ԱՃԱՌԵԱՆ ԿԸ ՍԻՐԷՐ ՃԱՇԵԼ ԵՐԵՒԱՆԻ «ԱԲԻՍՈՂՈՄ ԱՂԱՅ» ՃԱՇԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Պոլսահայ մեծանուն լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի կեանքին անծանօթ դրուագները հետաքրքրութեամբ կ՚ընթերցուին: Իր կեանքը հայոց լեզուին եւ հայագիտութեան նուիրած մեծ գիտնականին ամէն մէկ օրը եղած է հետաքրքրական ու յագեցած: Ան, հակառակ իր ունեցած շատ ծանր օրերուն եւ կրած հալածանքներուն, բնաւ ձանձրոյթ չէ ապրած, եղած է լաւատես, կատակասէր եւ մանաւանդ սիրած է հետեւիլ կանոնաւոր սննդակարգի, որքան որ կրցած է:

Յայտնի է, որ 1937 թուականին Հրաչեայ Աճառեանը Երեւանի մէջ ձերբակալած են՝ անհիմն, կեղծ մեղադրանքներով: Երկու տարի բանտին մէջ զրկանքներու եւ խոշտանգումներու ենթակուելէ ետք անգամ, ան չէ կորսնցուցած կեանքին հանդէպ իր հաւատը, գիտութեան հանդէպ նուիրումը, եւ երբ բանտէն ազատուած է՝ որոշած է տկարացած եւ հիւծուած մարմինը կազդուրել կովի թարմ կաթով: Բայց Աճառեան այդ մէկը ըրած է տարօրինակ կերպով: Ան անձամբ պահած է կովը՝ Մաշտոց պողոտային վրայ գտնուող իր տան մէջ, որ երրորդ յարկը կը գտնուէր: Մինչեւ հիմա ալ հանելուկ է, թէ ինչպէ՛ս համբաւաւոր գիտնականը խնամած է կովը, կերակրած զայն եւ կաթ ստացած կենդանիէն՝ քաղաքային պայմաններու մէջ, բնակելի շէնքին երրորդ յարկը:

Հրաչեայ Աճառեանի անուանակից թոռը՝ Հրաչեայ Աճառեան, այս պատմութիւնը հաստատած է լրագրող Լիլիթ Աւագեանի հետ հարցազրոյցի ընթացքին. այսինքն, իսկապէս, կով պահելու պատմութիւնը եղած է, յօրինուած չէ: Աճառեանի արտասովոր կեանքի դրուագներուն մասին գրած է նաեւ անոր երկրորդ կինը՝ Սոֆիկ Աճառեանը, նկարագրելով, որ երբ Աճառեանը տեսած է առաջին անգամ, անոր մէկ ոտքին մէկ տեսակ կօշիկ կար, իսկ միւս ոտքին՝ ուրիշ տեսակ: «Փրոֆեսէօր Աճառեանի արտաքին տեսքը զիս շատ զարմացուցած էր: Ես չէի կրնար հաւատալ, որ կրնայ այդպիսի փրոֆեսէօր մը ըլլալ: Կը նայէի անոր ու կը զարմանայի։ Ան չափազանց պարզ արտաքին մը ունէր: Այդ օրը հագած էր մետաքսեայ վերնաշապիկ մը, կուրծքը բաց, թեւերը երկար, ձեռքերը մէջն ինկած, անդրավարտիքը գօտիով ամուր կապած։ Անոր մէկ ոտքին կրկնակօշիկ կար, միւսին՝ թաղիքէ ճիտքերով կօշիկ»:

