Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ՄԵՐԻ ՄՈՒՆ՝ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ
Տաղանդաւոր արուեստագիտուհի Մերի Մուն, Երեւանէն, կը մասնակցի հաւաքական ցուցահանդէսի մը, որ տեղի կ՚ունենայ «Միքսէր» պատկերասրահին մէջ, Պէյօղլու։ Մինչեւ Յուլիսի 15-ը շարունակելի այս ցուցահանդէսի ժամանակ Մերի Մուն կը ներկայացնէ ստեղծագործութիւններ, որոնք կը նկարագրեն Թուրքիոյ եւ Հայաստանի աշխարհագրութեանց մօտիկութեան ի յայտ բերած միասնական ճարտարապետական լեզուն՝ միաժամանակ ընդգծելով, թէ տեղական եւ միջազգային քաղաքականութիւնը ինչպէ՛ս կը պատնէշէ այս միասնութիւնը։ «Սահմաններ եւ սահմանագիծեր» ցուցահանդէսին կը մասնակցին նաեւ Թուրքիայէ, Գերմանիայէ, Իտալիայէ եւ Ռուսաստանէ արուեստագէտներ։
Շաբաթ, Յունիս 20, 2015