ՈՒՏԵԼԻ ԵՒ ԹՈՒՆԱՒՈՐ ՍՈՒՆԿԵՐԸ՝ ԸՍՏ ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՅՎԱԶՈՎՍԿՔԻԻ

Սունկերը կը նկատուին Երկիր մոլորակի վրայ ամենահին օրկանիզմներէն: Միաժամանակ անոնք մեր մոլորակի ամենաբազմազան օրկանիզմներն են՝ պտուղներու հետ միասին:

Սունկերու ամենահին գտածոներէն պարզուած է անոնց հաւանական տարիքը՝ մօտաւորապէս 900 միլիոն տարեկան։ Ժամանակին, երբ չկար զարգացած գիտութիւն, որոշ կենսաբաններ այն կարծիքին էին, թէ սունկերը սատանայի ստեղծածն են: Այնուհետեւ, այդ մօտեցումը մոռցուեցաւ, եւ մարդը սկսաւ դրական եւ պրպտող տեսակէտէ նայիլ բնութեան այդ հրաշալիքին, սկսաւ ուտել եւ զանազան նպատակներով գործածել:

Ի սկզբանէ սունկերու ուսումնասիրութեամբ զբաղած է կենսաբանութիւնը, քանի որ ատոնք կը դասակարգուէին բոյսերու շարքին։ Այժմ գիտութիւնը, սունկերու եւ կենդանական աշխարհի նմանութիւններէն մեկնելով, սունկերը կը դասէ մանրէակենսաբանութեան մէջ եւ անոնց ուսումնասիրութեամբ կը զբաղի սնկագիտութիւնը: Ուսումնասիրելով սունկերը եւ գործածելով իբրեւ ուտելիք եւ բուժիչ միջոց, մարդը, տակաւին շատ վաղուց յայտնաբերած է անոնց հաճելի համն ու հոտը, օգտակարութիւնը, գիտնալով հանդերձ, որ բոլոր սունկերը ուտելի չեն: Սունկերու թունաւոր ըլլալու մասին գիտելիքները նոյնպէս մշակուած են շատ վաղ ժամանակներուն: Եկեղեցական եւ հասարակական գործիչ, բանասէր, պատմաբան, մանկավարժ, թարգմանիչ, Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Գաբրիէլ Այվազովսքին, որ յայտնի է նաեւ իր գիտական յօդուածներով, ուտելի եւ թունաւոր սունկերու մասին գրած է տակաւին 1800-ական թուականներուն եւ 1843 թուականին գիտական յօդուած տպագրած՝ «Բազմավէպ»ին մէջ: Անշուշտ, այդ ժամանակուընէ ի վեր, գիտական շատ մօտեցումներ փոխուած են, սակայն, սունկերը ճանչնալու այն, միջոցները, որոնք կը նկարագրէ Այվազովսքի, հիմնականը պահպանուած են: «Բազմավէպ»էն կը թուայնացնենք այդ յօդուածը:

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ Է ԹՈՒՆԱՒՈՐ ՍՈՒՆԿԸ ՈՒ ԵԹԷ ՄԷԿԸ ԹՈՒՆԱՒՈՐ ՍՈՒՆԿ ԿԵՐԱԾ Է՝ Ի՛ՆՉ ԴԵՂ ՊԷՏՔ Է ԸՆԵԼ

ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՅՎԱԶՈՎՍՔԻ

Շատ անգամ ու շատ տեղ կը լսուին թունաւոր սունկերէն առաջ եկած վտանգները եւ գէշը աս է, որ քիչ մարդ կայ սունկին աղէկը ճանչցող կամ գէշ սունկէն յառաջ եկած վտանգներուն դեղը գիտցող: Անոր համար մենք հոս քանի մը ընդհանուր գիտելիքներէն ետքը, դնենք, թէ աղէկ սունկը թունաւորէն ինչպէ՛ս զանազանելու է, եւ եթէ փորձանք մը պատահի՝ ի՛նչ ճար ընելու է:

Ա. Երբ որ մէկը ստոյգ չգիտէր, թէ իր ժողված սունկը աղէկ է թէ գէշ, լաւ է որ ամենեւին չուտէ: Իսկ եթէ ուզէ ուտել, պէտք է այն տեսակը միայն ուտէ, որուն աղէկութիւնը շատ ատենէ ի վեր փորձով տեսնուած եւ հաստատուած է:

Բ. Նայելու է, որ սունկը գնուի միայն այն մարդիկներէն, որոնք որ սովորաբար կը ծախեն, ու աղէկը, գէշը կը ճանչնան, եւ աւելի աղէկ է վաճառանոցէն գնելը, որովհետեւ ամէնուն աչքին դիմացն ըլլալով, եթէ մէջը գէշն ալ կայ՝ ճանչցողին աչքին կը զարնէ ու գնողը կը զգուշանայ:

Գ. Որեւիցէ տեսակն ալ ըլլայ, նայելու է որ թարմ ու մատղաշ ըլլայ, վասնզի որչափ որ մեծնայ սունկը՝ կը գէշնայ:

Դ. Նոր տեսակ սունկ ամենեւին պէտք չէ ուտել, բայց եթէ վարպետ բուսաբանի մը քննութեամբ, ուրիշ որեւիցէ մարդու խօսքին պէտք չէ դիւրաւ հաւատալ:

Ե. Վերջապէս նայելու է, որ միշտ քիչ ուտուի՝ թէպէտեւ աղէկ տեսակն ալ ըլլայ: Այս ամէն զգուշութիւններով կրնայ մարդ առանց վախի ուտել սունկը: Հիմա տեսնենք, թէ աղէկ ու գէշ սունկերը որոշելու ընդհանուր կանոնները որո՛նք են:

Աղէկ սունկը գէշէն որոշելը աւելի վարժութեամբ կը սորվի մարդ, բայց եթէ մէկը ուզէ ճանչնալ, պէտք է այս նշանները դիտել: Այն սունկերը, որոնք թթու, լեղի, կծու, տտիպ ու այրող են՝ ընդհանրապէս գէշ են, նմանապէս անոնք, որոնք անախորժ, սիրտ խառնող, զզուելի, թմրեցուցիչ, սուր եւ հասարակ խոտի հոտ ունին: Ընդհակառակը, ուտելու սունկերուն համը ախորժելի, հոտը անոոշ ու նոր աղացած ալիւրին հոտին պէս է: Բայց ասոնց ալ խիստ պէտք չէ հաւատալ, որովհետեւ շատ անգամ կ՚ըլլայ որ թունաւորներուն հոտն ու համն ալ ոմանց ախորժելի կ՚երեւի:

Դուրսի տեսքէն կամ գոյնէն աղէկը գէշը լաւ չի ճանչցուիր: Ընդհանրապէս լեմոնի գոյնով դեղինը ու արեան գոյնով կարմիրը թունաւոր են, իսկ անոնք որոնք ճերմակ կամ կարմիր գինիի ու մանուշակի եւ կամ պարզ ոսկիի դեղնութիւն ունին, աղէկ տեսակ են:

Երբ որ սունկը ճերմակ, պինդ, չոր ու կարծր է, աղէկ տեսակն է, միայն թէ անախորժ համ ու հոտ չունենայ: Այն սունկերը, որոնք սկսեր են թոռմիլ ու ջրջրկիլ՝ նետելու է, վասնզի այնպիսի սունկերը գարշահոտ ու վնասակար կ՚ըլլան:

Պէտք չէ խաբուիլ եւ աղէկ է ըսելով ուտել այն սունկերը, որոնց վրանին խխունջ կամ թրթուր կը գտնուին, վասնզի այս կենդանիները թունաւոր սունկն ալ կրնան ուտել ու չվնասուիլ:

Փորձ մատենագրին մէկը սունկին աղէկը գէշէն զատելու համար այս կանոններն ալ կու տայ: Սունկ ժողվելու ատեն նայելու է, որ որչափ կարելի է օդը չոր ըլլայ ու առաւօտեան ցօղը իջնալէն ետքը պէտք է ժողվել, այն ալ՝ մատղաշները, վասնզի երբ շատ կը հասուննայ սունկը, միսը կակուղ կ՚ըլլայ, կը սկսի մքլոտիլ ու տերեւները բացուիլ:

Սունկը քաշելով փրցնելու տեղը, պէտք է կոթը գետնին մօտ կտրել, որպէսզի հողը թելերուն ու ծակտիկներուն մէջ չմտնէ:

Որպէսզի ապահով ըլլայ մէկը սունկ ուտելու ատեն, պէտք է սունկին գլուխը կտրէ եւ նայի, թէ գոյնը կը կապուտնա՞յ, թէ՞ չէ: Եթէ կապուտնայ, խոհեմութիւն չէ մէկէն ուտելը, պէտք է դնէ պաղ կամ գաղջ ջուրի մէջ, քիչ մը քացախ խառնելով մէջը, որպէսզի սունկը ճերմկնայ, եւ այն ջուրը թափելու է: Այս կերպով ամէն սունկ կրնայ աղէկնալ, մինչեւ սաստիկ թունաւորն ալ: Եւ որպէսզի սունկը աւելի ախորժահամ ու դիւրամարս ըլլայ, պէտք է հարկաւոր եղած համեմներով համեմել ու ետքը ուտել եւ չպահել, վասնզի կեցածը շուտ կ՚աւրուի ու թունաւոր յատկութիւններ կ՚ունենայ:

Որովհետեւ գիտենք, թէ քացախը ինչպէս սոխի ծաղիկին ու անոր նման բոյսերուն, նմանապէս սունկին ալ թոյնը կը լուծէ, շատ աղէկ կ՚ընէ մէկը, որ լաւ չի ճանչնար սունկը, քիչ մը ատեն քացախի մէջ ձգէ:

Սունկը համեմելէն առաջ պէտք է միշտ ջուրի մէջ եփել, կամ գէթ եռացրած ջուրէ մը անցընել, նաեւ որպէսզի մէկը իմանայ, թէ սունկը աղէկ տեսա՞կ է, թէ՞ գէշ, կրնայ եռացուցած ջուրին մէջ արծաթեայ դգալ մը խոթել, եթէ դգալը սեւնայ, յայտնի է, թէ սունկին մէջ թոյն կայ, ուստի մէկ երկու անգամ նորէն ուրիշ մաքուր եռացուցած ջուրէ անցընելու է սունկը՝ մինչեւ որ ջուրը ալ չսեւցնէ արծաթէ դգալը:

Այն սունկերը, որոնք կտրելուդ պէս ներսի կողմերնին կը դեղնի, կը սեւնայ, պէտք է մէկդի ձգել, նմանապէս անոնք որոնք կտրելուդ պէս մէջէն կաթի պէս ճերմակ ու տտիպ հիւթ մը կը վազէ: Եւ անոնք, որոնք ուռած պալարներ ունին, կպչուն հիւթով ու ճերմակ կամ գունաւոր մաշկով պատուած են, միսին մէջը կունտեր կան եւ թոյլ ու լխկած են:

Ամենէն աւելի թունաւորները թանձր անտառներու մէջ խոնաւ տեղեր ու փտած ծառի բուներուն վրայ բուսնողներն են: Ընդհակառակը, աղէկ սունկերը բաց տեղուանք կը բուսնին, չհերկուած արտերու մէջ, կանաչած դաշտերու մէջ, ձիակորակ բուսած տեղուանքը ու անտառներու մօտերը:

Քիմիականութեամբ սունկը լուծելով՝ մէջը զանազան նիւթերէն զատ գտեր են նաեւ իւղային նիւթ մը, եւ կ՚ըսեն, թէ մահաբեր սունկերուն գլխաւոր թոյնը այս իւղային մասունքն է, ասիկա կը լուծուի ալքոլի եւ եթերի, թթուուտներու եւ փոթասով ու սոտայով խառնուած ջուրի մէջ, ուստի եթէ այս սունկերը քացախի մէջ թրջես, կամ սոտայով ու փոթասով խառնուած աղի մէջ պառկեցնես, իրենց վնասակար մասունքը կա՛մ բոլորովին կամ ըստ մասին կը ցրուին: Անոր համար հիւսիսային կողմերու բնակիչները այս կերպերը կ՚օգտագործեն: Իսկ աղջուրը կամ քացախը որուն մէջ թրջոց դրուած են սունկերը, սաստիկ վնասակար թոյն կը դառնայ թէ՛ մարդոց եւ թէ կենդանիներու համար: Թունաւոր սունկ ուտելէն երկու տեսակ բան յառաջ կու գայ՝ անմարսութիւն եւ թունաւորութիւն: Հոս խօսինք միայն թունաւորուելէն առաջ եկած երեւոյթներուն ու անոնց դարմաններուն վրայ:

Երբ որ մէկը թունաւոր սունկ ուտէ, մէկէն յայտնի չ՚ըլլար, հապա 12 ժամէն մինչեւ 20 ժամ անցնելէն ետքը կը յայտնուի, կը սկսի սիրտը խառնուիլ եւ չի կրնար ետ գալ, վրան մարմրուք՝ խղդուք ու նեղսրտութիւն կու գայ, սիրտը կը ճզմուի, շատ անգալ ալ սաստիկ կը տաքնայ՝ կը պապակի, բերանը կը փրփրայ, ստամոքսը կը ցաւի, շատ անգամ ալ սիրտը անընդհատ ետ կու տայ, խոստուկ ու փորհար կ՚ըլլայ, փորն ալ կուռի ու կը ցաւի: Երբեմն ընդհակառակը, աւելի կը պնդանայ ու կը քաշուի: Անկէ ետք կը սկսի գլուխը դառնալ ու ծանրանալ, վրան թմրութիւն կու գայ, խելքը կը ցնդի եւ քնափութութիւն ու խենթութիւն կ՚ունենայ, ջիղերը կը քաշուին, վրան պաղ քրտինք կու գայ, ոտքը ձեռքը ու բոլոր մարմինը կը դողդողայ, անդամներուն ծայրերը կը պաղին, շնչերակին զարնուածքն ալ կը տկանարայ, եթէ մէկը շուտով հոգ չտանի՝ կրնայ մեռնիլ: Շատ անգամ սունկին տեսակներուն համեմատ ու շատ կամ քիչ ուտելէն ու ուտողին կազմուածքէն այս երեւոյթները կը փոխուին:

Այսպիսի փորձանքի ատեն մինչեւ որ բժիշկը հասնի, պէտք է այս դեղերը ընել, պէտք չէ հիւանդին քացախ, աղջուր կամ եթեր տալ, հապա անանկ բաներ, որով կարենալ սիրտը ետ գալ: Ուստի գաւաթ մը ջուրի մէջ քիչ մը փսխեցուցիչ դեղ պէտք է լուծել ու հիւանդին խմցնել: Քառորդ մը անցնելէն ետք նորէն գաւաթ մը ջուրի մէջ նոյն դեղը, հետն ալ մէկ ունկի սոտայի ծծմբուտ լուծել ու խմցնել, մինչեւ գաւաթին կէսը, երբ որ քառորդ մըն ալ վրան անցնի, մէկ ալ կէսն ալ խմցնել: Ասկէ զատ մէկ լիթր գաղջ ջուրով ու մէկ ունկի սոտայի ծծմբուտով գրեխ ընելու է: Եթէ այս դեղերը գործի չծառայեն ու հիւանդը դուրս չտայ կերած սունկերը, եւ տկարութիւնը երթալով զայրանայ, պէտք է մէկ լիթր ջուրի մէջ ունկի մը ծխախոտ դնել ու քառորդի մը չափ եփել, վերջը ջուրը կտաւէ անցընել ու ան զտուած ջուրով գրեխ ընել, որով հիւանդին սիրտը մէկէն կը սկսի ետ գալ:

Եթէ հիւանդը բաւական դուրս տայ կերած սունկերը, պէտք է մաքրողական մը տալ, չորս ունկի նարինջի ջուր, ունկիին չորս մասին մէկը եթեր, ու երկու ունկի սովորական օշարակ կամ շաքար խառնել ու հինգ վայրկեանը մէյ մը դգալ մը խմցնել:

Այս դեղերսը ընելէն ետք եթէ բժիշկը չհասնի, պէտք է հիւանդին մեղմացուցիչ ըմպելիքներ տալ. ինչպէս՝ կաթ կամ խաշխաշի՝ տուղտի՝ մանուշակի եւ ասոնց նման ծաղիկներու ջուրը խմցնել, փորին վրայ կամ ուր որ աւելի ցաւ կը զգայ՝ խիւս դնել ու հիւանդը տաք տեղ մը պառկեցնել, եթէ սաստիկ ցաւ զգայ ու ջերմ ունենայ:

1843 թուական, «Բազմավէպ»

ՍՈՒՆԿԸ՝ ԽՈՀԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԵՒ ԱՅԼ ՏԵՂԵՐ

Սունկը խոհարարութեան, սննդաբանութեան եւ բժշկութեան մէջ շատ քննարկուող, գործածուող մթերք մըն է: Որոշ սննդաբաններ ունին այն համոզումը, որ սունկը շատ ծանր, դժուարամարս սննդատեսակ մըն է, եւ օրկանիզմը դիւրին չի մարսեր զայն: Ոմանք ալ այն կարծիքին են, թէ սունկը անվնաս եւ դիւրամարս մթերք է եւ պէտք է հնարաւորինս շատ գործածել՝ անոր մէջ առկայ օգտակար կենսանիւթերը եւ մանրատարրերը մարդու մարմնին մատակարարելու համար: Բայց կան ընդհանուր կանոններ, որոնց հետ համաձայն են թէ՛ բժիշկները, թէ՛ սննդաբանները, թէ՛ սնկաբանները:

Այդ կանոններէն հիմնականը այն է, որ ուտուելիք սունկը պէտք չէ լուալ, քանի որ ջուրը կը փլէ սունկին կառուցուածքը եւ կը փճացնէ անոր համային որակները: Փորձառու սունկ հաւաքողները իրենց օրինակով ցոյց կու տան, որ կարելի է պարզապէս անոր վրայի հողը կամ աղտը խոզանակի մը օգնութեամբ թօթուել եւ խորովել կամ տապկել: Ուտելի սունկը կը պարունակէ թէ՛ սպիտակուցներ, թէ՛ ճարպեր, թէ՛ ածխաջուրեր եւ թէ օգտակար կենսանիւթեր:

Մասնագէտներ թոյլ ախտամերժութիւն ունեցող մարդոց խորհուրդ կու տան սննդակարգին մէջ սունկ աւելցնել: Նոյնիսկ այս մթերքի ազդեցութիւնը օրկանիզմի վրայ կը համեմատեն կրիփի դէմ պատուաստումի ազդեցութեան հետ: Հակառակ որ որոշ սունկերը դիւրազգացութիւն կը յառաջացնեն, բայց ապացուցուած է, թէ որոշներն ալ կը պայքարին ատոր դէմ: Սունկերը, գտնուելով արեւու շողերուն ուղիղ ներքեւ, կը կլանեն Տէ. կենսանիւթը, եւ իրենց բջիջներուն մէջ կը սկսի արտադրուիլ այդ շատ կարեւոր նիւթը, որ անհրաժեշտ է մարդուն: Այս մէկը չի վերաբերիր աճեցուած սունկերուն, որոնք, ընդհակառակը, մութի մէջ կը բազմանան:

Սունկը քիչ մը վիճելի մթերք է թէ՛ բուսակերներուն, թէ՛ մսակերներուն տեսակէտէ: Մինչ բուսակերները զայն կը մերժեն՝ համարելով կենդանական ծագումի օրկանիզմ, մսակերները բուսական ծագում կը վերագրեն սունկին: Երկար քննարկումներէ եւ ուսումնասիրութիւններէ յետոյ գիտնականները ի վերջոյ ընդունեցին սունկի՝ գրեթէ կենդանական ծագումը:

Սունկին կը վերագրուի սննդաբանութեան մէջ այսպէս ըսած հինգերորդ համը՝ ումամին: Այս մէկը գոյութիւն ունի թթու, քաղցր, լեղի եւ աղի համերուն հետ միաժամանակ: Հինգերորդ համի հիմնական ազդեցութիւնը ուտեստներու համի ընդգծումն ու հաւասարակշռումն է։ Կենդանիները եւ մարդը այս համը կը զգան լեզուի վրայ գոյութիւն ունեցող որոշ զգայական նեարդաթելերու միջոցով, որոնք կը սրեն համային գրաւչութիւնը:

Ապացուցուած է, որ սունկերը կը կանխարգիլեն ուռուցքային հիւանդութիւններու ի յայտ գալը:

Յայտնի է նաեւ, որ աշխարհի առաջին հակամանրէական դեղը՝ փենիսիլինը, ստացած են սունկէ:

Աշխարհի մէջ կայ աւելի քան երկու միլիոն տեսակի սունկ, որոնցմէ դասակարգուած են միայն մօտաւորապէս 80 հազարը:

Սունկերու շատ տեսակներ գիշատիչներ են: Գիշատիչ սունկերը ունին յատուկ յարմարութիւններ, որոնց միջոցով միջատներ կ՚որսան:

Մարդու համար շատ օգտակար նշանակութիւն ունին շիկասունկերը։ Ատոնք բնական մանրէասպաններ են, օգտակար են նաեւ շաքարախտով տառապողներու համար։

Օգտակար սպիտակուցներու առումով ամենանշանաւոր սունկերը ճերմակ սունկերն են: Անոնց մէկ քիլօկրամը աւելի շատ սպիտակուց կը պարունակէ, քան՝ նոյն ծանրութեամբ կովու միսը: Ճերմակ սունկերը բարերար ազդեցութիւն կը ձգեն նաեւ սրտանօթային համակարգին վրայ: Ատկէ զատ, ճերմակ սունկը մեծ քանակութեամբ զանազան աղեր կը պարունակէ: Այն խորհուրդ կը տրուի սակաւարիւնութեամբ տառապողներու համար: Սնկաբանութիւնը, իբրեւ զատ գիտութիւն, ամէն տարի նորանոր բացայայտումներ կը կատարէ այս շատ զարմանալի աշխարհին՝ սունկերու աշխարհին մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2023