«ԽՈՀՔ ԵՒ ԽՕՍՔ»Ը՝ 93 ՏԱՐԻ ՅԵՏՈՅ ՎԵՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Պոլսոյ հայոց պատրիարք, աստուածաբան, հայագէտ, պատմաբան, բանասէր, հրապարակախօս, ազգային պահպանողական ուղղութեան հասարակական գործիչ Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանը լաւագոյնս բացայայտող իր իսկ երկը՝ «Խոհք եւ խօսք»ը, առաջին հրատարակութենէն 93 տարի յետոյ լոյս տեսած է Հայաստանի մէջ: «Խոհք եւ խօսք»ը առաջին անգամ հրատարակուած է 1929 թուականին՝ Երուսաղէմ, յետմահու, սակայն առաջին հրատարակութիւնը առանց ծանօթագրութիւններու է, ինչ որ ներառուած է այս հրատարակութեան մէջ: Ծանօթագրութիւններու եւ մատենագիտական ցանկերու հեղինակը Աւագ Յարութիւնեանն է, իսկ գիրքը հրատարակութեան պատրաստած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակիցներէն Վարանդ (Յակոբ) Քորթմոսեան:

Հայաստանեան նոր հրատարակութիւնը լոյս տեսած է Տ. Փառէն Արքեպիսկոպոս Աւետիքեանի մեկենասութեամբ, իսկ շնորհանդէսը կայացած է մայիսի վերջին՝ Թէքէեան կեդրոնի մէջ, ներկայութեամբ մշակութային, հասարակական գործիչներու, հոգեւոր հայրերու:

Օրմանեան Պատրիարքի գիրքերուն մէջ իր կարեւոր տեղը գրաւող «Խոհքն ու խօսք»ը, ինչպէս ծանօթ է՝ կը ներկայացնէ անոր ուսումնառութենէն մինչեւ պատրիարքական շրջանը (1896-1906թթ.): Պատրիարքի գրիչով կը բացայայտուին անոր ապրած ժամանակաշրջանէն կարեւոր պատմական դրուագներ, կ՚երեւին մանրամասնութիւններ իր գործունէութենէն, Արմաշի վանքի վանահայր եւ իր կազմակերպած դպրեվանքի տեսուչ եղած ժամանակ, ինչպէս նաեւ Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր ճեմարանին մէջ աստուածաբանութիւն դասաւանդելու տարիներէն յիշատակելի անցուդարձ կը նկարագրէ Օրմանեան այս երկին մէջ:

Գիրքի մեկենաս Տ. Փառէն Արքեպիսկոպոս Աւետիքեան շնորհանդէսին շեշտեց մանաւանդ Արմաշի դպրեվանքը կաճառի վերածելու գործին մէջ Օրմանեանի դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ երիտասարդները դէպի հոգեւոր կրթութիւն տանելու անոր ջանքերը՝ Սուրբ Էջմիածնի մէջ: Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Օրմանեան հսկային, որու գրական ժառանգութեան մէկ մասը տակաւին անծանօթ է։ «Ինծի համար ան 20-րդ դարու այն հսկան է, որ ստեղծած է փառահեղ ժառանգութիւն, որ տակաւին կարօտ է հայագիտական, հրապարակախօսական եւ ակադեմական ուսումնասիրութեան: Անոր աղօթքները վկայութիւն են նոյնինքն իր մասին: Գերծանրաբեռնուած այս մարդը ժամանակ ունեցած է խորհրդածելու հոգու փրկութեան մասին, այն ինչ զինք միշտ կը քննադատէին, կը մեղադրէին թեթեւ բնաւորութեան համար: Ան հոգեւոր խոր աշխարհ ունէր», ըսաւ Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետը՝ յիշեցնելով, որ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ նշանակալի դերակատարութիւն ունեցած հոգեւորական գործիչը նաեւ միջազգային մեծ համբաւի կը տիրէր: Բաւական է նկատել, որ Օրմանեան նաեւ օտարալեզու՝ ֆրանսերէն եւ իտալերէն գիրքերու հեղինակ էր, եւ ատոնք երկար ժամանակ արգիլուած գիրքերու մէջ էին, մինչեւ 1962 թուականը, երբ Հռոմի Պօղոս Զ. Պապը վերցուց արդ արգելքը: Ելոյթներ ունեցան նաեւ «Ազգ» թերթի խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան, գրականագէտ Եուրա Տէր-Խաչատուրեան: Վերջինս բացառիկ երեւոյթ նկատեց «Խոհք եւ խօսք»ը եւ ըսաւ. «Օրմանեան Սրբազան իր մէջ կը միաւորէր գիտնականն ու հոգեւորականը, աստուածաբանն ու մանկավարժը: Ան հեռատես էր, դիւանագէտ, մինչդեռ միջակութիւնները անոր վատ վերաբերուեցան, ծանակեցին, դաժանօրէն մերժեցին մեծ քաղաքագէտն ու գրողը: Այն բարձր լեզուական մշակոյթը, որ այս գիրքին մէջ է, այլեւս չկայ», ըսաւ Երուանդ Տէր-Խաչատուրեան:

Շնորհանդէսին ներկայացուեցաւ նաեւ նոյն մեկենասի՝ Տ. Փառէն Արք. Աւետիքեանի օժանդակութեամբ հրատարակուած մէկ այլ գիրք՝ եկեղեցական գործիչ, պատմաբան, բանասէր, խմբագիր, Երուսաղէմի միաբան Տ. Բաբգէն Եպիսկոպոս Կիւլէսէրեանի (յետագային՝ Տանն Կիլիկիոյ աթոռակից կաթողիկոս) «Օրմանեան Սրբազան» գրքոյկը, որ 1919 թուականին որպէս թերթօն լոյս տեսած էր Պոսթընի «Տաւրոս» շաբաթաթերթին մէջ՝ իր ուսուցիչի մահուան կապակցութեամբ:

«Խոհք եւ խօսք» գիրքը Մաղաքիա Արք. Օրմանեանը գրած է Երուսաղէմի եւ Դամասկոսի մէջ, Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, ինչպէս Երուսաղէմի մէջ 1929 թուականին լոյս տեսած առաջին հրատարակութեան «Երկու խօսք»ին մէջ ալ հրատարակիչները նշած են՝ «Խոհք եւ խօսք»ին մասնաւոր ուշադրութեան արժանի էջերը անոնք են, ուր հեղինակը իր կարծիքները կը յայտնէ հայ ժողովուրդի քաղաքական ճակատագիրի մասին եւ դիտել կու տայ եւրոպական պետութիւններու՝ մեզի աննպաստ դիւանագիտութիւնը: Այսօր ալ, կարծես նոյն քաղաքական իրավիճակն է հայոց համար, ուստի «Խոհք եւ խօսք»ի վերահրատարակութիւնը այս օրերուն առաւել քան արդիական է:

Իր՝ Օրմեանեանի մտերմիկ յառաջաբանէն սկսեալ մինչեւ գիրքի վերջին էջը կ՚ընթերցուի անյագ հետաքրքրութեամբ:

ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ

Ա

Երուսաղէմ, 1915 փետրուար 12/25, Եշ.