Սոֆիկ Աճառեան կը վկայէ, որ Աճառեան յատուկ սէր ունէր արեւելեան ճաշերու՝ յատկապէս Պոլսոյ ճաշակով պատրաստուած ճաշատեսակներու հանդէպ: Անոր սիրած կերակուրներն էին սմբուկով «իմամ պայըլտը», փլաքիներ, ուլականջի տոլմա եւ այլն։ Առանձին սէր ունէր ապուխտի հանդէպ։ Ապուխտը կը սիրէր ոչ միայն հաճելի համով ըլլալուն համար, այլ կը գտնէր, որ օգտակար է։ Ան նոյնիսկ սորված էր ապուխտի պատրաստութեան ձեւը եւ երբեմն իր ձեռքով կը սիրէր պատրաստել փոքր քանակութեամբ։ Ամէն անգամ, երբ առիթը ներկայանար, սեղանակիցներուն այնքան կը գովէր ապուխտին յատկութիւնները, որ անոնց մէջ հետաքրքրութիւն կ՚արթնցնէր եւ մանրամասնօրէն կը բացատրէր պատրաստութեան ձեւը։ Ան կը խօսէր նաեւ կեսարացիներուն ապխտագործութեան եւ ապուխտի վաճառականութեամբ զբաղելուն մասին, ատոր մասին մանրամասնօրէն գրած էր յօդուածներէն մէկուն մէջ: Իր ժառանգներուն տանը ես տեսած եմ այն տախտակէ սալիկը, որուն վրայ Աճառեան ապուխտ կտրտրած է: Իր կարգ մը իրերուն հետ այդ ալ, իբրեւ մասունք կը պահուի սրբօրէն: Ինչպէս նաեւ՝ կը պահուի իր սուրճին բաժակը. սուրճ, թէյ եւ օշարակ խմելը մաս կազմած է Աճառեանի աշխատանքին եւ առօրեային:

Հայ գրող Վահրամ Ալազանի յուշերէն կը տեղեկանանք, որ Աճառեան կը սիրէր ճաշել Երեւանի ճաշարաներէն մէկուն մէջ, որ արտասահմանէն Հայաստան ներգաղթած երկու եղբայր Աբովեան փողոցին վրայ բացած էին: Այդ ճաշարանը կը կոչուէր «Աբիսողոմ աղայ»: Հայրենադարձ եղբայրները այդպէս կոչած էին ճաշարանը՝ յայտնի երգիծաբան՝ Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկանները» վէպի գլխաւոր կերպարին անունով: Աբիսողոմ աղայի ոչ դրական կերպարը՝ գաւառէն եկած միամիտ հարուստը, որ զոհ կը դառնայ պոլսահայ պատեհապաշտ, խաբեբայ դատարկապորտներու դաւերուն ու դրամաշորթութեան, ոչ մէկ կապ ունէր Աճառեանի խառնուածքին հետ, բայց ան նախընտրած է այդ ճաշարանը, հաւանաբար վստահած է հայրենադարձ հայերու ճաշացանկին եւ հանգստութիւն գտած է պոլսահայ գրականութենէն քաղուած կերպարի անունով կոչուած հաստատութեան մէջ: Այդ ճաշարանին յաճախորդները հիմնականը Երեւանի մտաւորականները եղած են: Ալազանի յուշերուն մէջ կը կարդանք.

«Անգամ մը կը ճաշէինք այդտեղ, երբ բացուեցաւ դուռը եւ երեւաց փրոֆեսէօր Աճառեանը, որ դիմելով ճաշարանին տիրոջը, հարցուց.

-Յակոբ, ես այսօր ճաշա՞ծ եմ:

-Այո, փրոֆեսէօր, քիչ առաջ ճաշեցիք:

-Իրաւ, իրաւ, ճիշդ է,- ըսաւ Աճառեանն ու գնաց»:

Ահա այսպիսի արտասովոր կերպար եղած է Աճառեան, որ հակառակ իր փայլուն յիշողութեան, իր օրին կերած ճաշը կրնար նոյնիսկ մոռնալ: Այդ մէկը կը խօսի անոր խիստ զբաղուածութեան եւ գիտական միտքերով տարուած ըլլալուն մասին:

ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԵԱՆ՝ ՀՐԱՉԵԱՅ ԱՃԱՌԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Հայ խորհրդային գրականագէտ, թատերագէտ, մանկավարժ, Հայաստանի Պետական հրատարակչութեան եւ այլ պետական կառոյցներու մէջ պաշտօնեայ եղած Ռուբէն Զարեան իր աշխատանքի բերումով յաճախ հանդիպած է Աճառեանին, մանաւանդ՝ այդ հանդիպումները Աճառեանի գիրքերուն, յօդուածներուն տպագրութեան առիթով եղած են: Ռուբէն Զարեան իր յուշերուն մէջ նոյնպէս կը վկայէ, որ Հրաչեայ Աճառեան կը ճաշէր «Աբիսողոմ աղայ» ճաշարանին մէջ: Կը ներկայացնենք այդ յուշը եւ քանի մը ուրիշ յուշեր՝ Ռուբէն Զարեանէն, որոնց մէջ ան ուշագրաւ կերպով կը նկարագրէ Աճառեանը:

***

Այս մեծահռչակ գիտնականին անունը վաղուց լսած էի՝ տակաւին աշակերտ ժամանակուընէ: Իմ հայոց լեզուի ուսուցիչս՝ Մկրտիչ Մկրտումեան, որ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը աւարտած էր, հիացած կը խօսէր անոր մասին, ու անոր պատմածները անհաւատալի կը թուէին մեզի, մանաւանդ երբ կ՚ըսէր, թէ ան կը կազմէ (թէ՞ պիտի կազմէ՝ լաւ չեմ յիշեր) հայոց լեզուի քերականութիւնը՝ աշխարհի բոլոր լեզուներուն համեմատութեամբ:

Կ՚ըսեն, թէ առաջին տպաւորութիւնը չի փոխուիր եւ մարդը կ՚ուղեկցէ մինչեւ անոր կեանքին վերջը: Ե՛ւ այն ժամանակ, ե՛ւ յետոյ, երբ արդէն անձնական ծանօթութիւն ունէի հետը, չէի կարող «զատուիլ» առաջին անգամ լսածէս ու միշտ, ան տեսնելու ատեն, կը մտածէի, թէ այդքան բան ինչպէ՛ս կ՚ամփոփուի գլուխի մը մէջ:

Երբ առաջին անգամ տեսայ Աճառեանը, յետոյ ալ ծանօթացայ անոր հետ, կը մտածէի՝ այդպիսի՜ մեծութիւն եւ այդպիսի՜ պարզ, սովորական պահուածք: Չնայած իր ծայրայեղ զբաղուածութեանը՝ մատչելի էր բոլորին. ամէն մարդ կարող էր մօտենալ, հետաքրքրող հարցումը տալ եւ պատասխան ստանալ: Հազիւ ծանօթացած՝ կատակներ կ՚ընէր: Արտաքինով, պահուածքով չէր զանազանուիր իր շրջապատի մարդոցմէ:

Ես հազիւ քանի մը անգամ եղած եմ անոր տանը եւ զարմացած մնացած եմ, որ այն սենեակին մէջ, ուր ան կ՚աշխատէր՝ գիրք չկար: Պահարանին մէջ տպագրութեան պատրաստ եւ կարգի սպասող ձեռագիրներ էին: Զարմանք յայտնեցի, որ գոնէ իր տպագրած աշխատութիւնները չի պահեր.

-Իսկ ինչո՞ւ պահեմ, ինչի՞ են անհրաժեշտ: Աշխատութիւնը ձեռագիր վիճակին մէջ իմս է, տպագրուելէ յետոյ ընթերցողներունն է: Իսկ ես իմ աշխատութիւններուս ընթերցողը չեմ:

***

Լսած էի, որ Աճառեան կը կազմէ անձնանուններու բառարան: Խնդրեցի, որ յօդուած մը գրէ անձնանուններուն մասին՝ կանգ առնելով հայկականի վրայ: Համաձայնեցաւ: Չանցած քանի մը օր՝ Աճառեանը յօդուածը դրաւ սեղանիս:

-Ե՞րբ կարող եմ գիտնալ պատասխանը՝ պիտի տպագրէք, թէ՞ ոչ:

-Թեկուզ՝ վաղը:

Յաջորդ օրը եկաւ ու նստաւ դիմացս: Չէի կարդացած: Ներողութիւն խնդրող հայեացքով նայեցայ իրեն:

-Բան մը չէ, բան մը չէ, մի նեղուիք: Կարող եմ վաղը գալ, միւս օրը: Բայց բան մը ըսեմ. ձեզմէ մեծ եմ եւ ինձմէ ձեզի խրատ կը հասնի: Աշխատեցէք ստոյգ ըլլլալ, տուած խօսքը պահել:

Ժպտաց, բան մը ըսաւ պահլաւերէն, որմէ ոչինչ հասկցայ:

-Կը տեսնեմ, որ պարսկերէն չէք գիտեր: Պարսիկը կ՚ըսէ՝ մինչեւ խօսք տալը դուն ես խօսքին տէրը, խօսք տալէ ետք՝ խօսքն է քու տէրդ:

***

Աճառեանը, որ գիտութեան նուիրուած էր այնպէս, որ չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ ուժ կարող էր փոխել անոր կեանքին ընթացքը, հակուած էր դէպի ժամանցը եւ վայելքը: Զինք կարելի էր տեսնել «Աբիսողոմ աղայ» ճաշարանին մէջ՝ զուարճախօսութիւն պատմելու ժամանակ կամ ալ սրտանց քրքջալու ընթացքին: Ճաշելու եւ ընթրելու պահերը անոր համար բաւականութիւն էին: Կը թուար, թէ չ՚աճապարեր վերադառնալ իր զբաղմունքին: Ու շատ զարմանալի էր այդ մէկը, նոյնիսկ՝ անհասկնալի, եթէ աչքի առաջ ունենանք անոր բանասիրական հետազօտութիւնները, որոնք բնոյթով չափազանց աշխատատար էին: Ե՞րբ ժամանակ կը գտնէր կամ ինչպէ՞ս կարող էր ժամավաճառ ըլլալ: Չէ՞ որ ան այն մարդն էր, որուն մասին կ՚ըսէին, թէ գտած է օրուան քսանչորս ժամերէն աւելի ժամանակ ունենալուն եւ աշխատելուն գաղտնիքը:

Աճառեանի զբաղմունքը այնքան կեդրոնացած էր, որ ան, որպէսզի յետոյ կարողանայ շարունակել, զինք կ՚ենթարկէր ցրուելու ցանկութեան: Իսկ այդ կեդրոնախոյս վիճակը կը պահանջէր անջատման ընդունակութիւն, որ ամէն մարդ չունի: Առօրեայ կեանքին մէջ անոր սէրը դէպի կատակները, սրտագին ծիծաղը զուարթ պատմութիւն լսելու ժամանակ՝ բնական հատուցումն էին այն լարուած լրջութեան, որուն մէջ էր գիտական զբաղմունքի ժամերուն:

***

1946-ին էր: Ցուրտ ձմրան, յունուարին, պիտի նշուէր Երուանդ Շահազիզի ծննդեան 80-ամեակը: Ձեռնարկին օրը, ցերեկուան ժամը տասներկուքը կ՚ըլլար, որ Աճառեան եկաւ գրականութեան կաճառ եւ հրաւիրատոմս խնդրեց: Բոլոր հրաւիրատոմսերը բաժնուած էին: Խորէն Սարգսեան ըսաւ, որ Աճառեան կարող է առանց հրաւիրատոմսի ալ գալ, անոր առջեւ բոլոր դռները բաց են:

-Ես կարգուկանոն սիրող մարդ եմ եւ ինծի չեմ արտօներ տեղ մը երթալ, ուր մուտքը հրաւիրատոմսերով է, իսկ ես անտոմս եմ:

Եւ պնդեց, թէ կը խնդրէ իրեն հրաւիրատոմս տալ. Շահազիզը իր տեսուչը եղած է Նոր Նախիջեւանի մէջ, միասին աշխատած են, վաղեմի բարեկամներ են, եւ ինքը պէտք է իր ներկայութեամբ յարգէ անոր յոբելեանը: Խորէն Սարգսեան առաջարկեց ինծի՝ կաճառի աշխատակիցներէն ոեւէ մէկէն խնդրել, որ իր տոմսը զիջէ Աճառեանին: Շատերը տոմս առաջարկեցին՝ համարելով այդ մէկը իրենց համար պատիւ...

Աճառեան Սարգսեանին պահարան մը տուաւ.

-Կը խնդրեմ յանձնել յոբելեարին:

Խորէն Սարգսեան հարցուց.

-Կ՚արտօնէ՞ք հրապարակել երեկոյի ժամանակ:

-Ինչու չէ:

Իբրեւ երեկոյի կազմակերպիչներէն, ես քառորդ ժամ մը շուտ գացի: Դեռ կանուխ էր եւ դահլիճին մէջ ոչ ոք կար, բացի Աճառեանէն, որ գրաւած էր երկրորդ շարքի պատին տակ եղած աթոռը:

Ես ուղեկցեցայ անոր բեմին նախասենեակը:

-Յետոյ կը լեցուին,- յայտնեց իր երկիւղը Աճառեան,- եւ ինծի համար տեղ չ՚ըլլար դահլիճին մէջ:

Ես անոր հանգստացուցի, թէ իր տեղը նախագահութեան մէջ է:

Այդ օրը Աճառեան լաւ տրամադրութեան մէջ էր եւ անկեղծ կ՚ուրախանար Շահազիզի հասցէին ըսուած ամէն մէկ լաւ խօսքի համար: Երբ երեկոն վերջացաւ եւ հասարակութիւնը խուռներամ դուրս կ՚ելլէր, միջանցքի մէջ պատահաբար յայտնուեցայ Աճառեանի կողքին:

-Եթէ ոչինչ ըրած ըլլար, հասնէր այս տարիքին, նորէն պէտք է այս երեկոն կազմակերպուէր: Իննսուն տարի, կատակ չէ. ատիկա կը նշանակէ յաղթել բնութեան...

