ՄԱՔՐԱՄԱՔՈՒՐ ԱՐԱՐԱԾՆԵՐ

Ամենաչար մարդն անգամ քնացած մանուկի մը քովէն անկարելի է, որ անտարբերութեամբ անցնի: Անպաճոյճ մանուկը կը ստիպէ արթննալ խոր քունի մատնուած անտարբերութիւնը եւ նուիրել անկեղծ ժպիտ մը: Ինչպէս Աստուած, երեխաները նոյնպէս սէր են, մաքուր էջ մը մեր կեանքին մէջ: Երեխաները լոյս աշխարհ կու գան մեզ՝ ինքներս մեզի հետ ծանօթացնելու համար: Այլ կերպով կրնանք պնդել, թէ երեխաները մեր հոգիներու արտացոլանքն են: Ճերմակ թուղթ մը, որու վրայ իւրաքանչիւրս կը պատկերէ ինքզինք ու կու տայ դաստիարակութիւն անունը: Իսկ եթէ յանկարծ հաճելի չթուի մեր ստացած պատկերը՝ մեղքը կը բարդենք պզտիկներու, պատանիներու, երիտասարդնելու վրայ: Կը պոռթկանք եւ վերջիններս կը պիտակաւորենք՝ անդաստիարակ:

Իսկ ո՞վ պէտք է այդ բալիկը դաստիարակէր: Անոր դաստիարակը դուն էիր: Ան յիսուն տոկոսով քու արտացոլանքդ է: Ըսել է, թէ անդաստիարակը դուն ես, աւա՜ղ չես խորհած այդ մասին: Ամէնուր կը փնտռես մեղաւորներ՝ առանց հայելիի մէջ նայելու: Իրաւացի ես, իրական մեղաւորի հետ երբեւէ չես կրնար առերեսուիլ՝ անկարելի է: Սակայն կրնաս ամէն պահ հանդիպիլ հայելիի միջոցաւ: Այժմ ճիշդ հասկցար՝ այդ մէկը դո՛ւն ես:

Աստուածային կերպարանքով մարդ արարածը միակ մեղսագործ արարածն է: Գիտակից դառնալէ վերջ մարդը կը դառնայ սատանայի ստրուկը՝ ինքնամոռաց սիրահարուելով, հմայուելով մեղքով: Իւրաքանչիւրս մեղքը աւելի շատ կը սիրէ, քան կեանքը, բարին: Յաճախ մարդիկ անասունի պէս անգամ չեն ապրիր, քանզի կը գործեն այնպիսի չարութիւններ, զորս ոչ մէկ անասուն կ՚ընէ: Զոր օրինակ՝ ես չեմ ճանչնար կենդանի մը, որ իր ձագուկը սպաննէ իր փորին մէջ:

Այդ ե՞րբ մենք կը կորսնցնենք մեր աստուածային կերպարանքը, այդ ե՞րբ, ո՞ր տարիքին կը տրուինք սատանային...

Երեխաները մեզի չեն նմանիր, անոնք շատ մաքուր են՝ անբասիր ու բիւրեղեայ, իսկ անոնց հոգիները կը նմանին յախճապակիի: Այստեղ կ՚ուզեմ ի ցոյց դնել մանուկի մը հոգիի գեղեցկութիւնը, մաքրութիւնը.

Օր մը, կին մը տուն վերադառնալու ճամբուն կը տեսնէ փոքրիկ մանչուկ մը: Պզտիկը փայտով մը գետնին կը գծէր ինչ-որ բան:

-Ի՞նչ կը գծես, փոքրիկս,- փաղաքշանքով կը հարցնէ ան:

-Դրախտը կը բաժնեմ մասերու ու կը վաճառեմ:

Կնոջ հաճելի կու գայ երեխային պատասխանը: Կ՚ուզէ երեխային օգնել ու այդպիսով քանի մը բառ աւելի փոխանակել իմաստուն փոքրիկին հետ.

-Մաս մըն ալ ինծի կրնա՞ս վաճառել:

-Հարկաւ:

-Իսկ ի՞նչ կ՚արժէ:

-10 տոլար:

Կինը գորովանքով կը նայի երեխայի անմեղ աչուկներուն, կը վճարէ 10 տոլարը եւ կ՚երթայ տուն: Երեկոյեան կը մտնէ անկողին: Երազին մէջ կը տեսնէ դրախտը: Առաւօտեան ամուսինին կը պատմէ տեղի ունեցածի մասին: Ամուսինը անմիջապէս կը փութայ երեխային մօտ: Վերջինս կը գտնէ նոյն տեղը: Փոքրիկը նորէն գետնին բան մը կը գծէր: Կը մօտենայ.

-Ի՞նչ կ՚ընես, փոքրիկ տղայ:

Երեխան նոյն պատասխանը կու տայ.

-Ինծի ալ կտոր մը կը վաճառե՞ս: Ի՞նչ կ՚արժէ:

-1 միլիոն տոլար:

Մարդը կը շուարի.

-Ինչպէ՞ս: Երէկ դուն իմ կնոջը ընդամէնը 10 տոլարով վաճառեցիր, իսկ այսօր ինձմէ միլիոն կը պահանջես:

Երեխան ուղիղ կը նայի մարդու աչքերուն մէջ ու կը պատասխանէ.

-Պարոն, ձեր կինը այդ գումարը վճարեց ոչ թէ դրախտը գնելու, այլ իմ սիրտը շահելու համար: Այդ ի՞նչ է, ձեզի կը թուէր, թէ դրախտը այդքան աժանի կը վաճառուի, հա՞: Դրախտը քու հոգիիդ մէջ կառուցէ, պարոն:

Տղամարդը պապանձած փոքրիկի պատասխանէն, քանի մը վայրկեան կը կենայ քարացած.

-Իրաւացի ես, իմաստուն փոքրիկ,- կ՚ըսէ ու կը հեռանայ:

Սիրելով մեր զաւակները եկէք փորձենք չպղտորել անոնց մաքրամաքուր հոգիները: Եւ հասակ առնելով՝ մեր երեխաները կը կորսնցնեն իրենց աստուածատուր մաքրութիւնը:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2022