տօնելով,
Օրհնութեան երգեր երգենք հասարակաց Փրկիչին.
Որ վերջացուց խռովութիւնն ու հաստատեց խաղաղութիւն:
Աւանդութիւններ երբ պատմութիւն են, արձագանգներն են պատմական դէմքերու եւ դէպքերու. իսկ երբ դիւցազնավէպեր կամ հեքիաթներ են, կը ցոլացնեն ժողովուրդի մը ներքին ապրումները, ցանկութիւնները եւ ընկերային ու բարոյական ըմբռնումները: Հայկ նահապետի աւանդութիւնը ոչ միայն փորձ մըն է Հայ ժողովուրդի կողմէ իր անուան մեկնաբանութեան, այլ նաեւ արտացոլումն է իր պրկուած կորովին եւ ազատատենչ ոգիին, որմէ -ազատութենէն- որքան ալ յաճախ զրկուած մնացած է ան, սակայն երբեք չէ հրաժարած զայն ձեռք ձգելու ցանկութենէն: Արա Գեղեցիկի զրոյցը հայ ժողովուրդի ընտանեկան սրբութեան հանդէպ ունեցած բարձր ըմբռնումին արտաքնացումն է: Սասունցի Դաւիթը բռնակալութեանց դէմ տրուած պատասխան մըն է: Իսկ «մեծահրաշ» այս աւանդութիւնը, հաստատումն է իր այն կրօնազգաց խոր համոզումին, թէ ինք մինակ չէ եղած իր պատմութեան ամբողջ առանձնութեան ընթացքին: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը այս պատմութեան մէջ ինքը հայ ժողովուրդն է: Ըստ մարդկային չափանիշներու, ոչ ոք այնքան անել ու անյոյս կացութեան մատնուած էր Խոր Վիրապին մէջ, որչափ Լուսաւորիչը: Ոչ ոք այնքան տխուր եղած պէտք էր ըլլալ որքան մեծ բանտարկեալը Խոր Վիրապի մենութեան ու խաւարին մէջ: Յանկարծ սակայն բանտի մռայլ մթնոլորտը օր արեւով կ՚ողողուի. կը զգայ, թէ առանձինն չէ, իրմէ վեր ներկայութիւն մը կը սփոփէ, կը սրտապնդէ եւ կը յուսադրէ զինքը: Ու ինք եւ այդ լուսաւոր ներկայութիւնը մութին եւ խոնաւութեան մէջ կ՚երազեն եւ կը խօսին պայծառ երկինքի մասին, երգի մասին, տօնի մասին եւ Համբարձման մասին: Ասիկա միայն քրիստոնէական շրջանակի մէջ կարելի է: Կարդացէ՛ք առաքեալներու բանտարկութեան պատմութիւնը. ինչպէս «Տիրոջ հրեշտակը գիշեր ատեն բացաւ բանտին դռները եւ զանոնք ազատեց» (Գրծ 5.17-18): Պետրոս առաքեալ բանտին մէջ խաղաղ կը քնանայ. «Երկու պահապաններու մէջտեղ, կրկին շղթաներով կապուած. եւ այլ պահակներ բանտի դրան առջեւ պահպանութիւն կ՚ընեն. եւ ապա Տիրոջ հրեշտակը եկաւ կեցաւ անոր վերեւ. լուսաւորուեցաւ բանտը, խթեց Պետրոսի կողին եւ արթնցուց զայն»- կ՚իյնան շղթաները անոր ձեռքերէն, ապահով կ՚անցնին պահակներու մէջէն: Դուռը ինքնին կը բացուի եւ Պետրոս արդէն ազատ է (Գրծ 12.1-19):
Պօղոս առաքեալ եւ Ղեւոնդեանք բանտերը աղօթքի տունի կը վերածեն (Գրծ 16.25-40 եւ Եղիշէ): Այս պատմութիւնները կարդալով կը գայթակղին հրաշքի «ալերժիք» միտքերը, առանց ըմբռնելու թէ էականը հրաշքը չէ, այլ անով պատգամուած պատմական, ընկերային ու փորձառական ապրումները եւ ճշմարտութիւններն են, որոնք անհերքելի կը մնան:
Որքա՜ն թելադրական է այս սքանչելի աւանդութիւնը նախ մեզի, որ յաճախ կը գտնուինք անկարելի կացութեանց մէջ: Հաւատք, ու այդ հաւատքին հետեւող անբացատրելի «Ներկայութիւնը» կը քակեն ամէն հանգոյց:
Ու որքա՜ն թելադրական է այդ յատկապէս ներկայ ժամանակներու մարդկութեան: Գլխագիր «Անձկութիւնը» ժամանակակից մարդու գլխաւոր հոգեկան հիւանդութիւնն է. ասիկա արդիւնքն է մարդու մինակ մնացած ըլլալու զգացումին: Աստուած մեռած հռչակած է. երկինքը քանդած ու պարպած է իր բնակիչներէն: Իր շուրջը գոյացած է յօրանջող պարապութիւն մը, ահաւոր անդունդ մը, որմէ կլանուելու սարսափով բռնուած է: Կ՚ընթանայ իր առջեւ բաց մնացած միակ ուղիէն. ոչնչացումի եւ անէացումի ճամբէն. անոր համար այնքան շատցած են «քաղաքակիրթ» երկիրներու մէջ անձնասպանութիւնները եւ ինքնափճացումի դանդաղ միջոցները, թմրեցուցիչները եւ անոնց ընկերացող բարոյական եւ ֆիզիքական մահերը:
Հաւատքը, իրական եւ յաւիտենական Աստուծոյ հաւատքը, հրեշտակաց հաւատքը, անդենական աշխարհի մը գոյութեան հաւատքը միայն կրնայ փրկել մարդկութիւնը իր հիւանդագին մինակութենէն. ինչպէս այդ հաւատքը փրկեց Գրիգորը Խոր Վիրապի առանձնութենէն եւ անձկութենէն, դառնալու համար Լուսաւորիչը խաւարի մէջ խարխափող ժողովուրդի մը, որ մենք ենք»:
Այս կիրակի օրուան Ճաշու ընթերցումները հետեւեալներն են.