Կարճատեւ լռութենէ յետոյ.

-Իսկ իմ աչքերս վաղուց կը դաւաճանեն ինծի եւ իմ եօթանասունս նոր պիտի լրացնեմ…

Խօսքը ընդհատեց եւ ապա շարունակեց.

-Գործ ընող մարդուն համար բախտաւորութիւն է՝ Երուանդի նման հասնիլ 90 տարեկան:

***

Աճառեանը ութսունը չլրացուց: Երբ առաջին անգամ լսեցի իր անունը, ան, կարծեմ, յիսուն տարեկան ալ չկար, իսկ անոր անուան շուրջ արդէն առասպելներ կը հիւսուէին: Գիտութեան մէջ հազուագիւտ ժողովրդականութիւն ունեցող մարդ, որուն անուան շուրջ զանազան ճիշդ եւ անճիշդ պատմութիւններ բերնէ բերան կ՚անցնէին:

Աճառեանին մասին մտածելու ժամանակ միշտ անդրադարձած եմ անոր արտակարգ անհատականութիւն ըլլալուն: Կեանքը զինք օժտած էր յիշողութեամբ մը, որ առասպելական էր, աշխատասիրութեամբ մը, որ բոլոր համեմատութիւններէ դուրս էր, գիտական միտքի այնպիսի յղացումներով, որ նոյնիսկ իբրեւ գաղափար՝ արժանի էին բարձր գնահատութեան:

Աճառեանին ըրածը մէկ մարդու գործ չէ, այլ ամբողջ հաստատութեան մը: Աճառեանին մօտիկ եղած իմ ընկերներս կ՚ըսէին, որ ան ձգած է այնքան ձեռագիրներ, տակաւին չհրապարակուած աշխատութիւններ, որ լիուլի բաւական է երեք, նոյնիսկ չորս գիտնականի ծանրակշիռ վաստակ կազմելու համար:

ԱՃառեանը օժտուածութեան եւ աշխատասիրութեան ներդաշնակութեան բացառիկ օրինակն է:

***

Մեր վերջին հանդիպումին անկէ խնդրեցի թարգմանել գրաբար նախադասութիւն մը: Իմ տուածս թերթիկը մօտեցուց իր աչքերուն այնքան, որ թուղթը կը դպնար արտեւանունքներուն: Գիտցայ, որ մէկ աչքը չէր տեսներ բոլորովին, իսկ միւսը՝ մէկ քառորդով միայն: Եւ այդ վիճակին մէջ ան կը շարունակէր կատարել այնպիսի գործեր, որոնք վեր էին մէկ մարդու ուժերէ:

***

Աճառեանը Հայաստանի Պետական հրատարակչութեան առաջարկեց իր «Հայոց լեզուի պատմութիւն» աշխատութեան առաջին հատորը: Վերապահութիւն կար անոր այդ ուսումնասիրութեան նկատմամբ: Մառի ազդեցութիւնը այդ ժամանակ ուժեղ էր բոլորին վրայ, այդ կարգին եւ իմ վրաս, իսկ Աճառեանի գիրքը ա՛յլ մօտեցումով գրուած էր, եթէ չըսենք՝ հակառակ:

Ես պէտք է պատասխան տայի: Ստիպուած էի արհեստական պատճառներ մէջբերել: Անգամ մը ըսի, թէ լաւ թուղթ չունինք:

-Ինչ թուղթի վրայ կ՚ուզէք՝ տպագրեցէ՛ք, թէկուզ շաքար փաթթելու թուղթին վրայ, բայց տպագրեցէ՛ք: Լաւ գիրքին համար թուղթը ոչ մէկ նշանակութիւն ունի:

Մէկ ուրիշ անգամ ըսի, որ երեւի հարկ ըլլայ յառաջաբան գրել եւ յայտնել անհամաձայնութիւն՝ որոշ տեսակէտներու նկատմամբ: Համաձա՞յն էք:

-Համաձայն եմ, անշուշտ:

Ու բարձրացուց երկու ձեռքը, որպէս յանձնուելու նշան: Յետոյ ձայնը իջեցուց եւ կամացուկ ըսաւ.

