ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՅ ԴԱՓՆԵԿԻՐՆԵՐԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Ռիոյի ողիմպիականներուն Հայաստանի համար մետայլներ ապահոված մարզիկները շաբաթավերջին կազմակերպուած մասնաւոր երեկոյթով մը մեծարուեցան Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն այս առթիւ 1 միլիոն տոլար արժողութեամբ բնակարաններ նուիրեց Արթուր Ալիքսանեանին եւ Միհրան Յարութիւնեանին, որոնք ոսկի եւ արծաթ մետայլներ ապահովեցին երկրին համար։
Երեւանի Օփերային մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին ներկայ եղաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Ներկաները ջերմ համակրանքի եւ գնահատանքի առարկայ դարձուցին դափնեկիր արուեստագէտները։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը, դափնեկիր մարզիկներուն առընթեր պարգեւներ յանձնեց նաեւ անոնց մարզիչներուն եւ մարզական բնագաւառի բազմաթիւ պատասխանատուներուն։ Ի լրումն այս բոլորին, Սերժ Սարգսեան պարգեւատրեց նաեւ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը։
Երեկոյթի տեւողութեան գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որով ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։