Երէկ գիշեր, 1915 փետրուար 11/24, չորեքշաբթի, ժամը 3 տաճկականը, կամ 8.45 եւրոպական ժամահաշուով, լրացուցի կենացս 74-րդ տարին: Երբոր այդ վայրկեանին աչքերս կը դարձնեմ ետեւ, կը տեսնամ որ բաւական ապրեր եմ: Ըսել է, թէ կեանքի վերջերուն մօտեցեր եմ, մանաւանդ որ այս օրերու մահերն ալ կ՚ազդեն կեանքի վերջաւորութեան վրայ մտածել: Հազիւ ամիս մը առաջ, յունուար 6/19 երեքշաբթի, վախճանեցա եղբայրս, բժիշկ Կոմիտաս, ինէ չորս ու կէս տարու պզտիկ. անկէ քանի մը ամիս առաջ ալ, 1914 հոկտեմբեր 25/7 նոյեմբեր, վախճանեցաւ քեռայրս Միհրան Տէր-Ներսէսեան, ինէ տասնհինգ տարի պզտիկ: Իրաւ մահը տարիքին չի նայիր, բայց կեանքի տեւողութեան ալ սովորական չափ մը կայ, եւ Դաւիթ մարգարէ իւր ատենը զայն եօթանասունի վրայ կը դնէր, իսկ առ առաւելն ութսուն: Ըսել է, որ ես սովորականը անցուցեր եմ, եւ յաւելուածական շրջանին մէջ կը գտնուիմ: Այս մտածմունքները կը թելադրեն ԽՈՀՔ ԵԻ ԽՕՍՔ մակադրութեան ներքեւ գիրի առնել կեանքիս եւ ընթացքիս եւ գործերուս մասին բռնած ուղղութիւնս եւ հետեւած սկզբունքներս, ըլլայ իբր խոստովանութիւն, ըլլայ իբր կենսագրութիւն, յուսալով որ աչքս լոյսին փակելէս ետքը, երբ այս տողերս ի լոյս ելլան, կարենան իմ վրայ ուղիղ դատաստան մը կազմելու նպաստել եւ ուրիշներու ալ օգտակար ըլլալ:

Միտք չունիմ ժամանակի եւ կամ նիւթի դասաւորութիւն պահել, որուն համար պէտք էր ծրագիր կազմել, այլ ինչ որ երբ որ միտքիս ներկայանայ, զայն պիտի գրեմ անջատ եւ ընդհատ հատուածներով:

Այսօր կը գտնուիմ Երուսաղէմ, ուր հասած եմ 1914 մայիս 6/19ին, երեքշաբթի օր, ապրիլ 26/9 մայիսին Կոստանդնուպոլիսէն մեկնած: Պաշտօնս է Լիազօր Պատուիրակութիւն, Երուսաղէմի խնդիրը վերջացնելու եւ Երուսաղէմը կարգադրելու յանձնարարութեամբ, բայց ինը ամիս է, նշանաւոր գործ մը եղած չէ, զի ընդհանուր պատերազմը եւ Ազգ. Պատրիարքարանի ուղղութիւնը դժուարացուցին գործունեայ դեր մը վարել: Ուստի լաւագոյն պարագաներու սպասելով, առ այժմ կը բաւականանամ վանական վարչութեան հսկել եւ ներքին հանդարտութիւնը պահել:

Այսչափ ինչ այսօր իբր սկզբնաւորութիւն եւ իբր կանխաբանութիւն:

Բ

Երուսաղէմ, 1915 փետրուար 15/28 Կիր.

Գոհութիւն Աստուծոյ, առողջութիւնս տեղն է, Երուսաղէմի մէջ ալ օգտուեցայ ու չվնասուեցայ. բժշկական զննութիւններ նպաստաւոր արդիւնք տուին, եւ տեսնողներն ալ զիս լաւ կը գտնեն: Բայց ասոր հետ մէկտեղ մարմնոյս մեքենան իր հինցած ըլլալը կը մատնէ: Մազերս թափած, կէս ճաղատ, աչքերս վատացած, ակնոցով ալ համարձակ կարդալ չեմ կրնար, ականջներս ծանրացած, ակռաներս արուեստական, պորտս գօտիի կարօտ, ծունկերս յօդացաւով, ոտքիս երակները ուռած, առաձգական գուլպայի պարտաւորուած, վերջապէս ամէն մասեր տկարացած: Ներքին կազմութեան կողմանէ ալ թէպէտ բաւական տոկուն էի, բայց 1913 օգոստոսի վերջին օրերու մահացու հիւանդութենէ ետքը, շատ փոփոխուեցայ, եւ ստամոքսի եւ ուղեղի մասին խիստ զգուշութեամբ ապրելու ստիպուած եմ: Այս կէտերը կը յիշեմ՝ ըսելու համար, թէ հինցած մեքենան շուտով կրնայ խանգարուիլ ու չգործել, որչափ ալ սիրտս ու թոքերս բժշկական զննութեամբ առողջ կը վկայուին:

Ահա այդ պարագաները, որ զիս կը յորդորեն ներկայ գրուածիս ձեռնարկել, եւ վերջին մտածումներս ու յայտարարութիւններս հետզհետէ գիրի առնել:

ԿԵ

Դամասկոս, 1918 փետրուար 22/7 մարտ. Եշ.

Պատրիարքական գործունէութեանս նշանակալից մաս մը կը կազմէ եկեղեցական հանդէսներու ոյժ տալս, դպրաց դասերու շատնալուն հետամուտ ըլլալս, եռաձայն եւ քառաձայն երգեցողութիւնները քաջալերելս, Կ. Պոլսոյ եկեղեցիներուն տարեկանի օրերուն հանդիսադիր ըլլալս, տօնախմբութիւններ սարքելու առիթներ ստեղծելս: Ոմանք այնպէս ենթադրեցին, թէ այս պարագաներով փառաւորուելու ունայնասիրութենէ շարժուած ըլլամ, սակայն իմ դիտումս այս չէր: Ազգային հանդէսներ բացարձակապէս արգիլուած էին, մինչ իմ համոզմամբ այս տեսակ հանդէսներ զգացումներ բարձրացնելու, գաղափարներ մշակելու, հոգիներ սրտապնդելու մեծապէս օգտակար են, եւ հարկաւ ասոնք արգիլելու համար արձակուած էր ընդհանուր արգելքը: Եկեղեցիները այդ արգելքէն դուրս մնացեր էին, ուստի պէտք էր այդ պարագայէն օգտուիլ ընդհանուր նպատակին հասնելու համար, եւ որեւէ հանդէս կազմակերպելու համար պէտք էր ոստիկանութենէ արտօնութիւն ստանալ, խօսուելիք ճառերը նախաքննութեան ենթարկել, եւ հրամայեալ փոփոխութեանց հնազանդիլ: Այս կողմէն բարեբախաբար պատրիարքին անձը սեղմումներէ ազատ էր եւ անոր ներկայութեամբ կը չափաւորուէր կամ կը խափանուէր ոստիկանութեան ներկայութիւնը: Ահա՛ գաղտնիքը որ զիս կը յորդորէր եկեղեցական հանդիսութեանց ոյժ տալ եւ ամէն հանդիսութեանց անձամբ ներկայ ըլլալ: Այդ գաղտնի միտքն ալ հնար չէր միամտօրէն հրապարակ իջեցնել, ուստի ես իմ մտադրութեան կը ծառայէի եւ խծբծողներուն թող կու տայի խօսիլ. իսկ բարեմիտներ դիւրաւ կը թափանցէին իմ ներքին դիտումիս եւ գործադրութիւնը կը դիւրացնէին: Այդ համարձակութեամբ կրցայ նաեւ այնպիսի հանդէսներ կատարել, որոնք թերեւս ուրիշ տեսակէտով կրնային կասկածելի դատուիլ: Այս տեսութեանց լուսաբանութեան համար իբրեւ նմոյշ յառաջ պիտի բերեմ ինչինչ հանդիսութեանց յիշատակները:

Երբոր Եգիպտոսի նախարարապետ Նուպար բաշա վախճանեցաւ 1899 յունուար 2/14ին, անոր յիշատակին հանդիսաւոր պաշտօն պատարագ կատարեցի Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, չնայելով որ հանգուցեալը իբրեւ ազգային գործիչ նկատուած էր, եւ օսմանեան արքունեաց աչքին հաճելի անձնաւորութիւն մը չէր:

Երբոր Հիւանդանոցի հացի եւ միսի օրական պարէնները մինչեւ 600 եւ 150 քաշ աւելցան, Հիւանդանոցի մէջ պաշտօնական եւ ժողովրդական հանդերձանօք, հանդիսաւոր գոհաբանական մաղթանք կարգադրեցի եւ կատարեցի 1898 օգոստոս 23/4 սեպտեմբերին:

Ալէաթճեան Գրիգորիս եպիսկոպոսի յուղարկաւորութեան ազգային ցոյցի մը կարեւորութիւնը տուի 1899 օգոստոս 16/28ին, անձամբ նախագահելով եւ Ս. Խաչ եկեղեցիէն Ս. Կարապետ եկեղեցին գացող թափօրին հանդիսապետելով, թէեւ սովոր չէի եկեղեցիներու շրջանակէն դուրս փողոցներու մէջ հանդիսադրութիւն կատարել: Ալէաթճեանի անձին կառավարութեան եւ արքունեաց առջեւ լաւ աչքով չնկատուիլը յայտնի բան մըն էր, Մուշէն բռնի հանուած էր, կրօնական ժողովականութիւնը եւ կաթողիկոսական ընտրութիւնը մերժուած էին, սակայն այդ նախընթացին մտադրութիւն դարձնել իսկ չուզեցի:

Իսկ Աշըգեան Խորէն նախկին պատրիարքին յիշատակը ազգին մէջ շատ համակրութեամբ չէր ողջունուեր, բայց այդ պարագայն ալ զիս չարգիլեց լիուլի հանդիսականութեամբ եւ համարձակ դամբանականով կատարել անոր յուղարկաւորութիւնը Բերայի եկեղեցւոյն մէջ 1899 հոկտեմբեր 27/8 նոյեմբերին, մահուան երրորդ օրը:

Հռոմէադաւան պատրիարք Ստեփանոս Պետրոս Ժ. Ազարեանի հովանաւորութեամբ եւ Մկրտիչ Աշճեան վարդապետի ձեռքով, բայց անանուն ձեւով, փոքրիկ տետր մը հրապարակ հանուեցաւ, «Մեր Ս. Հարց Դաւանութիւնը» մակագիրով, պապական դրութիւնը պաշտպանելու համար հռոմէադաւան Հայերու հաւաքած սովորական քաշքշուկ վկայութիւններով: Տետրակին պատասխանը պատրաստեցի ուրիշ տետրակով մը, բայց գրաքննութեան կողմէն տպագրելու արտօնութիւնը զլացուեցաւ, պատճառելով թէ խնդիրը երկնցնելու եւ հասարակութեանց միջեւ գժտութիւն յառաջ բերելու կը ծառայէր: Չուզելով մեր Եկեղեցւոյ դէմ յարձակումին առջեւ լռել, անմիջապէս պատրաստուած տետրակին պարունակութիւնը կոնդակի ձեւին վերածեցի, եւ կոնդակներու հրատարակութեան ազատութենէն օգտուելով՝ մեծադիր լրագիրի մը ձեւով չորս երեսներու վրայ տպագրել տալով քաղաքին եւ գաւառներուն եւ արտասահմանի մէջ լայնարձակ ցրուեցի եւ եկեղեցիներու մէջ կարդալ տուի: Հռոմէադաւաններ չհամարձակեցան երկրորդել:

Նախակրթարանի շրջանաւարտներուն վկայականները բաշխելու հանդէսները շատոնց խափանուած էին աովորական արգելքներու հետեւանօք: Ուզելով հանդէսները վերսկսիլ, բայց չուզելով յատուկ արտօնութիւն խնդրելու պայմանը նուիրագործել, առաջին անգամ պատրիարքարանի սրահին մէջ կատարեցի բաշխումը 1899 նոյեմբեր 4/16ին, եւ անկէ ետքը սկսայ եկեղեցիներու կամ վարժարանական սրահներու մէջ կատարել, եւ հետզհետէ սովորական զործի կարգ անցաւ: Միայն թէ ուր որ համախմբութիւն մը կը կատարուէր, ոստիկանութիւնը քննութեան կու գար, բայց պատրիարքն ալ ներկայ է տեղեկութեամբ բաւականանալով կը մեկնէր, երբեմն ալ եթէ պատուաւոր ոստիկանապետ մը ըլլար, իբր պարզ հանդիսաատես ներկայ ըլլալու կը պահէի…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2022