-Յառաջաբան չէ, ինչ կ՚ուզէք՝ գրեցէք, միայն թէ տպագրեցէք: Գրեցէք, որ այս գիրքը գրոշ մը չարժէ, գիտութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի, գրեցէք, ինչ կ՚ուզէք, բայց տպագրեցէք:

Եւ յետոյ աւելցուց.

-Ոչ մէկ յառաջաբան անյաջող գիրքին յաջողութիւն կը բերէ: Եւ յաջողուած գիրքին ճանապարհը ոչ մէկ բացասական յառաջաբան կրնայ գոցել։

Իմ սխալս եղաւ այն, որ խորհրդակցեցայ համալսարանի այն լեզուաբաններուն հետ, որոնք Մառի երկրպագուն էին: Հրատարակչութեան մէջ ծանր կացութիւն ստեղծուած էր: Չէինք գիտեր՝ ի՛նչ ընել: Պետական հրատարակչութեան ղեկավարութիւնը այս բոլորին մասին իրազեկ դարձուց վերադաս մարմինները: Անոնք գտան, որ Աճառեանի նման գիտնականը մերժել կարելի չէ, բայց ըսին, որ լաւ կ՚ըլլայ, եթէ Պետական հրատարակչութեան փոխարէն համալսարանը լոյս ընծայէ, որպէս ուսումնական ձեռնարկ, ու եթէ անհրաժեշտ կը գտնեն՝ յառաջաբան մը կցեն, քննադատեն հեղինակին սխալ հայեացքները, բայց նշեն նաեւ գիրքին արժանիքները: Իմ վրաս դրուեցայ այդ որոշումը փրոֆեսէօրին տեղեակ պահելու ծանր պարտքը:

Լսեց եւ ըսաւ.

-Ես այդպէս ալ կը սպասէի:

Եւ յետոյ.

-Ձեզմէ չեմ նեղուիր, դուք կարգադրութիւն կը կատարէք:

Ես չթաքցուցի, որ ես ալ այնպէս կը մտածեմ, ինչպէս՝ որոշում կայացնողները:

-Ձեզի պատիւ կը բերէ այդ անկեղծ խոստովանութիւնը, բայց չէք կարող երեւակայել, թէ ի՛նչ մոլորութեան մէջ էք: Կը հասկնաք օր մը, թէ ե՞րբ՝ չեմ կրնար ըսել, բայց կը հասկնաք անպայման, երեւի ինձմէ ետք: Հեգնական ժպիտ մը գծուեցաւ դէմքին.

-Ըսենք, ինծի համար միեւնոյն է, թէ ո՛վ կը տպագրէ, միայն թէ լոյս տեսնէ:

***

Ես չեմ յիշեր, որ Աճառեանը սխալուէր: Ինչ որ կ՚ըսէր՝ ճիշդ այդպէս ալ կ՚ըլլար: Բայց անգամ մը սխալեցաւ: Հանդիպեցանք փողոցը: Նկատեց, որ տրամադրութիւնս բարձր է:

-Ի՞նչ պատահած է, աչքիս զուարթ կ՚երեւիք:

-Փրոֆեսէօր, կարող եք շնորհաւորել, կինս ազատուած եւ աղջիկ բերած է:

-Կը շնորհաւորեմ: Առաջնե՞կն է:

-Ո՛չ, մէկը ունէի, արդէն, դարձեալ աղջիկ, անունը՝ Արփենիկ: Այս ալ կոչեցինք Տաթեւիկ:

-Ինչո՞ւ:

-Նախ՝ հայկական է, վերջապէս՝ տարածուած չէ:

-Ոչ ալ կը տարածուի:

Եւ յետոյ վրայ բերաւ.

-Սարքովի է: Երգչուհիի հայրը յօրինած է: Անոր աղջիկը այդ անունը կը կրէ, հիմա ալ՝ ձերը, ու այդպէս ալ կը մնայ: Այս այն դէպքն էր, որ Աճառեանը, կարծեմ, սխալեցաւ:

Յ.Գ.- Երգչուհի ըսելով Հրաչեայ Աճառեան նկատի ունեցած է մեծանուն օփերային երգչուհի Տաթեւիկ Սազանդարեանը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2023