ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ. «ԱՍԻԿԱ ԱՐԴԷՆ ՄԵՐ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆՆ Է ԵՐԿԻՐԸ ՊԱՀԵԼՈՒ»

Սեպտեմբերեան փոքր պատերազմը (զոր պաշտօնական շրջանակները որակեցին իբրեւ սահմանային բախում) կրկին յոռետեսական տրամադրութիւններ սփռեց չորս դին: Այսօր տակաւին լարուած է իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական սահմանին, հրադադարը պարբերաբար կը խախտի, սեպտեմբերին զոհուած աւելի քան երկու հարիւր հայ զինուորներուն մարմիններուն բոլորը տակաւին չեն յանձնուած հողին: Այս մթնոլորտին զուգահեռ կան միջազգային ժողովներ, երկիրներու ղեկավարներու հանդիպումներ, որոնց ընթացքին նաեւ մեր հայրենիքին ճակատագիրը կը վճռուի:

Գրող, հրապարակախօս, հասարակական գործիչ, Թէքէեան մշակութային միութեան (ԹՄՄ) Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Երուանդ Ազատեան Երեւանի մէջ այս հարցերուն շուրջ իր մտածումները կիսեց մեզի հետ: Ան Հայաստան ժամանած էր մասնակցելու Հայաստանի Թէքէեան ու ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի մշակութային միութիւններու նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցող «Վահան Թէքէեան» ամենամեայ միջազգային մրցանակաբաշխութեան ամփոփիչ ձեռնարկին, ունեցած էր ուրիշ այլ գործնական հանդիպումներ:

*

-Պարոն Ազատեա՛ն, սեպտեմբերեան սահմանային դէպքերու օրերուն Դուք Հայաստան էիք: Ձեր կարծիքով, ինչո՞վ պայմանաւորուած էր մեր ինքնիշխան սահմաններուն հանդէպ այդ ոտնձգութիւնը:

-Բնական է, որ հակառակորդ կողմը երբ որեւէ քաղաքական բացութիւն գտնէ, անմիջապէս պիտի օգտագործէ: Հիմա, որ Ռուսաստանը զբաղած է Ուքրայնայի մէջ, անոնք կ՚օգտուին առիթէն եւ իրենց դարաւոր փափաքը կ՚ուզեն իրականացնել՝ Հայաստանի հողը բաժնելով եւ ստեղծելով Զանգեզուրի միջանցքը, որ իրենց համար 100 տարուայ երազ է: Ատով կ՚ուզեն նաեւ շատ հարցեր լուծել, այդ կարգին թուլցնել մեր ինքնիշխանութիւնը:

-Արդեօք իրականութիւն կը դառնա՞յ այդ մէկը:

-Մենք այս շրջանին շատ անհաւատալի բաներ տեսած ենք, այնպէս որ որեւէ բանի, որ նախընթաց չունի, պէտք է պատրաստ ըլլանք: Շատ ցաւալի է այս, եւ մենք միշտ ահաբեկուած կը հարցնենք՝ կրնա՞յ ասանկ բան մը պատահիլ, կրնա՞յ Հայաստանը քարտէսին վրայէն ջնջուիլ…. Կրնա՛յ, ինչպէս որ ջնջուեցան ասկէ առաջ՝ քաղաքական պայմաններէն մեծ կայսրութիւններ փլան, եւ այդ կայսրութիւններուն փլատակին տակ Հայաստանը եւս ոչնչացաւ: Այսօր նորէն այդ կայսրութիւնները վերակառուցման, ընդարձակման, ծաւալման հանգրուանին մէջ կը գտնուին: Մէկ կողմէն Ռուսաստանը նահանջի մէջ է, միւս կողմէ թուրքերը մեծ յաւակնութիւններ ունին աշխարհի վրայ: Մենք թուրքերուն նկատմամբ քիչ մը անտեղեակ վերաբերմունք ունինք, չգիտակցելով, որ թուրքերը 600 տարի կայսրութիւն կառավարեցին եւ այսօր ալ երկու հակադիր բեւեռներու մէջ հզօր ներկայութիւն մըն են եւ երկու բեւեռներուն տկարութենէն եւ պահանջքներէն կ՚օգտուին: Տեղ մը Ռուսաստանը պէտք ունի Թուրքիոյ, իսկ Թուրքիան ատոր փոխարէն ակնկալութիւններ ունի Ռուսաստանէն եւ Ռուսաստանը պարտադիր կը վճարէ: Տեղ մը ամերիկացիները պէտք ունին Թուրքիոյ: Արեւմուտքին ու ամերիկացիներուն համար թուրքը անհրաժեշտ գործիք մըն է: Քորէայի պատերազմէն ի վեր գործածեցին Թուրքիան իբրեւ ՆԱԹՕ-ի երկրորդ հզօրագոյն բանակ ունեցող եւ զօրացուցին՝ ենթադրելով, որ ՆԱԹՕ-ի որոշ գործերը պիտի լուծեն Միջին Արեւելքի կամ Աֆղանիստանի մէջ, ուր որ խնդրայարոյց կացութիւն կար:

-Աշխարհաքաղաքական այդ զարգացումներուն դիմագրաւելու համար Հայաստանը ի՞նչ պէտք է ընէ՝ այդ ամէն ինչին կուլ չերթալու համար: Խելացի ղեկավարութիւն մը կրնա՞յ փրկել կացութիւնը:

-Խելացի ղեկավարութիւնը մէկ տուեալ է. խելացի ղեկավարութիւնը սահմանափակ դիւանագիտական հնարաւորութիւններ ունի, եւ որեւէ դիւանագիտական նախաձեռնութիւն, ծրագիր միայն զէնքի պաշտպանութեամբ իրականութիւն կը դառնայ: Ուրեմն մենք որքան որ ալ ունենանք դիւանագիտական հմտութիւն, եթէ չէ պաշտպանուած զէնքով, այդ դիւանագիտութիւնը կշիռք, ազդեցութիւն եւ հետեւանք չունի:

Մենք երեսուն տարի «նստած» էինք մեր յաղթանակներուն վրայ, հակառակ որ զգուշացումներ ունեցանք: Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը առաջին օրէն ըսաւ, որ ժամանակը մեզի հետ չէ, մեզի ի նպաստ չէ, եւ բոլոր իշխանութիւններն ալ տեսան, որ Ատրպէյճանը օր-օրի կը զինուի եւ արդիական զէնքերով իր բանակը կը զօրացնէ: Մենք ատոր դիմաց չցնցուեցանք, չգիտակցեցանք, որ ժամանակը իսկապէս մեզի ի նպաստ չէ, մենք համապատասխան կերպով զէնք, զինամթերք, բանակ չունինք, եւ մեր բանակին մարտունակութիւնը դժբախտաբար, ճակատագրական պահուն չկրցաւ ինքզինքը արդարացնել: Պէտք է ըսել նաեւ, որ այն հաշուարկումները, որ մենք ըրած էինք Ռուսաստանի վրայ, իբրեւ մեր ռազմավարական դաշնակից, իբրեւ ՀԱՊԿ-ի անդամ, այդ ճակատագրական պահուն բոլորն ալ ի դերեւ ելան:

-Քիչ առաջ պետականութեան հաւանական կորուստին մասին խօսեցաք, այդ պարագային ի՞նչ կ՚ըլլայ հայ ժողովուրդին ճակատագիրը:

-Հայ ժողովուրդին ճակատագիրը պիտի ըլլայ այն, ինչ որ եղաւ 600 տարի: Անշուշտ, սրտի ցաւով եւ մեր սիրտը արիւնելով այդ հեռանկարը մեր առջեւ կը տեսնենք, բայց, դժբախտաբար, անհաւանական չէ: Հիմա շատ ժամանակավրէպ է, շատ ուշ է մեղադրել հիները, նորերը, օգուտ չունի ատիկա եւ դժբախտաբար, այսօր ամբողջ այդ ժամանակաշրջանի հարցերը կուտակուած եւ բեւեռացումի գացած են: Այսօր, երբ մենք ազգային միասնականութեան պէտք ունինք, շատ գէշ ձեւով պառակտուած ենք: Հակառակորդը ամէն օր սահմաններուն վրայ կտոր-կտոր մեր հողերը կը վերցնէ, մենք տակաւին մեր պատեաններուն մէջ, մեր «թայֆայական» թաղային մտայնութեամբ բանտարկուած ենք:

-Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը համախմբումի կոչ ըրաւ, այդ առումով ուրեմն Դուք այդ կոչը տեղի՞ն կը համարէք:

-Այո՛, ճիշդ ժամանակին ահազանգը հնչեցուց, բայց այսօր ինք չունի այն կշիռը, որ անցեալին ունեցած է, անոր համար ալ շատ մտիկ ընող չկայ: Ժամանակին ալ ինք զգաստութեան կոչ ըրաւ, ըսելով՝ «Լրջանալու պահն է», մենք այն ատեն մտիկ ընելով, լրջանալով, չարեաց փոքրագոյնով պիտի վերջանայինք: Հիմա կրնանք չարեաց մեծագոյնով վերջանալ:

-Հայաստան ձեր այս այցին նաեւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին հետ հանդիպեցաք: Ան նոյնպէս յոռետե՞ս էր:

-Այո, շատ յոռետես է եւ կարողութիւններ չի տեսներ իշխանութեան մէջ, ինչպէս որ ե՛ս չեմ տեսներ: Փաշինեանը ես երբեք չեմ տեսած իբրեւ լուրջ դիւանագէտ, դիւանագիտական հմտութիւններ ունեցող: Գիտենք, որ երբ մէկը ուժի կը տիրանայ, իր երկրորդ քայլը, այդ ուժը պահպանելու, բնազդաբար, խելացի մարդիկ իր շուրջը հաւաքելն է: Առաջին հանգրուան՝ ինքը չունի տուեալները, երկրորդ հանգրուան՝ ինքը գիտակցութիւնը չունի իրմէ աւելի իմաստուն դիւանագէտներ համախմբելու, որպէսզի երկրին ճակատագրական պահուն աւելի խելացի քայլեր կատարուին:

-Ի՞նչ կը սպասէք գերտէրութիւններու ղեկավարներուն բանակցութիւններէն, որոնք տեղ մը նաեւ Հայաստանին կը վերաբերին:

-Հիմա Արեւմուտքը մեզի որոշ խոստմնալի վերաբերում ցոյց կու տայ, Պլինքըն, Հայաստանի մօտԱՄՆ-ի դեսպանը, Մաքրոն եւ ուրիշներ ալ կը մեղադրեն Ատրպէյճանը իբրեւ նախայարձակ եւ կը պահանջեն, որ Ատրպէյճանը զօրքերը ետ քաշէ:

-Սակայն տակաւին ոչ մէկ քայլ կատարուած է:

-Ոչ մէկ քայլ կատարուած է, որովհետեւ ինք կը հաշուարկէ, որ այդ յայտարարութինները «փափուկ ուժ»ի արտայայտութիւններ են, ԱՄՆ-ը կամ Ֆրանսան հոս բանակ պիտի չբերէ եւ ըսէ՝ զօրքերդ ետ քաշէ: Ատիկա միայն Ռուսաստանը կ՚ըսէ, ան ալ ըսած չունի: Ռուսաստանը մանաւանդ Զանգեզուրի միջանցքին հարցով յայտարարեց, որ այդ միջանցքը կամ բոլոր միջանցքները, ճանապարհները, հաղորդակցութեան միջոցները պիտի ըլլան համապատասխան երկիրներու ինքնիշխանութեան տակ: Հիմա, երբ Ատրպէյճանը կը բարձրաձայնէ, թէ կ՚ուզէ այդ միջանցքը, Չավուշօղլուն կը պնդէ, որ պէտք է այդ միջանցքը տրուի, Ռուսաստանը ձայն չի հաներ: Եթէ ձայն չի հաներ, անոնց կանաչ լոյսը տրուած է, թէ կրնաք պնդել Հայաստանին:

-Եթէ այդպիսի հարց ըլլայ, այդ շրջաններուն մարդիկը կ՚արտագաղթե՞ն, կը լքե՞ն իրենց բնակավայրը:

-Ես կը զարմանամ մեր ժողովուրդին վրայ, այն առումով, որ Ղարաբաղը այսօր ազէրիներուն հրացանին տակն է, սակայն տակաւին ուզողներ կան, որ հոն դառնան, ապրին, որովհետեւ մեր հողն է կ՚ըսեն: Նոյնը նաեւ Սիւնիքի հայութեան պարագան է՝ հնարաւորութիւն ունին Ռուսաստան երթալու, հնարաւորութիւն ունին ձգելու երկիրը, ոմանք կ՚ընեն արդէն, բայց նորէն կայ զանգուած մը, որ ամուր կառչած է իր հողին եւ պատմութեան ձայնին ունկնդրելով չ՚ուզեր լքել, գիտակցելով, որ ասիկա վերջին պատեհութիւնն է երկիրը պահելու:

-Մեր անցեալ զրոյցին ընթացքին, այսքան յոռետեսական չէր Ձեր մօտեցումը Հայաստանի ապագային հանդէպ, հակառակ որ 44-օրեայ պատերազմը եղած էր: Այսօր շատ փոխուած է Ձեր մօտեցումը:

-Այո՛, շատ փոխուեցաւ եւ ուր որ նայիմ, կը դժուարանամ ելք մը գտնելու: Ելք մը կայ, այն է, որ մեր գիտնականները ամբողջ աշխարհէն պէտք է գան Հայաստան, գերհզօր զէնք մը ստեղծեն, վեցերորդ սերունդի ռազմամթերք տրամադրեն մեզի, ոչ թէ յարձակելու համար, այլ մեր հողը պաշտպանելու: Մեր չափանիշը այն պիտի ըլլայ, որ մենք այնքան պիտի զօրանանք, որ հակառակորդը պիտի հաշուարկէ, թէ եթէ Հայաստանի վրայ յարձակի, ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ հետեւանքը շատ ծանր կորուստներ պիտի ըլլան, պիտի երկմտի եւ ըսէ՝ չ՚արժեր: Հիմա մենք այդ պատնէշը չունինք եւ շատ դիւրութեամբ մեր սահմանէն ներս կը մտնեն, այո, հակադարձութիւն կ՚ունենան, կորուստներ ալ կ՚ունենան, բայց ատոնք հաշուարկուած կորուստներ են: Երեսուն տարի մենք ըսինք՝ «Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վերջե», «Ոչ մէկ թիզ հող» եւ այլն, 2009-ի արձանագրութիւններու ընթացքին նոյնիսկ մէկ շրջան չպարպեցինք, եւ ատիկա անհաւատալի մեծամտութիւն մըն էր… Այս ամէն ինչը ատոնց հետեւանքն է:

-Ինչպէս՞ կը տեսնէք Արցախին ապագան, արդեօք ոչ հայկական ապագայ մը կը սպասուի՞ Արցախին:

-Շատ հաւանական է, որովհետեւ պատմութեան ընթացքին, երբ մենք մեր դարաւոր, երկու-երեք հազար տարուան հողը ստիպուած եղած ենք լքել, Արցախն ալ նոյն իրավիճակին մէջ յայտնուած է: Մենք հոն եղած ենք Մեծն Տիգրանէն ի վեր, մեր հողն է, եւ այսօր կ՚ըսուի, որ Ղարաբաղը ատրպէյճանական հող է: Մինչդեռ օրինական իրավիճակ մը կար, երբ Ղարաբաղը ճանչցուած էր իբրեւ ինքնավար մարզ, կը նշանակէ, որ օրինական կարգավիճակ ունէր նոյնիսկ Սովետական Միութեան մէջ: Ուրեմն, եթէ ինքնավար կարգավիճակ ունէր, կը նշանակէ, որ տարբեր ժողովուրդ մը կը բնակէր հոն, տարբեր իրաւունքներ ունեցող, հողին տէրը եղող ժողովուրդ մը, որ քաղաքական պայմանաւորուածութիւններու բերումով Ատրպէյճանի իշխանութեան տակ դրուած է կամայականօրէն, ոչ օրինական կերպով: Այսօր, միջազգային հասարակութիւնը, ներառեալ Ռուսաստանը, հիմք ընդունելով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի քաղաքական կշիռը, նաեւ անոնց տնտեսական հզօրութիւնը, հանգիստ խղճով կ՚ըսէ, որ Ղարաբաղը ատրպէյճանական հող է: Ռուսերը ընդհանրապէս Սթալինի տնօրինումներուն դէմ կ՚արտայայտուին, բայց այս մէկին չեն անդրադառնար, որ Սթալինին կամայական գրիչին հարուածով ամբողջ ժողովուրդին ճակատագիրը յանձնուեցաւ իր հակառակորդին:

