«Զանգեր, Ղօղանջէ՛ք»… Հայ Դպրոցին Համար
Այս տողերը ծնունդ են սփիւռքեան ընդհանրական ցաւի մը, որ կը կոչուի ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՓԱԿՈՒՄ։
Անմիջական ցաւը կը բխի Լոս Անճելըսի եւ Պոսթընի մէջ հայկական երկու վարժարաններու փակման լռիկ-մնջիկ որոշումներէն, որոնք այլապէս համացանցային էջերու վրայ առիթ տուած են տեղին ու (առաւելաբար) անտեղի մեկնաբանութիւններու։ Իսկ աւելի տարածուն մորմոքը կը ծորի վերջին տասնամեակներուն, Միջին Արեւելքէն (ներառեալ Կիպրոսը) մինչեւ եւրոպական ոստաններ, մինչեւ ամերիկեան ափեր դանդաղօրէն տարածուող «քաղցկեղ»էն, որ, կրկնենք, կը կոչուի ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՓԱԿՈՒՄ։
Որեւէ թիւրիմացութեան առաջքը առնելու համար, անմիջապէս ըսենք, որ այս տողերը չենք արձանագրեր ոեւէ մէկը քննադատելու, արհամարհելու կամ անտեսելու տրամաբանութեամբ (քննադատելը ամենէն դիւրին ձեւն է…). բաւական ծանօթ ենք հայկական Սփիւռքի կեանքին մէջ տասնամեակներու վրայ տարածուող նախանձախնդիր աշխատանքներուն, որոնք իրագործուած են անհատներու, կազմակերպութեանց-միութեանց, յարանուանական եւ ուսումնական վարչութեանց ու մարմիններու կողմէ, նոյնինքն մեր վարժարաններու էութիւնը մարմնաւորող տնօրէններու եւ դաստիարակներու ճակտին քրտինքով, գործնապէս գնահատուած՝ ազգային բարերարներու եւ բարեսիրական կազմակերպութեանց կողմէ։ Դպրոց հիմնողներուն ու անոնց վառած ջահը վառ պահող երախտաւորներուն մասին կասկածի նշոյլ մը անգամ համազօր է վատութեան։
Այս տողերը չենք արձանագրեր նաեւ այս կամ այն դպրոցի փակման անմիջական պատճառներուն որոնման տրամաբանութեամբ. ատիկա պիտի ենթադրէր հետախուզական տեղեկագրում (Investigative Reporting), ուրեմն եւ՝ հետամտութիւն՝ թերացողներու եւ թերացումներու յայտնաբերման, տնտեսական-նիւթական հիմքերու պեղումի, իրողութեանց ու ակնկալութեանց հետ վարչական կամ կազմակերպական գործընթացներու անյարիր վիճակի, հայ ուսուցիչներու փաղանգի նօսրացման այլապէ՛ս դառն իրականութեան մասին խորհրդածութեանց։ Նման մօտեցումներ (հաւանաբար ոչ անտեղի) կրնան պատճառ դառնալ ուշադրութեանց այս կամ այն մանրամասնութեան վրայ կեդրոնացումին (որ այլապէս կարեւոր է), սակայն նաեւ պիտի յանգի… ստեղծուած տագնապին ճղճիմացման, անոր մասնակիի դիմակ հագցնելու եւ հարցին էութենէն շեղելու։
Այստեղ, մենք Պարոյր Սեւակի զանգերը փոխ կ՚առնենք՝ ահազանգ հնչեցնելու համար ի տես եւ ի լուր այն դառն իրականութեանց, որոնք պատճառ կ՚ըլլան 100-ամեակի հանգրուանին հայկական կրթօճախներու փակման, առանց մոռնալու եւ լուսանցքայնացնելու այն նախընթացները, որոնք անցեալ աւելի քան տասը տարիներուն յուզած են սփիւռքեան զանգուածները։
Եղեռնին յաջորդող տասնամեակներուն, վերապրող սերունդները իրենց էութեան մէջ կը զգային ՀԱՅ ԴՊՐՈՑին կենարար զօրութիւնը՝ մեր գոյատեւման ու լինելութեան դիտանկիւնէն։ Հալէպէն մինչեւ Պէյրութ, Կիպրոս, Յորդանան, Եգիպտոս եւ, աւելի ուշ՝ արեւ-մըտեան ափեր, տեսիլք ունեցող անհատներ ու խմբակներ, նիւթական եւ մարդկային գրեթէ անկարելի պայմաններու մէջ ստեղծեցին դպրոց ու կրթօճախ, տարուէ տարի ու տասնամեակէ տասնամեակ ծաւալեցին դպրոցներուն ցանցերը (չենք մոռցած, որ եւրոպական ոստաններու մէջ եղեռնէն առաջ ալ կային հայկական կրթօճախներ, ինչպէս էր պարագան Պոլսոյ, Մոսկուայի, Թիֆլիզի մէջ եւ այլուր), դժուար պայմաններու մէջ ապահովեցին բարերարներ ու գոյացուցին նիւթական միջոցներ, որպէսզի… ի՞նչ, այսօր, նիւթական ու կազմակերպական շատ աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ, իրարու ետեւէ դպրոցնե՞ր փակենք այս կամ այն «տրամաբանական» պատճառներով։
Կը կրկնենք. չենք ուզեր մտնել ոլորապտոյտին մէջ նիւթական նահանջի, աշակերտներու թիւի նուազման, սխալ տնօրինումներու եւ նմանօրինակ հարիւր ու մէկ պատճառաբանութիւններու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը, նեղ սահմաններու մէջ առած, կրնան հիմնաւորեալ նկատուիլ եւ բացատրել կացութիւնը։ Հարցը հոն չէ։ Տագնապը հոն է, որ 100-ամեակի նախօրեակին եւ ա՛յս հանգրուանին, երբ ողջ հայութիւնը, հաւասարապէս հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ, կ՚ապրի (եւ կը տեսնենք, թէ ինչպիսի՜ կենսունակութեամբ կ՚ապրի) ընդհանուր զարթօնք, դէպի հայկականութեան երթ եւ խանդավառութիւն, անդին, նո՛յն այս մթնոլորտին մէջ, կարճ ժամանակի մէջ քանի մը դպրոցներու (որոնցմէ մէկ քանին պատմական հանգամանք ունին) փակումը կը ստեղծէ այն սխալ տպաւորութիւնը, որ մեր խանդավառութիւնը, մեր դատին ու պահանջատիրութեան ուղղութեամբ շարժումները պարզապէս փրփուր են, որովհետեւ այլ իրականութիւն մը կ՚ըսէ, որ հայկականութեան ու քաղաքական պայքարի հնոցներէն մէկ քանին կը քայքայուին։
Իրականութիւնը դառն է, դաժան ու ցաւցնող։
Հայ Դպրոցը, ինչպէս երէկ, այսօր ու վա՛ղն ալ ունի վսեմ ու բազմաճիւղ առաքելութիւն, որուն բոլոր ծալքերուն ծանօթ ենք, անոնց տուած ենք դաւանանքի խորք ու արժէք։
Մեր ցաւն ու մտահոգութիւնը չենք ուզեր բաժնեկցիլ միայն այս կամ այն միաբանութեան, այս կամ այն միութեան, կուսակցութեան ու յարանուանական պատասխանատու հեղինակութիւններու հետ։ Սա ԱԶԳԱՅԻՆ, ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊ է, հրամայական կը դարձնէ բոլո՛ր ուղեղներուն (եւ կը հաւատանք հայու հնարամիտ միտքի անժամանցելիութեան) եւ ճիգերուն՝ նիւթական ու բարոյական կարողականութեանց համատեղման։ Նկատի չունինք միայն ամերիկեան ափերը, այլ աչքի առջեւ ունինք ամբողջ Սփիւռքի տարածքը, որուն համար, երախտաշատ գործ կ՚ընեն (թէեւ ոչ մարտահրաւէրին պահանջած կշռոյթով) հոս-հոն ստեղծուած «Պաշտպան յանձնաժողովներ ու մարմիններ», երբեմն որոնելով իտէալական-վերացականէն իրականութիւններու հող տեղափոխուելու ուղիներն ու միջոցները…
Վերի տողերուն մէջ բացայայտ հրաւէր մը արձանագրեցինք բոլոր նախանձախնդիրներուն, որոնք, կը հաւատանք, այսօ՛ր ալ կան, ինչպէս որ կային եւ երէկ։ Օտարին ձգենք «բոլորին վերագրուած գործը ոչ ոքի գործը կ՚ըլլայ» (Everybody՚s business is nobody՚s business) տրամաբանութիւնը, որ որոշ մօտեցումով ու տարբեր ոլորտի մէջ կրնայ ճիշդ ըլլալ։ Մեր պարագային, պատասխանատուութիւնը համատարած է։
Սփիւռքեան մեր օճախները թիւով ու նիւթական կարողութիւններով աճ ու բարելաւում կ՚ապրին. կարգ մը երկիրներու մէջ, քաղաքական ու ապահովութեան անտանելի կացութիւններ, մեր կամքէն անկախ, «արտագաղթներ»ու պատճառ դարձած են, մինչդեռ խաղաղութիւն վայելով շրջաններ ունին բոլորովին այլ՝ շեշտակիօրէն նպաստաւոր վիճակներ։ Մենք մեզ չխաբենք, չպահուըտինք մեր մատներուն ետին։ Հաւանաբար ուշացած ենք որդեգրելու կարգ մը միջոցառումներ, որոնք Հայ Դպրոցը պիտի դնէին աւելի՛ ինքնավստահ կացութեան մէջ, սակայն ճիշդ գործ ընելու համար, ո՛չ մէկ պահ ուշ է։ Կը մնայ, որ տագնապը դիմագրաւենք իր էութեան մէջ, հրաժարինք «ասիկա մեր ի՞նչ գործն է» կրաւորականութենէն, որովհետեւ ստեղծուած ընթացքը, իր վախճանական պատկերին մէջ, «Դամոկլեան սուր»ի տակ կը դնէ բոլորս։
Աւելի՛ն, տագնապները միշտ ալ ծնունդ կու տան հնարքներու, որովհետեւ «Կարիքը մայրն է բոլոր հնարքներուն» խօսքը անժամանցելի է ու ճշմարիտ։ «Զանգեր, Ղօղանջէք»ը կը հնչեցնենք անկումը կասեցնելու եւ դրական շարժումի մը առաջացման ոգիով։
Այս տագնապին դէմ յանդիման կանգնողներս իրաւունք չունինք աչք փակելու դառն իրականութեանց վրայ, մարտահրաւէրը չդիմագրաւելու ճակատէն. իրաւունք չունինք չհագուելու այն կօշիկները, որոնք մեզի աւանդ թողած են դպրոց հիմնողները, բարերարնեն ու Հայ Դպրոցի ջահը վառ պահողները, մանաւանդ որ օժտուած ենք նիւթական, ուսման եւ մասնագիտական աննախընթաց կարողութիւններով, պայմանաւ, որ զանոնք օգտագործենք հայկակա՛ն տրամաբանութեամբ եւ ոչ թէ տեղական «պարտադրանքները» հալած իւղի պէս կլլելու «արդի մօտեցումով»։
Այս մօտեցումով ալ, մենք մեզի, նաեւ ո՛չ մէկուն իրաւունք կու տանք հրաժարելու լաւատեսութենէ, շեշտը դնելով այս բառին «տես» արմատէն բխած «տեսիլք» երզրին վրայ…
Ս. Մահսէրէճեան
16 Օգոստոս, 2015