Գործք Առաքելոցէն 23.12-35:
Յովհաննէս առաքեալի Ընդհանրական Առաջին Նամակէն 5.13-21:
Յովհաննէսի Աւետարանէն 12.12-23:
Յովհաննէս առաքեալի Ընդհանրական Առաջին Նամակին մէջ հետեւեալը կը կարդանք. «Ուստի համարձակ կերպով կը դիմենք Աստուծոյ, այն վստահութեամբ՝ որ երբ Իր կամքին համաձայն բան մը խընդ-րենք՝ կը լսէ մեզ: Եւ երբ գիտենք թէ մեր խնդրանքները կը լսէ, գիտենք նաեւ՝ թէ պիտի ստանանք ինչ որ կը խնդրենք Իրմէ» (Ա. Յհ 5.14-15):
Առաքեալին այս տողերը աղօթքի ճի՛շդ հասկացողութեան լաւագոյն օրինակներէն մէկն է: Մենք յաճախ Աստուծմէ այնպիսի անտրամաբանական բաներ կը խնդրենք, որ երբեմն նոյնիսկ մենք կը զարմանանք մեր խնդրածէն, սակայն կը խնդրենք ու կ՚անցնինք… Բնականաբար, երբ մեր այդ խնդրանքին պատասխան չենք ստանար, կը մոռնանք մեր խնդրանքին անտրամաբանական ըլլալուն հանգամանքը, ու կը սկսինք զԱստուած մեղադրել, ըսելով թէ Ան չի՛ լսեր մեզ ու չի՛ գործադրեր մեր խնդրանքները: Սակայն, առաքեալին վերոնշեալ տողերը կարդալով յստակ կը դառնայ մեզմէ իւրաքանչիւրին, թէ ի՛նչպիսին պէտք է ըլլան մեր խնդրանքները… Աստուծոյ կամքին համաձայն: Ահաւասիկ ճիշդ ու անկեղծ աղօթքի մը միակ ու ճշմարիտ բանալին՝ Աստուծոյ կամքը: Մենք յաճախ այս բանալին մէկ կողմ ձգած աշխարհի միւս բոլոր բանալիներով կը փորձենք Աստուծոյ դուռը բանալ, անգիտանալով, որ առանց միակ ու ճշմարիտ բանալիին՝ Աստուծոյ կամքին, միւս բոլոր բանալիները անզօր են բանալու Աստուծոյ դուռը: Կը մոռնանք, որովհետեւ Տէր Յիսուսի մեզի սորվեցուցած աղօթքը մեքենայականօրէն կ՚ըսենք, առանց հասկնալու ու առանց ըմբռնելու մեր ըսածները: Արդարեւ, Տէր Յիսուս Իր սորվեցուցած աղօթքին մէջ, որ յետագային Տէրունական կոչուեցաւ, այսպէս կը սորվեցնէ մեզի աղօթել՝ Եղիցին կամք Քո, այսինքն՝ Թող Քու կամքդ ըլլայ, կատարուի:
Կրկնենք առաքեալին հետ ի՛ր իսկ խօսքերը, թէ՝ համարձակ կերպով կը դիմենք Աստուծոյ, այն վստահութեամբ՝ որ երբ Իր կամքին համաձայն բան մը խըդրենք՝ կը լսէ մեզ: Եւ երբ գիտենք, թէ մեր խնդրանքները կը լսէ, գիտենք նաեւ՝ թէ պիտի ստանանք ինչ որ կը խնդրենք Իրմէ: Եւ այս օրով, ի՜նչ լաւ պիտի ըլլայ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրս խնդրենք Աստուծմէ, որպէսզի մեր կեանքերը ծաղկազարդէ Ի՛ր Որդիով, որպէսզի Քրիստոսով ծաղկազարդուած ու Սուրբ Հոգիով արբեցած յաւիտեաններու մէջ ընկերակից ըլլանք հրեշտակներուն ու սուրբերուն, փառաբանելու ու սրբաբանելու Ամեանասուրբ Երրորդութիւնը, Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին, յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
14 մայիս 2023, Վաղարշապատ