-Կը հաւատա՞ք Ձեր ըսած համախմբումին, մանաւանդ սփիւռքէն եկող համախմբումի շարժումի մը:

-Սփիւռքին կազմակերպուածութեան մասին քիչ մը չափազանցուած ակնկալութիւններ կան հոս: Սփիւռքը կարողականութիւնը ունի, բայց հաւաքական կամքը չունի, իմաստնութիւնը չունի, իր ազգային ինքնութեան այդ հաւաքական պատկերը ինքը չի տեսներ, որ կարենայ ատիկա նաեւ տրամադրել Հայաստանին: Մեր միջոցը արտակարգ կերպով հզօրանալն է, պարզապէս պաշտպանուելու համար, հակառակորդին ցոյց տալու, որ շատ սուղ պիտի արժէ, եթէ ան որոշէ մեր հողին սահմաններէն ներս մտնել:

-Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը իր վերջին հեռատեսիլային հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ մեզի շատ ցաւոտ լուծումներ կ՚առաջարկուի, մենք պէտք է ընտրենք նուազ ցաւոտը: Ձեր կարծիքով, ո՞րը պիտի ըլլայ այդ նուազ ցաւոտը:

-Հիմա երկու ծանր առաջարկ կայ. առաջինը, որ Հայաստանը յօժարի հրաժարիլ Ղարաբաղի հարցէն եւ ընդունի Ղարաբաղը իբրեւ Ատրպէյճանի մաս, եւ հայերը մնան այդտեղի քաղաքացիներ: Երկրորդը միջանցքի խնդիրն է. հաւանաբար Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի մտքին մէջ կայ, որ մէկը զոհենք միւսին, Ղարաբաղը զոհենք՝ միջանցքը պահելու համար: Բայց ես այդ ուղղութեամբ ալ լաւատես չեմ, որովհետեւ եթէ նոյնիսկ պաշտօնական պայմանագիր կնքուի, ժամանակի հարց է, ատոր ալ պիտի հասնին՝ խախտելով պայմանագիրը: Բայց գոնէ շնչառութեան համար ժամանակ կը շահինք, որ կարենանք զօրանալ այդ ընթացքին:

Ասիկա արդէն մեր վերջին հանգրուանն է երկիրը պահելու, պատմութիւնը քշեց, քշեց, սեղմեց եւ մենք այսօր ունինք այս 29 հազար 8 հարիւր քառակուսի մեթրը, որ ամէն գինով պէտք է պահել:

Ո՞Վ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆ ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԳՐԻՆ

ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ

Անել կացութեան մը դիմաց՝ ազգովին լծուած ենք փնտռտուքի ելք մը գտնելու ճիգով: Գուցէ այսպիսի տուայտանքի եւ երկընտրանքի դիմաց գտնուած են Հայաստանի իշխանաւորները երբ որոշեցին Անիի բանալիները յանձնել Բիւզանդիոնին: Եւ ահա հազարամեակէ մը վերջ դարձեալ ճակատագրական նոյն հանգրուանին առջեւ կը գտնուինք:

Անոնք որ Երեւանի պողոտաներէն կ՚անցնին հաւանաբար չանդրադառնան, թէ այս շէնշող քաղաքին ետեւ կը սողայ դառն ճակատագիր մը. լինելու եւ չլինելու հարցականը եւ հետեւաբար բոլորին կը յուշէ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ատենի զգուշացումը թէ՝ լրջանալու պահն է:

Ամէն պատասխանատու անձ տագնապի մէջ է, սակայն այնպէս կը թուի, թէ ոչ ոք ունի յոյսի բանալին:

Չէին բաւեր կարծէք մեր մարդկային ու հողային կորուստները 44-օրեայ պատերազմին՝ այսօր կը գտնուինք ստոյգ վտանգի առջեւ՝ ամբողջ հայրենիք մը կորսնցնելու: Այս տագնապին հաւանական հետեւանքներէն մէկն է, վստահաբար, այն մթնոլորտը, ուր ներքին բեւեռացումը արդէն աւելորդ պերճանքի մը կը վերածուի:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան սեպտեմբեր 13-ի աղէտալի բախումներուն յաջորդ օրն իսկ յայտարարեց, թէ ինք պիտի ստորագրէ «խաղաղութեան դաշնագիր մը», որուն համար պիտի որակուի դաւաճան: Սակայն, յաջորդ օրն իսկ յայտարարեց, թէ նման փաստաթուղթ գոյութիւն չունի: Իշխանութիւնները պարբերաբար կը համախմբեն արտախորհրդարանական ուժերը որոշ խորհրդակցութեան: Սակայն, այդ ուժերը, առաւել կամ նուազ չափով իշխանութեան արբանեակներն են, որովհետեւ խորհրդակցիլը տակաւին դարման մը չէ առկայ բեւեռացումը վերացնելու: Ամէն ոք գիտակցած է ալ, որ այս պահուն պէտք է խորհրդակցին եւ համախոհ դառնան ոչ միայն իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը, այլ բովանդակ աշխարհի հայութիւնը սփիւռքով եւ Արցախով: Դժբախտաբար իշխանաւորներու ինքնագոհ վիճակը տակաւին յոյս չի ներշնչեր այդ ուղղութեամբ: Պատերազմին պատճառը նախորդ իշխանութեանց վերագրելն ալ արդարացում մը չէ եւ ոչ ալ կրնայ դարման մը բերել կացութեան:

Այո՛, ճիշդ է նախորդները տեսան իրենց աչքերով որ 1994-ի հրադադարէն ի վեր Ատրպէյճան սկսած էր զինուիլ՝ իր վրէժը լուծելու մտադրութեամբ եւ համապատասխան քայլերու չդիմեցին: Աւելին՝ Ռուսաստանի դաշնակցային երաշխիքին ապաւինեցան, առանց անդրադառնալու, որ Ռուսաստանն ալ կրնար օր մը անկարող դառնալ իր դաշնակցային յանձնառութիւնները իրականացնելու, ինչպէս պատահեցաւ Ուքրայնայի աննախատեսելի պատերազմին պատճառով:

Իսկ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» ասպետները հաւատացին, որ իրենց համբակ վիճակը դիւանագիտութեան եւ պետականաշինութեան մէջ բաւարար պիտի ըլլար երկիրը առաջնորդելու դէպի խաղաղ եւ ապահով ապագայ: Նոր իշխանութեան կարճատեսութեան եւ տհասութեան վկայութիւններէն մէկն էր եկեղեցւոյ եւ մասնաւորաբար Մայր Աթոռի հանդէպ արհամարհանքը. աւելին՝ կազմակերպուած հալածանքն ու թշնամանքը, առանց իրենց քիթէն անդին նայելու, թէ Ռուսաստանի եւ Վրաստանի իշխանութիւնները, վեր բռնելով իրենց պատրիարքներու հեղինակութիւնը, կ՚ամրացնեն իրենց դիրքերը ժողովրդային խաւերու մօտ: Ուրեմն, այսօր հիներով եւ նորերով համարատու ենք պատմութեան առջեւ, եթէ չյաջողինք խուսափիլ այս գոյութենական վտանգէն: Այս կացութեան մէջ Հայաստանի եւ Արցախի նախկին նախագահները, որոնք, ի դէպ, իրարու մէջ բազում տարակարծութիւններ ունին, որոշած են ի մի գալով Մայր Աթոռի մէջ խորհրդակցութիւն մը ունենալ:

Ի դէպ, իշխանամէտ մամուլը յաճախ կը քարկոծէ Ամենայն Հայոց Հայրապետը, որ ժողովուրդի կողքին չի կանգնիր: Առ ի գիտութիւն յայտնենք, որ Վեհափառը նախաձեռնութիւնը կը վերցնէ զանգահարելու վարչապետին հարց տալու, թէ եկեղեցին ինչպէ՞ս կրնայ սատարել այս կացութեան դարմանումին եւ վարչապետին գրասենեակը լկտիաբար չի վերցներ հեռախօսի ընկալուչը:

Նախկին նախագահներու հանդիպումը Էջմիածնի մէջ աւարտեցաւ կարճ լրատուութեամբ մը, որ խորքին մէջ ոչինչ կը պարունակէր: Միայն կը տեղեկացուէր, որ անոնք կրկին պիտի հանդիպին շարունակելու համար խորհրդակցութիւնները: Իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն իրար մօտեցնելու միտումով կազմակերպուած այս խորհրդակցութիւնը պարզեց, որ նախկին ղեկավարները տակաւին իրենք տարակարծութիւններ ունին իրարու մէջ, ինչպէս պարզուեցաւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի մամլոյ ասուլիսներէն, ինչպէս նաեւ Սերժ Սարգսեանի հրապարակած հաղորդագրութենէն:

Սակայն, նախքան անոնց արտայայտուիլը, իշխանամէտ մամուլն ու լրատուամիջոցները սկսան պարսաւել նախկին նախագահները, իրենց նախաձեռութեան համար, փոխանակ իմանալու անոնց դրդապատճառներն ու մտահոգութիւնը՝ այսօրուան իրականութեան դիմաց:

Օրինակ, իշխանամէտ մեկնաբան Յովսէփ Խուրշուտեան յայտարարեց, որ այդ հաւաքէն «պետական յեղաշրջումի հոտ կու գայ»: Իսկ նոյն խմբակէն Ազատ Արշակեան մեղադրեց նախկին նախագահները, որ փոխանակ օրուան նախագահին՝ Վահագն Խաչատուրեանի գրասենեակին մէջ հաւաքուելու՝ ընդառաջած էին Վեհափառի կոչին, կարծէք թէ նախագահ Խաչատուրեան պատրաստ էր զիրենք ընդունելու:

Նախկին նախագահներու դիրքորոշումները -եւ հետեւաբար՝ տարբերութիւնները- դրսեւորուեցան իրենց ելոյթներուն ընթացքին:

Լեւոն Տէր-Պետրոսեան խիստ յոռետեսական դիրքաւորում մը ունի. ան կը կանխատեսէ որ Փաշինեան, բոլոր պարագաներու ներքեւ, անձնատուութեան (կապիտուլյացիա) փաստաթուղթ մը պիտի ստորագրէ եւ առաջարկեց, որ բոլոր նախագահները կանգնին Նիկոլի կողքին եւ կիսեն ստորագրուածին պատասխանատուութիւնը:

Քոչարեանը չէր կիսեր Տէր-Պետրոսեանի յոռետեսութիւնը եւ կը խորհի, թէ պայքարելով կարելի է ելքեր գտնել, միաւորելով ուժերը (կոնսոլիտացնել): Քոչարեան չբացաւ փակագիծերը մատնանշելու ճիշդ լուծումը, կարծէք հասկցնելով որ քանի տակաւին ինք իշխանութեան ղեկին չէ` ի վիճակի չէ գործադրելու իր հնարաւորութիւնները:

Երրորդ նախագահը՝ Սերժ Սարգսեան հանդէս եկաւ աւելի զգօն ելոյթով մը, ըսելով. «Առողջ դատող քաղաքական ուժերը, հասարակական քաղաքական միաւորումները պէտք է շարունակեն ամենօրեայ աշխատանքով հասարակութեան մէջ արթուն պահել պայքարի ոգին»:

Այս անգամ, բացառաբար նախկին նախագահները իրարու նկատմամբ վիրաւորական արտայայտութիւն չունեցան, ոչ ալ վարկաբեկիչ ակնարկներ ըրին իշխանութեան, հաւանաբար ի մտի ունենալով կացութեան լրջութիւնը…

Խմբագրական «Պայքար»ի

(Հատուած)

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2022