ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԵՑԵԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՅԱՅՏՆԻ ՎԱՐՊԵՏ ՇԱՀԷ ՏԷՐ-ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Հայկական խեցեգործութեան յայտնի վարպետ Շահէ Տէր-Յարութիւնեան արդէն քաղաքիս մէջ է՝ Գարակէօզեանի ընտանիքի հրաւէրին ընդառաջ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ան շաբաթավերջին Երեւանէն ժամանեց Իսթանպուլ, ուր պիտի մնայ մինչեւ ամսավերջ։

Շահէ Տէր-Յարութիւնեան Իսթանպուլ հասնելէ անմիջապէս վերջ Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս, «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստի աշխատանոցի երդիքին տակ ձեռնարկեց աշխատանքի։ Խումբ մը չափահաս հետաքրքիրներու համար վարպետը օրուան տեւողութեան տուաւ երկու դաս՝ աշխատանոցի ձեւաչափին մէջ։

Այսօրուընէ սկսեալ Շահէ Տէր-Յարութիւնեան աշխատանքի կը ձեռնարկէ Գարակէօզեան Տան սաներուն հետ։ Յաջորդ շաբաթավերջին ան վերստին դասընթացքներ կը նախատեսէ չափահասներու համար։  

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2017