«ՇԱՐԼԻ ՀԱՅԵԱՑՔԸ» ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԸ ԵՒ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՆԿԱՐԱՀԱՆՈՒՄՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, յուլիս 11-ին, Շան զ՚Էլիզէի «Publicis» շարժանկարի սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Մառք տի Տոմենիքոյի կողմէ իրագործուած՝ Շարլ Ազնաւուրի նկարահանած ժապաւէնը՝ «Շարլի հայեացքը» («Le regard de Charles») տիտղոսով։ Ներկայ էին շուրջ 200 հրաւիրեալներ։ Առաջին ցուցադրութիւնն էր՝ նախքան շուկայական ցրումը, որ նախատեսուած է յառաջիկայ հոկտեմբեր 2-ին։ Յայտնութիւն մը։ Ազնաւուրը կը ճանչնայինք իբրեւ երգիչ, դերասան, յօրինող, երգահան, քաղաքական գործիչ եւ դիւանագէտ, բայց չէինք գիտեր, որ ան նկարահանած է իր կեանքի զանազան իրադարձութիւնները։ Անոր երգերը՝ ընկերութիւնը, ժամանակակից մարդը յուզող հարցերը խորունկ ու մանրակրկիտ կերպով դիտարկողի հայեացքին ապացոյցն են։

Այս նկարահանումները կու գան առաւել եւս ապացուցելու անոր հետաքրքրութիւնը մարդ արարածի գործունէութեան նկատմամբ, աշխարհի տարբեր անկիւններէն սկսեալ մինչեւ իր անմիջական շրջապատը՝ ընկերները, ընտանիքը, անձնական կեանքը՝ իր սիրելիներն ու սիրածներն ու զաւակները... շատ կարեւոր է իր հետաքրքրութիւնը հանդէպ հայութեան, այն հատուածին, որ իր հանրային ու գեղարուեստական շրջանի երկրորդ կէսին ի յայտ եկաւ, յատկապէս 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժին, որուն առթիւ ան ստեղծեց «Ազնաւուր փուր լ՚Արմէնի» հիմնադրամը եւ յօրինեց «Քեզի համար՝ Հայաստան» երգը, որուն կատարումին մասնակցեցան ֆրանսացի հանրածանօթ իննսուն երգիչներ։

1948-ին Էտիթ Փիաֆ Շարլին նուիրած է իր առաջին նկարահանման գործիքը՝ 8 միլիմեթր Փայառ մը։ Սակայն անկէ յետոյ ունեցած է 16 միլիմեթրնոց տարբեր գործիքներ, զորս ճամբորդութիւններու ընթացքին միշտ հետը տարած ու նկարահանած է համերգներէն առաջ եւ յետոյ, հանգիստի պահերուն, աշխատանքի կամ հանդիպումներու ժամանակ՝ Հարաւային Ամերիկա, Ճաբոն, Չինաստան, Կովկաս, Հայաստան, Ռուսաստան, Վրաստան... եւ այլուր՝ աւելի քան հազար ժամ նկարահանումներ, որոնք գաղտնի
 պահպանուած են
 հեղինակին կողմէ։
 Իր մահէն քանի մը
 ամիս առաջ զանոնք յանձնած է իր 
մտերիմ ընկերոջը՝
 Մառք տի Տոմենիքոյին եւ միասին
 որոշած են ֆիլմ
 մը պատրաստել
 այդ հում նիւթերէն։ Տոմենիքօ դիտած է այդ ամէնը 
եւ պատրաստած՝ բեմագրութիւնը,
 զանազան անձերու օգնութեամբ։
 Շարժանկարը համադրում մըն է
 Ազնաւուրի նկարահանած դրուագ
ներուն եւ Ազնաւուրի համերգներէն
 առնուած նկարահանումներու հատուածներու։ Խօսքերը՝ Ազնաւուրի կողմէ տարբեր առիթներով արտայայտուած մտքերէն, տեսակէտներէն, խոհերէն, դիտարկումներէն փոխ առնուած են։ Ճոխացումներ, որոնք բեմադիր Մառք տի Տոմենիքոյի գեղարուեստական ներդրումն են։ Ուշագրաւ է բեմադիրին կողմէ Շարլ Ազնաւուրի գեղարուեստին ու անձնական կեանքին առընչութիւններուն ընդգծումը, ընդելուզումը։ Այսուհանդերձ, շատ յաճախ ան հեռու է Ազնաւուրի նկարահանումները իբր գեղարուեստական երեւոյթ ուշադրութեան առարկայ դարձնելէ։ Անոնցմէ կը խլէ լռութիւնը, որոնցմէ յայտնապէս սկզբնական շրջանին նկարածները եղած են նաեւ անձայն։

Ուրեմն, պէտք է անջատաբար անդրադառնալ Ազնաւուրի նկարահանումի երեւոյթին եւ «Շարլի հայեացքը» շարժանկարին։ Վերջինս Ազնաւուրի կենսագրութիւնն է, ինքնակենսագրական հում նիւթերու գործածութեամբ։ «Շարլի հայեացքը» ստեղծագործական ֆիլմ մըն է, ուր Ազնաւուրի նկարահանած հատուածներու կողքին ահագին փաստագրական նիւթ ամբարուած է։ Բեմադիրը ոչ մէկ բան հնարած է, այլ մէջբերած է անոր համերգներէն տեսանիւթային հատուածներ եւ խօսքերը Ազնաւուրի ըսածներն են, որոնք տեղադրուած են անձայն նկարներուն վրայ։

Յատկանշական են Ազնաւուրի ընտանիքին վերաբերող հատուածները, մասնաւորաբար առաջին անգամ Հայաստան այցելութիւնը եւ մեծ մօրը հետ հանդիպումը, երբ քառասուն տարեկան էր։ Հետաքրքրական է նաեւ Թիֆլիզ իր այցելութիւնը։ Ժապաւէնին յուզիչ պահերէն է իր մահացած զաւկին՝ Փաթրիքի մասին նկարահանածը եւ գրածը։ Կարծէք իր ընտանիքին մէջ ան միակ անձը եղած ըլլար որ հօրը հետ սերտ կապ ունեցած է, ուզած է հայերէն սորվիլ եւ յաճախած է Մխիթարեաններու վարժարանը։ Տպաւորիչ է նաեւ Շարլի հօրը՝ դափով նուագած մէկ երգին մեկնաբանումը, իրենց տան մէջ։

Ընդհանուր առմամբ հետաքրքրական ժապաւէն մը, պատրաստուած՝ Ազնաւուրի ներաշխարհին մասին մեր ունեցած այսօրուան տեղեկութիւններով, բեմադիրին՝ Ազնաւուրի հետ բարեկամութենէն եւ անոր նկատմամբ յարգանքէն բխած շեշտադրումներով, որ կը համադրէ մեծ արուեստագէտին ֆրանսական եւ հայկական դիմագիծը։ Շարլը իր ինքնութեան մասին շատ չէ խօսած, յատկապէս իր հանրային կեանքին առաջին կիսուն, բայց նկարահանած է։ Ինքզինք դրսեւորած է նկարահանման միջոցով։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

«Նոր Յառաջ», Փարիզ

Շաբաթ, Յուլիս 20, 2019