ՆԻՒԹԱԿԱՆԻ ԳՆԱՀԱՏՈՒՄԸ ԵՒ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ
Նիւթականը կրնայ թուիլ որպէս վստահելի ճանապարհ դէպի հեղինակութիւն եւ երջանկութիւն։ Ի վերջոյ, լուրջ գումարներ վաստակած մարդոց մեծամասնութիւնը կը ներկայանայ յաջողութեան օրինակ՝ ապրելով կատարեալ ու նախանձելի թուացող կեանք մը։ Այնուամենայնիւ, որոշ մարդիկ որդեգրած են այն գաղափարը, թէ դրամով երջանկութեան հասնիլ անկարելի է։ Արդեօք անոնցմէ ո՞րն է ճիշդը։
Գիտնականներ իրենց վերջին ուսումնասիրութիւններով եզրակացուցած են, որ հարստութեան եւ բարեկեցութեան միջեւ կապը իրականութեան մէջ այնքան ալ պարզ չէ։ Թէեւ որոշ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ դրամը երջակութիւն կամ յագեցման զգացում չի տար՝ մինչեւ որոշ տեղ մը։ Վերջերս կատարուած երկու ուսումնասիրութիւն մասնաւորապէս լոյս կը սփռէ հարստութեան ու երջանկութեան միջեւ փոխյարաբերութիւններու վրայ։ Այս ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներուն համաձայն, դրամը չի յագեցներ մարդոց հիմնական հոգեբանական կարիքները։ Այսպէսով նոյնիսկ եթէ ձեր առաջնայինը ըլլայ դրամը՝ քան այլ որեւէ բան, թէեւ ձեր հարստութիւնը կրնայ կրկնապատկուիլ, բայց այդ մէկը առաւել երջանկութիւն պիտի չբերէ ձեզի։
Պուֆալոյի համալսարանի հետազօտողներէն Լորա Փարք եւ իր գործընկերները ուսումնասիրած են, թէ ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ, երբ մարդիկ իրենց ինքնարժէքը կը «վերագրեն» դրամին եւ ելմտական յաջողութիւններուն։ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ մարդիկ, որոնք կը կապեն իրենց ինքնագնահատականը նիւթական յաջողութեան հետ, աւելի շատ ընկճուածութեան եւ անհանգստութեան խնդիրներ կ՚ունենան եւ իրենք զիրենք աւելի քիչ ինքնավար կը զգան՝ քան այն մարդիկ, որոնք չեն կապեր իրենց ինքնարժէքը նիւթական յաջողութեան հետ՝ անկախ իրենց տնտեսական կարգավիճակէն: Պարզուած է նաեւ, որ սա կրնայ ազդել նաեւ հարցերը լուծելու կարողութեան վրայ։ Հետազօտողներ վերլուծած են յօդուածներ եւ պարզած են, որ մարդիկ, որոնք խնդրի մը դէմ յանդիման կը մնան, պէտք է տրամաբանօրէն կեդրոնանան զայն լուծելու ուղիներ փնտռելու վրայ, բայց գերագնահատուած նիւթական արժէքները ձեւով մը կը խանգարեն այդ գործընթացը։
Ինչպէս ցոյց տրուած է նախորդ ուսումնասիրութիւններու մէջ, մարդիկ կրնան նաեւ դրամ ուզել միայն այն իրավիճակներու համար, ուր դրամը ի զօրու չէ զանոնք գնելու։ Փարք այս մասին կ՚ըսէ. «Ինչպէս երջանկութիւնը, այնպէս ալ ինքնագնահատականը հոգեբանական կարիքներու մէկ արդիւնքն է։ Այս «ենթամթերք»ներու շարքին կրնանք թուարկել կեանքի նպատակ ունենալը, աւելի իրաւասու զգալը, մարդոց հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններ հաստատելը, աւելի անկախ զգալը… Ելմտական յաջողութեան վրայ հիմնուած ձեր ինքնարժէքի գնահատումը կը կանխէ այդ կարիքներու բաւարարումը»։
Այլ ուսումնասիրութեան մը արդիւնքին հետազօտողներ յանգած են այն եզրակացութեան, թէ եթէ ձեր եկամուտը կարեւոր է, այդ ձեզ նուազ կը յագեցնէ՝ քան եթէ ձեր եկամուտը ձեզի համար կարեւոր չէ։ Ձեր բոլոր նպատակները հաւասար չեն՝ ըլլան անոնք ձեր բարեկեցութիւնը, արտադրունակութիւնը, աշխատանքէն բաւարարուածութիւնը կամ կեանքի որակը։ Եթէ ձեր եկամուտը իսկապէս կարեւոր է ձեզի համար, աւելի շատ եկամուտ ունենալը ձեզ չ՚ուրախացներ, որովհետեւ այն արտաքին շահ է, ոչ թէ ձեր ներքին կարիքներու մէկ մասը։ Այլ խօսքով, երջանկութեան համար պէտք է նայիք ձեր ներաշխարհին, ոչ թէ ձեր դրամապանակին:
Հետազօտողներ յոյս ունին, թէ իրենց աշխատանքը մարդիկը կը մղէ մտածելու՝ դրամին չափազանց մեծ նշանակութիւն տալու կամ ինքնարժէքը նիւթականին կապելու մասին՝ հակառակ այն հանգամանքին, թէ ապրելու համար կենսական է դրամը։ Անոնք նաեւ կը կարեւորեն յագեցնել յատկապէս հոգեբանական կարիքները։
Անկախութիւն, առարկայի մը տիրապետում, շփուիլ այլ անհատներու հետ, զգայուն ըլլալ ուրիշներու նկատմամբ. այս բոլորը զարգացած մարդու մօտ երջանկութեան, գոհունակութեան պատճառ կը դառնան։ Եթէ կեդրոնանանք մեր այս կարիքները բաւարարելու վրայ, երջանկութիւնը անխուսափելի է։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024