ՅԱՅՏՆԻ ՀԵՌՈՒՍՏԱՀԱՂՈՐԴԱՎԱՐ ՔՈՆԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ԱՅՑԻ ԱՄԵՆԱՅՈՒԶԻՉ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐԷՆ ՄԷԿՈՒՆ
Յայտնի ամերիկացի հաղորդավար Քոնան Օ՚պրայն, որ իր «Քոնան» հեռուստահաղորդման ծիրէն ներս վերջերս այցելած էր Հայաստան ու հետաքրքրական հաղորդում պատրաստած՝ երկրի մասին, հարցազրոյց մը տուած է Հարաւային Գալիֆորնիոյ հանրային ռատիոյին (scpr.org)՝ շարք մը ուշագրաւ մանրամասնէր ներկայացնելով հայաստանեան ուղեւորութեան վերաբերեալ: Յայտնի հաղորդավարը անգամ մը եւս յիշեցուցած է, որ Հայաստան գալու հիմնական «պատճառ»ը իր օգնականը՝ Սօնա Մովսէսեանն էր, որ վեց տարի շարունակ իրեն կը պատմէր իր հայրենիքի, մշակոյթի ու այնտեղի հիանալի մարդոց մասին:
«Ես կ՚ուզէի Սօնային օգնել իր արմատներու, ժառանգութեան հետ վերամիաւորուիլ: Նկարահանումներու սկիզբը ես հանդիպեցայ Սօնայի ծնողներուն, որոնցմէ հետաքրքրուեցայ, թէ անոնք ի՛նչ կը փափաքէին, որպէսզի մենք ընենք Հայաստանի մէջ: Այնքան ուրախ եմ, որ այդ ցանկութիւններու մեծ մասը իրագործեցինք», նշած է Քոնան Օ՚պրայն:
Լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք Ծիծեռնակաբերդ կատարած այցը պիտի հեռարձակուի՞ հաղորդման ընթացքին, Քոնան միանգամայն դրական պատասխան տուած է՝ աւելցնելով. «Այո՛, ատիկա հաղորդման կարեւորագոյն մասերէն մէկն է: Բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ ծրագիրը ծայրէ ծայր բաղկացած է ծիծաղելի դրուագներէ, կը սխալին: Ես հպարտ եմ այդ այցելութեամբ»:
Այնուհետեւ հեռուստահաղորդավարը անդրադարձած է հայաստանեան նկարահանումներու ընթացքին իրեն համար ամենայիշարժան ու յուզիչ դրուագներէն մէկուն:
«Երբ Երեւան էի, ինծի ըսին, որ դուրսը հաւաքուած են խումբ մը հետաքրքիրներ, որոնք կ՚ուզեն տեսել զիս: Սկիզբը «հայ սիրահարներ»ու փաստը շատ զարմացուց զիս, բայց ես որոշեցի դուրս գալ ու հանդիպիլ անոնց: Երբ դուրս եկայ, տեսայ, որ անոնք բոլորը` եօթ-ութ հոգի, սուրիահայ փախստականներ են: Անոնք պատերազմի պատճառով Հայաստան եկած են քանի մը տարի առաջ, իսկ իմ ծրագիրը եւ զիս կը ճանչնային YouTube-էն: Անոնք այնքան ուրախ էին ինծի հանդիպելու առիթով, որ ես չկրցայ մերժել զանոնք, ու մենք միասին գացինք զուարճանալու: Անկէ ետք ես զանգահարեցի կնոջս ու ըսի. «Հիմա ես ապրեցայ կեանքիս լաւագոյն պահերէն մէկը»», վերյիշած է հաղորդավարը: